Խնայենք քիչ մը յոգնակիի անտեղի կիրարկութիւնները

January 20, 2022
  1. Հաճոյքով ու մէկ շունչով կարդացի մեր երիտասրդ հոգեւորականներէն մէկին յօդուածը՝ «Զքրիստոս թագաւորեցուցա՞ծ ես քու մէջդ»:

Մաղթեմ, որ այս օրինակը վարակիչ ըլլայ, տեղ մը բան մը փոխուի, եւ մեր հոգեւորականները աւելի խնամեալ հայերէնով  հանդէս գան եւ…  խմբագրեն «Հասկ»-ն ալ:

Այսուհանդերձ  կարգ մը անհարթութիւններ սպրդած էին երիտասարդ գրիչէն:

Կը փութամ զանոնք յանձնել առ որ անկ է՝ ի պէտս զարգացելոց:

*   *   *

***«Երկիրը բազմամարդ, բազմացեղ եւ բազմաբնակ էր»:

—Առաջին երկուքին վրայ բազմաբնակ-ը այլեւս բան մը չ’աւելցներ, միայն կը ծանրացնէ ոճը: Երբ երկիրը բազմամարդ է, ինքնին կը նշանակէ բազմաբնակ է, քանի այդ մարդիկ այս երկրին վրայ կ’ապրին: Բազմացեղ ածականը թոյլատրելի է, քանի ցոյց կու տայ, որ այդ բոլոր ապրողները նոյն ցեղին չէին պատկաներ, նոյնատեսակ չէին:

***«Արքայութիւնը մեր մէջ հաստատելէ ետք է, որ  միայն կրնանք… խաղաղ ըլլալ»:

Միայն բառը իր տեղը չէ, սխալ տեղադրուած է: Ան պէտք է դրուի ստորակէտէն անմիջապաէս առաջ. «Արքայութիւնը մեր մէջ հաստատելէ ետք է միայն, որ կրնանք…»:

Քիչ մը դժուար տեսանելի ու զգալի պարագայ է այս. թելադրելի է, որ փոխնիփոխ քանի մը անգամ կարդացուին բնագիրը եւ սրբագրութիւնը՝ անդրադառնալ կարենալու համար  առաջինին թերութեան եւ երկրորդին ուղղափառութեան:

***«Պօղոս առաքեալ խօսելով այս աշխարհի դժուարութիւններուն մասին՝ կ’ըսէ…»:

—Սխալ կէտադրուած է, այսինքն՝ ան կը կրէ արեւմտահայ գրողի անջնջելի կնիքը, քանի քիչ մը ամէն տեղ եւ բոլորը սխալ կը կէտադրեն նման կառոյցները:

Այս նախադասութեան մէջ ունինք միջանկեալ դերբայական դարձուած մը՝ «խօսելով այս աշխարհի դժուարութիւններուն մասին»:

          Միջանկեալ դերբայական դարձուածը երկու կողմերէն ստորաակէտով կը տրոհուի նախադասութեան մնացեալ բառերէն. ուրեմն՝

« Պօղոս առաքեալ, խօսելով այս աշխարհի դժուարութիւններուն մասին, կ’ըսէ…»:

***«Երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ»:

—Մահացու մեղք է անգամ բառը յոգնակի կիրարկել:

Պէտք է պարզապէս եւ կարճ ու կոկիկ ըսել՝ «երեք անգամ աղաչեցի»:

Տեղին համեմատ, քիչ մըն ալ վերամբարձ ոճով, կարելի է  վայելչօրէն գործածել նաեւ՝

Երկու անգամ   …    երկիցս

                   Երեք անգամ    …     երիցս

                   Չորս անգամ    …     քառիցս…չորիցս

          ***«Միայն Աստուծոյ շնորհքով,  զոր իւրաքանչիւրիս տրուած է»:

—Սխալ է զոր հայցական հոլովը. ան ենթադրուած է ըլլալ «տրուած է» կրաւորական բայի ենթական, իսկ ենթական կ’առնէ ուղղական հոլով, այսինքն՝ որ

Թելադրելի է  ընդմիշտ խուսափիլ գաբարեան զոր եւ զորս  հայցականները կիրակելէ. ասոնք աշխարհաբարի Waterloo-ն են. քանի՜ պայծառ ճակատներ  էն գլխէն  արիւնաքամ ջախջախուած են ու կը շարունակեն գլխովին պարտուիլ անոր գրոհներուն դիմաց:

Որ միասնական սկզբնաձեւը կատարելապէս ի վիճակի է կիրարկուելու իբրեւ ուղիղ խնդիր՝ թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի թիւերով:

***«Աստուծոյ շնորհքով…ուրիշ բանի մը ազդեցութիւնը չենք ունենար»:

          Ազդեցութիւն գոյականը իր լաւագոյն  կառավարումը կը գտնէ հետեւեալ կառոյցներուն մէջ.

–(կրաւորապէս)  ազդեցութիւն կրել,

–(ներգործապէս) ազդեցութիւն գործել:

Գալով ազդեցութիւն ունենալ բառակապակցութեան, ան ունի ներգործական նշանակութիւն. օրինակ՝ «Թորոսը ազդեցութիւն չունի Մարկոսին վրայ»:

Բնագիրը զայն գործածած է կրաւորական  նշանակութեամբ, որ սխալ է:

***Ձեր մէջ գտնուող Քրիստոսը աւելի մեծ է, քան՝  աշխարհի  դժուարութիւնները»:

Քան բառին վրայ բութ պէտք չէ դնել, որքան ալ մեր ուսուցիչները, խմբագիրները, գրողները եւ ողջ արեւմտահայ ինտելիգենցիան…  դնեն  զայն : Գիտցածնին այդքան է:

Անտեղի ու անպէտ բութ մըն է այդ:

  1. Թռիչք կատարել, քար նետել

Ո՞րն է ճիշդը հետեւեալներէն՝

–ա) օդանաւերը թռիչք առին…       բ) օդանաւերը թռիչքներ առին…

–գ) ազերիները քար նետեցին…    դ) ազերիները քարեր նետեցին…

Փութամ ըսել, որ մեր մէջ առհասարակ կը կիրարկուին երկրորդ ձեւերը՝ թռիչքներ եւ քարեր:

Եւ մի՛այն ընթերցողը կը զգայ, թէ ասոնք որքան ճնշիչ են, իսկ գրողը… ժամանակ չունի անդրադառնալու կամ թէկուզ գրածը վերստին կարդալու, որպէսզի  ի՛նք ալ զգայ  ոճական  այն անկրելի բեռը, որ կը յառաջացնեն այս  անտեղի յոգնակիները:

Մոլորութեան  աղբիւրը  այն է, որ մէկէ աւելի օդանաւ թռիչք առաւ, ուրեմն… թռիչքներ առնուեցան, մէկէ աւելի քար նետուեցաւ, ուրեմն… քարեր նետուեցան:

Այսպէս «կը մտածէ» ու «կը տրամաբանէ» արեւմտահայ բանականութիւնը:

Իսկ այսպէս չի մտածեր եւ այսպէս չի տրամաբաներ հայերէնը:

Երբ գոյական մը անորոշ կիրարկութիւն ունի, այսինքն՝ ը կամ ն յօդ չի կրեր (ծառ-ը, կատու-ն), ան խօսակցական շղթային մէջ ըստ պատշաճութեան եզակի կամ յոգնակի է:

–Երբ ըսենք՝  «Թորոսը տուն գներ է»,− ոչ մէկուն մտքէն կրնայ անցնիլ, թէ ան ութ-տասը հատ տուն գնած է:

–Իսկ երբ ըսենք՝ «Մարկոսը ձիթապտուղ գնեց»,–  այստեղ իր կարգին  մտածող չ’ըլլար, թէ ան մէ՛կ հատ ձիթապտուղ գնեց:

Այդպէս ալ թռիչք կատարելն է,  այդպէս ալ քար նետելն է. «Ազերիները քար նետեցին»,– մի՞թէ  անհրաժեշտ է շեշտել, թէ  քարեր նետուեցան կամ մի՞թէ կարելի է ենթադրել, թէ  տասը-

քսան ազերի քով-քովի եկան, մէկ հատ քար բռնեցին-նետեցին. այդքան ապո՞ւշ է ազերին:

Բոլորս, վերի տողերը գրողը եւս, կ’ըսենք. «Այս աշխատողներուն քիչ մը ձեռք տանք»,− որ է ՝ օգնենք. մի՞թէ «ձեռք» եզակի գոյականը կը թելադրէ, որ… մէկ  ձեռքով պիտի օգնենք:

Կամ թէ տեղ մը կը կարդամ՝ «Ստալինի մահէն ետք աքսորեալներու լեզուն բացուեցաւ»,– մի՞թէ վտանգ կայ, որ ենթադրող ըլլայ, թէ «միլիոնաւոր աքսորեալները մէկ ու միասնական լեզու ունէին»:

Եզրակացութիւն. խնայենք քիչ մը յոգնակիի անտեղի կիրարկութիւնները:

Բոլորովին ուրիշ է կացութիւնը, երբ  գոյականը  յօդ կը կրէ:

Այս մասին՝ ուրիշ մէկ անգամ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x