Տարբերակ21 հանդէսը առանձին բաժինով մը կը սկսի թարգմանաբար հրատարակել հայ գրող, թարգմանիչ եւ քննադատ Արա Պալիոզեանի խոհագրութիւնները, զորս ան հրապարակած է իր անձնական պլոկին մէջ (baliozian.blogspot.com), 2007-ի Նոյեմբեր 22-էն մինչեւ 2014-ի Մարտ 30-ը։ Արեւմտահայերէնի վերածուած թարգմանութիւնները կը կատարէ վաստակաւոր թարգմանիչ Արամ Արսէնեան (Երեւան, Հայաստան)։

Պալիոզեան (10 Դեկտեմբեր, 1936, Աթէնք –7 Դեկտեմբեր, 2019, Քիչընըր, Գանատա) ինքնատիպ անգլիագիր հայ հեղինակ մըն է։ Անոր գրական, քննադատական եւ պատմագիտական երկերը, որոնք մեծ չափով նուիրուած են հայ գրականութեան եւ պատմութեան, կը յատկանշուին խորաթափանցութեամբ մը, որ նոր մակարդակի մը կը բարձրացնէ պատմա-գրական խնդիրներու վերլուծութիւնը՝ հայոց մօտ։ Բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ նաեւ Պալիոզեանի խոհագրական վաստակը, որ իր շատ մը գիծերով զինք կը կապէ հայ ժողովուրդի տագնապներով ու ցաւերով ապրած մեծ գրողներու աւանդին ու ճակատագիրին, ներառեալ նաեւ երբեմն նոյնիսկ հալածանքի հասնող մերժուածութիւնը հայ հասարակութեան այն շերտերէն, որոնք սովորաբար ներկայացուցիչներն էին ու են էսթէպլիշմընթին։ Այդ վաստակին Տարբերակ21-ը պիտի անդրադառնայ առանձին յօդուածներով։

Պալիոզեան յաճախած է Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան Մխիթարեան վարժարանը, ուսանած է տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքագիտութիւն Վենետիկի Սա՛ Ֆոսքարի համալսարանին մէջ: Հեղինակած է գրական-քննադատական աւելի քան 22 գիրքեր եւ հրատարակած է 7 հատոր անգլերէն թարգմանութիւններ՝ հայ հեղինակներէ։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պետական դրամաշնորհներու։ Ան աչքերը փակեց 7 Դեկտեմբեր, 2019-ին, Քիչընըրի մէջ (Գանատա), մինչեւ կեանքին վերջը նուիրուած մնալով գրելուն, ի հեճուկս իր շուրջ տարուէ տարի աւելի մեծցած լռութեան։

Խմբագիր