«Կարենալ»՝ մեր հազարաւոր բայերուն ամէնէն փորձանաւորը

September 23, 2021

Արգիլել եւ կարենալ

Այս երկու բայերը կը բնորոշուին հետեւեալ յատկութեամբ. ասոնք կը պահանջեն երկու տարբեր խնդիրներ, այս ալ կը դժուարացնէ  իրենց կառավարումը կամ խնդրառութիւնը: Մանաւանդ որ  այս խնդրառութիւնը որոշ չափով տարբեր է գրաբարինէն, մինչ մեր հին գրողներէն ոմանք  աւելի ընտելացած էին անոնց գրաբար կիրարկութեան եւ չեն անդրադարձած, որ  նոր ժամանկները նոր պահնջներ բերած են հետրնին:

*   *   *

1.Արգիլել

      Մենք կ’արգիլենք բան  մը (հայցական հոլով)՝ մէկուն (տրական հոլով):

Օրինակ՝ «Թորոսը  արգիլեց Մարկոսին (տրական հոլով)  օղի խմել (հայցական հոլով):

Որո՞ւ  արգիլեց   …   Մարկոսին,  ի՞նչ  արգիլեց  …   խմել:

Այստեղ արգելքի առարական բայ մըն է՝ խմել: Ան կրնայ ըլլալ գոյական մըն ալ:

Օրինակ՝ «Բժիշկը Թորոսին արգիլեց երկար ընթերցումը»:

Որո՞ւ արգիլեց   …   Թորոսին, ի՞նչ ար գիլեց   …   ընթերցումը:

Արգիլել ներգործական բային փոխարէն կրնայ կիրարկուիլ արգիլուիլ կրաւորականը:

Այսպէս՝ «Մարկոսին արգիլուեցաւ օղի խմել»:

«Թորոսին արգիլուեցաւ երկար ընթերումը»:

Երեւութապէս զոյգ խնդիրները պահեցին իրենց հոլովական ձեւաւորումը:

Խորքին մէջ այդպէս չէ, սակայն գործնականօրէն այդպէս է, ուրեմն աւելի չեմ խորանար:

Այս յօդուածներուն նպատակը քերականութիւն սորվեցնել չէ, այլ ճիշդ խօսիլ:

*   *   *

Ունինք արգելք հանդիսանալ, արգելք ըլլալ, արգելք դառնալ  յարադիր  ձեւերը, որոնք նշանակութեամբ հոմանիշ են նախորդին, իսկ գործածութեամբ՝ տարբեր:

—Թորոսը արգելք հանդիսացաւ Մարկոսի օղի խմելուն:

—Կրօնապետը արգելք եղաւ  հաւատացեալներու խոզի միս ուտելուն:

—Դուն արգելք դարձար անոր մեկնումին:

2.Կարենալ

Գրաբար  համարժէքն է կարեմ:

Աշխարհաբար հոմանիշներ՝ կրնալ, կարողանալ:

Մեր հազարաւոր բայերուն ամէնէն փորձանաւորն է:

Արսէն Այստընեան 1866-ին իր «Քննական քերականութիւն»-ին մէջ նկատել տուած է, որ իր ժամանակակիցները սխալ կը կիրարկեն զայն, անշուշտ սխալ կը կիրրակէին նախապէս ալ,  աւանդոյթը  շատ հին ըլլալու բոլոր տուեալները ունի:

Այս բային դիմաց մեր բոլոր   բառարանները գրած են չէզոք, սակայն ասի ըսելու ձեւ մըն է, որ ոչինչ կը նշանակէ, քանի որ այս բայը չի կրնար առանձին հանդէս գալ, այլ իր հետ կը պահանջէ ուրիշ բայ մը. օրինակ՝ կարենալ երգել, կարենալ քնանալ եւ այլն, եւ նախադասութեան բայական խնդիրը որոշողը  այս երկրորդ բայը կ’ըլլայ՝ ըստ իր սեռին. երգել մեղեդի մը  (հայցական հոլով),  քնանալ  կէս գիշերին (տրական հոլով):

Ուրեմն այս հոլովներու ձեւաւորումը  ոչ մէկ առնչութիւն ունի կարենալ-ին հետ:

Աւելցնեմ սա եւս.  այս  իր վրայ աւելցող բային հետ կարենալ-ը կը կազմէ ինքնուրոյն բայատեսակ մը, որ կարելի է  կոչել բաղադրեալ կամ բարդ բայ: Այս եզրերը ես կ’առաջարկեմ գործնականութեան սիրոյն, այլապէս  որեւէ սերտողութիւն չէ նուիրուած այս երեւոյթին, ուստի անուն մըն ալ չէ տրուած անոր:

Հիմա սերտենք  այս կառոյցը  կիրարկողներու  զառածումին  պատճառը:

Ինչո՞ւ այնքան անուանի գրողներ, մտաւորականներ, դասախօսներ, բանասէրներ  սխալ կիրարկած են զայն կամ թէ ինչի՞ մէջ կը կայանար սխալը:

Կարենալ  երգել կառոյցին մէջ ունինք գերադաս անդամ մը՝ կարենալ, եւ ստորադաս անդամ մը՝ երգել:  Արդ, ըստ քերականութեան ոսկեայ կանոնին՝  բաղադիր կառոյցի մը մէջ միայն գերադաս անդամն է, որ կրնայ փոփոխութուն կրել, իսկ ստորադաս անդամը կը մնայ անփոփոխ:

Ուրեմն այս պարագային՝ փոխուողը պիտի ըլլայ կարենալ-ը,  անփոփոխ մնացողը՝ երգել-ը: Ուշադրութիւն, ամէն անգամ,  որ կը փորձուինք նուազագոյն փոփոխութեան ենթարկել այս վերջինը, օրինակ՝ զայն խոնարհելով, հոլովելով կամ թէ յօդ մը կամ որեւէ մասնիկ աւելցնելով վրան, ապա ստուգապէս  կը գայթակղինք. երգել-ը պիտի կոյս մնայ:

Ահա այս կուսութիւնն է, որ… դարեր շարունակ չէ յարգուած:

—Պիտի կարենամ երգել

—Երգել կարենալու համար ձայն պէտք է

—Երգել   չկարենալը իր թերութիւնն է

—Երգել չկարենալուս կը ցաւիմ

—Ան երգել չկարենալուն   արտաքսուեցաւ խումբէն:

—Երգել կարենալը այնքան ալ դժուար չէ

—Երգել չկարենալն է դժուար

—Երգել չկարենալէն  ձայնը կորսնցուց

—Երգել կարենալով ո՞ւր պիտի հասնիս

*   *   *

Ի տարբերութիւն  արգիլել-ին՝ կարենալ-ը չի կրնար որեւէ գոյականական խնդիր ունենալ, այսինքն միանալ գոյականի մը. այսպէս է, քանի ան  սեռ չունի: Ան միշտ ու միշտ պարտաւոր է յենելու ուրիշ բայի մը, եւ այս վերջինն է, որ կրնայ  խնդիրներ ունենալ.  օրինակ՝

Երգ մը  ըմբոշխնել  կարենալու համար, հսկայ գումար վճարեց:

Երգ մը հայցական հոլով ուղիղ խնդիրը կը պատկանի ըմբոշխնել-ին:

Պայտին զարնել կարենալու համար՝ պէտք է զարնել նաեւ գամին:

Պայտին տրական հոլով անուղղակի խնդիրը կը պատկանի զարնել-ին:

Կարենալ-ին նման բաղադիր կառոյցներ էն՝ փորձել սորվիլ, ջանալ շինել, փափաքիլ յաջողիլ, յորդորել մեկնիլ,  թելադրել հրաժարիլ եւ այլն, յորում պարտին կոյս մնալ սորվիլ, շինել, յաջողիլ, մեկնիլ, հրաժարիլ  ստորադաս անդամները:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x