Միասնաբար փրկենք հայերէնը

Սփիւռքահայ մամլոյ տարբեր միջոցներուն մէջ պարբերարաբար հրապարակուող ու նաեւ անձնական հաղորդակցութեան միջոցներով տարածուող՝ լեզուաբանական խնդիրներու նուիրուած տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի “Հայերէնը կը զուարճանայ” վերնագրեալ գրութիւններու շարքը մեր հանդէսին մէջ կը ստանայ մնայուն սիւնակի ձեւ: Հեղինակը կը վարէ Մայրենիի դասեր, թելադրելու համար անաղարտ պահպանութիւնը հայոց բանաւոր ու գրաւոր խօսքին, ճշգրիտ կիրառումը քերականութեան օրէնքներուն եւ պատշաճ ուշադրութիւն մը՝ ձեւաբանութեան ու շարահիւսութեան կանոններուն, կարեւոր բաժին մը նուիրելով բառագիտութեան, եւ այս բոլորը՝ ի պէտս զառածելոց, ինչպէս ինք կը սիրէ ըսել:
April 21, 2025
Ասոնք կը ներկայացնեն այնպիսի կառոյցներ, որոնցմէ ի բաց կը ձգուին, առհասարակ անվարժութեան, իսկ շատ յաճախ ալ անուշադրութեան ու մոռացութեան բերումով այնպիսի տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են խօսքի ճիշտ ձեւաւորումին ու ընկալումին:
April 13, 2025
Հաւաքական սակաւաբանութեան մեծագոյն իրագործումներէն կը հանդիսանան միւաորեալ նախադասութիւնները: Այսպէս կը կոչենք այն նախադասութիւնները, որոնք խտացումն են երկու կամ աւելի անկախ նախադասութիւններու:
April 6, 2025
Աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրաւոր խօսքի ընդհանրացումով եւ հրապարակագրութեան զարգացումին զուգահեռ լեզուներու մէջ յառաջացաւ սակաւաբանութեան ուրոյն մշակոյթ մը:
March 30, 2025
Այս խորագիրին տակ կը գտնենք այնպիսի կառոյցներ, որոնք յառաջացած են ժամանակի ընթացքին՝ անցնելով հաւաքականութեան բովէն, ընկալելի դառնալով անոր բոլոր անդամներուն, կոփուելով ու յղկուելով անկէ եւ մեծապէս նպաստելով լեզուի որակին:
March 24, 2025
Աշխարհաբարը բոլորովին պարզացուցած է յոգնակիի կազմութիւնը՝ որդեգրելով (ն)եր միասնական մասնիկը, որ ժողովրդախօսակցական շատ հին ակունքներ ունի:
March 16, 2025
«Ն» բաղաձայնով օժտուած էին գրաբարի բոլոր բայանունները՝ ազատումն, անջատումն, բաբախումն, խոստումն, ուսումն եւ այլն. ասոնք հազարներով աշխարհաբար անցան առանց բառավերջի «ն»-ի՝ ազատում, անջատում, բաբախում եւ այլն:
March 12, 2025
Պայքար (թիւ 412) ***Բարեփոխումների օրակարգը հետ է մնում: ---Բարեփոխումների օրակարգը յետ է մնում: ***ֆէօտալական ---ֆէոտալական...նախընտրաբար՝ աւատապետական
March 10, 2025
Պատմական սակաւաբանութիւն (բ) Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարի բառամթերքի բայական շերտի հազարաւոր բառեր, որոնց աշխարհաբարեան կառոյցը զգալիօրէն տարբեր է գրաբարինէն:
March 5, 2025
Շեշտը,- աշխարհի բոլոր լեզուներու բոլոր շեշտերը,- արտասանական բնական երեւոյթի մը դրսեւորումն է, որ մարդ արարածը կ’իւրացնէ մայրենի լեզուին հետ զուգահեռ, դպրոց երթալէ շատ առաջ:
March 3, 2025
Սակաւաբանութիւնը ոճաբանական այն յարատեւ ու համատարած օրէնքն է, որ խօսողը կը մղէ թօթափելու լեզուէն այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք ենթադրաբար անհրաժեշտ չեն:
February 27, 2025
«Նոր յառաջ»-ը, ի պատիւ իրեն, արեւմտահայ մի՛ակ թերթն է, որ ճիշդ կը կէտադրէ այս երկու բառերը, որոնք միշտ ալ սխալ կէտադրուած են, որովհետեւ արեւմտահայը իր սեփական շեշտադրումը վերլուծելու կարողութիւնը չունի:
December 16, 2024
Բառային կրկնութիւններու ծիրէն ներս շատ մեծ յաճախականութուն ունին այնպիսիները, ուր կրկնուողը նոյն բառը չէ, այլ անոր արմատակից ուրիշ բառ մը, ուրիշ կառոյց մը:
December 4, 2024
Եւ-ը հայերէնի համադասական շաղկապներու «միաւորիչ» տարբերակն է. ան կը ծառայէ միաւորելու նախադասութեան բառերը:
December 2, 2024
Շատ տարածուած են այն տառացի կրկնաբանութիւնները, որոնք կը գործուին ոճական մտահոգութեան ամբողջական բացակայութեան:
November 29, 2024
Կրկնաբանութիւնը ոճական մեծագոյն արատներէն մէկն է, եթէ ոչ անպայման գլխաւորը, որ շատ անհաճոյ տպաւորութիւն կը ձգէ զայն ընկալողին վրայ եւ իսկոյն կ’արժեզրկէ մեր խօսքը:
November 18, 2024
Ստորեւ պիտի տեսնենք բարդ նախադասութեան կազմին յատուկ աւելորդաբանութեան բաւական տարածուն տարբերակ մը:
November 12, 2024
Որոշիչ-որոշեալ յարաբերութիւնը կրնայ յառաջացնել թուային շփոթելի կացութիւններ, երբ ունինք բազմակի որոշիչներ կամ որոշեալներ:
November 8, 2024
Կամ-ը համադասական շաղկապի տրոհական տարբերակն է, որ ընդհանրապէս կը ծառայէ ընտրելու ներկայացող քերականօրէն երկու համարժէք հասկացութիւններէ մէկը:
November 4, 2024
Աւելորդ յոգնակիներ (գ) Որոշեալ գոյական (ա) «Որոշեալ» կը կոչենք այն գոյականը, որուն վրայ աւելցած է ածական մը, դերանուն մը կամ խօսքի որեւէ ուրիշ մաս եւ ցոյց կու տայ այդ գոյկանին որեւէ մէկ յատկութիւնը. օրինակ՝ բարձր լեռ, երկու մատիտ, այս տունը, կարուած հագուստ, ուշ աշուն եւ այլն: —լեռ, մատիտ, տունը, հագուստ , աշուն որոշեալ գոյականներ են: —բարձր ածականը, երկու թուականը, այս ցուցականը, կարուած դերբայը, ուշ մակբայը որոշիչներ են: Գոյականը որոշեալութիւն կը ստանայ նաեւ երբ անոր վրայ աւելցնենք սեռական հոլով յատկացուցիչ մը. օրինակ՝ Թորոսին գիրքը, Մարկոսին մայրը, ծառին ճիւղը եւ այլն, ուր գիրքը, մայրը, ճիւղը այլ եւս ծանօթ
October 28, 2024
Ցորենը, բրինձը, ոսպն ու սիսեռը եւ այլ ընդեղէններ, պտուղներ՝ ծիրանը, սալորը, ելակը, թէկուզ գետնախնձորը, դեղձն ու նարինջը. այսպիսիները չենք յոգնականացներ:
October 24, 2024
Աշխարհաբարի մէջ կայ կանոն մը, որ շատեր չեն ճանչնար: Չեն ճանչնար, որովհետեւ չ’ուսուցուիր ան, չ’ուսուցուիր, որովհետեւ հայոց լեզուի ուսուցիչներն ալ չեն գիտեր զայն:
October 20, 2024
Մեր գրեթէ բոլոր գրողներուն մէջ տարածուած է հաւաքական անունները յոգնակի նկատելու թիւրիմացութիւնը. ստորեւ տեսնենք օրինակ մը «Արարատ»-էն:
October 16, 2024
Արեւմտահայերէնի մէջ ուղղական հոլով յատուկ անունները, որոնք ենթակայի պաշտօն կը կատարեն, կը խուսափին յօդ առնելէ:
October 10, 2024
Նախակրթարանի մակարդակին ալ չհասնող իր հոգեւոր հովիւներու ու միութիւններու այս հայերէնո՞վ պիտի հայութիւն ու հայերէն փրկուին Ատլանտեանէն այն կողմ...
October 7, 2024
մենք մեր ճանչցած անունները կը ներկայացնենք յօդով կամ առանց յօդի՝ նայած, թէ տուեալ անունը որքանով ծանօթ կը նկատենք կամ կը սեպենք նաեւ մեզ ընկալողին:
October 4, 2024
Աշխարհաբարի մէջ յետ-ը կը պահէ իր առաջին նշանակութիւնը՝ ետք, նոյն խնդրառութեամբ. օրինակ՝ յետ երկար վիճաբանութեան անոնք համաձայնեցան:
October 1, 2024
Մուրց արմատով ունինք բարդ եւ ածանցաւոր բառերու բաւական ճոխ՝ հայերէնավայել օժիտ մը, որուն գոյառումը սկսած է հազարամեակներ առաջ:
September 18, 2024
Կարծես եղածը չէր բաւեր, Իրանի նախագահական ընտրութիւններու բերումով փորձանք մըն ալ աւելցաւ մեր ուղղագրութեան գլխուն:
September 16, 2024
Ուրեմն հայերէնը ստացականութիւնը կ’արտայայտէ մեծահարուստի պէս. մերթ ստացական յօդով, մերթ ստացական դերանունով, մերթ երկուքով միաժամանակ:
September 9, 2024
«Ընթացքին», «մօտ» եւ «կողմէ» եզրերուն անտեղի ու անհեթեթ գործածութիւնը:
September 3, 2024
Նախորդ երկու յօդուածներով տեսանք աւելորդաբար գործածուող ու լեզուն աղարտող այլազան բառեր: Կը շարունակե՛նք:
August 29, 2024
Մայր տաճարի մուտքին «Հայր մեր» մը եւ «Ողջո՜յն քեզ, Մարիամ» աղօթքները կատարելէ ետք պահակի մը հետ լռելեան Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել...
August 26, 2024
Վերջին տարիներս հայերէն խուժեցին օտարոտի բառեր կամ աւելի ճիշդը բառային անկոչ, անհասցէ, անմիտ ու աննպատակ կիրարկութիւններ:
August 22, 2024
Երբ ոչ մասնիկը կը դրուի ածականի մը վրայ՝ ստանալու համար անոր հականիշը, ապա ան միութեան գծիկով կը կապուի տուեալ ածականին:
August 19, 2024
Մերոնց ըրածը կոյր ընդօրինակութիւն մըն է: Կը բաւէ, որ զանոնք կիրարկելու փորձութեան քիչ մը դիմադրենք եւ պիտի յաջողինք ձերբազատիլ այդ մոլութենէն:
August 14, 2024
Ան կը բազմապատկէ իր սխալ կիրարկութիւնները, որ ըսելու ձեւ մըն է, թէ՝ —Դո՞ւն մնացիր ինծի հայերէն սորվեցնող:
August 6, 2024
Ուրեմն պէտք է միշտ ու միշտ շեշտել՝ հրապարակաւ թէ դպրոցական սեղաններու շուրջ, որ՝ սիրոյն, համար եւ ի խնդիր հոմանիշներ են, անշուշտ նրբերանգային տարբերութիւն-ներով:
August 2, 2024
Նրան բնորոշ է նման աշխարհացունց, պաթետիկ ու էքստրավագանտ յայտարարություններ անելն ու երեւակայական, ուտոպիստական, ֆանտաստիկ, ֆետիշացուած մտքեր արտայայտելը»:
July 29, 2024
Կարգ մը աւելորդաբանութիւններ հետեւանք են օտար լեզուներու անմիջական ազդեցութեան. այսպիսիներէն է հայերէնի մէջ շատ տարածուած «ի զուր տեղը» ասոյթը:
July 23, 2024
Աւելորդաբանութիւնը ոճական կարեւորագոյն արատներէն մէկն է, որ կը ներկայացնէ լեզուական այնպիսի տարրեր, որոնք աւելորդ ու անհաճոյ բեռ մըն են:
July 12, 2024
Եթէ-ի այս կիրարկութիւնը օտարաբանութիւն է, հայերէն չէ. անգլերէնն ու ֆրանսերէնն են, որ այս պարագային կը գործածաեն if եւ si (=եթէ) շաղկապը:
June 27, 2024
Քիչ մը ամէն հայ, ենթադրելի է, իւրովսանն «կը հասկնայ» այս բայը՝ ճանապարհել, որ սակայն գոյութիւն չէ ունեցած գրաբարի, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի մէջ:
June 25, 2024
Այս կանոններուն առաջին խումբը, որ բաղկացած է 34 կէտերէ, ամուսնական բացարձակապէս ոչ մէկ արգելք կը սահմանէ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն:
June 21, 2024
Լեզուն ունի ծուղակներ, ուր բոլորս ալ հակամէտ ենք իյնալու՝ ի ժամու թէ տարաժամու, թերեւս սա՛ տարբերութեամբ, թէ՝ ոմանք քիչ, ուրիշներ շատ:
June 17, 2024
Մեր հոգեւորականներուն մէջ նորագոյն տիպար շուշտակը կը հանդիսանայ Խրիմեան հայրիկը: Ան նախապէս ամուսնացեալ քահանայ էր, ունէր կին ու աղջիկ մըն ալ:
June 11, 2024
Մեր լեզուն՝ գրաբար, միջին հայերէն եւ աշխարհաբար, ոչ մէկ ատեն համատեղած է յետ նախադրութիւնը ուղղ.-հայց. հոլովը կրող գոյականի մը հետ:
June 7, 2024
Ածանցաւոր բայն մըն է իյնալ-ը եւս, գրաբարեան՝ անկանիլ, իսկ արեւելահա-յերէն՝ ընկնել, որ ահա դարձած է համընկնիլ:
June 4, 2024
Ձեզմէ շատերուն կը պատահի, որ իրենց տնտնացող դպրոցականին թելադրեն՝ «աճապարէ՛, bus-ը հասնելիք է»:
May 27, 2024
Ներսէս Շնորհալի ունի Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը՝ «Նորահրաշ»-ը, որ արդարօրէն կը նկատուի մեր հոգեւոր գրականութեան գոհարներէն մէկը:
May 17, 2024
Ամէն լեզու անդրադարձ դերանուն չունի. այսպիսիները կը դիմեն զանազան միջոցներու, հետեւաբար բախտաւորութիւն է, որ հայերէնը ունի զայն:
May 2, 2024
Մեր թերթերը ընդհանրապէս անտարբեր են կրկնաբանութիւն կոչուած երեւոյթին հանդէպ, որ գրողական արուեստի մեծագոյն թերութիւններէն է:
April 10, 2024
Մէջբերուած խօսքը սկսանք անջատման գիծով, որ այստեղ կը կոչուի խօսակցական գիծ եւս: Իսկ մէջբերումն ու հեղինակային խօսքը իրարմէ անջատեցինք ստորակէտ-անջատման գիծով:
April 3, 2024
Եթէ գրողը մտաւորական տարրական պարկեշտութիւն ունի, ապա տեղ մը պիտի հետաքրքրուի այս հարցով՝ զոյգ թէ՞ անզոյգ:
March 27, 2024
Ընթերցող մը հարց կու տար, թէ ի՛նչ հոլով խնդիր կ’առնէ վարանիլ բայը. --վարանիլ բանի՞ մը, թէ՞ վարանիլ բանէ մը:
March 6, 2024
«Եթէ մէկ ոչխարդ կորսուած է, միւս ինիսունինն պիտի ձգես ու այդ մէկ հատին ետեւէն երթաս, մինչեւ որ գտնես զայն»,-- կը թելադրէ Ուսուցչապետը:
March 2, 2024
«Ազդակ», 1/3/2024 ***Մեզի ստիպեն հրաժարիլ մեր բռնած ուղիէն (էջ 1): —Ստիպել ներգործական բայ է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ. ուրեմն՝ «Մեզ ստիպեն հրաժարելու…»: ***Շաբաթներու վրայ երկարին՝ երկարատեւ կայունութիւն իրականացնել կարե-նալու համար (էջ 8): —Կրկնաբանութիւնը շատ պզտիկ ճիգով եւ բարիկամեցողութեամբ կը դարմանուի. օրինակ՝ «Շաբաթներու վրայ երկարին՝ մնայուն կայունութիւն իրականացնել կարենալու համար»: ***Հապիպ հանդիպում ունեցաւ թուրք իր պաշտօնակիցին հետ (էջ 2): —Յատկացուցիչը հայեցի առողջ մտածողութիւն ունեցողին ուղեղին մէջ որոշիչէն առաջ կու գայ, կը գրուի. —Հապիպ հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: Այլ օրինակներ՝ –Իմ սուրբ հայրենիք –Մեր մայր հողը
February 27, 2024
Ի մտի ունիմ… չարաշուք կարենալ բայը, որուն, անցնոշ երկու շաբաթներուն, յատկացուցի քանի մը յօդուած՝ կանխազգուշական ցանկերով, եւ որը, սակայն, անարգել կը շարունակէ իր «յաղթական» երթը. ամօթալի՜ երթը: Ան է՛ր եւ կը մնա՛յ համազգային խարան մը արեւմտահայուն ճակատին: Եւ միայն արեւմտահայը կրնար այսքան հպարտութեամբ ցուցադրել իր խարանը: Կու տամ մեր ամբողջ պատմութիւնը աղարտող հարիւրաւոր օրինակներէն 40-ը ՝ իրենց սրբագրութեամբ: * * * Գատըգիւղ չկրնալ երթալուն… համար (Արփիար Արփիարեան): –երթալ չկրնալուն համար կամ երթալ չկարենալուն համար Կ’ուզէ զայն ջախջախել՝ կարենալ տօնելու համար… (Սիամանթօ, «Կովկաս»): –տօնել կարենալու համար Մայրը մեռած է… առանց կարենալ սնուցանելու իր երախան (Երունդ
February 22, 2024
Խելքս չի հասնիր, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս «կը վառեն կրակը»,− եւ ինչպէ՞ս հասնի, երբ կրակը ինք վառ կամ վառող գոյացութիւն մըն է եւ պէտք չունի վառելու կամ վառողի:
February 18, 2024
Ան ունի մօտաւորապէս 90 շաղկապ, որոնք կը բաժնուին երկու խումբի. ա) Համադասական շաղկապներ՝ մօտաւորապէս 40 հատ: բ) Ստորադասական շաղկապներ՝ մօտաւորապէս 50 հատ:
February 4, 2024
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կայ տխուր էջ մը, որուն գրեթէ ոչ ոք կ’անդրադառնայ, ոչ ոք կը յիշատակէ, ոչ ոքի... գլուխը կը ցաւցնէ. լեզուական թերութեանց յամառ գոյատեւումն է այդ, եթէ ոչ բոլորին, գէթ շատ շատերու քով. սխալը սրբագրելէ, լեզուն սորվելէ, գիտցածը բարելաւելէ խուսափումը:
February 2, 2024
Որքան գիտեմ, մեր ամբողջ պատմութեան մէջ, «Ակօս»-ը առաջինն է, որ ո-ով աւարտող բառ կը տառադարձէ. մաղթենք, որ վարակիչ ըլլայ տառադարձումի այս ճիշդ ձեւը, միայն թէ՝ վիտէո: Նաեւ՝ Հիւգո, Պորտո, Ռուսսո... Աւո, Մկո, Կարո... եւ այլն:
January 21, 2024
Ահա այս «հայրենասիրութեամբ» ալ արեւմտահայը վարժ է Հայաստանէն հեռու՝ օտար ափերու վրայ սիրելու ու տէր կանգնելու իր հայրենիքին, եւ ամէն արեւմտահայ կ’ակնկալէ, որ ի պահանջել հարկին գտնուի իրմէ տարբեր մէկը, որ յօժարի հայրենիք վերադառնալու զոհողութիւնը յանձն առնել ու տեղւոյն վրայ պաշտպանել զայն:
January 3, 2024
Ազգային դաւաճանութիւնը իրենց քաղաքական գռեհիկ գզուըտոցէն աւելի ու առաջ պէտք է փնտռել իրենց վերաբերումին մէջ՝ լեզուի ճանդէպ: Քաղաքական այդ վէճերը օր մը կը հարթուին, իսկ լեզուի խաթարումը դժուար թէ ետդարձ ընէ, եւ անոր պատճառած աղէտը դժուար թէ վերականգնի:
December 13, 2023
Ճիշդ ի՞նչ կ’ըլլայ ասոր ճակատագիրը՝ չեմ գիտեր, ժամանակները կ’որոշեն եւ... սփիւռքահայ լրագրողները, որոնք միշտ առաջին գիծի վրայ են փոխառութեան, դուք ըսէք՝ կոյր ընդօրինակութեան... գծով:
December 9, 2023
Արեւելահայուն տկարութիւններէն մէկն ալ,− դուք կրնաք հասկնալ անբաժանելի ծամօնը,− այս բառն է՝ այլոք, որ ենթադրուած է նշանակել նաեւ, այլեւ, այլով հանդերձ... սակայն ենթադրուած է միայն, իսկ խորքին մէջ նման բառ չունի հայերէնը
November 29, 2023
Արեւելահայերէնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ արեւելահայուն բերնէն եւ... Հայաստանէն: Այո, այս է դառն իրողութիւնը: Դատեցէք ինքներդ:
November 22, 2023
Մի՛ ըսեր ու գրեր՝ ի պահանջեալ հարկին, Այլ ըսէ ու գրէ՛ ի պահանջել հարկին: ***Ի պահանջել հարկին պատրաստ ենք զէնքի դիմելու: Մի՛ըսեր ու գրեր՝ անգամներ, Այլ ըսէ ու գրէ՛ բազմիցս կամ քանիցս:
November 16, 2023
−Ո՞րն է այս երկուքէն ճիշդը... Ինծի կը թուի, թէ երկուքն ալ ճիշդ են. այո, սա հազուագիւտ պարագաներէն մէկն է, ուր կրնանք «ճիշդ» կոչել երկու տարբեր կառոյցներ: Սակայն լեզուի մէջ ճիշդը բաւարար յատկութիւն չէ ընդունելի ըլլալու համար, ան պարտի ունենալ ուրիշ արժանիք եւս. փնտռենք այդ մէկը:
October 18, 2023
Դա ՛րձեալ ... Ապտոլլահեան Արդի հայը երեք տարբեր ձեւերով կը տառադարձէ այս պարսկական մականունը. --Ապտոլլահիան --Ապտըլ Լահիան --Ապտոլլահեան
October 5, 2023
Մեր լեզուն հետզհետէ կը զոհաբերուի արեւմտահայ գրողի անտարբերութեան եւ արեւելահայերէնի աղաւաղումներու զոհասեղանին վրայ: Այսպէս մտածեցի կարդալով հետեւեալը, որ կը յանձնեմ ընթերցողներուս ալ ուշադրութեան.
September 28, 2023
Նրբաճաշակ բարեկամ մը իմ վերջին առաքումիս առթիւ առաջարկեց շարժակայուն եւ ճօճակայուն բառերը, որոնք, կը կարծեմ, շատ աւելի բարեհունչ են, քան իմ առաջարկած շարժապաշտպան եւ շարժարգել բառերը.
September 12, 2023
Թէեւ թրքերէն բառերու դէմ պայքարը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել թրքերէն ոճերու, ասոյթներու ու բառակապակցութիւններու մասին, աւելի ճիշդը՝ թրքերէնի վրայ պատճէնուած, թրքերէնը վերարտադրող այն տարրերու մասին, որոնք շատ աւելի թաքուն ու գաղտագողի գործած ու իշխած են հայու լեզուամտածողութեան վրայ ու անկէ՝ բերնին մէջ: Մենք նմանները կը կիրարկենք, առանց երբեք կասկածելու անոնց ծագումնաբանութենէն, այնքան սովորական ու հարազատ կը թուին ըլլալ: –բառակապակցական ասոյթներ անոր երեսէն (պատճառով) onun yüzünden Անոր երեսէն պատժուեցանք բոլորս: իմ կռնակէս (շնորհիւս) benim sırtımdan Իմ կռնակէս հարստացաւ անոր տղան: հասակին չնայելով (արհամարհանք) boyuna bakmayarak Հասակին չնայելով մեր հետ մրցիլ կ’ուզէ: այս էր ըլլալիքը (բացասական
August 16, 2023
Որոշել պէտք է, որ հայերէն պիտի գրենք, պիտի կամաց-կամաց սորվինք վերահայանալ, թօթափել այլասերումի ամօթալի ժանգը, որ հոս կը թրքացնէ, հոն կը ռուսացնէ, այլուր կը լատինացնէ:
August 10, 2023
Էապէս խորթ, հայերէնի բառակազմութեան տառին ու ոգիին հակադրուած կառոյցներ. հայերէնը մակբայական/գործիական հիմքերով բառ չի կազմեր, ըստ այնմ ալ մերժելի են լրիւանալ, լրիւօրէն, լրիւութիւն հաւասարապէս:
June 14, 2023
Գլխագրումը կը ջնջէ տուեալ տիտղոսին բառային նշանակութիւնը:
June 7, 2023
Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու կամ մօտենալու:
May 24, 2023
Գիտէի՞ք, թէ բոլորովին տարբեր բաներ են՝ ի՛նքնիրեն եւ ինքն իրե՛ն: Թէեւ ունին նոյն բաղադրիչները:
May 18, 2023
Ներշարը ազգային շատ խոր աւանդոյթ ունեցած է մեր գրչագրական արուեստին մէջ, ուր ան միշտ յարգուած է, ունեցած է զգալի տարողութիւն եւ ընդհանրապէս անոր առաջին տառը զարդագրուած է զանազան նախշերով, որոնց ականատես կ’ըլլանք թերթատելով մեր ձեռագրերը:
May 10, 2023
...որ դարերու վաղեմութիւն ունի մեր մէջ եւ ունի տրամաբանական որոշ հիմնաւորում, որ է աստիճանումը. այինքն՝ ան կը սկսի ամենափոքր միաւորով, որ օրն է, ապա կու գայ ամիսը, վերջապէս տարին:
April 26, 2023
−Խաֆանիդ բան մը մտա՞ւ,− հարց կու տար մեր հայոց լեզուի գեղջուկ ուսուցիչը քերականական կանոն մը բացատրելէ ետք:− Բան մը հասկցա՞ք:
April 12, 2023
Ենթադրելի է, որ շատ հեռաւոր անցեալին հայերէնը ունեցած է առնուազն երկու էական բայեր՝ ել եւ ալ, որոնց առաջինը տուած է եմ-ես-եյ (է)..., երկրորդը՝ ամ-աս-այ (ա)... :
April 7, 2023
Կռունկը սեւ կ’ըլլայ՝ սպիտակ երիզներով, իսկ արագիլը՝ սպիտակ կ’ըլլայ քանի մը սեւ երիզով:
March 29, 2023
Կրնա՞ք պատկերացնել կացութիւն մը, ուր գտնուիք շրջանակի մը թէ՛ կեդրոնը, թէ՛ շուրջը:
March 22, 2023
Օշական գրաբանութիւն չ’ըներ, այլ... ինքնահաճ հեքիաթ կը պատմէ:
March 16, 2023
Փապ կամ փապար...կը նշանակէ «ծակ եւ ծերպ վիմաց, խոռոչ, խորշ, քարանձաւ»:
March 1, 2023
...թոյլատրելի է փայփայել այն երազը, թէ հայրենի կորսուած հողին օր մը կարելի ըլլայ վերատիրանալ, մինչ կորսուած մայրենին անվերականգնելի է:
February 23, 2023
Հայերէնն ալ սորվելիք բա՞ն է...
February 15, 2023
Եկաւ ազգային գրական լեզու մը ունենալու ժամանակը, եւ մեր լուսաւորիչները իրենց աչքերը յառեցին պոլսահայերէնին վրայ:
February 9, 2023
...մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած հասկնալ, թէ գեղջուկ Վարուժանի ընել չկրցածը Վարդգէս ինչպրէ՞ս կրցաւ յաջողցնել իր թոփալ ոտքով:
February 2, 2023
Հայերէնի ամենահին եւ ամենատարածուն բառերէն եղած է պէտք-ը՝ հարկ, կարիք, պահանջ, ստիպում եւ այլն ու տուած է բազմաթիւ կայուն բառակապակցութիւններ՝ յատկապէս գրաբարի մէջ:
January 26, 2023
Հայաստանի բոլոր հիւանդանոցներն ալ հոսպիտալ են՝ արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց համար հաւասարապէս:
January 12, 2023
Ձեզմէ քիչեր պիտի ուզէին հաւատալ, թէ դաստիարակ բառը, որ դպրոցական այնքան ազնիւ եւ յուզիչ յուշեր կ’արթնցնէ, կրնար պարսկերէն եղած ըլլալ:
January 4, 2023
Ո՜ ակն ունի տեսանելոյ՝ տեսցէ, եւ ունկն ունի լսելոյ՝ լուիցէ:
December 29, 2022
Կայ բան մը, որ ազգովին՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ, պէտք է մերժենք. մեր աւանդական անուններու այլանդակումն ու աղաւաղումն է այդ:
December 22, 2022
Ամէն լեզու կ’ունենայ հնչիւններու սեփական օժիտը, որ կը ցոլայ անոր այբուբենական աղիւսակով:
November 25, 2022
Նախընտրելի է քանի մը մակարդակ ունենալ, քան թէ ... բնաւ չունենալ:
November 3, 2022
Իսկ Ալիին կրածը համետ մը՝ փալան, չէր... Անոր կրածը փալա էր, որ կը նշանակէ... դաշոյն:
October 28, 2022
Հարց է, թէ ե՛րբ լեզուական այսքան պարզ կարգ մը չի յարգուիր, հապա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ աւելի խրթին երեւոյթներ մատնանշել եւ... սրբագրութիւն ակնկալել:
October 20, 2022
մեր մէջ սկսած է զարգանալ գրողական նոր բարոյական մը եւ գրողներու նոր տիպար մը, որ ո՛չ իր գրածը կը վերընթերցէ, ո՛չ ալ... ուրիշինը: Ասպարէզին մակաբոյծներն են այսպիսիները, որոնց, սակայն, այսուհանդերձ առիթ եւ միջոց կը տրուի գործելու եւ մնալու իրենց աթոռներուն վրայ:
October 14, 2022
Մեր արդի լրագրողները (...) ընդմիշտ մոռցած են հայերէն միւռոնաբոյր շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով, բերումով յետադրութիւնները:
October 6, 2022
Հայերէնի շուրջ 150 ածանցներէն բացարձակապէս ՈՉ ՄԷԿԸ եւ առանց որեւէ բացառութեան գծիկով կը միանայ բառերուն:
September 22, 2022
Մանրամաս բառը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը. այլ խօսքով՝ ան հնարուած է այդ դարու երկրորդ կէսին: Գալով նշանակութեանը՝ անոնք երկուք են.․․
September 19, 2022
Աղայեանէն. «Դետալ − մանրակ, մանրամասնութիւն»: Սա անգլերէն ու ֆրանսերէն detail բառն է:
September 8, 2022
"Երկկողմանի համագործակցութիւնը" անհեթեթութիւն է պարզապէս, մարդկային բանականութեան դէմ արձակուած դաւադիր փամփուշտ մը, իմա՝ ահաբեկում մը:
August 24, 2022
Որքա՜ն քմայքոտ ու հետաքրքրական է մեր լեզուն: Կը մնայ յարգել անոր քմայքները:
July 1, 2022
Հիմա հարց է, թէ մեզի ծանօթ ժողովրդական երգին բնագիրը այս երկուքէն ո՛ր մէկը կիրարկած է,− ճիշդ չեմ գիտեր, քանի կը հանդիպինք երկուքին ալ՝ թէ զարթի՛ր եւ թէ զարթնի՛ր: Կարեւոր ալ չէ. կարեւորը՝ այս երկուքին լուսաբանութիւնն էր:
June 22, 2022
Համախումբ կեանքը կամ համակեցութիւնը մեր լեզուն կը բնորոշէ գոյակցութիւն բառով, որ հազարաւոր տարիներու անցեալ ու կիրարկութիւն ունի:
June 16, 2022
Ազատ շարադասութիւն ունին նաեւ այն նախադասութիւնները, ուր առաջ բերուած գործողութիւններէն մէկը տրոհելի՝ դուրս ձգելի է:
June 8, 2022
Կանխելու համար անակնկալները՝ ըսենք. նոյն մօր միաժամանակ ծնունդ տուած չորս երեխաները պիտի կոչուին քառուորեակ, ապա՝ հնգուորեակ եւ... այլն:
June 1, 2022
Հետ յետադրութիւնը կը կիրարկուի մի՛այն բանական էակներու առթիւ, քանի անբան արարածները, առաւել եւս իրերը չեն կրնար միասնութիւն ստեղծել:
May 26, 2022
Ըստ այսմ ալ թելադրելի է, որ նախադասութիւն մը, որ խօսքի միաւորն է, յանհունս չերկարի, ըսել կ’ուզեմ՝ չերկարաձգուի, որպէսզի խօսողին ձեռքէն չփախչի անոր սանձը․․․
May 19, 2022
«Հետզհետէ իր քենիին հետ կիսաշխարհիկ կնոջ մը պէս սկսաւ վարուիլ» (Երուանդ Օտեան):
May 5, 2022
Մի՛ ըսէք ու գրէք՝ ասիկա, ատիկա, անիկա, Որոնք ռամիկ են ու խժալուր: Այլ ըսէք ու գրեցէք՝ այս, այդ, այն, սա, ան...
April 27, 2022
Այս այն ժամանակներն էին, ուր կարկտուելու ենթակայ էր գրեթէ ամէն բան՝ հագուստը, շապիկը, տաբատը, ներքնազգեստը, սպիտակեղէնը, գլխարկն ու ձեռնոցն իսկ, եւ անշուշտ ու մասնաւորաբար կօշիկը:
April 20, 2022
Զանգ եւ զանգել մեր բառարանային բարքերու մէջ առնչութիւն չունին իրար հետ, եւ զանգել-ին արմատը զանգ(ակ)-ը չէ: Հապա ի՞նչ է:
April 14, 2022
Լեզուն կը խորշի յոգնականացնելէ վերացական գոյականները:
March 31, 2022
Մեր լեզուի պատմութեան մէջ ոչ մէկ ատեն տողադարձը խաթարուած է այնքան, որքան ներկայ փուլին:
March 24, 2022
Այսօր՝ 9-3-2022, ցնծութեան օր մը եղաւ ինծի համար ու կրնայ ըլլալ բոլորիդ համար ալ. «Ազդակ»-ի մէջ՝ էջ 2, հանդիպեցայ երկու նորակերտ բառերու՝ ծոթրինահայս, որ արաբական «մանաղիշ»-ն է, եւ պանրածալ, որ բոլորիդ սիրած «պանիրով պէօրեկն» է:
March 17, 2022
Արդի հայ գրասէրը իր տրամադրութեան տակ, շնորհիւ «Նայիրի» կայքին, ունի հայ բառարանագրութեան ողջ վաստակը՝ 132 աշխատութիւն, եւ ստեղնի մէկ-երկու հպումով կրնայ մատչիլ անոնցմէ որեւէ մէկին եւ լրացնել ասոր բացը միւսին լիառատ սեղանէն:
March 10, 2022
Հրաժարելով բառավերջի օ-էն եւ որդեգրելով բառավերջի ո-ն ոչ մէկ հակամեսրոպեան քայլ առաջ կ’ըլլանք, ընդհակառակը, վերջ կու տանք միջնադարեան խաւարամտութենէն ժառանգուած ամօթալի սխալի մը՝ իրբեւ աւելի լուսաւորեալ ու սրտցաւ սերունդ, որ գիտէ սրբագրել իր նախնիներուն թերութիւնները:
March 3, 2022
Հայաստանի մէջ կը տիրէ լեզուական համավարակ մը, որ լայնօրէն կը գերազանցէ պսակաձեւ ժահրին պատճառածը. այդ վարակին անունը ռուսամոլութիւն է:
February 24, 2022
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ շաբաթնօրեայ-ն յառաջացած է կիրակնօրեայ-ի կոյր, մեքենական կապկումով, որ լեզուաբանութեան մէջ ծանօթ է «վարակում» անունով:
February 17, 2022
Ուրեմն միջնադարուն հայերէնը փոխ առած է պարսկերէն փէշ բառը, որ նշանակած է քղանցք, այսինքն՝ որեւէ շրջազգեստի, պարեգօտի կամ վերարկուի ստորին՝ գօտիէն վար երկարող մասը, հանդերձ ուղեկից նշանակութիւններով եւ փոխաբերութիւններով:
February 10, 2022
Ճիշդ գրելը ունի իր կանոնները, որոնք միշտ ինքնամատոյց չեն, եւ պէտք է անոնց տիրանալ ու յարգել զանոնք:
February 3, 2022
Մի՛ գրէք՝ 20 ամեակ կամ քսան ամեակ, այլ գրեցէ՛ք 20-ամեակ կամ քսանամեակ: Մի՛ գրէք՝ 44 oրեայ կամ 44օրեայ, այլ գրեցէ՛ք 44-օրեայ: Մի՛ գրէք՝ յետ այսու, որ hայերէն չէ, այլ գրեցէ՛ք այսուհետեւ, այնուհետեւ: Մի՛ գրէք՝ այլոք, այլօք, որոնք հայերէն չեն, այլ գրեցէ՛ք այլ-այլով, այլք-այլովք:
January 27, 2022
Եթէ ի մտի ունենանք, որ ամեակ-ը ոչ մէկ պարագայի կարելի է անջատ գրել («Ակօս» չի ճանչնար այս կանոնը − ԱԵ) ապա ինքնաբերաբար կը խուսափինք սխալ կիրարկելէ զայն:
January 20, 2022
Թելադրելի է ընդմիշտ խուսափիլ գաբարեան զոր եւ զորս հայցականները կիրակելէ. ասոնք աշխարհաբարի Waterloo-ն են. քանի՜ պայծառ ճակատներ էն գլխէն արիւնաքամ ջախջախուած են ու կը շարունակեն գլխովին պարտուիլ անոր գրոհներուն դիմաց:
January 13, 2022
Ինձմէ՝ իբրեւ ուսուցիչէ, խուսափեցաւ ան: Ես խուսափեցայ իրմէ՝ իբրեւ ուսուցիչէ: Ինձմով՝ իբրեւ ուսուցիչով, կը հպարտանայ ան: Ես կը հպարտանամ իրմով՝ իբրեւ ուսուցիչով:
January 6, 2022
....օտարին champion-ը թարգմանելու համար յաղթական-ը լայնօրէն բաւարար է:
December 30, 2021
Սիրել-սիրուիլ (սիրվիլ). այյս մէկ հատիկ ածանցը աննախընթաց պայծառութիւն մը ու բոլորովին նոր որակ տուաւ հայերէնի բայական համակարգին՝ ընդմշտ ջնջելով ներգործական-կրաւորական տիպի բոլոր կարելի շփոթները անխտիր:
December 23, 2021
Խնայել բայը ունի երեք իրարմէ բոլորովին տարբեր նշանակութիւններ:
December 16, 2021
Արեւմտահայու, հանճարը հնարած է նաեւ , այո, երազ չէք տեսներ, տապեղուլունք հոմանիշը,– որ կը նշանակէ թաւլիի, այսինքն՝ տապալիի, այսինքն՝ տապեղի ուլունք:
December 9, 2021
Բառերն ալ մարդոց պէս ժամանակին ընթացքին կը սկսին մոռցուիլ ու դուրս գալ գործածութենէ: Այնուհետեւ ատեն մը կը քաշքշուին բառարաններու մէջ, օր մըն ալ անկէ եւս... կ’արտաքսուին, ու վերջ կը գտնեն հազարամեայ հաւաքական ճիգերով գոյացած, փայփայուած, հաւատարմօրէն ծառայած լեզուական տարրեր:
December 2, 2021
Մեսրոպ խստիւ դէմ եղած է է տառէն ետք ւ կամ վ գրելու գաղափարին: Եւ իրօք ալ մեր ողջ բառամթերքին մէջ չենք հանդիպիր որեւէ բառի, որուն մէջ գտնուի էւ կամ էվ հերթականութիւնը:
November 25, 2021
Պատահած է, որ ինծի հարց տան, թէ ինչո՛ւ մեր նախնիները չէին կրնար արտասանել «ֆ» հնչիւնը եւ փոխարէնը կ’ըսէին «փ», օրինակ՝ ֆիլ-ի փոխարէն փիղ: Իսկ իմ պատասխանս կ’ըլլայ՝ «չեմ գիտեր», ու մինչեւ վերջ ալ, իմա՝ այսօր, չեմ գիտցած, թէ ինչո՛ւ:
November 18, 2021
Արմէն եւ Արմէնիա անունները առաջին անգամ կիրարկուած են 6-րդ դարուն Քա. պարսիկ Դարեհ Վշտասպեան կայսրին կողմէ Պեհիսթունի նշանաւոր ժայռափոր արձանագրութեան մէջ, որ վերծանուեցաւ 19-րդ դարուն Քե.: Անոնք քիչ անց յիշատակուած են յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի կողմէ (Ե. դար Քա.), իսկ աւելի ուշ՝ լատին պատմիչ Ստրապոնի կողմէ եւս:
November 11, 2021
Պատկերացուցէք Նոյ նահապետը, որ Արարատի փէշերուն տնկած առաջին այգիներուն խաղողը կը ճմլէր իր փորած հնձանին մէջ՝ զաւակներուն ու թոռներուն հետ: Ապա պատկերացուցէք պատմութեան ընդմէջէն Արարատեան դաշտը իր ամբողջութեան մէջ՝ Արաքսի աջ ու ձախ ափերուն միաժամանակ, իր հազարաւոր հնձաններով ու անոնց մէջ ճռուողող երկսեռ պատանիներով...
November 4, 2021
Հասարակած-ը այն երեւակայական շրջագիծն է, որ երկուքի կը բաժնէ երկրագունդը՝ յառաջացնելով հիւսիսային եւ հարաւային կիսագունդերը. équateur կամ equator ըսուածն է:
October 28, 2021
Ինչ արած,− հազիւ շշնջեց,− մարդ կայ երէցն է սիրում, մարդ կայ՝ երէցկինը: Ես էստեղից կը հեռանամ միայն մէկ՝ Իգդիր երթալու պայմանով, այլապէս... կը թաղուեմ էս հողի մէջ: Եւ այլեւս ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք մինչեւ պանդոկ:
October 21, 2021
Բոլորդ գիտէք, որ արդիւնքով կոչուած գարշահոտութիւնը այնքան կ’ապականէ հայերէնը՝ մէկ կողմէ իր ռուսական ծագումով, միւս կողմէ այն եզրաբանական նախճիրով , որ ան գործած է հայերէնի մէջ՝ դուրս ձգելով այնքան հարազատ ու տոհմիկ հետեւանքով, պատճառով, շնորհիւ ու բերումով բառերը:
October 14, 2021
Հայերէնը ընթացքին յետադրութիւնը չի կրնար կիրարկել առանց իրեն կից խնդիրի մը, որ սեռական հոլով գոյական մըն է, օրինակ՝ ընդունելութեան ընթացքին, պատարագի ընթացքին, համերգի ընթացքին, կամ ալ ուղղական հոլով ցուցական դերանուն մը՝ այս ընթացքին, այդ ընթացքին եւ այլն:
October 7, 2021
Տառադարձութիւնը կը կայանայ լեզուի մը մէկ բառը ըստ արտասանութեան այլ լեզու մը փոխադրելու մէջ: Գրադարձութիւնը իր կարգին լեզուի մը բառերուն փոխադրումն է այլ լեզուի մը, սակայն այստեղ ան տեղի կ’ունենայ մեկնելով ոչ թէ տուեալ բառի արտասանութենէն, այլ անոր տառային օժիտէն, ունեցած տառերու հաւատարիմ վերարտադրութենէն:
September 30, 2021
Բաճկոնաւոր կը նշանակէ բաճկոն կրող, իսկ դեղին ածականը կը վերաբերի բաճկոնաւոր-ին, ոչ անոր հագած բաճկոնին. հայագիտութիւնը այդպէ՛ս կ’ըսէ:
September 23, 2021
Ի տարբերութիւն արգիլել-ին՝ կարենալ-ը չի կրնար որեւէ գոյականական խնդիր ունենալ, այսինքն միանալ գոյականի մը. այսպէս է, քանի ան սեռ չունի: Ան միշտ ու միշտ պարտաւոր է յենելու ուրիշ բայի մը, եւ այս վերջինն է, որ կրնայ խնդիրներ ունենալ:
September 16, 2021
«Նոր հայկազեան»-ը կը թուէ աւելի քան 50 բարդ բառեր, որոնց մէջ ոտն առաջին բաղադրիչն է:
September 9, 2021
...պիտի շարունակեմ թաքուն ուրախութեամբ մը ընկալել մականունը եան-ով աւարտող իւրաքանչիւր օտարական, առաւել եւս պարսիկ, որոնց հետ հեռաւոր զարմիկներ ենք, արիւնակիցներ, ինչպէս կ’ընկալեմ մականունները այն բոլոր հայաստանաբնակ եզիտիներուն, որոնց մականունները եան-ով կը վերջանան:
September 2, 2021
Կրկնաբանութիւնը,− այսինքն՝ անտեղի կրկնութիւնը,− գրողական-ոճաբանական մեծագոյն թերութիւններէն մէկն է, որ կը ճապաղցնէ մարդկային խօսքը, անշեղօրէն կը խրտչեցնէ ընթերցողը կամ ունկնդիրը, եւ արգելք կ’ըլլայ անոր ցանկալի ընկալումին:
August 26, 2021
Ահա պատկառելի տարիքով ազգային մը՝ նոյն Սահակօղլուն (այսինքն՝ Սահակզատէ, Սահակորդի), որ կը յատկանշուի իր հեզութեամբ: Այս հեզութիւնը կը յիշեցնէ ինծի մանկապարտէզը, ուր մեր ձեռքերը խաչաձեւած մեր կուրծքին վրայ, լուռ, անձայն, խելօք, մանաւանդ անշարժ պէտք է հեզօրէն նայէինք օրիորդին աչքերուն, այլապէս... Այլապէս շառաչուն ապտակը կ’իջնէր երեսիդ՝ այն օրերու մանկավարժական սկզբունքներուն թելադրանքով եւ պահանջով:
August 19, 2021
Լեզուն ժողովուրդը կը շինէ, եւ ան չի խնայեր օտարաբանութիւններու փոխառութեան, սակայն զայն առաջնորդողը, մաքրողը, որակաւորողը ենթադրուած է ըլլալ մտաւորականութիւնը՝ մասնաւորաբար բառարանագիրը, գրողը, բայց նաեւ լրագրողը, ուսուցիչը եւ այլն:
August 12, 2021
Հետաքրքրական, երբեմն ալ ապշեցուցիչ կացութիւններու կրնաք մատնուիլ, եթէ դուք ալ բառի ու բառարանի մոլութիւնը ունիք, ինչպէս ունի այս տողերը գրողը:
August 5, 2021
«Երբ դատարանին մէջ կը կատարուին այլազան հարցաքննութիւններ՝ վկաներու, հարազատներու եւ ուրիշներու, տեղի ունեցածը իր կարգին հետաքննութիւն մըն է՝ գործուած յանցանքին պարագաները լուսաբանելու ծառայող:»
July 29, 2021
վեց>վեց-եակ, եօթը>եօթն -եակ, ութ>ութ-եակ, ինը>ինն-եակ, տասը>տասն-եակ:
July 22, 2021
«Ինչո՞ւ հայերէնը այսպէս կը նահանջէ ու մինչեւ ո՞ւր պիտի նահանջէ ան»:
July 14, 2021
Աշխարհաբարը կը թոյլատրէ, որ փոխանակ ըսելու «շնորհակալ եմ»՝ ըսենք մի՛այն՝ «շնորհակալութի՛ւն», մանաւանդ եթէ որոշ մտերմութիւն մը կայ խօսակիցներուն միջեւ եւ կը տիրէ ոչ-պաշտօնական, ժողովրդախօսակցական ոճ մը:
July 8, 2021
Արդի հայերէնը գռեհկացնող բառերու կոյտ մը պարզապէս, որ օր ըստ օրէ աւելի կը սահմանափակէ մեր ուղեղները, կը քարացնէ մեր բանականութիւնը եւ կը ռամկացնէ լեզուն:
July 6, 2021
Աշխարհաբարը, մեր արդի մտածողութիւնը կը գործէ յօդակապաւոր բարդութեան ի նպաստ, եւ մենք կը հանդիպինք օրինակներու, ուր ան պատմականօրէն թերեւս մերժուէր:
June 18, 2021
Հեռաւոր բարեկամ մը կը գրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ծխատէր». ծո՞ւխն ալ տէր կ’ունենայ… Է՜հ, ի՞նչ ըսեմ այս օրերուն… մօտիկ անցեալին ոչ մէկ հայ, մասնաւորաբար պուրճ-համմուտցի, նման հարցում պիտի ուղղէր, քանի բոլորն ալ գիտէին ծուխ-ին, ծխական-ին ու ծխատէր-ին նշանակութիւնները, իսկ այսօր իմ զաւակներս իսկ չեն ճանչնար այս բառը,− մինչ իրենք գիտնալու յաւելեալ պատճառ ունին, վասնզի քահանայի շառաւիղ՝ ծոռ են,− ա՛լ ուր մնաց միւսներունը: