Ռուսաբանութեան ճիրաններուն մէջ

March 3, 2022

 

  1. Որպէսզի եւ Որ

          Հայաստանի մէջ կը տիրէ լեզուական համավարակ մը, որ լայնօրէն կը գերազանցէ պսակաձեւ ժահրին պատճառածը.  այդ վարակին անունը ռուսամոլութիւն է, եւ անոր տիպար ներկայացուցիչներէն մէկը  Որպէսզի շաղկապի կիրարկութիւնն է՝ Որ-ի փոխարէն, որ չի խնայեր բացարձակապէս ոչ ոքի. ո՛չ վարչապետին, ո՛չ նախարարներուն, իշխանաւորներուն թէ ընդդիմութեան, այլեւ ակադեմականներուն, գրողներուն ու արուեստագէներուն, ծերոց եւ տղայոց եւ ամենայն չափու հասակի կենդանեաց եւ  ննջեցելոց:

Այս բոլորին մէջ յատուկ տեղ ունի «Առաջին լրատուական»-ը իր սապիսի կիրարկութիւներու շարանով.

–«Շատ կարևոր է, որպէսզի ներկայացրած մեթոդաբանութիւնը գործի»:

–«Բաքուն ակնկալում է, որպէսզի Սուրբ աթոռը լինի  հաշտութեան միջնորդ»:

Կը զարմանաս, կ’ապշիս, թէ այս մարդոց բերանը ինչպէ՞ս կ’երթայ  նման տեղեր Որպէսզի դնել՝ Որ-ի փոխարէն, եւ լեզուն քիմքին չի փակիր, ձեռքը չի կռնծիր, եւ սիրտը չի դադրիր բաբախելէ:

Առաջին հանդիպումիդ միամտաբար կ’ակնկալես, որ տեղի ունեցածը պատահական ու ժամանակաւոր սխալմունք մըն էր, որ այլեւս հաւանաբար չկրկնուի եւ խօսողը կամ գրողը յաջորդին ուղղէ իր սխալը, սակայն այդպէս չէ, յաջորդին նոր որպէսզի-ներ կ’աւելնան եղածներուն վրայ:

Ուղղակի փակած է բերաննուն, բերաննին կը յորդի որպէսզի-ներով եւ չեն վարանիր ամէն քայլը դուրս տալ զանոնք:

Ա՛լ չեմ դիմանար եւ կը գրեմ տնօրէնին՝ Արման Բաբաջանեանին՝ նախկին վենետիկեան ժառանգաւորին՝ յուսալով, որ մէջը կը զարթեցնեմ շող մը, նշոյլ մը  Սեբաստացիէն, Ալիշանէն, Տաշեանէն ու Ակինեանէն…  եւ թախանձելով կը թախանձեմ , որ քիչ մը զգաստանայ եւ  խնայէ հայերէնին ու հայութեան՝ լեզուական այս զազրելի չարաշահութիւնը:
Ի պահանջել հարկին՝ քիչ մը նուազեցնէ անոնց կիրարկութիւնը,  անոնց հեղեղը, որ քառորդ ժամուան մէջ գոնէ քսան անգամ  կը լարէ ջիղերդ:

Սակայն մարդուն ճիւերուն իսկ չէ, ոչ մէկ օգուտ կը ստանամ եւ ոչ մէկ… պատասխան:              Յաջորդին՝ իմա միւս օրը, նոյն ժամուն, իր ամէնօրեայ ելոյթին մէջ  նոյն եռանդով ու աշխուժով կը շարունակէ ծամծմել  Որպէսզի-ներու անվերջանալի շարքը՝ վրան աւելցնելով լեգիդիմացնել, մարգինալացում,  դելիմիտացիա, դեմարկացիա եւ այլն:

Ո՞ւր է  ասոր լոծումը,− չեմ գիտեր, պարզապէս շուարած եմ:

*   *   *

Ճիշդ է, որ մերոնք ալ բոլորովին անմասն չեն այս բոլորէն,– վասնզի առանց մերոնց հարսանիք կ’ըլլա՞յ,–  օրինակ՝

— «Օգտակար ըլլալու ցանկութիւնը կը պարտաւորեցնէ, որպէսզի շարունակենք այս ծրագիրը» («Ազդակ»,18-8-21,  էջ 4):

Բայց նաեւ փութանք պարկեշտօրէն աւելցնել, որ այստեղ չափ ու սահման մը ունի գայթակղութիւնը, եւ չես վարանիր ներողամիտ ըլլալու. վերջին հաշուով՝ չենք կրնար հաւասարութեան նշան մը դնել ձիու գողին եւ ձուի գողին միջեւ, որքան ալ ճիշդ ըլլայ միւս կողմէ, որ ձիու գողերը իրենց ասպարէզը սկսած են… ձուի գողութեամբ:

  1. Ցանկացած…

Խորհրդարանական յանձնախումբի մէկուն մէկ նիստին էր, որ արտասանուեցաւ հետեւեալը. «Զինծառայության ընթացքում ցանկացած մահ պետք է…»:

Կրնա՞յ լեզու մը այնքան թափթփիլ, որ ցանկացած, ցանկացուած կամ ցանհկալի կոչէ մահը… այո՛,  կրնա՛յ.  այդ լեզուն արեւելահայերէնն է, լեզուն այն  անարժան արեւելահայուն, որ այսքան անհեթեթութեան կը հասցնէ մեր բազմահազարամեայ  մայրենին:

Սակայն լեզուն չէ յանցաւորը, այլ զայն կիրարկող այլասերած ռուսամոլներու  ոհմակը, որ նման կառոյցներ կը ներածէ ռուսերէնէն ու կը պատուսատէ  զանոնք հայերէնին՝ առանց նուազագոյն ճիգը թափելու եւ  մտածելու, որ ռուսը «ցանկացած» կ’ըսէ հոն, ուր հայը պարտի ըսել «որեւէ»՝ որեւէ մահ, մահացած կամ մահացեալ, սպանեալ եւ այլն:

  1. Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի,  մտահոգիչ է օտարաբանութեանց սանձարձակ կիրարկութիւնը. Յակոբ Պալեան ատենը մէյ մը կը ցուցադրէ իր երկար ցանկերը, եւ կրկնելու պէտք չկայ: Սոսկալին այն է, որ ասոնց թիւը յարատեւ կ’աճի ու «կը ճոխանայ», ու չես կրնար թօթափել այն տպաւորութիւնը, որ բացուող իւրաքանչիւր օր լրատուական ամէն  միջոցի հետ կը ցուցադրէ իր նորարարութեան մասնաբաժինը եւ… նորարարները: Այստեղ եւս չեն պակսիր յառաջամարտիկներ, որոնցմէ  թուեմ երբեմնի կրթական նախարար Արմէն Աշոտեան կոչեցեալը, որ բացարձակապէս օտարաբանութեան զգայութիւնի  չունի, չունի մանաւանդ թրքաբանութեան գիտակցութիւնը:   Աչքերուդ նայելով  հանգիստ կ’արտասանէ շափալախ “ապտակ”,  իսկ վերջին, սակայն ոչ վերջնագոյն նորարարութիւնն էր բրախել “ձգել, հրաժարիլ, թօթափել”  եւ բրախել տալ “ ձգել տալ”՝ երկուքն  փողոցային գռեհիկ թրքաբանութիւններ:

Հարցը հարց կը բերէ. ասոնք արտասանողը գիտէ՞, թէ թրքերէն են:

Որովհետեւ իբրեւ միամիտ ու… ապուշ  արեւմտահայ  չես կրնար հաշտուիլ այն միտքով, որ հայ մը գիտնայ,  թէ տուեալ բառ(եր)ը թրքերէն է եւ այնքան լիաբերան, աներեր ու անայլայլ  արտասանէ զայն, ինչպէս կ’արտասանէ երբեմնի  կրթական  այս թրքատիպ ու թրքաբարոյ նախարարը:

  1. Զբաղեցրել

          «Ռուսերը զբաղեցրել են Չեռնոպիլի կայանը»:

Այո, այդ հիւլէակայանը  իր մեռելային լքուածութեան մէջ  վաղո՜ւց պէտք ունէր    զինք զբաղցնողներու, քիչ մըն ալ զուարթութեան ու այլազան  համեմներու, որէսզի փարատէին անոր տարիներու ձանձրոյթը, եւ առ այս՝   յարմարագոյնը ռուս զինուորներն էին՝ իրենց հրասայլերու, թնդանօթներու ու նռնականետերու ներդաշնակ մեղեդիներու հոգեպարար հնչիւններուն տակ, այլեւ  իրենց խամաճիկներով, խայտաբղէտ  խաղալիքներով,  տեսակարար նուագարաններու համերգով, յոխորտ երգերով եւ անմիտ պարերով:

Ճիշդ ե՞րբ էր, որ  առաջին արեւելահայը նոյնացուց զբաղցնել-ը եւ   օկուբացնել-ը, որ ֆրանսերէնի occuper-ն է, անգլերէնի՝ occupy-ը, իսկ  իտալերէնի՝ occupare-ն,− չեմ գիտեր: Սակայն քիչ մը ճաշակ եւ պուտ մըն ալ խելք պէտք է՝ ըմբռնելու համար, որ անյարիր բան մը կայ «զբաղցնելուն» եւ մէջբերեալ բայերուն միջեւ: Բանականութիւնը պէտք է մերժէր նման թարգմանութիւն մը,  նոյնիսկ եթէ  ֆրանսերէնի մէջ որոշ չափով կը համատեղուին զբաղցնել ու գրաւել  նշանակութիւնները:

Տեղի ունեցածը ամենավայրագ ու վայրենի յարձակումն է, ուր գերզինուած նախայարձակը համատարած մահ ու աւեր կը սփռէ ճիշդ այն գերման հորդաներուն  պէս, որոնք  օրին «զբաղեցրին» Լենինկրատն ու Ստալինկրատը:  Վերապրողներուն կարելի է հարցնել, թէ ճիշդ ինչի՛ կը նմանէին  իրենց հրամցուած    այդ  «զբաղումներ»-ը:

Յ. Գ.

Փութամ աւելցնել, որ նոյն օրը    «Երկիր-ամ»-ը իր կարգին տուաւ նոյն լուրը նոյն շարադրութեամբ ու բառամթերքով,  ուր սակայն զբաղեցնել-ը փոխարինուած էր  գրաւել-ով:

Ուրեմն եթէ ուզեն, ապա կրնան ճի՛շդ ալ թարգմանել:

Հայեցի՛ թարգմանել:

Եթէ ուզեն…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x