Մեր Մասին

Տարբերակ21-ը հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը հետապնդող նորարար հանդէս է՝ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ:

Չորս տարի առաջ հիմը կը դրուէր հայեմնիւզ (hayemnews.com) կայքէջին՝ իբրեւ լրատու ու մշակութային հանդէս: Տարիներու փորձն ու փորձառութիւնը ստիպեցին վերատեսութեան ենթարկել հանդէսին բովանդակութիւնն ու ներկայացման ձեւը՝ պահելով անոր հասարակական, մշակութային ուղուածութիւնը, եւ այս բոլորը արեւմտահայերէնով՝ մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որ յաճախ կը դժուարանայ քայլ պահելու նոր յղացքներու հետ, երեւոյթ մը՝ որ զայն հեռու կը պահէ երիտասարդներէն եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգանալու կարելիութենէն:

Մեզի համար հիմնական հարցականներ էին հայկական ընդհանրապէս պահպանողական լրատուական (տպագիր թէ առցանց) միջոցներէն «տարբերուելու» եւ «21-րդ» դարու շունչով արտայայտուելու հարցը, եւ այդպէս է որ ծնունդ առաւ «հայեմնիւզ»ը վերաթարմացնելու գաղափարը եւ զայն «Տարբերակ21»ով փոխարինելու ծրագիրը:

Հանդէսը կը նպատակադրէ.

Առաջ մղել հայ հրապարակախօսութիւնը՝ ժամանակակից հայ կեանքին ու աշխարհին վերաբերող խնդիրներու վերաբերեալ, կարծիքի բազմազանութեան ապահովման եւ քննական մտքի քաջալերման  յատկանիշներով:

Նաեւ՝

Դառնալ հայ կեանքին եւ ժամանակակից աշխարհին վերաբերող տեսական, հասարակական եւ մշակութային խնդիրներու քննարկման եւ բանավէճի միջավայր՝ հեղինակներու եւ ընթերցողներու մասնակցութեամբ:

Տակաւին,

Նպաստել հայերէն գրական ստեղծագործութեան, կարեւոր տեղ տալով այլալեզու գրական երկերու հայացման, քաջալերել ժամանակակից հայ կեանքը եւ զայն ընդգրկող անմիջական միջավայրը լուսաբանող լրագրութիւնը՝ այդ գործին արդի չափանիշներուն կիրառումով:

Վերաջապէս՝

Զարկ տալ հին թէ ժամանակակից հայ պատմութեան եւ հասարակական, մշակութային ու կրթական կեանքի ուսումնասիրութեան՝ մօտեցումներու բազմազանութեան յատկանիշներով:

Վարիչ տնօրէնեւ խմբագիր՝ Վարուժ Թէնպելեան [email protected]

 

Գործերու ներկայացման մասին 

Տարբերակ21-ը կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Այս կայքէջին մէջ արտայայտուած տեսակէտները անպայման չեն
համապատասխաներ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տեսակէտներուն։
Հիմնարկութեան աջակցութիւնը որեւէ կարծիքի հաստատում չ՚ենթադրեր: