Փառատօ(ներ) եւ ո՛չ փառատօ(ններ), նաեւ՝ զգո՛յշ «փոխ» նախածանցի անտեղի գործածութենէն

April 3, 2024
  1. Փառատօններ

Այս բարդ բառը իր այս ուղղագրութեամբ կանոնաւորապէս  հանդէս կու գայ հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլի մէջ, ըսենք՝ համայն հայութեան գրիչին տակ: Խելքս չի հասնիր, թէ ինչէ՞ մղուած ու թելադրուած՝ զայն գրողները  կը կիրարկեն զոյգ  նն:

Եթէ գրողը մտաւորական տարրական պարկեշտութիւն ունի, ապա տեղ մը պիտի հետաքրքրուի այս հարցով՝ զոյգ  թէ՞ անզոյգ: Եւ փառք Աստուծոյ այդ հարցին պատասխանող բաւական հաւաստի աղբիւրներ կան եւ կայ միջոցն ալ հասնելու անոնց. այդ միջոցը Նայիրի բառարաններու հաւաքածոն է համացանցին մէջ:

Այստեղ կարելի է փառատօն-ի յոգնակին հաստատել առնուազն չորս աղբիւրէ՝

–Էդիկ Աղայեանի  բացատրական բառարանը,

–Փառանձեմ Մեյթիխանեանի ուղղագրական բառարանը,

–Աշոտ եւ Քնարիկ Սուքիասեաններու ուղղագրական բառարանը,

–Յովհաննէս Բարսեղեանի ուղղագրական-ուղղախօսական բառարանը:

Չորսն  ալ կը վկայեն՝ փառատօն-փառատօներ՝ ներ՝ մէկ ն:

Աղբիւրագիտական այս վկայութիւններէն անկախ՝ տարրական տրամաբանութիւնը կը պահանջէ անդրադառնալ, որ  քանի տօն կու տայ տօներ, ուստի փառատօն-ն ալ պարտի տալ փառատօներ:

Եւ վերջապէս բնախօսական ցուցիչ մըն ալ կ’աւելնայ այս բոլորին վրայ. դժուա՞ր է անդրադառնալ, թէ աւելի դիւրին է արտասանել փառատօներ՝ մէկ ն-ով, քան թէ փառատօններ՝ երկու նն-ով, որոնք կոկորդդ պատռելու հակամէտ են:

Մարդ գոնէ իր սեփական կոկորդին կը խնայէ, նոյնիսկ եթէ… չխնայէ մայրենի լեզուին:

*     *

*

Նման կացութեանց առթիւ չեմ վարանիր միշտ հարց տալու,–  կարելի՞ է երեւակայել ֆրանսացի, անգլիացի, թէկուզ… զանզիպարցի (լրա)գրող մը, որ սխալ յոգնականացնէ իր լեզուի գոյականները:

–Դժուար թէ…

Իսկ եթէ յանկարծ գործէ նման սխալ մը…

–Ան միւս օրը կը կորսնցնէ իր պաշտօնը:

Եւ այնուհետեւ հաւանաբար դառնայ… մսագործի աշկերտ. ո՛չ աւելի:

Ահա այստեղ ալ կը կայանայ տարբերութիւնը մեր եւ… վերոյիշեալներուն միջեւ:

Հայ լրագրողը կրնայ տարիներով ու տասնամեակներով աղաւաղել հայերէնը եւ չստանալ  ոչ մէկ սաստ. վկայ՝ մեր լրագրողներու մեծամասնութիւնը, ի մասնաւորի…

2.Փոխգործակցութիւն, փոխադարձ գործակցութիւն, փոխհամագործակցութիւն

            Ասոնք «բառեր» ու ենթադրեալ «հասկացութիւններ» են, որոնք հայերէն  ոչ մէկ բառարանի մէջ տեղ գտած են, սակայն միւս կողմէ՝ կ’ողողեն արեւմտահայ մամուլը կանոնաւոր յաճախականութեամբ:

            Այլ խօսքով՝ հայ միտքը նման անհեթեթութիւն չէ յղացած:

            Չէ յղացած, որովհետեւ գործակցութիւնը ինք արդէն եւ ըստ ամենայնի կը ներառէ  փոխադարձութեան գաղափարը: Տեղի ունեցածը ապուշ կրկնաբանութիւն է:

            –Հապա, — պիտի հարց տաք արդարօրէն,– ուրկէ՞ կու գան այսպիիտները:

            Ասոնք պարզապէս յերիւրուած են արեւելահայ մամուլի կողմէ՝ հետեւողութեամբ… ռուսերէնի, այսինքն՝ ռուսական այն ծանծաղ ու այլասերած մտածողութեան, դուք ըսէք՝ աշխարհընկալման, որ կ’ապականէ մարդու այն տեսակը, նախնադարեան այն խաժամուժը, որ… ռուս կը կոչուի:

            Մեր յարգարժան հայագէտները այդ խաժամուժին հլու, այլեւ կամակատար, բայց նաեւ… անփոյթ արձագանգողներն են: Եւ մեղսակիցները:

  1. «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը օրինակելի հետեւողականութեամբ եւ անտեղիտալի կամքով կը շարունակէ, այսինքն՝ կը յարատեւէ սխալ կիրրակել ներառեալ բառը. ոչ մէկ սաստ ու ահազանգ կ’օգնէ.

            –«Դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիները զգուշացուցած էր ՝ խուսափելու  մեծ հաւաքներու, ներառեալ համերգներու մասնակցելէ» (25/3/2024, էջ 8):

            Տրուած ըլլլալով, որ ներառեալ կը նշանակէ ներառելով, ինչպէս «սկսեալ» կը նշանակէ «սկսելով»,– ըստ ակադեմիկոս  Էդիկ Աղայեանի «Արդի հայերէնի   բացատրական բառարան»-ին, որու հեղինակը ենթադրաբար քիչ թէ շատ հայերէն գիտէր, սանկ… մօտաւորապէս…նոյնիսկ եթէ …,– փոխադրենք զայն  վերը  բերուած    հատուածին մէջ.

–«Դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիները զգուշացուցած էր ՝ խուսափելու  մեծ հաւաքներու, ներառելով համերգներու մասնակցելէ»:

Բառային այս  լղրճուկը բան մը կ’ըսէ՞ ձեզի:

Սա  ինքնին ուղիղ անդրադարձն է իմացական լղրճուկի մը,  եւ վտանգուած արեւմտահայերէնը  կախեալ է այս զոյգ լղրճուկներու քմահաճոյքէն:

Եւ ոչ մէկ ազգային լեզու, ներառեալ ափրիկէի մարդակերներունը, այսքան անյուսալի, այսքան ողորմելի, այսքան ապիկար ու  ապաշնորհ ձեռքերու չէ յանձնուած, որքան արեւմտահայերէնն է:

 «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը այս բոլորին    հանրագումարն  է:

Ան ունի իր նուիրեալ գաղափարակիցը, հաւատարիմ աջակիցն ու անդաւաճան ձայնակիցը յանձին  հայրենի մամուլին, որ կա՛մ իբրեւ ներշնչարան կը ծառայէ իրեն, կա՛մ իբրեւ… հետեւորդ: Հրամեր էք՝

–«Սիրիայի հիւսիս-արևմտեան սահմանային շրջանում, ներառյալ Աազազում, հազուադէպ չեն ռումբերի պայթիւնները»:

Ինչ որ իմանալի հայերէնով պէտք է ըլլար.

–«Սիրիայի հիւսիս-արեւմտեան սահմանային շրջանում, ներառեալ Աազազը, հազուադէպ չեն ռումբերի պայթիւնները»:

[email protected]                                                                                        Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x