Ոչ՝ գրաբանութիւն, այլ… ինքնահաճ հեքիաթ

March 22, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի
  1. Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի

—Ցուցափեղկը կը յորդէր թարմ, ակնահաճոյ ու ախորժաբեր երշիկ-ով:

—Ցուցափեղկը կը յորդէր  տեղական, ֆրանսական ու իտալական պանիրներ-ով:

Ի՞նչ տրամաբանութեամբ ընտրել տուեալ գոյականին թիւը:

*   *   *

Բերուած օրինակները, որոնք շատ ընդհանրացած են, կը յատկանշուին անով, որ նոյն գոյականը կը կրէ մէկէ աւելի որոշիչներ.

երշիկ-ը՝ թարմ, ակնահաճոյ, ախորժաբեր…

պանիր-ը՝ տեղական, ֆրանսական, իտալական…

Նման պարագաներու  թիւի ընտրութեան տրամաբանութիւնը հետեւեալն է.

—նոյն երշիկը (կամ որեւէ այլ ուտեստ) կրնայ միաժամանակ ըլլալ թէ՛ թարմ, թէ՛ ակնահաճոյ, թէ՛ ախորժաբեր.  ոչ մէկ արգելք կայ: Ուրեմն այս պարագային պէտք չունիմ յոգնակի կիրարկելու որոշեալ գոյականը՝ երշիկ:

—նոյն պանիրը  (կամ որեւէ այլ ուտեստ) չի կրնար միաժամանակ թէ՛ տեղական, թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ իտալական ըլլալ, ուրեմն  կ’ակնարկուի տարբեր պանիրներու. հետեւաբար  պարտաւոր ենք յոգնակի կիրարկել որոշեալ գոյականը՝ պանիրներ:

Այս օրինակին մէկ նմանակը.

—Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին յաճախած դպրոցը…

Ուր անոնք կը յաճախեն նոյն դպրոցը:

—Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին յաճախած դպրոցները…

Ուր  անոնք կը յաճախեն տարբեր դպրոցներ:

  1. Անալի սանդուխք

Արեւմտահայերէնի մէջ կիրարկուած է, կ’ենթադրեմ, ընդամէնը մէ՛կ անգամ, «անալի սանդուխք» բառակապակցութիւնը. հեղինակն է  Պետրոս Դուրեանը.

«Այլ ոհ ի՞նչ կ’ըսեմ, շանթահարէ՛ զիս,

                   Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս,

                   Որ ժպրհի ձգտիլ  սուզիլ խորն երկնի,

                   Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի» (Տրտունջ):

Ճիշդ ի՞նչ ըսել է անալի, ուրեմն՝ «սանդուխք անալի»:

Արեւմտահայ բառարանագիրներէն ոչ մէկը անդրադարձած է այս բառին:

Կը գտնենք՝ անալի=անլի=աղազուրկ կամ աղը պակաս նշանակութեամբ, որ կապ չունի մեր  քննութեան հետ:

Արեւելահայերէն անոր անդրադարձած է մի՛այն Ակադեմիայի քառահատոր բացատրականը. «անալի=աստիճան չունեցող, անելանելի»,  եւ կը բերէ Դուրեանի տողը:

Օրին Յակոբ Օշական  եւս անդրադարձած է անոր.

«Աստղերու անալի սանդուխքը: Դուրեանը սրբագրող վարժապետ՝ Սիմոն Ֆէլէկեան հայկաբանը, անալի-ն վերածած էր ահալի-ի՝ սպաննելով շքեղ պատկերը բանաստեղծին երեւակայութեան: Թէեւ քիչ մը դժուար, բայց ո՛չ անկարելի է հետեւիլ Դուրեանի մտքի թռիչքին՝ աստղակառոյց սանդուխին, որ երկինքն է իր գլխուն վերեւ, ուր միջոցին խաղաղութիւնը, անալի վիճակը, թերեւս կու գան աստուածային ներդաշնակութեան հսկայ ճնշումէն այդ ամէնուն  վրայ»:  Օշական գրաբանութիւն չ’ըներ, այլ… ինքնահաճ հեքիաթ  կը պատմէ:

Որքան կարելի է մեկնաբանել անոր ըսածը, ապա ենթադրելի է, որ իրեն համար անալի-ն «ալիքէ զերծ»-ն է՝ որով  կը յառաջանայ միջոցին վայելած  համատարած խաղաղութիւնը: Ինչ որ չի համոզեր այստեղ՝ «աստղակառոյց սանդուխ» անհեթեթ  բառակապակցութիւնն է:  Դուրեանի «աստղերու սանդուխք» բառակապակցութիւնը կը նշանակէ «աստղերուն առաջնորդող սանդուխք» եւ ոչ թէ «աստղերէ կառուցուած սանդուխք»:

Միւս կողմէ՝ Դուրեանի տողերուն մէջ չկայ ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ ասոյթ, որ դրական պատկերացումը ըլլայ «աստղերու, միջոցի խաղաղութեան եւ աստուածային ներդաշնակութեան»: Հակառակը աւելի ճիշդ է. աստղերը կոչուած են «անէծք ողբագին»,  իսկ այդ բոլորին  արարաիչը կոչած է «շանթերու արմատ»: Ի՞նչ սրտով, ի՞նչ ակնկալութեամբ  հիւանդ պատանին պիտի երթար դիմաւորելու այդ բոլորը, նոյնիսկ եթէ հոն տանող սանդուխտը անալի(ք)՝ խաղաղ ըլլար: Եթէ… էր անշուշտ:

Հայր Մեսրոպ Ճանաշեան եւ անոր բառացի հետեւողութեամբ՝ Մուշեղ Իշխան իր կարգին, փորձած է մեկնաբանել Դուրեանի բառը՝ զարնելով հատ մը գամին, հատ մըն ալ պայտին եւ փորձելով  ի մի ձուլել Օշականի եւ Ակադեմիայի մեկնութիւնները. «անալի=անալիք, հոս՝ անելանելի, ալիք եւ աստիճան չունեցող»:

*   *   *

Ի վերայ այսր ամենայնի պէտք է ընդունիլ, որ դիւրին հատուած մը չէ բերուածը:

Դուրեան կիրարկած է ժպրհիլ բայը, որ համարձակելու, յանդգնելու գերագոյն աստիճանը ցոյց կու տայ. այլ խօսքով՝  անոր համար աստղերու սանդուխքը ելլելը  համազօր է գերագոյն յանդգնութեան. արդ, այսպէս մտածողը պիտի չդառնար ու անմիջապէս չյիշատակէր այդ աստղերուն տանող սանդուխին «անալի»-ութիւնը, այսինքն՝ խաղաղութիւնը, եւ շուրջը տիրող  միջավայրին «աստուածային ներդաշնակութիւնը»,– ինչպէս  կը  համարի Օշական, բաներ, որոնք  շատ աւելի դիւրին ու հեզասահ  նախաձեռնութեան մը գրաւականն են, քան թէ բանաստեղծին յանձն առած  վերելքը, որ մահուան առաջնորդող տաժանելի ճամբորդութիւն մըն է:

*   *   *

Սիմոն ֆելեկեանը, որուն ընդհանրապէս արհամարհանքով վերաբերած է Օշական, եղած է  Դուրեանի ուսուցիչը: Ասոր մահէն ետք ձեռագրերը անցած են նոյն այդ Ֆելեկեանի ձեռքը՝ տետրակի մը կամ տետրակներու ձեւաչափով, ուր Դուրեան շատ կոկիկ հաւաքած ու ամփոփած էր իր գործերը: Ճիշդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ այդ ձեռքբերումը,− յայտնի չէ:  Միայն յայտնի է ամբաստանութիւն մը, որուն յօրինումին մէջ մեծագոյն դերակատարութիւնը կը պատկանի Օշականին, թէ… Ֆելեկեան միջամտած է  Դուրեանի գրութիւններուն:  Ահալի-ն ալ այդ  միջամտութեան մէկ արտայայտութիւնն է  եղեր… իբրեւ թէ:

Ֆելեկեանի այդ ձեռագրերը հետագային ափ առին  Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի մատենադարանը, ուր կը մնան անոնք  մինչեւ հիմա:

Ցաւալի է, որ վերոնշեալ շփոթին  ակնարկողներէն որեւէ մէկը մինչեւ հիմա  այդ ձեռագրերը սեփական աչքերով քննութեան ենթարկելու ձանձրոյթը յանձն չէ առած. չունինք նման վկայութիւն մը: Այլապէս բաւական յստակ պիտի երեւէր, թէ Դուրեանի ձեռագրի յատկապէս այդ բառին վրայ խաղ կատարուա՞ծ է:

Իսկ ցնոր տնօրինութիւն, շատ աւելի տրամաբանական է, որ գրուած ըլլայ՝ «սանդուխք ահալի», այսինքն՝ վախազդու, տաժանելի, ահաւոր, քան թէ… «անալի». վերջին հաշուով՝ ո՞րն է եւ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել «ալիք չունեցող սանդուխք» անհեթեթութիւնը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x