Հայերէնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ…

November 29, 2023

1.Արեւելահայերէնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ արեւելահայուն բերնէն եւ… Հայաստանէն: Այո, այս է դառն իրողութիւնը: Դատեցէք ինքներդ.

–«Բաքվում հանդիպումից հետո Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի ուշագրավ այցը Թբիլիս» («Առաջին լրատուական»):

Ամենատարրական հայերէնը իմացողին  ալ այս նախադասութիւնը կը թելադրէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալ պաշտօնեան Պաքուի մէջ ինչ-որ հանդիպումէ մը ետք այցելած է Թիֆլիս… ասկէ ուրիշ բան հասկնալու իրաւունք չունինք:

Յօդուածին ընթերցումը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ հայ պաշտօնեան չէ որ Բաքուի մէջ ինչ-որ հանդիպում ունեցած է, այլ… վրացի պաշտօնեայ մը, եւ այս վերջինը Թիֆլիսի մէջ պիտի ընդունի հայը…:

  1. Կարդանք.

–«Գիտաժողովի նպատակն էր դիւանագիտական հարթակին մէջ քննարկել քրտական գործօնը» («Ազդակ»):

Բաւական երեւակայութիւն պէտք է պատկերացնելու համար «հարթակին մէջ» բառակապակցութիւնը.  հարթակ-ը՝ իր տափարակութեամբ, ինչպէ՞ս կրնայ  մէջ ունենալ. ան ո՛չ գրպան է, ո՛չ տուփ է, ո՛չ աման  կամ գաւաթ է, ո՛չ ալ գեղուհիի մը  ծով աչքերը, որպէսզի…  մէ՛ջ ունենայ:

Քննարկումը կը կատարուի…  «հարթակին վրա՛յ»:

Ֆրանսացիք կ’ըսեն  «sur le plan», անգլերէն՝ «on the level of», իտալերէն՝ «sul piano»… ասոնք՝ sur, on, sul,  երեքն ալ կը նշանակեն վրան: Կը կարծեմ,  թէ համայն մարդկութիւնը կը մտածէ նոյն ձեւով, բացի… «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն:

Վասնզի մեզ (արեւմտա)հայ են ասում:

Ծանօթ.− Ասոյթը արդէն գտած է  զինք երկրորդող մը. «Համապատասխան հարթակին մէջ ներկայացուած են աշխատատեղերը» («Արարատ», 21/10/23, էջ 3):

Այսպէս է, վաղը պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս լեզուական ծամօն պիտի դառնայ «հարթակին մէջ»-ը՝ իբրեւ գեղագիտական գերագոյն գիւտ եւ նորարարութիւն, որուն իրենց արժանապատիւ մասնակցութիւնը պիտի բերեն  մեր հոսհոսները:

Այսպէս եղած է միշտ, դժբախտաբար, եւ եթէ կ’ուզենք, որ բան մը փոխուի, ապա ամէն գրող տարրական պարկեշտութիւնը պարտի ունենալ քիչ մը քննելու իր ոճը, գրածը, դառնալ իր սեփական գրութեան քննիչը, այլաէս ամէն թոյլ տրուած այլանդակութիւն պիտի ունենայ իր անվերապահ հետեւորդներն ու ընդօրինակողները, եւ ամէն անգամ քիչ մը աւելի պիտի աղաւաղուի հայերէնը եւ բթանայ ընթերցողին բանականաութիւնը:

  1. Կարդալ հետեւեալները.

Այս ակնկալութիւնը կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան:

Հիմնադրամը  զերծ  է  որեւէ  հատուածական նկատառումէ:

Հանգիստ կը զգա՞ք, թէ՞ կայ բան մը, որ հեզասահ չ’ընթանար:

Ֆրանսացին պիտի ըսէր՝

–ça cloche!!!

Անգլիացին՝

There is something fishy.

−Իսկ իտալերէ՞նը…,− պիտի ըսէ հարցասէր ընթերցողը:

Իտալացին ալ կ’ըսէ՝

–Qualcosa non quadra :

Որ  բառացի կը նշանակէ՝ «Անպատշաճ բան մը կայ»:

Սա արեւելահերէնի «չի կպնում»  ասոյթն է:

Հապա՞՞՞:

Իսկ արեւմտահայերէ՞նը… ցաւալի է, որ համապատասխան ինքնուրոյն  արտայայտութիւն մը չունինք: Կամ թերեւս ես չեմ գիտեր:  Եթէ կայ, ապա  գիտցողէն կը խնդրեմ, որ գրէ, որպէսզի ցրուեմ ընթերցողներուս:

Արդեօք կարելի է ըսել. «Խելքի չի պառկիր»:

*   *   *

Իմ խոր տպաւորութիւնս այն է, թէ որեւէ դերանունի իբրեւ որոշիչ կիրարկութիւնը գոյականի մը վրայ՝ որեւէ տրամաբանութիւն,  անբարեհունչ ու խորթ է դրական բայի ներկայութեան, որ այստեղ  «կը հակասէ» է:

Այսինքն՝

Կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան:

Եւ թէ այստեղ պէտք եղողը ամէն դերանունն է.

Կը հակասէ ամէն տրամաբանութեան:

Իսկ նոյն որեւէ-ն շատ աւելի հաշտ է բացասական բայի մը հետ:

Այսինքն՝

Չի հակասեր որեւէ տրամաբանութեան:

Այս պարագային ալ ինծի կը թուի, թէ շատ աւելի բարեհունչ են՝

Չի հակասեր ոչ մէկ տրամաբանութեան:

Ոչ մէկ տրամաբանութեան կը հակասէ:

Ծանօթ.−  Նկատել, որ ոչ մէկ ժխտական դերանունին հետ բայը ժխտական կը դրուի, եթէ տուեալ բայը  կը գտնուի  ոչ մէկ  դերանունէն առաջ (չի հակասեր…ոչ մէկ): Բայը դրական կը դրուի, եթէ կը գտնուի  դերանունէն ետք (ոչ մէկ…կը հակասէ):

Այլ յարացոյց մը.

–Ան կը մերժէ որեւէ առաջարկ:

          –Ան կը մերժէ ամէն առաջարկ:

          –Ան չի մերժեր որեւէ առաջարկ:

          –Ան չի մերժեր ոչ մէկ առաջարկ:

          –Ոչ մէկ առաջարկ կը մերժէ ան:

          Ուրեմն երկու յարացոյցներուն մէջ ալ մերժելին առաջին օրինակներն են, մնացեալ չորսը ընդունելի կառոյցներ են երկուքին մէջ ալ. անոնք կը տարբերին ոճական մակարդակի վրայ միայն, ըսենք՝ իրենց հաղորդական ուժգնութեամբ. ընդ որում՝ ուժեղագոյնը երկու վերջիններն են:

[email protected]                                                                                          Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x