«Մանրամասնութիւն եւ մանրամաս»․ իմ թելադրանքս

September 22, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի
  1. Աչքի առաջ ունենանք հետեւեալ երկու ցանկերը՝

մանրամասնել, մանրամասնութիւն, մանրամասն, մանրամաս

մանրամասնել, մանրամասնութիւն, մանրամասն , ……………

Ասոնցմէ առաջինը յատուկ է արեւելահայերէնին, երկրորդը՝ արեւմտահայերէնին:

Ուրեմն արեւմտահայերէնին կը պակսի մանրամաս բառը:

Մնացեալ երեքին  նշանակութիւնները մեր երկու բարբառներուն մէջ նոյնն են:

Միայն թէ գործածութեան յաճախականութեան տեսակէտէ՝ արեւմտահայը  աւելի կը կիրարկէ մանրամասնութիւն-ը, քան արեւելահայը. քիչ անդին կը տեսնենք՝ ինչո՛ւ:

Հիմա կեդրոնանանք  մեր չունեցածին՝ մանրամաս-ին վրայ:

*   *   *

Սկսելու համար ըսեմ, թէ այս բառը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը. այլ խօսքով՝ ան հնարուած է  այդ դարու երկրորդ կէսին:

Գալով նշանակութեանը՝  անոնք երկուք են.

ա. Կը նշանակէ որեւէ սարքի, որեւէ մեքենայի՝  ինքնաշարժի, ատրճանակի,    գրամեքենայի կամ համակարգիչի եւ նմաններուն  բաղադրիչ կտորներէն իւրաքանչիւրը:

Արեւմտահայերս  փոխարէնը կը գործածենք կտոր բառը, իսկ փոխարինելի կտորը՝ փոխնորդ կտոր՝ ի նմանութիւն ֆրասներէնի, որ կ’ըսէ  pièce de rechange: Երբեմն չենք վարանիր կիրարկելու նոյնինքն ֆրանսերէնը:

բ. Կը նշանակէ նաեւ  որեւէ պատումի, տեղեկութեան  մանր դրուագները, այլ խօսքով՝ մանրամասնութիւնները, եւ իր այս նշանակութեամբ՝ ան բոլորովին նոյնանիշ է մանրամասնութիւն-ին, սա՛ տարբերութեամբ, որ արեւելահայը կը նախընտրէ ըսել մանրամաս, քան մանրամասնութիւն.  հաւանաբար խօսքի տնտեսումի կամ նուազաբանութեան բերումով, քանի առաջինը երկու վանկ նուազ ունի երկրորդէն:

Նկատել նաեւ հետեւեալը. իր ա. նշանակութեամբ՝ ան յոգնակին կը պազմէ եր-ով՝ մանրամասեր,  իսկ երկրորդ նշանակութեամբ՝ ներ-ով՝ մանրամասներ:  Եւ այս զանազանութիւնը գրեթէ համատարած կը յարգուի՝ անկախ ենթակային տարիքէն ու կրթութենէն, որովհետեւ արեւելահայը եր եւ ներ յոգնակերտներու մշակոյթին  զգալիօրէն լաւ կը տիրապետէ:  Արեւմտահայն է, որ  նոյն բառը մերթ եր-ով կը կիրարկէ, մերթ ներ-ով, ճիշդ ինչպէս Միացեալ Նահանգները նոյն յօդուածին մէջ տեղ  մը եզակի կը նկատէ, երկու տող անդին՝ յոգնակի:

Ի՞նչ եզրակացնել կամ թելադրել:

Անշուշտ անվարան պիտի թելադրեմ որդեգրել այս բառին առնուազն առաջին նշանակութիւնը՝ «սարքի բաղադրիչ մաս» նշանակութեամբ, որոհետեւ շատ գաւառահունչ է  կտոր  բառը.  ուրեմն՝  մանրամաս եւ  փոխնորդ մանրամաս,  քանի որ մեր բարբառը զրկուած է նման պերճանքէ:

Մենք շատ սորվելիք ունինք արեւելահայերէնէն, այս ալ անոնցմէ մէկն է:

Աւելի վերապահ եմ երկրորդ նշանակութեան հանդէպ, քանի որ  երբ անդին կա՛յ անոր համարժէք մանրամասնութիւն-ը, քիչ  մը դժուար է հրաժարիլ անկէ եւ որդեգրել նորը, որքան ալ այս վերջինը շատ աւելի խնայողական ըլլայ իր երեք վանկերով՝ հինգի փոխարէն:   Անդին  կայ տակաւին անոր յոգնականացումի հարցը. արեւմտահայը  եր ու ներ յոգնակերտներու զանազանութեան մշակոյթէն զուրկ է, ինչպէս  զուրկ է ամէն ինչէ, որ խելք եւ տրամաբանութիւն կը պահանջէ: Իրեն համար լեզուական ամէն երեւոյթ  պէտք է ունենայ բնազդական պարզութիւն, որպէսզի կարենայ… մարսել: Այլ հարց թէ երբեմն այդ բնազդէն ալ զուրկ է ան:

Իսկ թէ հակառակ այս բոլոր վերապահութիւններուս կը գտնուին կիրարկողներ,− ինչո՛ւ չէ, կանխայայտ շնորհաւորութիւններ. սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց, որքան հատանէ, այնքան ունի:

  1. Եզրաբանական՝ միակ, եզակի, եզական

Ասոնք առաջին նուագ հոմանշութիւն կը մատնեն, երեքն ալ ածական են եւ կը բնորոշեն   առարկայի մը  միակութիւնը, մէկ հատիկ ըլլալը: Բայց եւ այնպէս նոյնանիշ չեն, այսինքն՝ ի վիճակի չեն զիրար  ամբողջապէս փոխարինելու:  Ահա թէ ինչո՛ւ:

Միակ-ը ցոյց կու տայ առարկայի մը մէկ հատիկ ըլլալը՝ առանց որեւէ գնահատական կատարելու այդ առարկային. այլ խօսքով՝ այդ առարկային որեւէ մէկ որակը չի թելադրեր. օրինակ՝ «Ան այս գիւղին միակ բժիշկն է»,– սա կը նշանակէ գիւղին մէջ ուրիշ բժիշկ չկայ, եւ ասկէ զատ ուրիշ ոչինչ կը նշանակէ: Ան մօտաւորապէս համարժէք է մէկ թուականին, իսկ երբ  «մէկ  խնձոր» կ’ըսեմ, ապա խնձորին միայն քանակը բնորոշած կ’ըլլամ եւ ուրիշ ոչ մէկ յատկութիւն:

–Ան եզակի բժիշկ է:

Այստեղ արդէն եզակի ածականը մէկ բժիշկ ցոյց տալով հանդերձ, ապա կը բովանդակէ գնահատանք մըն ալ. նախ ան չի վաներ այստեղ գտնուող այլ բժիշկներու գոյութիւնը. կրնան գտնուիլ կամ չգտնուիլ: Ան կը թելադրէ բաղդատութիւն մը հաւանական  այլ   բժիշկներու հետ,  եւ անոնց մէջ ան՝ մերը, լաւագոյնն է, կը զանազանուի բոլորէն, հասկցէք՝ իր կարողութեամբ, հմտութեամբ եւ այլ բարեմասնութիւններով: Անոր նմանը չկայ ու վե՛րջ, եւ անոր միակութիւնը կը կայանայ  որակական այդ տարբերութեան մէջ:

–Ան եզական բժիշկ է:

Կը շարունակենք մէկ ու միակի բժիշկ մը բնորոշել,  լռելեայն թելադրելով միւս կողմէ՝ որ ոչ մէկ ուրիշ բժիշկ կրնայ հաւասարիլ այս մէկին  կամ հաւանականութիւնը ունի հաւասարելու անոր: Այսինքն՝ մեզի ծանօթ ու անծանօթ բժիշկները համօրէն դատապարտուած են անկէ ետ մնալու: Անհասարելի է ան: Շատ պատեհ է այստեղ անկրկնելի  ածականը. այդ բժիշկը անկրկնելի է, անոր նմանը չէ եկած ու չի կրնար գալ:

  1. Որքա՞ն կարելի է կրկնել

«Ան չի պատրաստուիր հեռանալու, ատիկա բացառուած է: Ատիկա  որքան երկար շարունակուի, այնքան աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ ատիկա պիտի վերածուի շրջանային պատերազմի»,− աւելցուցած է ՄքԿրեկըր» (14-7-22):

Ո՞վ գրած է այս չքնաղ հատուածը,− պիտի մտածէք երկիւղած,−   ըսել կ’ուզեմ՝ բառերու  այս ներդաշնակ համանուագը:

Ո՞վ կրնայ ըլլալ կամ թէ որո՞ւ կը վայելէ ան՝ բացի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն:

Միայն անոր քնարն է, որ  կրնայ այսքան միալար ու քնքուշ թրթռալ:

Նոյն քնարի  միակի լարի  քաղցրահունչ թրթիռին կը պարտինք նաեւ՝

–«Կը գտնուինք ահարկու վտանգներու  դիմաց ընկերային տագնապներու պատճառով: Սյդ տագնապնեհրը պատճառ դարձան, որ պետութեան կառոյցները քայքայուին, եւ այդ պատճառով պէտք է մնանք կազմ ու պատրաստ» (27-8-22, էջ 8):

–«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն մեծ ուժ մը  ամերիկեան օդուժի օժանդակութեամբ կը պաշարեն հանքերը» (անդ):

Ծանօթ.− Կը պաշարեն-ը պէտք է ըլլայ կը պաշարէ. պաշարողը եզակի է՝ ուժ մը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x