«Գործակցութիւն»-ը հերիք է գործակցելու համար

September 8, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

1.Քիչ մը թուաբանութիւն

Անցած դարու կէսերուն էր, աշխարհի ու մարդկութեան այն արդար  տարիներուն, Պեքաայի դրախտային մէկ անկիւնը՝ Պաալպեք, ուր կ’անցընէինք մեր ամառները:

Մայրս առտուն 50 դահեկան կու տար ու մեր պղնձեայ սանը  եւ կը յանձնարարէր.

–Մէկ լիտր կովու մածուն բեր,−   քանի կար ոչխարինն ու այծինն ալ:

Ու ես կը վազէի շուկայ, ուր գիւղացի լաչակաւոր կիներ, մայթերուն վրայ ծուարած, գիշերը մակարդուած թարմ մածունի կաթսաները առջեւնին, եզերքը մետաղեայ այլազան ծաւալի չափամաններով, յաճախորդի կը սպասէին:

Ռաթըլ պա‛ար… (բառացի՝  «լիտր կով»):

Աւելին ըսելու պէտք չունէի:

Համապատասխան եւ ինծի ծանօթ ամանը կը լեցնէր ու կը պարպէր  սանիս մէջ:

Ապա կը վերադարձնէր 15 դահեկան:

Այսպէս՝  10 սենթով  կը ստանայինք 2,5  քիլոկրամ  կամ 2.500 կ արդար  մածուն:

Ուրեմն եթէ մէկը  յօժարէր դոլար մը վճարել, պիտի ստանար… 25 քկ:

Բաղդատութիւնները արդի գիներով… կը ձգեմ ձեր երեւակայութեան:

*   *   *

Արաբական ռաթըլ (رطل) չափի միաւորը մինչեւ հիմա կը գործէ եւ հաւասար է 2.564  կրամի, բայց մօրս՝  անոր տուած լիտր[1] թարգմանութիւնը կամ հոմանիշը  մեր արդի լեզուին ու մանաւանդ բառարաններուն մէջ ունի բոլորովին խառնակ, անմիօրինակ ու հակասական բացատրութիւններ:

Լիտր-ի հնագոյն վկայութիւնը կը գտնենք  Աստուածաշունչի մէջ, ուր ան ունի երկու կիրարկութիւն (Յովհն. 12/3  եւ 19/39):

«Նոր հայկազեան»-ը այդ ծանրութիւնը հաւասար կը նկատէ  իրեն ժամանակակից տուեալներով՝ 6 թրքական օխայի: Իսկ «օխա» ըսուածը, անշուշտ թրքականը, որուն կ’ակնարկէր  «Նոր հայկազեան»-ը, հաւասար է 1,28 քկ-ի: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ ըստ «Հայկազեան»-ի՝ մէկ լիտրը   հաւասար էր 7, 68  քկ-ի կամ 7.680  կրամի, ինչ որ… շատ տարբեր է արաբական  ռաթըլ-էն եւ… մօրս լիտր-էն, որոնք կատարելապէս կը զուգադիպէին իրարու, այսինքն՝   մօտաւորապէս 2.500 կրամ էին:

Ակադեմիայի քառահատորը կը ճանչնայ միայն եւրոպական litre-ը`1000 կրամ:

Նոյնն է Էդ. Աղայեանը՝ լիտր=1000  կրամ:

Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը չունի զայն:

Գայայեան  նմանապէս չունի:

Ճիզմեճեանի համար ան հաւասար է  1000 կրամի:

Տէր Խաչատուրեանի համար ան «ծանրութեան չափ մը»-ն է:

Կռանեանի համար ան «հեղուկ կշռելու չափ մըն է, լիթր»:

Մօրս բարբառը միշտ ալ առեղծուած մը եղած է, ուրիշ առեղծուած մըն ալ ծանրութեան չափի այս իմացութիւնն է. ուրկէ՞ առած էր  զայն,  եւ  հայուն համար ե՞րբ լիտրը հաւասար էր եղած 2500 կրամի:

2. Փորձեցէ՛ք պատկերացնել եւ զանազանել հետեւեալ երեք հասկացութիւնները.

գործակցութիւն

համագործակցութիւն

երկկողմանի համագործակցութիւն  

Յուսամ… յաջողեցաք, իսկ ես ոչ մէկ ատեն յաջողած եմ զանազանել ասոնք, եւ կը հիանամ միայն մեր մամուլի ասպետներուն, որոնք ատենը մէյ  մը կը փռեն ասոնք իրենց թերթերու երեսին՝ կուրաբար ընդօրինակելով արեւելահայերէնը, իսկ թէ այս վերջինը ուրկէ՞ բերած է զանոնք… չեմ գիտեր:

Եւ ինչպէ՞ս զանազանել:

Ամէն գործակցութիւն կ’ենթադրէ երկու կողմերու միատեղ   ու միասնական հաշտ, համերաշխ ու ներդաշնակ աշխատութիւնը: Գործակցութեան ուրիշ ձեւ չի կրնար ըլլալ:

Համագործակցութիւնը ճիշդ ի՞նչ կ’աւելցնէ բերուած սահմանումին վրայ իր համա նախածանցով, որ կը նշանակէ «միասին»  կամ «միատեղ»: Այլ խօսքով՝ տեղի ունեցողը  բթամիտ ու վանողական  կրկնաբանութիւն մըն է:

Իսկ  երկկողմանի համագործակցութիւնը անհեթեթութիւն է պարզապէս, մարդկային բանականութեան դէմ արձակուած դաւադիր փամփուշտ մը,  իմա՝ ահաբեկում մը:

3. Հայերէնի ապաթարցը

Եթէ ձեր ձեռքը անցնի որեւէ հրատարակութիւն, որ լոյս տեսած է 1844-էն առաջ, ապա պիտի նկատէք, որ անոր մէջ ապաթարց գոյութիւն չունի: Այսպէս է, քանի որ ապաթարցը հաստատուեցաւ 1844-ի յունուարին՝ Վենետիկի մխիթարեաններու  կողմէ՝  նախաձեռնութ- եամբ հայր Գաբրիէլ Այվազովսկիի, որ  անկէ ճիշդ վեց ամիս  առաջ հիմնած էր  «Բազմավէպ» աշխարհաբար երկշաբաթօրեակը: Ան հեղինակն է նաեւ աշխարհաբարի   ամփոփ ուղեցոյցի մը, որ կը բաղկանայ տասը կէտերէ եւ կը միտի ճիշդ հունի մէջ դնել արեւմտահայերէնը:

Աշխարհաբարը  շատ բան կը պարտի այս մեծանուն մխիթարեանին, որ նկարիչ Այվազովսկիի երէց եղբայրն էր:  Շատ  հմուտ գրաբարագէտ մը: 1856-ին ան   խզուեցաւ Մխիթարեաններէն, Փարիզի մէջ  հիմնեց իր սեփական գիշերօթիկ դպրոցը եւ թերթը՝ «Մասեաց աղաւնի»-ն,   իսկ երկու տարի անց    դարձաւ Մայր եկեղեցիի գիրկը՝ ունենալով շատ բեղուն գործունէութիւն մը թէ՛ իբրեւ եկեղեցական, թէ՛ իբրեւ մտաւորական:

*   *   *

Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ի ձեռագրի լուսապատճէն հրատարակութեան մէջ, օրինակ,  ոչ մէկ ապաթարց կայ, քանի գրուած է 1842-ին ու անկէ ետք քսան տարի մնացած է անոր  դարակին մէջ, քանի Աբովեան դրամ չէ ունեցած գիրք հրատարակելու համար:

Այնուհետեւ ապաթարցը  կամաց-կամաց տարածուեցաւ, նախ՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ, յետոյ շուտով նաեւ՝ արեւելահայ:

Ըսելու պէտք չկայ, որ ան հաստատուեցաւ ֆրանսերէնի ու իտալերէնի հետեւողութեամբ եւ  կը ծառայէ փոխարինելու յապաւուած ձայնաւոր մը՝

կը առնեմ > կառնեմ,  չի ուտեր > չուտեր,  մի՛ ըսեր > մըսեր, աստղ մը > աստղ մալ…

Ապաթարցը արեւելահայերէնէն անհետացաւ խորհրդային կարգերու հաստատումով, ու այնպէս  ալ կը մնայ: Այստեղ կը գրուի՝

կվազեմ, կուտեմ,  չի ուտի, մի՛ ասի, մի աստղ էլ…

Արեւմտահայերէնը կը պահէ զայն եւ ճիշդ կ’ընէ՝ հակառակ այն կարգ մը շփոթներուն, որ ան կը պատճառէ  ոմանց: Դժուար կ’իւրացուի յատկապէս սահմանական ներկայի եւ ըղձական  անցեալի  ժխտականի զանազանութիւնը՝ (չի առներ) չառներ եւ (թող) չառնէր:

Յաղագս կշռոց եւ չափուց

«Պարտ է գիտել եւ ‘ի հաշիւ ունենալ զչափն եւ զսահման կշռոցն եւ չափոց. եւս առաւել յաղագս բժշկական արհեստիցն, որ վասն մարդկան առողջութեան է, եւ ապա յաղագս աշխարհավաճառութեան պիտոյից: Մէնն որ ասեն՝ ԺԶ նուկի է. եւ լիտրն ԺԲ նուկի է. եւ նուկին՝ ութ տրխանայ, որ է քսանեւհինգ տրամ»  («Գիրք վաստակոց», Ժէ գլուխ):

Եթէ ձեզմէ մէկնումէկը կարենայ այս գորդեան հանգոյցը քակել՝ սուրով կամ առանց սուրի,  ապա թող բարեհաճի ուղարկել ինծի, ես ալ զայն կ’առաքեմ մեր ընթերցողներուն:

[1] Այս եզրը պէտք չէ ընկալել  իբրեւ  տառադարձութիւնը եւրոպական  litre-ին (1000 կ), որուն հետ ոչ մէկ կապ ունէր ան: Մայրս անգրաճանաչ էր, ուստի բացարձակապէս ոչ մէկ  եւրոպական եզր կը ճանչնար եւ  երկիրէն բերած էր  այդ եզրը, որ   այդ օրերուն ծանօթ էր  շատ ուրիշներու եւս:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x