«Ոտն-ոտք»՝ մեր լեզուի ամենաբեղուն արմատներէն մէկը

September 16, 2021

Մեր արմատներուն մէջ յատուկ շահեկանութիւն կը ներկայացնէ ոտք-ը, որ ունեցած է արտասովոր  զարգացում մը  եւ որուն մասին պիտի ուզէի զրուցել բարեկամներուս հետ:

Բառիս հեռաւոր մայրը եղած է հնդեւրոպական  ped  նախաձեւը, որ կը գտնենք եւրոպական  արդի   լեզուներու մէջ եւս. տամ երեք օրինակ ու անցնինք՝ pédale-ոտնակ, pédestre-հետիոտն, pédicure-ոտնաբուժ եւ այլն:

1.Անցնելով հայերէնին՝ այս արմատը նախ սկիզբիհնչիւնը վերածած է հ-ի:  Սա հայերէնի յատուկ երեւոյթ մըն է, որուն նման են օրինակ՝

pater            հայր  (p>հ)

                   pente            հինգ  (p>հ)

                   pont             հուն   (p>հ)

                   pour             հուր   (p>հ)

Այսպէսով ped «ոտք» արմատը դարձած է հետ:

Որուն հնագոյն եւ առաջնային նշանակութիւնն է ոտք:

Հինգերորդ դարուն այս նշանակութիւնը տակաւին կը գործէր. օրինակ՝ Աստուածաշունչի մէջ կը գտնենք. «Մինչեւ ցե՞րբ կաղայք յերկուս հետս» (Գ Թագաւորաց, Ժը/21),− այսինքն՝ «Մինչեւ ե՞րբ պիտի կաղաք երկու ոտքով»:

Նաեւ՝  հետի- ոտքի, հետեւակ- ոտքով գացող եւ այլն:

Վերոնշեալ իմաստի հիմամբ կազմուած են  կարգ մը բաղադրութիւններ, ինչպէս՝  հետք, որ ոտքին կոխած տեղն է, եւ բնականաբար նաեւ այնտեղ ձգած նշան(ներ)ը (հետք=նշան): Այս նշանակութիւնը շատ կենսունակ է ու կը գոյատեւէ աշխարհաբարի մէջ ալ՝ հետախուզել, հետապնդել, հետաքննել  եւ այլն:

Յաջորդ  ձեւն է զհետ, որ կը նշանակէ  հետքերուն վրայէն՝ ետեւէն՝ հետեւողութեամբ. օրինակ՝ Յակոբ կը թելադրէ Յովսէփի, որ երթայ տեղեկութիւն մը բերէ տասը եղբայներուն մասին, որոնք հեռաւոր հանդերու մէջ կ’արածէին իրենց խաշինքը ու այնտեղ ալ կ’ապրէին.  «Եւ գնաց Յովսէփ զհետ եղբարց իւրոց[1]»,−  այսինքն՝ «Եւ գնաց Յովսէփ եղբայներուն ետեւէն»: Այս  նշանակութիւնը նոր բաղադրութիւններ չէ տուած. գրաբարէն պահուած է  միայն հետագայ բառը, որ կը նշանակէ ետեւէն եկող, հետեւող, յաջորդող, հետքին վրայէն եկող:

Զհետ-ին հոմանիշ է  գրաբար զկնի բառը՝ երկուքն ալ ուրեմն կը նշանակեն ետեւէն:

          Զհետ տուած է յարադիր բայ մը՝ զհետ լինել, որ կը նշանակէ հետապնդել. օրինակ՝ «Տայր հրաման Արշակ բանակին՝ զհետ լինել Տիրիթայն» (Փ. Բուզանդացի),−այսինքն՝ «Արշակ հրաման տուաւ բանակին՝ հետապնդելու Տիրիթը»:  Տող մը անդին. « Բազումք եւ քաջք զհետ լինէին փախուցելոյն»,− այինքն՝ «բազում քաջեր հետապնդեցին փախստականը»:

Հետ-ը  հետզհետէ ստացած է ժամանակային նշանակութիւն եւս, օրինակ՝ նոյնհետայն (նոյն ժամանակ), հետ զհետէ  եւ այլն, ինչպէս պարագան է հայերէնի այլ բառերու եւս, որոնց մէջ համատեղ կը գտնենք տեղի ու ժամանակի հասկացութիւնները:

Յաջորդ, ոչ-շատ յաճախական,  նշանակութիւնն է միասնութիւնը, միատեղութիւնը.  օրինակ՝ «Ժառանգեն դստերք հետ եղբարց», այսինքն՝ «Դուստրերը պիտի (հաւասարապէս) ժառանգեն եղբայրներուն հետ» («Դատաստանագիրք»), որ այդ բառին հիմնական  ու միակ ապրող նշանակութիւնն է աշխարհաբարի մէջ: Հոմանիշն է հանդերձ:

  1. Ped > հետ > ետ

          Ուրեմն՝  ped-ի   յաջորդ կարեւոր զարգացումը եղած է  ետ-ի վերածումը:

Այլ խօսքով՝ բառասկիզբի հ-ի կորուստը, որ նմանապէս հայեցի երեւոյթ է. ունինք այլ արմատներ, որոնք նմանապէս կորսնցուցած են բառասկիզբի հ-ն. օրինակ՝ հատ-ատ(ել), համայն-ամայն-ամէն, համբառնալ-ամբառնալ, համբար-ամբար, հանդ-անդ եւ այլն:

Սակայն այս բառաձեւը անկախ կիրարկութիւն չէ ունեցած: Եթէ գրաբարի բառարանի մէջ փնտռէք, ապա պիտի չգտնէք նման բառայօդուած  մը: Բայց ան ձգած է ստոյգ հետքեր:     Արդարեւ, զայն կը գտնենք  ետ ընդ ետ բառին մէջ, որ կը նշանակէ ետեւ-ետեւի, անմիջապէս: Ինչպէս նաեւ՝ ետ զետէ, որ աշխարհաբար կը թարգմանենք հետզհետէ:

Շատ  բեղուն է ասոր նախդրաւոր ձեւը, այսինքն՝ յ+ետ (= ի ետ), որ գրաբարեան նախադրութիւն մըն է: Հոն ուր աշխարհաբար Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ետիս գնա, սատանա՛յ»,−գրաբարը կ’ըսէ. «ե՛րթ յետս իմ»  (ուրեմն՝ յետս = ետիս):

          ***Այսպէս՝   ped >  հետ, յետ, ետ

  1. Ինչպէս կը տեսնէք, մենք ճամբայ ելանք՝ մեկնակէտ առնելով ոտք բառը, սակայն մինչեւ հիմա չակնարկեցինք ոտք-ին: Այսպէս է, քանի որ ըստ մեր  մասնագէտներուն՝  հայերէնի ոտք բառը ունի ուրիշ մայր մը, որ է հնդեւրոպական pod-ը:

Ուրեմն մէկ կողմէ՝ ped, որուն անդրադարձանք, միւս կողմէ՝ pօd, որուն պիտի անդրադառնանք ստորեւ:

Հոլոովոյթը մօտաւորապէս նոյնն է:

Հնդեւրոպական  pod-ը նախ կորսնցուցած է բառասկիզբի p հնչիւնը, ինչպէս պատահած էր ped-ին. սակայն այստեղ ան չէ փոխարինուած հ-ով, ուստի չենք ունեցած հոտ. նման բառ ծանօթ չէ հայերէնին: Բացառուած չէ, որ ան անհետ կորած ըլլայ: Այլ ուղիղ անցած ենք ոտ բառաձեւին, որ հետագային հայերէնի օրէնքներով աճած է  բառավերջի ն-ով մը եւ դարձած է ոտն (բաղդատել՝ դուր-դուռն, ձմեր-ձմեռն,  մատ-մատն, մատուր-մատուռն, սար-սառն եւ շատ ուրիշներ, որոնք հետագային օժտուած են ն-ով):

Յոգնակիի մէջ այսպիսիները յաճախ կը նետեն այդ  վերջամուտ ն բաղաձայնը. օրինակ՝ ոտն-ոտք, ձեռն-ձեռք , ակն-աչք:

Փաստօրէն ոտն-ոտք տարբերակը հետզհետէ կը գրաւէ բառակազմական առաջնակարգ դիրք. «Նոր հայկազեան»-ը           կը թուէ աւելի քան 50 բարդ բառեր, որոնց մէջ ոտն առաջին բաղադրիչն է:  Շատ տաղտակալի պիտի ըլլար թուել անոնց  բոլորը. հետաքրքուողները կրնան անձամբ դիմել  աղբիւրիս:  Ասոնց վրայ կ’աւելնան աշխարհաբարեան բարդութիւններ եւս, որով  ոտն-ոտք միաւորը կը դառնայ մեր լեզուի ամենաբեղուն արմատներէն մէկը:

*** Եւ այսպէս՝   pod > ոտ, ոտն

  1. Աշխարհաբարի մէջ, հաւանաբար բարբառներու ճամբով, ապրած է  ետ մակբայը, որ գրաբարի մէջ չէր կրցած անկախ կիրարկութիւն գտնել, եւ  կը ծառայէ եղանակաւորելու ենթադրեալ գործողութեան մը հակառակ ուղղութիւնը. օրինակ՝

−Այս գիրքերը յանձնէ՛  եւ  ե՛տ եկուր:

−Թորոսը  դադրեցուցած էր, ե՛տ սկսաւ խմել:

−Տարած տաբատդ գնա ե՛տ  բեր:

−Առած դրամս ե՛տ պիտի տամ:

Արդի արեւելահայը կը շփոթէ  հետ  եւ ետ բառերը՝ նոյնացնելով ասոնք. մինչդեռ մեր դասականները շատ լաւ կը զանազանէին զանոնք. օրինակ մը Յ.  Թումանեանէն՝

Ե՛տ եկէք,

Գարնան  վարար գետ եկէ՛ք,

Անցա՛ծ օրեր, խինդ ու սէ՛ր,

Դարձէ՛ք,  իրար  հետ եկէ՛ք:

[1] Կը յիշեմ հայ եպիսկոպոս մը, որ օրին ուղղակի գայթակղեցաւ, երբ իրեն ըսի, որ  զհետ կը նշանակէ ետեւէն…մինչդեռ Աստուածաշունչի մէջ կը վխտան օրինակները: Այսպէս՝  Նոյ ագռաւը ղրկելէ ետք երկար սպասեց, ու ան չվերադարձաւ, ուստի «Եւ արձակեաց զաղաւնի զհետ նորա»,− եւ արձակեց աղաւնին անոր ետեւէն: Կամ թէ Նոյեմի Հռութին՝ փոքր հարսին կ’ըսէ. «Դարձի՛ր եւ դու զհետ նիրին քոյ »,− այսինքն՝ ներոջդ ետեւէն գնա՛, հետեւի՛ր անոր: «Մի՛ երթայցէք զհետ աստուածոց օտարաց» (Բ. Օրինաց, 6/14),− այսինքն՝ «Օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք»:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x