Ր-Ռ հերթականութեամբ գրուող բառերը՝ բարբառ, գրգիռ, թրթիռ, կարկառ, սարսուռ

October 14, 2021

Դոկտ.  Մովսէս Հերկելեան վերջերս ստորագրած է շահեկան յօդուած մը՝ «Յախուռն ու անմիջական հայը-Բ»: Այդ հայը  սիւնեցի վիպասան Սերո Խանզատեանն է:

Հաճոյքով ընթերցուող յուշեր են, ինչպէս վարժ է պատմել  ծանօթ արուեստաբանը:

Այս հաճոյքը կարելի էր աւելի անխառն դարձնել, եթէ ուշադրութեան առնուէին լեզուական այն անհարթութիւները, որոնք դաւադիր յաճախականութեամբ մը թափանցած են յօդուածին դարպասներէն ներս:

Կը յանձնեմ զանոնք առ որ անկ է՝ օր մը զանոնք մեր գրային բարքերէն հեռացած տեսնելու ականկալութեամբ:

*   *   *

***Յուշերս թէ՛ շատ են, թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ մանաւանդ շահեկան:

—Այստեղ երեւցող երեք համադասութիւններէն երկուքը շեշտուած են՝ թէ՛…թէ՛…,  իսկ երրորդը՝ եւ թէ, մնացած է անշեշտ:

Կէտադրական  այս թիւր  ու մերժելի երեւոյթին վաղուց հրաժեշտ տրուած էր, եւ ըմբռնելի չէ, թէ ինչպէ՛ս ան տեղ կը գտնէ նորերս՝ ետ-ետ տանելով  մեր մամուլի կէտադրական առողջ սկզբունքները, ինչպէս նաեւ յոռի   օրինակ դառնալով  դեռավարժներուն:

***Թամարը օգնութեան հասաւ ու ձայնը բարձրացնելով՝ ըսաւ…:

—Բութը աւելորդ է, եւ անշուշտ սխալ է:

Ասոր անդրադառնալու համար կը բաւէ հանգիստ կարդալ  նախադասութիւնը ու նկատել,  որ այդ սխալ բութի մակարդակին մեր ձայնը  ոչ մէկ բեկում  կ’արձանագրէ:

***Ես առիթը յարմար նկատելով՝ Խանզատեանին դիմեցի…:

—Նոյն սխալը:

Իսկ եթէ անպայման պիտի փորձուէինք կէտադրել, ապա պիտի գրէինք. «Ես, առիթը յարմար նկատելով, դիմեցի Խանզատեանին»:

***Մեծահոգաբար  ժպտեցաւ ու ինծի դառնալով՝ ըսաւ…:

—Նոյն…անտեղիտալի սխալը:  Հեղինակը  յայտնապէս  թիւրիմացութեան մը կամ սխալ ըմբռնուած կանոնի մը զոհն է:

***«Ես  Նժդեհին հետ սեղան նստած մարդ եմ»,− ըսած կ’ըլլայ Սերո Խանզատեան:

—Կարելի է քիչ մը…զարմանալ:

Նժդեհը Զանգեզուրէն հեռացաւ 1921-ի կէսերուն,  երբ Խանզատեան հազիւ  հինգ տարեկան էր.  այդ տարիքին Նժդեհին  հետ սեղան նստած՝  ճիշդ ի՞նչ կրնար ընել Խանզատեանը կամ թէ սեղանակիցի ի՞նչ հանգամանք կրնար ունենալ ան: Այնպէս մը կը խօսի, կարծես Նժդեհին հետ բաժակ բարձրացուցած եւ կենաց խմած ըլլայ, չըսելու համար՝  մասնակցած ըլլայ անոր  արշաւաքներուն ալ:

Ասոնք փչելը սիրող մարդիկ են, զարմանալին այն է, թէ յօդուածագիրը  ինչպէ՞ս  հաւատացած է այդ փչոցին ու հիմա կը ներկայացնէ զայն ընթերցողներուն:

***Մուսայ Լերան

—Ճիշդ ուղղագրութիւնը պիտի ըլլար Մուսայ  լերան, աւելի ճիշդը՝ Մուսայ լեռան:

***Հրհռացին (երկու անգամ գրուած է այս ուղղագրութեամբ)

—Պէտք է ըլլայ հռհռացին՝ երկու ռ-ով:

Մեր Ր-Ռ հերթականութեամբ գրուող բառեը հինգ  են՝ բարբառ, գրգիռ, թրթիռ, կարկառ, սարսուռ:

***Տեսնենք՝ ովքե՞ր, ո՞նց են արդարացնելու…:

Տեսնենք-ին վրայի բութը ճիշդ կիրարկուած է. ան դրուած է  փոխարէնը թէ ստոարադասական շաղկապին, որ զեղչուած է:

Սխալ է, սակայն, ովքեր-ին կից դրուած ստորակէտը:

Որովհետեւ  ովքեր-ը ենթական է «են արդարացնելու» ստորոգիչին, իսկ ենթական եւ ստորոգիչը իրարմէ ստորակէտով չեն կրնար տրոհուիլ:

Գէթ այստեղ տրոհելի  չեն:

Աւելցնեմ, որ նոյն նախադասութեան մէջ երկու տարբեր պաշտօն կատարող բառեր միաժամանակ չեն կրնար պարոյկ կամ  որեւէ այլ առոգանութեան նշան ստանալ: Մենք նոյն նախադասութեան ծիրէն ներս չենք կրնար շեշտել երկու տարբեր բառեր: Ուրեմն պէտք է  ունենայինք  «ովքե՞ր ոնց» կամ «ովքեր ո՞նց»:

—Քիչ անդին ունինք. «Էդ ո՞վ  ո՛ւմ տակն է պառկում»…

Այս  կառոյցը իր էական մասով համանման է նախորդին՝ իրարու կից  դրուած են երկու հարցական դերանուններ՝ նախորդին պէս, որ  «ովքե՞ր ո՞նց»  է…: Սա՛ տարբերութեամբ, որ  այստեղ երկրորդ դերանունը պարոյկի փոխարէն ստացած է շեշտ. անմիօրինակութեան տիպար օրինակ մըն է այս. բայց կ’անցնիմ:

Ուրեմն այս պարագային եւս  հարկ էր  «ով ո՞ւմ»,  քան թէ «ո՞վ ում»:

***«Ընթացքին, բեմին աջակողմը դերասանուհի մը կ’արտասանէր»:

Խնդրոյ առարկան այստեղ ընթացքին յետադրութեան առանձին՝ առանց խնդիրի կիրարկութիւնն է, որուն երկրորդ  անգամ կը հանդիպինք:

Զզուելի  ոճ մըն է այս, որուն իսկական ծագումը անծանօթ է ինծի.  անգլերէնը ունի meanwhile-ը, որուն հոմանիշ է այս կիրարկութիւնը, սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ  ան անգլերէնի թելադրանքով յառաջացած է[1]:

Մենք շատ երկար, աւելի քան  մէկ դարու,  ճամբայ կտրած ենք  անգլերէնի հետ, եւ այս ոճը թափանցած չէր արեւմտահայերէնին մէջ:  Միւս կողմէ՝ տրուած ըլլալով որ ան շատ յաճախուած է արեւելահայերէնի մէջ, ապա պէտք է  ենթադրել թափանցումի ուրիշ երթուղի մը, ուր ռուսերէնը  ենթադրաբար բացակայ չէ:

Յամենայն դէպս մերը արեւելահայերէնի հետեւանք է, ինչպէս է պարագան վերջին երկու-երեք տասնամեակներուն յառաջացած խորթութեանց մեծ  մասին:

Հայերէնը ընթացքին  յետադրութիւնը չի կրնար կիրարկել առանց  իրեն կից   խնդիրի մը, որ սեռական հոլով  գոյական մըն է, օրինակ՝  ընդունելութեան ընթացքին,  պատարագի ընթացքին,  համերգի  ընթացքին, կամ ալ ուղղական հոլով ցուցական դերանուն մը՝ այս ընթացքին, այդ ընթացքին   եւ այլն:

Բոլորովին համարժէք  ու հայեցի է  այս, այդ, այն միջոցին բառակապակցութիւնը, որ իր կարգին կրնայ առնել սեռական հոլով խնդիր մը՝ համերգի միջոցին, ընդունելութեան միջոցին, դադարի միջոցին եւ այլն:

Եզրակացութիւն. պարտինք ամէն գնով պայքարիլ, ինչպէս բոլոր օտարաբանութեանց, այնպէս ալ այս մէկին  դէմ:

[1]  Նոյն գործառոյթով հանդէս  կու գայ «միջոցին» յետադրութիւնը եւս, որ նմանապէս  մերժելի է:

Սա իր կարգին տարածուած է արեւելահայերէնի մէջ եւ  շատ աւելի կը յիշեցնէ meanwhile-ը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x