Տասնամեակներ ծառայեր եմ անոր, հիմա ինչպէ՞ս ձգեմ…

March 6, 2024

–Հայրի՛կ, գող մը բռնեցի,– ձայն կու տայ  անփորձ տղեկը:

            –Ձգէ՛, թող երթայ,– կը թելադրէ իմաստուն հայրը:

            –Ես կը ձգեմ, ինք չ’երթար կոր,– կը հակադարձէ տղեկը:

            Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ ամենավտանգաւորը՝ գողին երթալ չուզող տեսակն է:

                                                                       *   *   *

              Ահա այսքան ատեն է կը ջանամ ա՛լ օձիքս ազատել «Ազդակ»-ի մագիլներէն, որովհետեւ աշխարհի չորս կողմէն կը խնդրեն, կ’աղաչեն, գլուխս կը տանին, որ «քիչ մըն ալ իրենցմով զբաղիմ», իրենց մասին մտածեմ, իրենց բարօրութեան հոգամ:

            –Ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞՞՞նն է,– հարցնողներ  չեն պակսիր:

            –Մե՛նք ալ հայ ենք,– յիշեցնողներ կ’ըլլան:

             –«Այո՜,–  կ’ըսեմ,  բոլորդ ալ հայ էք, սակայն ոմանք քիչ մը աւելի հայ են քան միւսները»,– եւ «Ազդակ»-ը այս վերջիններէն է:

            Տասնամեակներ ծառայեր եմ անոր, հիմա ինչպէ՞ս ձգեմ այս անմխիթար վիճակին մէջ, որ օր ըստ օրէ  աւելի կը վատթարանայ եւ ապաքինման  ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ:

            Եւ յետոյ…

            «Եթէ մէկ ոչխարդ կորսուած է, միւս ինիսունինն պիտի ձգես ու այդ մէկ հատին ետեւէն  երթաս, մինչեւ որ գտնես զայն»,– կը թելադրէ Ուսուցչապետը, եւ ես՝ եռախոնարհ աշակերտս պարտիմ հետեւիլ անոր թելադրանքին:

            Ու փնտռել այդ մէկ կորուսեալը:

            Որպէսզի երկինք եւ երկիր ցնծան անոր երանելի դարձով «ի հարազատ տուն իւր»:

            Պայմանաւ որ ուզեն վերադառնալ, ինչ որ առայժմ շատ… կասկածելի կը թուի:

                                                                       *   *   *

            –«Ուքրանիոյ նախագահը… շնորհակալութիւն յայտնած է  Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառեալ  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար» (24/2/2024, էջ 1):

            Հայերէ՞ն է այս…

            Ո՛չ,  հայերէն չէ, այլ հայերէն բառերու  անմիտ կուտակում մըն է, լղրճուկ մը, որուն  «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը միայն կրնայ  ծնունդ տալ՝ մենաշնորհեալի իրաւունքով:

            Այդ անմտութիւնը հետեւանք է ներառեալ դերբային, որ  կը նշանակէ «ներառելով», այսինքն՝ մէջը առնելով, մէջը ունենալով: Հիմա ներառեալ գրաբարեան ձեւը փոխարինենք ներառելով աշխարհաբարեան ձեւով.

            –«Ուքրանիոյ նախագահը… շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառելով  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար»:

            Իմաստ մը ունի՞ մէջբերուածը:

            Ո՛չ, չունի, իսկ եթէ յանկարծ իմաստ մը կը տեսնէք անոր մէջ, ապա կը նշանակէ, թէ ինչ-որ տեղ մը կայ  ինչ-որ խախտած բան մը, որ բուժարանի կը կարօտի:

            Ներառելով-ը ներգործական դերբայ է, որ իմաստաւորուելու համար պարտի ստանալ հայցական հոլով խնդիր մը, որ կը պատասխանէ՝ «ի՞նչ ներառելով» հարցումին:

            Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը՝ որքան կ’ուզէք. այս կոյտին մէջ չկայ ոչ մէկ բառ, որ պատասխանէ ձեր հարցումին: Այստեղ մէկ հատ հայցական հոլով բառ կայ՝ թղթածրարը, որ ուղիղ խնդիրն է հաստատելու դերբային  եւ առնչութիւն չունի ներառելով-ին հետ:

            Ներառելով-ը օդին մէջ կախուած անմիտ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ իր հետ կ’իմաստազրկէ ամբողջ «նախադասութիւնը», իմա՝ ամբողջ «խօսքը»: Թող որ այստեղ ո՛չ նախադասութիւն կայ, ո՛չ խօսք կայ. կայ իմացական խաժամուժ մը:

            Այստեղ պէտք եղածը «ի մասնաւորի» ասոյթն է կամ մասնաւորաբար, մասնաւորապէս. փորձենք.

            –«Ուքրանիոյ նախագահը… շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ի մասնաւորի  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար»:

            Հիմա կը թուի, թէ յստակ է ըսել ուզուածը. Ուքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան՝ անոր բերած աջակցութեան համար, եւ այս աջակցութեան մէջ մասնաւորաբար ուշագրաւ է, շեշտուած է (ի մասնաւորի)  Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու թղթածրարը:

            Այս բոլորը սակայն արեւելահայերէն կը հոտի:

            Եւ որպէսզի արեւմտահայերէն դառնայ, ապա «հաստատելու» դերբայը պարտի առնել «ն» դիմորոշ յօդը՝ «13-րդ թղթածրարը հաստատելուն համար»:

                                                                        *  *   *

            –Նիկոլ Փաշինեանը քննադատած է Մուրատ Փափազեանին (անդ):

            Քննադատել-ը հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ՝ Փափազեանը:

            Եւ…Փաշինեանը ՝ ը-ով, նմանապէս արեւելահայերէն կը հոտի. արեւմտահայերէնը այդ յօդը չի դներ ենթակային վրայ:

            –Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է (անդ):

            Դարձեալ-ը աւելորդաբանութիւն է. «Փաշինեան կրկնած է»:

            –Մուրատ Փափազեան անգամ մը եւս մերժած է այն (անդ):

            Արեւելահայերէն կը հոտի. պէտք է ելլայ՝ «մերժած է զայն»:

            –Նիկոլ փաշինեան ըսած է, թէ [Մուրատ Փափազեան] ցոյց կազմակերպած է  անոր դէմ (անդ):

            Պէտք է ըլլայ՝ «իրեն դէմ»:

            Ըսողը՝ ենթական,  Փաշինեանն է, իսկ ցոյցն ալ կազմակերպուած է «իրեն դէմ»:

            –Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներ թէ զինուորականներ, իրաւացի պահանջները (էջ 2):

            Պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ բացայայտիչն են  իրենց բացայայտեալ դերանունին, որ սեռական հոլով դրուած է. իսկ բացայայտիչը պարտի ունենանլ բացայայտեալին հոլովը. այսինքն՝

            «Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներու թէ զինուորականներու, իրաւացի պահանջները»:

            –Մարդիկ լսեն ու տեսնեն կենդանի օրինակը՝ կարենալ ժառանգելու համար երկնային թագաւորութիւնը (էջ 4): 

            Պէտք է ըլլայ՝  «ժառանգել կարենալու համար»: Տեսնել նորոգ ղրկած ցուցակս:

            Այս սխալ եւ անուղղայ հայերէնով ո՛չ երկնային, ո՛չ ալ երկրային թագաւորութիւն կը ժառանգուի. փակ պիտի ըլլան բոլո՛ր դռները:

            Անդին  հետեւողականօրէն կը մսխուի, սակայն,  ազգային ժառանգութիւն մը.

             –Լեզո՛ւն: Հայերէ՛նը:

[email protected]                                                                                  Արմենակ Եղիայեան

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x