Հակօդայի՞ն թէ՞ հակաօդային

November 16, 2023

Հարցում՝

−Ո՞րն է այս երկուքէն ճիշդը…

Ինծի կը թուի, թէ երկուքն ալ ճիշդ են. այո, սա հազուագիւտ պարագաներէն մէկն է, ուր կրնանք «ճիշդ» կոչել երկու տարբեր կառոյցներ: Սակայն լեզուի մէջ ճիշդը բաւարար յատկութիւն չէ ընդունելի ըլլալու համար, ան պարտի ունենալ ուրիշ արժանիք  եւս. փնտռենք այդ մէկը:

Բերուած զոյգ բարդ օրինակները ունին իմաստակիր նոյն բաղադրիչները՝

հակ, օդ, ային:

Եւ կը տարբերին միայն առկայութեամբը ա յօդակապին, որ անիմաստ է:

*   *   *

Այս երկու բարդ բառերը յառաջացած են աշխարհաբարի մէջ. գրաբար գրող մատենագիրները չեն կիրարկած զանոնք՝ ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը:

Առաջինը հաշտ ու համերաշախ է հայերէնի բարդութեան հնագոյն  կանոններէն մէկուն, ուր բարդութեան բաղադրիչները անյօդակապ  կը միանան, եթէ երկրորդ արմատը կը սկսի ձայնաւորով՝ օդային, ուրեմն՝ հակ-օդային, ինչպէս անցեալին ունեցած ենք՝   ազատ-արար, բաց-որոշ, բաց-օթեայ, բեմ-ասաց,  գետ-եզր, զէն-ընկէց,  թագ-ազն, ձկն-որս, մարտ-ուսոյց, ջր-արբի, տն-օրէն եւ այլն՝ բոլորը գրաբարէն:

Այսպիսիներէն ոչ մէկուն մէջ, թէկուզ բացառութեան կարգով, մտած է ա յօդակապը, քանի որ ա  ձայնաւորէն ետք որեւէ ուրիշ ձայնաւոր չի կրնար գալ, աւելի ճիշդը՝ չէր գար հայերէնի մէջ:

Ուրեմն՝ ան որ աշխարհաբարի մէջ յօրինած է հակ-օդային բառը, հաւատարմօրէն հետեւած է գրաբարեան վաղեմի  կանոնին: Այս տրամաբանութեամբ՝ մերժելի պիտի նկատուէր հակ-ա-օդային  կազմութիւնը, ուր օդային բաղադրիչէն առաջ մտած է ա յօդակապը, որ գրաբարը սովոր էր դնելու միայն բաղաձայնով սկսող բաղադրիչէ առաջ, ինչպէս՝ առակ-ա-գիր, բարձր-ա-խօս, գրա-ա-դարան, զին-ա-պարտ, թագ-ա-կիր, ժամ-ա-ցոյց եւ  այլն:

*   *   *

Արդ, զաւակները որքան ալ նմանին իրենց մօրը, ապա չեն վարանիր նաեւ  տարբերելու անկէ. ահա այս հակումը կը ցուցաբերէ աշխարհաբարը սերտուած կանոնին առթիւ: Եւ իրօք ալ արդի լեզուն գրեթէ ամբողջութեամբ թօթափած է վերոբերեալ կանոնը եւ ան ազատօրէն կը կիրարկէ ա յօդակապը ձայնաւորով սկսող բաղադրիչէ առաջ եւս. աշխարհաբարը այսպէ՛ս հանգիստ կը զգայ ինքզինք:

Սեղանիս վրայ ունիմ Պալաքեան սրբազանի «Հայ գողգոթան», որուն զոյգ հատորներէն  կը քաղեմ հետեւեալ օրինակները.

–ամենաարիւնոտ(Ա., 165, 173, 180)                    –ամենաանագորոյն (Ա., 452)

–ամենաազդեցիկ (Ա., 204, 216, 462)                    –ամենաերկար (Բ.,  69)

–ամենաընտիր (Ա., 287, Բ., 162)                          –ամենաանձնուէր (Բ., 197)

–հաստաորմ (Ա., 322)                                            –ամենաառատ (Ա., 411)

Կը գոհանամ ասոնցմով, այլապէս տակաւին կը վխտան նմանները:

Նմանապէս  Կոմսի «Յուշեր»-ուն մէջ.

–ամենաեռանդուն (Բ., 326)                                  –ամենաէական (Բ., 451)

Եթէ  յարաբերաբար սակաւ կը հանդիպին այսպիսիները արեւմտահայերէնի մէջ, ապա շատ աւեիլի խուռներամ կը գտնենք զանոնք արեւելահայերէնի մէջ, ուր շատ սովորական են՝

–հակաահաբեկչական      –պետաիրաւական             –վերաորակաւորում

–կիսաինքնավար               –խաչաոճ                             –ենթաօրէնսդրական

–տեսաերիզ                         –դատաիրաւական             –լեզուաոճային

–եւրոատլանտեան             –համաատենապետ           –վերաօծում

–հեռուստաելոյթ                 –աւազակաորջ                    –հակաամերիկեան

–կենսաարդիւնաբերական   –հակաօրինական          –հակաիսլամական

–գնահատաարժան            –ամենաողբերգական        –ռազմաօդային

*   *   *

Այս նոր տուեալներու լոյսին տակ՝ անխուսափելիօրն պիտի յառաջանային երկձեւութիւններ, ինչպէս բերուած օրինակներն են՝ հակ-օդային եւ հակ-ա-օդային, նաեւ՝ վեր-որակաւորում  ու վեր-ա-որակաւորում, տես-երիզ ու տես-ա-երիզ, որոնք զոյգ-զոյգ  նոյնանիշներ են:

Սակայն մենք ունինք ամէն-ընտիր եւ ամեն-ա-ընտիր, որոնք նոյն ատաղձով կազմուած ըլլլաով մէկտեղ,  ո՛չ նոյնանիշ են, ո՛չ իսկ  հոմանիշ. ասոնցմէ առաջինը կը նշանակէ բոլորին կողմէ ընտրուած. օրինակ՝ ամէնընտիր կաթողիկոս, որ կը նշանակէ բոլորին, իմա՝ ամբողջ համայնքին հաւանութիւնը վայելող կաթողիկոս, մինչդեռ ամենաընտիր կաթողիկոս կը նշանակէ եղածներուն մէջ ամէնէն ընտիրը, արժէքաւորը, նախընտրելին:

Այս վերջին երկուքը, ուրեմն, փոխանակելի չեն այլեւս, ինչպէս են միւս  երեք զոյգերը, որ բերինք:

*   *   *

Անշուշտ կարելի է, նոյնիսկ անխուսափելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս գրաբարին թոյլ չտուածը՝  թոյլատրելի դարձած է աշխարհաբարի մէջ:

Վերադառնալով մեր քննութեան  առարկային՝  ապա կարելի է ենթադրել, թէ աշխարհաբարի մէջ յառաջացած են այնպիսի հասկացութիւններ, որոնց բառային արտայայտութիւնը մէկ կողմէ թելադրական չէ, միւս կողմէ՝ խժալուր է. օրինակ՝  գործելոճ, աւազակորջ, լեզուոճային  եւ ուրիշներ, որոնք ոչ մէկ թելադրականութիւն ունին: Մինչդեռ բոլորովին թելադրական ու ըմբռնելի են՝ գործելա-ոճ, աւազակա-որջ, լեզուա-ոճային, եւ այսպիսիները ճամբան հարթած են մնացեալ շեղումներուն՝

Իսկ ինչ կը վերաբերի հակօդային եւ հակաօդային ձեւերուն, ապա այս զոյգի պարագային նկատելի է հետեւեալը. արդի հայուն գիտակցութեան մէջ հակ արմատը այլեւս չի թելադրեր հակառակ հասկացութիւնը, ան հակա ձեւոյթին մէ՛ջ կը փնտռէ ու կը զգայ հակառակ-ի հասկացութիւնը. եւ առ այդ՝ յառաջացած է նոյնիսկ հակա ձեւոյթը, որ խորքին մէջ բառ չէ, աւելի եւս ածական չէ, սակայն մենք չենք խուսափիր զայն իբրեւ ածական կիրարկելէ . այսպէս՝ ընտրութեան մը առթիւ շատ սովորական է լսել սապիսի արտայայտութիւններ. «ան մեզի հակա է», որ կը նշանակէ «հակառակորդ». լսա՞ծ էք մէկը, որ ըսէ. «ան մեզի հակ է»,− ես չեմ լսած, կը կարծեմ թէ ձեր պարագան նոյնն է: Այս ալ կը նշանակէ, որ հակառակորդ հասկացութիւնը թելադրական է միայն  հակա ձեւոյթով, հետեւաբար երբ պիտի բնորոշենք օդէն թռչող սարքի դէմ պայքարող զէնքը, ապա ինքնաբերաբար  հակա-օդային  պիտի կոչենք զայն:

Այսպէս կ’արտասանէ ու կը խօսի արդի հայը:

Իսկ արուեստականօրէն հակօդային կ’ըսէ ու կը գրէ ան, որ կառչած է  թելադրանքին ինչ-որ դասագրքի մը  մոմիացած մէկ ուսմունքին:

[email protected]                                                                                                                                    Արմենակ Եղիայեան

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x