Լեզուն չշփոթել փողկապով, որ ամէն ոք  կ’ընտրէ ըստ իր ճաշակին

January 4, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի
  1. Չշփոթենք՝

ջնջել ՝ արմատն է ջինջ, որ կը նշանակէ մաքուր, սուրբ. ուրեմն ջնջել կը նշանակէ մաքրել, սրբել, տեսողութենէ վերացնել: Ջնջան՝ մաքրող, սրբող լաթ, սրբիչ:

չնչին՝ արմատն է ոչ ինչ կամ ոչինչ: Ոչնչութիւն, ոչնչական, ոչնչապաշտ (nihiliste):

  1. Եռանկիւն… եռանկիւնի

Մեր բառամթերքը զանազանող երեւոյթներէն մէկն է արեւելահայերուն եռանկիւնի, քառանկիւնի, հնգանկիւնի՝ ի-ով վերջացող տաբերակները, մերինին եռանկիւն, քառանկիւն, հնգանկիւն  ձեւերուն դիմաց: Ճիշդ ե՞րբ յառաջացած է այս տարբերութիւնը՝ աշխարհաբարի առաջի՞ն օրերէն, թէ՞ աւելի ուշ ,− չեմ կրնար ըսել:

Զարմանալին այն է, որ նոյն արեւելահայերէնը ունի եռանկիւն եւ նման ձեւերը եւս՝ առանց ի-ի, որ կը գտնենք  բոլոր բառարաններուն մէջ՝ իբրեւ նոյնանիշ նախորդին: Սա՛ տարբերութեամբ, որ  միջին արեւելահայը շատ աւելի կը կիրարկէ եռանկիւնի տարբերակը…

Թերեւս մտածէք, թէ ասոր զարմանալին ո՞ւր է եւ ի՞նչ է:

Զարմանալին այն է, որ մարդ հակում ունի միշտ նախընտրելու կարճը, եւ աշխարհի բոլոր լեզուներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնց բառերը ժամանակի ընթացքին որքա՜ն կարճցած, սեղմուած, ամփոփուած են:  Թուենք երբեմնի` մեծացուցանել,  հարսանիք, մատանի, տեղի, հիւսիսի, զմելին բառերը, որոնք դարձած են մեծցնել, հարսնիք, մատնի, տեղ, հիւսիս, զմելի:

Ասոնք իրենց բնոյթով գոյական ու ածական են հաւասարապէս:

–Գոյական՝  Գրատախտակին վրայ գծենք եռանկիւն(ի) մը…

–Ածական՝   Լճակին  կից  ունէր եռանկիւն(ի)  հողաշերտ մը…

Եւ վերջապէս, առ ի հետաքրքրութիւն ըսենք, որ միւս կողմէ՝ անոնք ոչ մէկ հարց ունին  արտասանելու նոյնարմատ՝ եռաբլուր, եռագագաթ, եռագմբեթ, եռագոյն, եռաթեւ, եռաթերթ, եռալար, եռախորան, եռակազմ եւ նման բազմաթիւ ուրիշներ՝ բոլորն ալ առանց ի-ի:

3.Արեւելահայ լեզուական բարքեր

«Իմ մեսիջը հետեւեալն է՝ հաստատակամութիւն․ ճիշտ հանգուցալուծման դէպքում կան ասիմետրիկ սցենարներ»,– ասում է կոմպոզիտորների միութեան նախագահի թեկնածու Աւետիս  Պերպերեանը:

Մէկ նախադասութիւն եւ չորս օտարաբանութիւն:

Տեղին չէ՞ ըսել՝ քանի՞ ղուրուշ կ’արժէ քու «պատգամ»-դ, որ օտար լեզուով կը յղես, եւ  քանի՞ ղուրուշ կ’արժես դո՛ւն, որ մէկ նախադասութիւն հայերէն կազմել չես գիտեր:

  1. «Ազդակ»-ի խիզախ     յառաջամարտիկներուն

Եւ հայոց լեզուի լուսաճակատ ջահակիրներուն

Թերթին երկուշաբթի օրուան (24 հոկտեմբեր) խմբագրականին մէջ ընթերցողին աչքերը հեշտագին կը շոյէր չափանիշ-ի  յոգնակին եր-ով՝ չափանիշեր: Իսկ 26 հոկտեմբերի թիւին մէջ  քաղաքական էջի ճակատը ընթերցողին աչքերը կը ծակէր չափանիշներ ձեւը՝ ներ-ով:

Այս երկւութիւնը անջնջելի անէծքի մը պէս  հետեւած է արեւմտահայուն. անոր տարողութիւնը ընթերցողները գիտեն մէկ ալ… Մեսրոպ Մաշտոց:

Ճիշդը՝ առաջինն է՝ չափանիշեր՝ եր-ով:

Եթէ ականջ տաք պահ մը, ապա պիտի նկատէք, որ բարեհունչն ալ ան է, այլեւ կիրթ ու կոկիկը, որ դէմդ նստած է փէշերը ոտքերուն շուրջ կիպ հաւաքած գեղեցկուհիի մը շնորհքով, մինչ ներ-ով ձեւը մայթերը չափչփող կիսաշխարհիկներու  լկտի  տպաւրութիւնը կը ձգէ:

Ո՜ ակն ունի տեսանելոյ՝ տեսցէ, եւ ունկն ունի լսելոյ՝ լուիցէ:

*    *   *

Նիշ վերջաբաղադրիչը ունեցող բառերը կը կրեն հետեւեալ երկու նշանակութիւնները.

ա)–նիշ կամ նշան  եղող. օրինակ՝  չափանիշ, որ չափի նիշ կամ նշան է, յատկանիշ, որ յատուկ նիշ կամ նշան է, բարենիշ, որ բարութեան նիշ կամ նշան է:

բ)–նշանակութիւն  ունեցող. օրինակ՝ հոմանիշ՝ նոյն նշանակութիւնը ունեցող, բազմանիշ՝ բազում նշանակութիւն ունեցող, միանիշ՝ մէկ նշանակութիւն ունեցող:

Առաջին խումբի բառերը եր-ով կը կազմեն իրենց յոգնակին՝ չափանիշեր, յատկանիշեր, բարենիշեր:

Երկրորդ խումբի բառերը ներ-ով կը կազմեն իրենց յոգնակին՝ հոմանիշներ, բազմանիշներ, միանիշներ:

*   *   *

Ստորեւ աւելի ամբողջական ցանկեր՝

ա) ազդանիշեր, ախտանիշեր, աստղանիշեր, բարենիշեր, գաղափարանիշեր, դրամանիշեր, դրոշմանիշեր, թուանիշեր, խաչանիշեր, խորհրդանիշեր, համարանի-շեր, ձայնանիշեր, մրցանիշեր, յայտանիշեր, յատկանիշեր, նամականիշեր, ուղենիշեր, չափանիշեր, պայմանանիշեր, սահմանանիշեր  վաճառանիշեր,  վարկանիշեր, ցուցանիշեր եւ այլն:

բ) բազմանիշներ , էջանիշներ (էջը նշանակող, ցոյց տուող), հոմանիշներ, հականիշներ, մերձանիշներ, միանիշներ, յոգնանիշներ,  նոյնանիշներվանկանիշներ (վանկ նշող) եւ այլն:

Այսպիսի  ցանկերը Սուրբ հոգիի ներշնչումով չեն իւրացուիր, ոչ ալ բնազդով:                      Պէտք է գրողները ունենան զանոնք  իրենց աչքին դիմաց, որպէսզի հետեւին եւ յիշեն ու… սորվին:

Մանաւանդ լեզուն չշփոթել փողկապով, որ ամէն ոք  կ’ընտրէ ըստ իր ճաշակին:

  1. Ընթերցող մը հարց կու տայ, թէ արդեօք ափ բառը  եւս երկձեւ կը գրուի, ինչպէս էր պարագան գագաթ-գագաթն զոյգին:

ա)  մէկ  կողմէ՝   ափ՝ ափիբերան,  ափամէջ, ափաչափ,  ափլափել եւ այլն:

բ)   միւս կողմէ՝  ափն՝ ծովափնեայ, գետափնեայ, քարափն եւ այլն:

Այստեղ բոլորովին տարբեր պարագայ կը ներկայանայ:

Սկսելու համար ըսենք, որ այս երկուքը՝ ափ եւ ափն նոյն բառերը չեն, որքան ալ քիչ մը բոլորս  պահ մը շփոթած ըլլանք զանոնք. գետին կամ ծովուն տափարակ եզերքը շփոթած ըլլանք   ձեռքի ներսի մասին հետ, որ «բուռ» ալ կը կոչուի:

Առաջինը, այո, ձեռքի ներսի մասն է. յիշել Սիամանթոյի՝ «Ափ մը մոխիր»-ը,   կամ Վարուժանի «Ափ մը ցորեան  ափերուդ մէջ թող լեցնեմ, կտրի՛ճ որդիս»-ը:

Մինչ երկրորդը կը նշանակէ պարզապէս «եզերք» եւ կը գրուի, աւելի ճիշդը  գրաբարի մէջ կը գրուէր, ն-ով՝ գետափն, ծովափն, քարափն: Աշխարհաբարը, որ, ինչպէս գիտենք,  չ’ախորժիր բառավերջի «ն»-էն, ասոնք դարձուցած է գետափ, ծովափ, քարափ. այս վերջինը կը նշանակէ ժայռի ծայրամասը, կը նշանակէ նաեւ նաւահանգիստի  մէջ ցամաքը ծովուն միացնող քարակերտ կամ պեթոնապատ տարածութիւնը: Սակայն  բարդութիւններու մէջ արմատական հին «ն»-ն կը պահուի նոյնութեամբ՝ գետափնեայ, ծովափնեայ, քարափնեայ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x