Խնայել, խնայել եւ խնայել. երեք տարբեր բաներ

December 23, 2021
Vincent van Gogh, The Sower (Sower at Sunset), 1888 (հատուած)

1.Խնայել

–Այսպէսով   ահագին շինանիւթ խնայեցինք:

–Չոր հացն ալ խնայեցին որբին:

–Դահիճը խնայեց մահապարտին:

Եթէ ուշադիր կարդաք, ապա պիտի նկատէք, որ այս երեք նախադասութեանց մէջ խնայել բայը ունի երեք իրարմէ բոլորովին տարբեր նշանակութիւններ:

*   *   *

ա. Առաջինին մէջ խնայել կը նշանակէ  չմսխել, չվատնել, բոլորը չգործածել, այլ մասամբ կամ ամբողջութեամբ մէկդի դնել (économiser, to save): Արդի հայերէնի մէջ  տիրական է այս նշանակութիւնը:

բ. Երկրորդը կը նշանակէ զլանալ, զրկել, չտալ, իրեն վերապահել եղածը. «Մէկ պատառն իսկ զլացաւ մեզի»: Այս նշանակութիւնը կ’արտայայտենք նաեւ «շատ տեսնել» բառակապակցութեամբ. «Մէկ գաւաթ ջուրն ալ շատ տեսաւ ճամբորդին» (մօտաւորապէս՝ priver,  to retain):

գ. Երրորդը կը նշանակէ  գթալ, կարեկցիլ, չարիք կամ վնաս չպատճառել (épargner, to spare). «Այս տարի եղանակը խնայեց բուսականութեան».  «Թշնամին չխնայեց ծերերուն ու մանուկներուն հաւասարապէս»:

Ծանօթ.– Ֆրանսերէնն ու անգլերէնը դժուարութիւն ունին մեր բայի  բ. իմաստը ճիշդ  տալու:  Շատ աւելի յարմարութիւն ունի թրքերէն esirgemek “էսիրկէմէք” բայը, որ իր մէջ կը խտացնէ մերինին բ. եւ գ. իմաստները հաւասարապէս:  Անշուշտ եղածը զուգադիպութիւն մըն է, իսկ եթէ յանկարծ պիտի խօսուի փոխառութեան մը կամ ազդեցութեան մը մասին, ապա պէտք է թրքերէնը ազդուած ըլլայ հայերէնէն, քանի թուրքերուն  հանդիպելէ  շատ դարեր առաջ հայերէնը ունէր այս նշանակութիւնները:

Ի՞նչ էր կացութիւնը գրաբարի մէջ:

*   *   *

Ուրեմն այստեղ առատօրէն մէկտեղուած կը գտնենք ա. եւ գ. նշանակութիւնները՝ «խնայ առնել, խնամով զգուշանալ,  զնդալ,– այսինքն՝ գուրգուրալ,– գթալ, պահել, չթողուլ ,– այսինքն՝ չլքել,–  գըյմամագ, աճըմագ». օրինակ՝

–«Որ խնայէ զցորեան, լքցէ զնա այլոց» (Առակաց, 11/26),–  այսինքն՝ ան որ կը խնայէ ցորենը  (չի քաղեր, չի սպառեր), զայն այլոց պիտի լքէ, թողէ, ուրիշին կեր դարձնէ:

–«Խնայեաց զանձն նորա ի մահուանէ» (Յոբ, 33/18),–  այսինքն՝ պահեց-փրկեց անոր անձը մահէն:

Հետաքրքրական է, որ գրաբարը այս բայս իր այս  նշանակութեամբ՝  կը կիրարկէ նաեւ կրաւորական սեռով. օրինակ՝«Խնայեալ լինիք ի չարեաց»,–  բառացի՝ «խնայուած ըլլաք չարիքէն», մենք պիտի ըսէինք՝ «չարը խնայէ ձեզի»:

Հատուկենտ  կիրարկուած կը գտնենք բայս նաեւ բ. նշանակութեամբ. օրինակ՝

–«Մի՛ խնայեր խրատելոյ զտղայ» (Առակաց, 23/13),– այսինքն՝ տղան խրատէ պակաս մի՛ ձգեր, մի՛ զրկեր,  մի՛ զլանար, (շռայլէ՛ խրատներդ):

–«[Մեծատուն] խնայեաց առնուլ  ի հօտից իւրոց եւ էառ զորոջ աղքատին եւ արար կերակուր» (2Թագ.12/4),– այսինքն՝ Մեծատունը զլացաւ առնել իր հօտերէն եւ առաւ աղքատին գառնուկը եւ կերակուր պատրաստեց [անցորդին]:

Թուենք  իւրայատկութիւն մըն ալ, որ նորութւն էր, գոնէ ինծի համար. գրաբարը ունեցած է խնայեալ ձեւ մըն ալ. ուրեմն՝ խնայեամ-խնայեաս-խնայեայ… ենթադրելի է, որ այս ձեւը  կենսունակ չէ եղած, ան կը գոհանայ ընդամէնը երկու օրինակով, մինչ խնայել-ով  կատարած է  քանի մը  տասնեակ   քաղուածքներ:

Եւ վերջապէս խնայել ներգործական է իր ա. եւ բ.   նշանակութիւններով,  տեղին համեմատ կ’առնէ երկու խնդիր՝ ուղիղ եւ անուղղակի: Բերուած օրինակներէն թուենք՝ «Չոր հացն ալ խնայեցին որբերուն»,– ուր հացն հայցական հոլով ուղիղ խնդիր է, իսկ որբերուն՝ տրական հոլով անուղղակի (մատուցման) խնդիր: Իսկ գ. նշանակութեամբ ան չէզոք է: Անդրադարձանք այս  կէտին, որովհետեւ կարգ մը դասագիրքեր սխալ մեկնաբանելով կացութիւնը կը գրեն, թէ «ան  իրերու պարագային ներգործական է, անձերու պարագային չէզոք է»  եւ նման բաներ: Մեկնաբանութիւնը սխալ է.  բայիս սեռը կախեալ է իր նշանակութենէն եւ ոչ թէ լրացումի բնոյթէն՝  անձի եւ իրի զանազանութենէն:

  1. «Ազդակ» իր քաղաքական էջով

Լեզուական  խայտաբղէտ տօնահանդէս  է այս էջը  մեր կեանքին  մէջ:

–«Ռուսիան փոխած է…իր համանախագահը: Այս պաշտօնը վարած է Իկոր Խովայեւ»:

Փոխած է ցոյց կու տայ գործողութիւն մը, որ կատարուած է անցեալին. ուրեմն Ռուսիա անցեալի ինչ որ մէկ պահին փոխած է իր մէկ համանախագահը ու  տեղը դրած է ուրիշ մը,  ու վե՛րջ: Բայց ահա բայական նոյն կաղապարով ըսուած է «պաշտօնը վարած է Իկոր Խովայեւ»,– երբ այս վերջինը գործի վրա՛յ է, չըսելու համար՝  նո՛ր սկսած է գործը եւ ամենայն հաւանականութեամբ ալ պիտի շարունակէ՛ ատեն մը:

Ուրեմն այս պարագային պարտէինք ըտել.

«Այս պաշտօնը կը վարէ (ներկայիս) Իկոր Խովայեւ» , եւ ոչ թէ «վարած է»:

–«Քաղաքապետը… իր կարելին ի գործ կը դնէ ժողովուրդին կարիքներուն անսալու համար»:

«Կարիք» հասկացութիւնը անսալ բային հետ համատեղելի չէ. անսալ կը նշանակէ հնազանդիլ, ենթարկուիլ, իսկ «հնազանդիլ կարիքին» ոչինչ կը նշանակէ: Կարիք-ին հետ համատեղելի է հասնիլ,  գոհացում տալ, բաւարարել,  հոգալ, մատակարարել

–«Էրտողանն ու Մաքրոնը քննարկած են… ձեւաչափի ստեղծումը»:

Այսպէս պիտի գրէր այն հայորդին,  որ Էրտողանի ու Մաքրոնի հետ Պուրճ-Համմուտի կամ… Նոր Գիւղի փողոցներուն մէջ գնդիկ խաղացած է, պարտէզները (որոնք հիմա չկան այլեւս) նարինջի գողութեան մտած է   կամ  ալ անոր հաւնոցներէն  հաւկիթ թռցուցած է.  այլ խօսքով՝ վաղեմի մտերմութիւն ունի-ունեցած է հետերնին, ինչպէս բոլորիդ ծանօթ Թորոսին, Մարկոսին, Կիրակոսին ու … Մարտիրոսին հետ:

Հայերէնը, արեւմտահայերէ՛նը՝ ըսել կ’ուզեմ,  չի թոյլատրեր, որ պաշտօնական, անծանօթ, երեսնին չտեսած անձնաւորութիւններու անունները ուղղական հոլովի մէջ «ն» կամ «ը» որոշիչ յօդ առնէ. իսկ արեւելահայերէնը… կ’ընէ ճի՛շդ հակառակը. ամէնուն եւ ամէն առթիւ կը փակցնէ այդ յօդը:  Ան հիմա սկսած է մեր լեզուին ալ փակցնել զայն: Եւ ինչպէ՜ս, մեր մամուլի  ռուսականացող էջի լեզուն  ձեզի խօսուն վկայ:

Երկար քարոզած եմ այս մասին, սակայն… ձայն բարբառոյ յանապատի մտաց ոմանց:

–«[Սահակաշվիլիի] այցելած նպատակը ապակայունացումն էր»:

Ասի… պոլսահայերէնն ալ գերազանցեց. ուրեմն կարելի է  «նպատակն ալ այցելել»: Այսպիսի յայտնագործութեան հանդիպա՞ծ էիք: Իսկ հիմա որ կը հանդիպիք,  ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս բառակապակցութեամբ:

– Բնաւ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կը հասկնաք:

Հասկնալը   ընթերցողի իրաւանց սահմաններուն մէջ չի մտներ:

Եւ յետոյ, ո՞վ կը ստիպէ ձեզ, որ  անպայման հասկնաք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x