Չկայ ոչ մէկ հրատարակութիւն, որ յարգէ տողադարձի կանոնները

March 31, 2022
  1. Տողադարձ (ա)

          Նպատակս տողադարձի ամբողջական տեսութիւն մը շարադրել չէ, այլ  շատ մասնակի պարագայ մը միայն,  այն է՝ ութիւն ածանցը կրող բառերը:

Արդի հայը, առանց անդրադառնալու,  այս եւ նմանները ուղղականի մէջ կը վանկատէ ու   կ’արտասանէ երկու ձեւով՝ քաջու-թիուն եւ քաջութ-յուն:  Ասոնց առաջինը կը համապատասխանէ  գրաբարի արտասանութեան, երկրորդը յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ:  Եւ որովհետեւ հաւատարիմ մնացած ենք մեսրոպեան ուղղագրութեան,  ուստի երկուքն ալ կը գրենք առաջին՝ գրաբարեան ձեւով՝ քաջու-թիւն:

Միւս հոլովները  ունին աշխարհաբարեան միատեսակ  ու կայուն  արտասանութիւն՝  քաջութ-եան, քաջու-թենէ, քաջութ-եամբ:  Սակայն  ասոնց երկուքին  ուղղագրութիւնը չի համապատասխաներ  մեր արդի կիրարկութեան, որ է՝  քաջու-թեան  եւ քաջու-թեամբ:

Ուրեմն արտասանութիւնն ու գրութիւնը ներդաշնակ են միայն բացառականի մէջ:

Միւս երկուքը կ’արտասանենք ձեւով մը   եւ կը գրենք այլ ձեւով:

Այդ այլ ձեւը՝ գրաբարեանն է.  կը գրենք գրաբարեա՛ն ձեւով:

Իսկ ինչո՞ւ գրաբարը կը գրէր քաջու-թեան եւ քաջու-թեամբ:

Որովհետեւ մեր նախնիները ունէին ուրիշ արտասանութիւն մը:

*   *   *

Արտասանութեան տարբերութիւնը  կը վերաբերէր ե տառին, որ գրաբարի մէջ բոլոր դիրքերու վրայ՝ բառին սկիզբը, մէջը թէ վերջը  կ’արտասանուէր  é,  այսինքն՝ «է»:

Ուրեմն եան մասնիկը կ’արտասանուէր éan, այսինքն՝ էան:

Եթէ պահ մը դուք ալ զայն արտասանէք էան, ապա պիտի նկատէք, որ  ստիպողաբար պիտի վանկատէք քաջու-թէան:

Իսկ աշխարհաբարի մէջ եան մասնիկի  ե տառը  կ’արտասանուի  կիսաձայն  յ տառին պէս (հայ, նա –յիլ, կա-յան), որ կը համապատասխանէ  եւրոպական y տառի արտասանութեան:  Անգամ մը որ յարգենք  ե տառի այս նոր արտասանութիւնը,  ապա ստիպողաբար պիտի վանկատենք  հետեւեալ ձեւով՝  քաջութ-yան  կամ  քաջութ-յան, այսինքն՝ քաջութ-եան[1]:

Ա՛յս է մեր բնական արտասանութիւնը եւ ա՛յս ալ պարտի ըլլալ մեր ուղղագրութիւնը:

Իսկ մենք ժառանգած ենք արուեստական ու բռնազբօսիկ ուղղագրութիւն մը՝ քաջու-թեան, որ չի համապատասխաներ աշխարհաբարի արդի արտասանութեան:

Ինչպէ՞ս կը լուծենք  մենք կացութիւնը.  կը գրենք քաջու-թեամբ եւ կարտասանենք՝ քաջութ-եամբ՝ ե տառին տալով աշխարհաբարեան արդի արտասանութիւնը, որ է y:

*   *   *

Ինչպէ՞ս դուրս գալ այս անելէն. պարզ է, հետեւելով մեր բոլորիս ուսուցչապետի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի օրինակին, որ կը գրէր այնպէս, ինչպէս իր օրին  կ’արտասանէր հայը:

Ուրեմն մենք ալ գրենք  յարգելով արդի հայուն արտասանութիւնը՝ քաջութ-եան:

Որով հոլովական յարացոյցը կու տայ՝

քաջու-թիւն, քաջութ-եան, քաջու-թենէ, քաջութ-եամբ:

Այս նոյն ձեւով ալ  այն բազմահազար բառերը, որոնք կը կրեն ութիւն ածանցը:

Այլ նաեւ այն բոլոր բառերը, որոնց վերջավանկը կը սկսի ե տառով, օրինակ՝ ատ-եան, մատ-եան, արդ-եօք, երկաթ-եայ, ջրակ-եաց, երկվեց-եայ, շրջահայ-եաց, Մինոյ-եան եւ այլն:

Որով վերջ կը տրուի ուղղագրական ընդերկար քաշքշուող անհեթեթութեան մը:

Ուշադրութի՛ւն. այս բարեկարգութիւնը ոչ մէկ ոտնձգութիւն է մեսրոպեան ուղղագրութեան հանդէպ: Թող որ Մեսրոպի օրով տողադարձի կանոն գոյութիւն չունէր: Այդ կանոնները հաստատուեցան Մեսրոպէն 1000 տարի ետք՝  օրուան արտասանութեան համեմատ: Մենք ալ իրաւունք ունինք տողադարձելու մե՛ր արտասանութեան համեմատ:

Իսկ ո՞վ պիտի հաստատէ այս,− եւ ասոր նմանող շատ ուրիշ,− բարեկարգութիւնը:

Արեւմտահայութեան ու մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան   տէր կանգնող, անոր գոյութեան վրայ իրենց վարկը, իշխանութիւնն ու փառքը  հիմնող  անհատներն ու կառոյցները  պարտին մտածել ու գործել այս ուղութեամբ:

Այսինքն՝ հնազանդին իրենց քարոզած առաքելութեան:

Ծանօթ.− Ութիւն-ը միակը չէ, որ տողադարձական հարց ստեղծած է:  Տողադարձը  ինքնին շատ մեծ հարցականի մը առջեւ է այսօր, ուր ան ենթակայ է ամենաքմահաճ ոտնձգութիւններու:  Մեր լեզուի պատմութեան  մէջ ոչ մէկ ատեն  տողադարձը խաթարուած է այնքան, որքան ներկայ փուլին: Չկայ, բացարձակապէս չկայ ոչ մէկ հրատարակութիւն, որ յարգէ տողադարձի ամենատարրական կանոնները:

Այս ալ ի՛ր կարգին մտածելու անյետաձգելի տեղիք կու տայ:

  1. Բառային յղկումներ

Այս խորագիրին տակ կ’երթան կարգ մը բառեր, որոնց ստուգաբանական  ճշգրիտ կազմը քիչ մը խորթ ու անհարթ կը հնչէ, եւ լեզուն ու ժամանակը կամաց-կամաց  կը ջանան հարթել այդպիսիները՝  ուղիղը մասամբ զոհելով գեղեցիկին:

Մեր լեզուն էապէս գեղապաշտ հիմքերու վրայ դրուած է:

Եւ որովհետեւ լեզուի ծնուցիչն  ու դայեակը ժողովուրդն է, ապա  բանիւ նովին պիտի ընդունինք, որ հայը ի՛նքը  գեղապաշտ է նախախնամութեան իսկ տնօրինութեամբ:

Կը մնայ որ ան անդրադառնայ այս իրողութեան ու ջանայ արժեւորել այդ պատիւը:

Ստորեւ տեսնենք այդպիսի բառերու փունջ մը.

հասարակակարգ       > հասարակարգ

ճարտարասան           > ճարտասան

երեսանակակալ         > երեսանակալ

աշխարհահայեացք   > աշխարհայեացք

շնորհահանդէս          > շնորհանդէս

տաւարարած              > տաւարած

Մարմարաշէն             > Մարմաշէն

Համամաշէն               > Համշէն

Եթէ ուշադիր բաղդադտէք զոյգ ցանկերը, ապա պիտի նկատէք, որ առաջինին մէջ ընդգծուած  զոյգ-զոյգ կրկնադիր հնչիւնները երկրորդին մէջ վերածուած են մէկի՝ կա-կա > կա եւ այլն: Այս զեղչումը տեղի ունեցած է բծախնդիր ճշգրտութեամբ՝ առանց նուազագոյն շեղումի, եւ այս բոլորը՝ ի խնդիր բարեհնչութեան եւ արտասանական հեզասահութեան:

Վերանայումի կը կարօտին, սակայն,  րհ հերթագայութիւնը կրող աշխարհայեացք եւ շնորհանդէս բառերը, որոնց տրուած լուծումը յաջող չէ:

Մենք,− հաւանաբար ոչ միայն հայերս,− որոշ դժուարութիւն ունինք արտասանելու այս զոյգը, մասնաւորաբար երբ ան կը գտնուի նոյն վանկին մէջ՝ աշ -խարհ, խո-նարհ, ճանա-պարհ, նիրհ, շնորհ, ժպիրհ[2].  արագախօսութեան առթիւ հակամէտ ենք «ուտելու» վերջին հ հնչիւնը եւ ըսելու՝ աշ-խար, խո-նար, ճանա-պար, նիր, շնոր: Այս դժուարութիւնը, որոշ չափով ներկայ է նաեւ հոն, ուր յիշեալ զոյգը բառին վերջը չէ, ինչպէս  վերը բերուած ցանկին պարագան է: Այնպէս որ քիչ մը աւելի  առաջ երթալով կարելի էր ըսել՝ աշխարահայեացք եւ շնորահանդէս, այսինքն քանդել կամ մեղմացնել  րհ հերթականութիւնը ու րահ դարձնել զայն, որով աշխարա-հայեացք եւ շնորա-հանդէս բոլորովին հեզասահ կ’արտասանուին:

Յետագրութիւն

Նախորդ առաքումովս ակնարկած էի հարց բառի չարաշահութեան:

«Ազդակ»-ի  քաղաքական էջը  նոր գոհարներ կը նուիրէ   առ այդ.

–Հարցը անձնակազմի մարզումի եւ բազմաթիւ հարցերու կը կարօտի: Անոնց ցուցակին վրայ կան այլ հարցեր…» (21 մարտ 2022, էջ 8):

[1]  Այսպէս կը վանկատէ նաեւ  Յակոբ Չոլաքեանը:

[2]  Հ-ի արտասանութիւնը դժուար է նոյնիսկ ձայնաւորէ ետք, օրինակ՝ նախագահ,  Զարեհ, թոհուբոհ, որ հակամէտ ենք արտասանելու նախագա, Զարե, թոհուբո.   ասոնք այսպէս ալ կ’արտասանուին… արեւելահայ  ինտելիգենցիայի կողմէ:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x