Փէշէն մինչեւ յուբկա․․․անցնելով քղանցքէն եւ շրջազգեստէն

February 17, 2022

Հայրենաբնակ  սրտցաւ բարեկամ մը՝ հալեպահայ նախկին կրթական մշակ եւ տնօրէն, դառնութեամբ կը պատմէ հետեւեալը. սուրիահայ աղջնակ մը շարադրութեանը մէջ կը կիրարկէ ամէն  արեւմտահայու ծանօթ փէշ բառը:

Արեւելահայ ուսուցչուհին,  սրբագրութիւնը  վերադարձնելու առթիւ, հարց կու տայ անոր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ  «փէշ»:

Սա կը ջանայ գտնուած տեղէն բացատրել՝ առանց հասկցնել կարենալու, մինչեւ որ դուրս կու գայ շարքերէն եւ ցոյց կու տայ  վրան հագին փէշը:

–Սրան յուբկա  կ’ասենք,– կը վճռէ ուսուցչուհին:

Յուբկա-ն՝  մեր գիտցած jupe-ն է, որ ռուսական խոհանոցին մէջ  լաւ մը խաշելէ ետք  անցած է արեւելահայերէնին  եւ արգելք հանդիսացած է հայերէն եզրի մը որդեգրումին:

Սակայն իրապէս կրնա՞ր փէշ բառը իսպառ բացակայիլ արեւելահայերէնէն:

Անհեթեթ չէ՞ նման կասկած մը:

Եւ իրօք ալ շուտով կը հաստատեմ, որ ան մտած է արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ եւ  շատ աւելի կանուխ, քան արեւմտահայերէն բառարաններու մէջ:

Բայց  յառաջանանք  կարգով, քայլ առ քայլ:

*   *   *

Ուրեմն խնդրոյ առարկան  պարսկերէն peş բառն է,  որ  չենք գտներ գրաբարի մէջ, սակայն  ներկայ է արդէն  միջին հայերէնի մէջ, ուր ան  կ’անուանէ՝ ա)  լման զգեստի մէջքէն վար երկարող բաժինը, որ է՝ քղանցքը,  ինչպէս նաեւ՝ բ) անոր ստորին  ծայրամասը միայն:

Փէշ-ը իր այս   սեղմ իմաստով ալ գոյատեւած է արեւելահայերէնի մէջ, ուր ան բուն իմաստէն բացի,  տուած է անհամար ասոյթներ, դարձուածքներ եւ փոխաբերութիւններ, որոնց բոլորը կը գտնենք Մալխասեանի, Ակադեմիայի քառահատորի եւ Աղայեանի բացատրական բառարաններուն, այլեւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանին մէջ:

Ուրեմն ոչ մէկ ատեն փէշ-ը ըմբռնուած է իբրեւ կիսաշրջազգեստ, որ կը սկսի գօտիէն ու կ’իջնէ դէպի ծունկերը եւ անկէ անդին: Ֆրանս.`  jupe[1], եւ  ասոր դիմաց է,  ահա,  որ արեւելահայերէնը որդեգրած է յուբկա բառը, որ  jupe-ին ռուսական արտասանութիւնն է:

Այս վերջինը փէշ  եզրով արտայայտող   միայն մէկ բնագրային օրինակ տուած է Ակադեմիան եւ զայն առած է Գրիգոր Զոհրապէն, իսկ փակագիծերու մէջ աւելցուցած է «հազուադէպ»:

*   *   *

Ուրեմն գալով արեւմտահայերէնին…

Ուղղակի ապշեցուցիչ էին փնտռտուքներուս արդիւնքները:

Պիտի հաւատայի՞ք եթէ ըսեմ, որ փէշ բառը մեր բառարաններուն մէջ՝ հայերէնէ-հայերէն     թէ հայերէնէ  ֆրանսերէն, անգլերէն,  իտալերէն, թրքերէն եւ այլն   գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ… 1950-ականներուն սկիզբը:

Ոչ Գայայեան (1938), ոչ ալ Ճիզմեճեան  (1954) ունին փէշ:

Ա՛լ  զանց կ’ընեմ միւսները՝ չծանծաղեցնելու համար  յօդուածս եւ թելադրելով,  որ ընթերցողը ինքնին դիմէ «Նայիրի»-ի օտարալեզու  բառարաններուն:

Կայ տակաւին աւելի զգայացունցը. մեր բոլոր օտարալեզու բառարանները jupe-skirtgonna բառերուն դիմաց դրած են շրջազգեստ: Միայն Սուքիաս Սոմալեան (1843) իր  անգլերէն-հայերէն-տաճկերէն բառարանին մէջ ունի՝ «skirt–ստորոտ, քղանց (փէշ, էթէք)», ուր քղանց-ը գրաբար առումով կը նշանակէ «լման զգեստի մը գօտիէն վար երկարող մասը», իսկ փէշ-ը դրուած է իբրեւ ռամկական, դուք ըսէք՝ աշխարհաբար հոմանիշ  քղանց-ին:

Այս ալ կը նշանակէ, որ եթէ նոյնիսկ հատ ու կենտ փէշ գործածողներ կան, ապա ան մեր գիտցածը չէ երբեք: Եւ չեղաւ մինչեւ… անցած դարու երկրորդ կէսը, ուր գրուեցան Տէր Խաչատուրեանի, Կռանեանի հայերէն բացատրականները, այլեւ օտարալեզու բառարանները, որոնց կ’անդրադառնանք:

*   *   *

Այս վերջինները փէշ-ին տուած են հետեւեալ բացատրութիւնները.

–Տէր Խաչատուրեան – կնոջական հագուստի՝  մէջքէն վար, մինչեւ ծունկերը ծածկող մասը, քղանցք:

–Կռանեան – կնոջական լայն հագուստ (մէջքէն վար), քղանցք, ծայրամաս:

Ինչպէս կը նկատէք, հարկ եղած է սպասել մինչեւ 1982,  որպէսզի գտնուէր հայ բառարանագիր մը, որ ճշգրտօրէն սահմանէր փէշ-ը այնպէս, ինչպէս ան կ’ըմբռնուի մեր օրերուն: Այստեղ նախ տրուած է փէշ-ին տիրական  նշանակութիւնը՝ հագուստ՝ մէջքէն վար,  ապա անոր մասնաւորոշ նշանակութիւնը՝ քղանցք, եւ վերջապէս ընդհանրական նշանակութիւնը՝ ծայրամաս: Մինչ Տէր խաչատուրեան թերացած է, քանի  փէշ-ին մէջ տեսած է մի ՛այն քղանցք-ը:

Այս նոյն միջոցին՝

–Գույումճեանին համար skirt-ը կը  մնայ քղանցք:

Ծանօթ.− Յատկանշական է,  որ այս  վերջինին  հայ.-անգլերէն բառարանին մէջ  եւս չկայ փէշ բառը:  Ահա երկու կոթողական գործեր, ուր չի մտներ ան: Միւս կողմէ՝ ան բացակայ է նոյն հեղինակի աշխատութեան  դպրոցական տարբերակէն եւս:

–Շահինեանին համար հոմանիշ են փէշ եւ jupe:

–Քիւրքճեանին համար  jupeփէշ եւ շրջազգեստ է:

–հայր Օհանեանին համար gonna-ն շրջազգեստ եւ փէշ է, gonnellaփէշ, իսկ gonnellinoկարճ փէշ:

Եզրակացութիւն

Ուրեմն միջնադարուն հայերէնը փոխ առած է պարսկերէն փէշ բառը, որ նշանակած է  քղանցք, այսինքն՝ որեւէ շրջազգեստի, պարեգօտի կամ վերարկուի  ստորին՝ գօտիէն  վար երկարող մասը, հանդերձ ուղեկից նշանակութիւններով եւ փոխաբերութիւններով:

Բառս այս նշանակութիւնը ընդմիշտ պահած է ու կը պահէ արեւելահայերէնի մէջ:

Արեւմտահայերէնի մէջ քղանցք-ը,  պահպանելով հանդերձ իր գոյութիւնը,   20-րդ դարու երկրորդ կէսին  տեղը զիջած է  կիսաշրջազգեստ-ին՝ իբրեւ հոմանիշ ֆրանս. jupe-ին, անգլ. skirt-ին եւ իտալերէն gonna-ին:  Այս զարգացումը չէ ունեցած փէշ-ը արեւելահայերէնի մէջ:     Եւ այս պատճառով՝ արեւելահայերէնը դիմած է ռուսական  յուբկա-ին՝ լրացնելու համար այդ բացը, այսինքն՝ բնորոշելու համար  կիսաշրջազգեստ առարկան՝ իբրեւ գօտիէն դէպի  ծունկը եւ անկէ վար երկարող ինքնուրոյն  զգեստատեսակ:

Այս կացութեան բերումով է, որ արեւելահայ ուսուցչուհին  փէշ-ը փոխարինած է յուբկա-ով, քանի իր լեզուն զայն  թարգմանող բառ չէ ունեցած:

Այլ հարց,  թէ այս ամբողջ ժամանակը արեւելահայերէնը դիւրաւ կրնար այդ բառը փոխարինել հայեցի եզրով մը,– այո՛, կրնար, սակայն այն հազարաւոր օտարաբանութիւններէն ո՞ր մէկով մտահոգուած է ան, որ… յուբկա-ին գայ կարգը:

[1] 19-րդ դարու,– եւ ոչ միյան,–  բառարանագիրները շրջազգեստ կոչած են jupe-ը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x