«Ինչ որ թոյլատրուած է Զեւսին, թոյլատրուած չէ…եզին»

April 7, 2023
  1. Կեդրոն եւ մասամբ նորին

          Մեր նախորդ  թողարկումով անդրադարձանք «Ազդակ»-ի քաղաքական էջի գիւտերէն մէկուն, որ էր անոր «կեդրոնացումը ինչ որ բանի մը շուրջ»: Եւ հատուածը աւարտեցինք այն լաւատեսութեամբ, որ նման անակնկալներ բացառուած չեն ապագային եւս:

Եւ ինչպէս կ’ըսեն՝ մելանը դեռ չէր չորցած, երբ այդ անակնկալը ոսկեայ սկուտեղի վրայ հրամցուեցաւ նոյն էջին վրայ  եւ նոյն… մեծահոգութեամբ:

Որ ահաւասիկ.

–Արցախի մէջ հայերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային  ուշադրութեան կեդրոնին մէջ (29/3/23,  էջ1):

Եւ զարմանալիօրէն խնդրոյ առարկան նոյն կեդրոնն է, որ չի գիտեր ո՛ւր զետեղուի՝ շո՞ւրջը, թէ՞ մէջը:

Այո, պէտք է ճիգ թափել ըմբռնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ կամ գտնուիլ բանի մը կեդրոնին… մէջը:

Դուք լսա՞ծ էք կամ կարդացած էք նման բառակապակցութիւն մը:

Արեւելահաերէնի խաղացած խաղն է  այս արեւմտահաերէնի գլխուն. մեր քաջարի հայագէտը թարգմանած է «կեդրոնում» ներգոյականը հոն, ուր  արեւմտահայերէնը իր գոյութեան ողջ ընթացքին կ’ըսէ «կեդրոնը»:

          –Թորոսը կը գտնուի Մարկոսի ուշադրութեան կեդրոնը:

                                                                           *   *   *

Եւ այս չէ միայն. ան գլխարկին տակ պահած ունի այլ աղաւնի եւս,  որ ահաւասիկ.

–Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնած են վերաբանալ մէկզմէկու մէջ իրենց դեսպանատուները (Ազդակ, 24/3/23, էջ1):

Մեսրոպ երազին մէջ պիտի չհամարձակէր գուշակել, թէ օր մը հայորդի մը կրնար իր գտած այբուբենով գրել՝   «երկու պետութիւն մէկզմէկու մէջ դեսպանատուն պիտի բանան»:

Ի՜նչ գիտնար Մեծ սուրբը, որ նոր հայերէնի մը մեկնարկը տրուած է…

Այլեւ չմոռնանք, թէ «ինչ որ թոյլատրուած է Զեւսին, թոյլատրուած չէ…եզին»:

  1. Խորհրդանշանական

Շուրջ քառորդ  դար առաջ Պէյրութ եկած էր ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանը՝ հրաւէրովը  Հայկազեան համալսարանի եւ           դասախօսական շարքի մը համար: Ճառագայթող դէմք՝ ան հանգիստ չունէր. քիչ մը ամէն տեղ էր ու մանաւանդ իր հրապարակային դասախօսութիւններով կը   լեցնէր  մեր ժամանակն ու… միտքերը:

Այդ դասախօսութիւններէն մէկուն աւարտին՝ զրոյց կ’ունենար ներկաներուն հետ, երբ խնդրոյ առարկայ դարձաւ ունկնդիրներէն մէկուն խորհրդապաշտ(ական) բառը:

–Այդ ի՞նչ բառ է,– հարցուց Հախվերդեան յօնքերը խստիւ պռստած:

–Symbolist(e) բառի հայերէնն է,— պատասխանեց խօսակիցը

–Սակայն symbol(e)-ը խորհրդանիշ-ն է կամ խորհրդանշան-ը, ուրեմն պէտք է ըսել խորհրդանշապաշտ կամ խորհրդանշանապաշտ եւ ոչ թէ խորհրդապաշտ, որ կը նշանակէ «խորհուրդը պաշտող»…  եւ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:

Եթէ չոփ-չոր մտածենք, հաւանաբար յօժարինք իրաւունք տալ Հախվերդեանին, սակայն լեզուն  երբեմն ալ կը խուսափի մտածումի այդ ոճէն, որովհետեւ ան ալ ունի ի՛ր պահանջները, որոնցմէ մէկն ալ գեղեցկութիւնն է. այո, պչռասէր է լեզուն եւ ամէն ճիգ կը թափէ հրապուրիչ, բարետես ու բարեհունչ երեւելու,− որքան  ոմանք ամէն ճիգ թափեն՝ այլանդակելու զայն,− եւ առ այս՝ ան յաճախ հակամէտ է զոհելու տրամաբանականն ու ձեւականը:

Մտածենք պահ մը «իմաստասէր»  բառին մասին… որ բառացի կը նշանակէ իմաստը սիրող: Բան մը կը նշանակէ՞ այս բառակապակցութիւնը՝ «իմաստը սիրող»,−  բայց ահա հայը ի դէմս այս «անիմաստ» բառին կը  ճանչնայ Սոկրատն ու Պղատոնը, Արիստոտէլն ու Պերկսոնը, իսկ ժամանակակիցներէն՝ Նուազի լը Կրանի  աւատապետը՝ իր ճապկումներով:

Մտածենք պահ մը, որ մէկը որոշէր «իմաստութիւնասէր» կոչել այսպիսիները:

Հախվերդեանի ըրածը ճիշդ այս վերջինն է:

*   *   *

Անխուսափելիօրէն դիմեցի արեւելահայ բառարաններու՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ կացութիւն  կը  տիրէր այստեղ, եւ  ի մխիթարութիւն բոլորիս, գտայ՝

«Խորհրդանշանականան – տե՛ս խորհրդանշական»:

Սակայն ուրիշ բաներ ալ գտայ այստեղ, որ ահաւասիկ՝ խորհրդապաշտ, խորհրդապաշտական, խորհրդապաշտութիւն, ինչ որ պահ մը թեւ ու թռիչք տուաւ տրամադրութեանս, սակայն քիչ անդին նոյն սիւնակը, բոլորովին անըմբռնելի լայնամտութեամբ,  հիւրընկալած  է նաեւ խորհրդանշապաշտ եւ խորհրդանշանապաշտ բառերը եւս,  այսինքն՝ ճիշդ անոնք, որոնց կ’ակնարկէր Հախվերդեան:

Ասոնք համակեաց ու համատեղելի պէտք չէ ըլլային, բայց ահա եղած են, եւ այս՝ այնքան պատկառելի բառարանի մը մէջ, որ սերունդնեդու ճաշակը կրթելու առաքելութիւնը պէտք է ունենայ: Ցաւալի է, բայց այս այսպէս է:

Յիշեցէ՛ք օդանաւակայան-ը՝ մեր օդակայան-ին փոխարէն:

Մինչեւ հիմա ալ երբ արեւելահայու մը նկատել կու տաս  առաջինին ճապաղութիւնը եւ երկրորդին կոկիկութիւնն ու բարեհնչութիւնը, կը ստանաս  անվրէպ նոյն պատասխանը. «Օդակայան նշանակում է օդի կայան, դա ոչ մի նշանակութիւն չունի…»:

Նոյն ջուրն է ու նոյն ջրամանը. ոչինչ փոխուած է:

  1. Ոչ եւս է…

Կը բանամ «Պայքար»-ի 317-րդ թիւը եւ ըստ սովորութեանս կը փնտռեմ երկրորդ էջը, ուր ահա աւելի քան վեց տարի է կանոնաւորապէս կը կարդամ խմբագրականը. այդ ընթերցումով ալ կը ձեւաւորուի ազգային-քաղաքական ճաշակս. այնքան հմուտ, ամբողջական, սրտցաւ ու համոզիչ կ’ըլլան անոր վերլուծումները: Եւ ահա  առաջին անգամ ըլլալով  կը բացակայի ան: Բացակայութիւն մը, որուն ճաշակը չեմ ունեցած  նախապէս: Իսկ կարճ ժամանակ մը անց կ’իմանամ, որ զայն գրողը՝ Երուանդ Ազատեանը,  պիտի չգրէ այլեւս…:  Հանգիստ իր հոգիին:   Շատեր պիտի փնտռեն իր գրիչը:

*   *   *

Այդ կորուստին հետեւանքներէն մէկն ալ կը ցոլայ «Պայքար»-ի  այս պատկերին մէջ, որուն տակ կը կարդամ. «Կռունկները տուն կը դառնան»: Իսկ ասոնք… կռունկ չեն, այլ  արագիլ: Կռունկը սեւ կ’ըլլայ՝ սպիտակ երիզներով, իսկ արագիլը՝ սպիտակ կ’ըլլայ քանի մը սեւ երիզով:

Արագիլը բարձունքի վրայ կը դնէ իր բոյնը, իսկ կռունկը՝ հողին վրայ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x