Երկրաշարժը, որ…երեւան հանեց արեւմտահայուն լեզուամտային թանձր շամանդաղը

February 23, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

 

  1. Բառագիտութիւն

*** Ուղի՝ ճամբայ  արմատը ունին  եւ մէկ ղ-ով կը գրուին՝

ուղեւոր ՝ ճամբորդ,  ուղեգնաց՝ ճամբայ գացող

ուղեծիր

ուղարկել,  որ կը նշանակէ ղրկել. բառացի՝ «ի ուղի արկանել», այսինքն՝ ճամբու դնել

ուղեկորոյս, ուղենիշ, ուղեպարկ, ուղեցուպ

երկաթուղի՝ մետաղեայ զուգահեռ սարքեր, որոնց վրայէն կը յառաջանայ գնացքը

մայրուղի՝ գլխաւոր ճամբայ

գործուղել՝ գործի մը համար  ղրկել մէկը՝ տեղ մը կամ բանի մը

Կրաւորականը՝ գործուղուիլ

***Ուղիղ՝ շիտակ, ճիշդ. երկու ղղ-ով կը գրուին՝

–ուղղել, ուղղուիլ

          –ուղղական, ուղղակի, ուղղանկիւն

ուղղիչ, «Ուղղիչ տուն»՝ բանտ

ուղղորդ, ուղղորդել, ուղղագրել

          –ուղղալար,  ուղղաձող, ուղղահայեաց (perpendiculaire), ուղղաձիգ (verticale)

          –ուղղախօս, ուղղաբարոյ, ուղղամիտ, ուղղախոհ, ուղղահոս

          –ուղղադաւան, ուղղափառ

2.Երկրաշարժը եւ… հայերէնը

Արար աշխարհ տարուած էր ու տակաւին է՛   այն երկրաշարժով, որ ցնցեց հսկայական տարածքներ ու պատճառեց մեծաթիւ  կորուստներ՝ մարդկային եւ նիւթական:  Հայ   մամուլը իւրովսանն ու օրը-օրին, ի հայրենիս թէ ի սփիւռս,  իրազեկեց մեզ անոր  մանրամասնութիւններուն, ոչ ոք սակայն անդրադարձաւ մինչեւ հիմա այն միւս երկրաշարժին,  որուն զոհ գնաց… հայերէնը՝ երեւան հանելով  արեւմտահայուն  լեզուամտային  թանձր շամանդաղը:

Ահա օրինակներ.

–«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը, հաւատարիմ յառաջամարտիկի իր կոչումին,  առաջինը եւ իր  առաջին էջին վրայ ու մեծատառ՝ տաքը-տաքին հաղորդեց ի լուր մարդկան եւ աշխարհին.  «Ուժեղ երկրաշարժներ Թուրքիոյ մէջ եւ Սուրիոյ մէջ» (7/2/23): Յաջորդ օրը կրկնուեցաւ երկրաշարժներ-ը եւ այնպէս ալ անշեղ կը շարունակուի  առ այսօր՝ յօրինակ ուրիշներու: Վասնզի արեւմտահայերէնը աղաւաղող բոլոր այլանդակութիւններու օրրանն ու խանձարուրն են այս էջերը, այստեղ ծնունդ կ’առնեն անոնք,  կը գուրգուրուին ու կը յանձնուին ուրիշներու:

Noblesse oblige!!!  Պիտի ըսէր Նուազի լը Կրանի ծերունազարդ ճգնաւորը, որ ասանկ  բաներով զբաղելու շատ ժամանակ ու տրամադրութիւն չունի. խելքը ուրիշ բաներու տուած է:

Անոր կրնկակոխ եւ նոյն թիւին մէջ (18/2/23)  հետեւեցաւ «Զարթօնք»-ը երկու տարբերակով՝ երկրաշարժներ եւ երկրաշարժեր: Յաջորդ թիւին մէջ  ան արտատպեց Յակոբ Աւետիքեանի մէկ յօդուածը՝ անոր  տեղաշարժեր բառը  վերածելով   տեղաշարժներ-ի:

Անշուշտ «Պայքար»-ը չէր կրնար անմասն մնալ այս համատարած խրախճանքէն՝ յանձին իր պատկառելի  խմբագրապետին, որ թերթին առաջին էջի  ճակատին խոշորատառ արձանագրեց երկրաշարժներ (12/3/23), վեհանձնաբար թոյլ տալով, որ իր զինակիցին՝ Աւետիքեանի յիշեալ յօդուածը 4-րդ  էջին մէջ հրատարակուի… տեղաշարժեր   ուղիղ ձեւով:  Հապա՞՞՞…: Այսպէս կ’ըլլայ  նուիրեալ գաղափարականը. հաւատարի՛մ  իր գաղափարակիցին, բայց անտարբեր՝ Մաշտոցին ու մեր բոլոր սուրբերուն հանդէպ:

*   *   *

Շարժ-ը մեր այն արմատներէն է, որ կը կիրարկուի երկու իմաստով. երկիմաստ է.

ա. Իբրեւ գոյական, որ կը նշանակէ շարժում. օրինակ՝ երկրաշարժ, ծովաշարժ (ցիւնամի), տեղաշարժ եւ այլն:

բ)  Իբրեւ բայարմատ, որ կը նշանակէ շարժող, տեղափոխուող. օրինակ՝ ինքնաշարժ, որ կը նշանակէ ինքիրեն շարժող,  վայրաշարժ՝ այն սարքը, որ կը շարժէ գնացքը (locomotive), հողմաշարժ՝ հովէն շարժող (օրինակ՝ հողմաղաց)    եւ այլն:

Ստացուած բոլոր բառերը գոյական են եւ կը պատասխանեն ի՞նչ հարցումին, որ յատուկ է գոյականներուն:

գ) Ունինք նոյն արմատով կազմուած բառեր, որոնք մաքուր ածական են օրինակ՝ դիւրաշարժ, թեթեւաշարժ, հետաքրքրաշարժ, շոգեշարժ, սրտաշարժ եւ այլն: Ասոնք կը պատասխանեն ինչպիսի՞ հարցումին, որ յատուկ է ածականներուն:

Ուրեմն թիւի կարգով օժտուած են միայն ա. եւ բ. շարքերը:

ա. շարքի բառերը կը յոգնականանան եր-ով՝ երկրաշարժեր,  ծովաշարժեր,  տեղա-շարժեր:

բ. շարքինները կը յոգնականանան ներ-ով՝ ինքնաշարժներ, վայրաշարժներ, հողմա-շարժներ:

գ. շարքինները սկզբունքով չեն յոգնականանար, սակայն ասոնք բոլոր ածականներուն պէս  յօդ առնելով կը գոյականանան, կը փոխանունուին, այսինքն՝ անուն կը փոխարինեն, եւ այս պարագային ու իբր այդպիսին՝ կրնան յոգնականանանլ. օրինակ՝ հետաքրքրաշարժ պատմութիւն եւ անհետաքրքրական պատմութիւն.

Հետաքրքրաշարժը ձգեց եւ անհետաքրքրականը  պատմեց:

Հետաքրքրաշարժը առանձին կը նշանակէ «հետաքրքրաշարժ պատմութիւն»:

Անհետաքրքրականը կը նշանակէ «անհետաքրքրական պատմութիւն»:

Յոգնակին՝ հետաքրքրշարժներ, այսինքն՝ հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ:

*   *   *

Դժուա՞ր է… ո՛չ, դժուար չէ, յատկապէս անոր համար, որ բարիկամեցողութիւնը ունի ճիշդ գրելու իր լեզուն եւ տարրական յարգանք ունի զայն կարդացողներուն հանդէպ: Յիշեցէք պահ մը այն ահարկու խրդնաբանութիւնները, որոնց յօժարած էք օտար լեզու մը՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ Քամչաթքայերէն  սորվելու համար. անոնց քով ոչինչ է այս. խաղ ու պար, սակայն մեր մէջ տիրապետող է այն մտայնութիւնը, թէ… հայերէնի իմացութիւնը արդէն ունինք, ա՛լ ինչ պէտք կայ ժամավաճառ ըլլալու:

Հայերէնն ալ սորվելիք բա՞ն է…

Իսկ այսպէս մտածելու «պերճանք»-ը ամբողջ աշխարհի մէջ կրնայ ունենալ մի՛այն ու մի՛միայն … արեւմտահայ խմբագիրը, լրագրողը, ուսուցիչը, քարտուղարը, աշխարհականն  ու հոգեպւորականը:

Մանաւանդ երբ առանց սորվելու ալ կարելի է պաշտօն ունենալ՝  հաց ուտել ու… քէֆին նայիլ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x