Ինչ որ … ինչ-որ, հակա-օ-դայի՞ն, թէ՞ հակ-օդային եւ այլ

July 6, 2021
«Խաղը ոչ-ոքի աւարտեցաւ»

1.Ինչ որ …  ինչ-որ

Ոմանք չեն յաջողիր զանազանել այս երկուքը, ուրիշներ բոլորովին անտեղեակ են նման  զոյգի մը գոյութեան, այսինքն՝ ոչ իսկ գիտեն, թէ նման բան գոյութիւն ունի:

            Ինչ որ  բաղադրեալ յարաբերական դերանուն մըն է: Բուն դերանունը ինչ-ն է, որուն կցուած է որ  թարմատարը[1], ճիշդ  հետեւեալներուն պէս՝  ովով որուրուր որերբերբ որ, ինչպէս-ինչպէս որ, քանիքանի որ եւ այլն: Իր այս կիրարկութեամբ՝ ինչ որ-ը կը փոխարինէ ոչ թէ գլխաւոր նախադասութեան մէկ անդամը երկրորդական նախադասութեան մէջ, այլ ամբողջ գերադասը:

– Դուք նոր կ’անդրադառնաք,  ինչ որ ցաւալի ուշացում մըն է:

– Դո՛ւն ես ըսողը, ինչ որ կը հաստատէ  իրողութիւնը:

– Իր վկայութիւնը զլացած է, ինչ որ քաղաքացիական թերացում  է:

Առաջին օրինակին  պարզումը կու տայ՝ «Ձեր նոր անդրադառնալը ցոյց  կու տայ, թէ…»,− այլ խօսքով՝ գերադաս նախադասութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով  համատեղ փոխարինուած է «ինչ որ» յարաբերական դերանունով,  որուն միջնորդութեամբ ալ  դարձած է   ցոյց  կու տայ ստորոգիչի ենթական:

Ուրեմն այս օրինակներուն մէջ  ամբողջական նախադասութիւններ են յարաբերեալները, եւ ոչ թէ առանձին բառեր:

Ինչ-որ՝ միութեան գծիկով, անորոշ դերանուն մըն է եւ ոչ մէկ կապական գործառնութիւն ունի. ան իբրեւ լրացում կը դրուի գոյականին վրայ.  համարժէք է ֆրանսերէնի  certain  կամ  un certain բառին: Ան  ցոյց կու տայ խօսողին ունեցած մէկ վերապահութիւնը  իր իսկ անուանած առարկային՝ անձին, իրին, երևոյթին  հանդէպ. այս վերաբերումը  աւելի կը շեշտուի  լրացեալ գոյականին վրայ գրեթէ կանոնաւորաբար աւելցող մը անորոշ յօդով. օրինակ՝

–  Այնտեղ հանդիպեցանք ինչ-որ  դասախօսի մը:

–  Ինչ-որ հնագէտ մը  տուաւ անորոշ  բացատրութիւններ:

–  Ինչ-որ   ժառանգորդ մը կը պահանջէր իր իրաւունքը:

Այս դերանունին կը յարին նաեւ՝ դոյզն-ինչ, ինչ-ինչ, փոքր-ինչ, որոնք որոշ հոմանշութիւն ալ ունին իրարու միջեւ:

Կիրառական նոյնպիսի յարաբերութեան մէջ կը գտնուին նաեւ  ոչ ոքի եւ ոչ-ոքի: Անջատ գրութեամբ՝ ոչ ոքի ժխտական առարկայանիշ դերանուն է,  եւ կը կատարէ անուղղակի խնդիրի պաշտօնը. օրինակ՝  Ոչ ոքի հարցուց:  Ոչ ոքի մօտեցաւ եւ այլն:

Երկրորդը ունի յատկանշային՝ ածականական  կիրարկութիւն. օրինակ՝ «Խաղը ոչ-ոքի աւարտեցաւ»,  «Իրաւարարը ոչ-ոքի վճռեց» եւ այլն:

 

  1. Հակա-օ-դայի՞ն, թէ՞ հակ-օդային

Պէտք է բոլորդ ալ նկատած ըլլաք, որ այս  եւ ասոր նմանող կարգ մը այլ բառեր երկձեւ՝  յօդակապաւոր եւ անյօդակապ  կը գրուին մեր մէջ:

Մեր առաջին մատենագիրները ընդհանրապէս  խուսափած են  յօդակապ կիրարկելէ  հոն, ուր բարդ բառին երկրորդ արմատը ձայնաւորով կը սկսի, ինչպէս  է պարագան մեր բերած բառին, ուր երկրորդ արմատը կը սկսի «օ»  ձայնաւորով:

Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, աշխարհաբարը քիչ մը տարբեր ձեւաւորուած է եւ… տարբեր կը մտածէ: Այստեղ թոյլտրուած են բաներ, որոնք  արգիլուած էին այնտեղ: Եւ հակօդային[2]  այլեւս խորթ կը հնչէ մեր  ականջին: Խորթ, բայց մանաւանդ անթելադիր: Արդի հայուն ականջը կը փնտռէ հակա կառոյցը, եւ հակ-ը շատ բան չի թելադրեր իրեն: Մեր «հակ» արմատով սկսող մօտ յիսուն բառերուն աւելի քան  քառասունը  հակա ունին իրենց սկիզբը,  եւ այդ հակա-ն կը մնայ թելադիրը: Հակ-ը կաղ, թերի ու պակաս բան մը ունի:

Հակաճառել,  հակաճառող,  հակաճառութիւն հասկացութիւնները արդի հայուն մէջ ձեւաւորուած են հակա-ով: Արդի հնարամիտ հայը «կազմած»  է նոյնիսկ  հակա ածական մը.              −Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակա ես,– այսինքն՝ մեր թմբո՞ւկը կը զարնես, թէ՞՞՞…

−Թորոսը մեզմէ է, բայց Մարկոսը  թունդ հակա է…

Ասոնք չհասկցող  արեւմտահայ կա՞յ:

Մինչդեռ ոչ մէկը մինչեւ հիմա հարցուցած. «Դուն մեզմէ՞ ես, թէ՞ հակ  ես»:

Այլ խօսքով՝ աշխարհաբարը, մեր արդի մտածողութիւնը կը գործէ յօդակապաւոր բարդութեան  ի նպաստ, եւ մենք կը հանդիպինք օրինակներու, ուր ան պատմականօրէն թերեւս մերժուէր:

*   *   *

Ա յօդակապը բաւական  քմահաճ երեւոյթ է ու բաւական խաղեր ալ կը խաղայ արդի հայուն գլխուն, իմա՝ հայերէնի գլխուն:

Հակօդային գրողները տարուած են այն մտքէն, թէ երբ երկրորդ արմատը կը սկսի ձայնաւորով, ապա  յօդակապ չենք կիրարկեր: Անշուշտ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը կայ այս  ըմբռնումին մէջ: Բայց ահա եկուր տես, որ կան բազմաթիւ բարդութիւններ, որոնց երկրորդ արմատը կը սկսի բաղաձայնով եւ…յօդակապ չունին. օրինակ՝ նեղ-միտ, բան-գէտ, կրծ-կալ, հաց-թուխ, պատ-կից, երկ-տող եւ այլն: Հիմա որ մեր աչքերն ու միտքը ընտելացած են այսպիսիներուն, որքա՜ն խորթ պիտի հնչէր ասոնց  յօդակապով օժտումը. հրամեր էք՝ նեղ-ա-միտ,  բան-ա-գէտ,  կրծ-ա-կալ…:

Չեն պակսիր  միւս կողմէ պարագաներ, ուր լեզուն յօդակապը տնտեսած է  նոր հասկացութիւններ անուանելու ի խնդիր. օրինակ՝ ամէն-ընտիր դասական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «ամէնքին, բոլորին կողմէ ընտրուած». օրինակ՝ ամէնընտիր կաթողիկոս:  Սակայն ասոր կողքին աշխարհաբարը հնարած է  ամեն-ա-ընտիր, որ կը նշանակէ ընտիրներուն մէջ ընտրելագոյնը, լաւագոյնը, ազնուագոյնը:

Դ. Վարուժան մաճկալ ծանօթ բառին կից կը կիրարկէ մաճակալ ձեւը.

«Թող մաճակալ բազուկներէդ քսան ցուլի արիւն  անցնի» («Օրհնութիւն»):

Ասոնք  երկուքն ալ «մաճ բռնող» կը նշանակեն…ստուգաբանօրէն, այո, սակայն ունին շատ նուրբ տարբերութիւն մը. մաճկալ-ին մէջ «մաճը բռնողի» գաղափարը նսեմացած է այլեւս,  եւ ան կը բնորոշէ մշակը: Մինչդեռ մաճակալ-ը միայն ու միայն «մաճը բռնող» կը նշանակէ: Վարուժան իմաստաբանական բացառիկ զգայնութեամբ մը ահա  հնարած է «մաճակալ բազուկ» բառակապակցութիւնը:

Շատ ցաւալի է, որ ոչ մէկ հայ բառարանագիր  նկատած ու նշած  է այս  նրբութիւնը:

*   *   *

Անդին կը հանդիպինք յօդակապաւոր տարբերակներու՝ նախ-ա-ընտրական («Մարմարա»),  դիրք-ա-որոշում («Առաջին լրատուական»), որոնք ոչ մէկ առաւելութիւն կը ներկայացնեն անյօդակապ՝ նախ-ընտրական եւ դիք-որոշում ձեւերուն վրայ:

Եւ վերջապէս հաւասար ուժերով կը պայքարին տես-երիզ եւ   տես-ա-երիզ,    վեր-որակաւաորում եւ  վեր-ա-որակաւորում  ձեւերը, եւ արդի հայը առայժմ չի յաջողիր վերջնականապէս կողմնորոշուիլ:   Պէտք է ձգել,  որ ժամանակը  լուծէ այսպիսիները:

[1] Լեզուի մէջ թարմատար կը կոչուին  բառերու վրայ  անտեղի  աւելցած  անիմաստ տարրերը:

[2] Նաեւ՝ ռազմա-օդային:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x