հոսպիտալ…գոսպիտալ…եւ լեզուական այլ հիւանդութիւններ

January 26, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի
  1. Հիւանդանոց

Արեւմտահայերէնի կամ երբեմնի ընդհանուր հայերէնի այս մէկ  հատիկ  բառին դիմաց արդի արեւելահայը կը կիրարկէ… երեք տարբեր բառեր:

–Բոլորովին քիթին ծայրովը,− կը համարձակիմ ըսել՝ գրեթէ դժկամութեամբ,− կը գործածէ հիւանդանոց-ը, որ այլապէս բառարանային միաւոր է. «Հիւանդներին խնամող ու բուժող հիմնարկութիւն»: Մենք պիտի ըսէինք՝ հաստատութիւն: Բացատրութիւնը այնքան լակոնական ու հարեւանցի է, որ կարծես բառարանագիրը պիտի  գոհ ըլլար, եթէ նման բառ մը գոյութիւն չունենար հայերէնի մէջ եւ ինք ալ չստիպուէր յիշատակել զայն:

–Յաջորդը… հոսպիտալ-ն է, որ  ամէն արեւելահայու բերանն է՝ համով պատառի մը պէս. անոր գիտցածը, հարազատը, օտարամոլութիւնն ու մեծամտութիւնն ալ   գոհացնողը  ա՛յս է: Այսպէս է, որովհետեւ ամէն արեւելահայ ինքզինք քիչ մը աւելի կարեւորուած կը զգայ, երբ օտար բառ կը կիրարկէ: Ըստ կարգ մը բառարանագիրներու  հիւանդանոց-ին զինուորական տարբերակն է այս, սակայն նման  բացատրութիւնը բոլորովին ձեւական բնոյթ ունի. Հայաստանի բոլոր հիւանդանոցներն ալ  հոսպիտալ են՝ արանց եւ կանանց,  ծերոց եւ տղայոց համար հաւասարապէս:

–Վերջինը, սակայն ոչ նսեմագոյնը՝ կայ նաեւ գոսպիտալ-ը (գիտէի՞ք…), որ հոսպիտալ-ին ռուսական արտաբերումն է: Ռուս(երէն)ը չի կրնար արտասանել  «հ» հնչիւնը, եւ իր Եւրոպայէն փոխ առած հոսպիտալ-ը  կ’արտասանէ գոսպիտալ (հ>գ), ճիշդ ինչպէս հայ-ը կ’արտասանէ գայ, Յովհաննէս-ը՝ Գոգանէս: Այս ճամբով է որ Հայաստանէն Յովհաննէսներ կ’երթան Ռուսիա եւ Գոգանէս վերամկրտուած  կը վերադառնան:

Աչքերուդ անամօթաբար նայելով ալ կ’արտասանեն՝ գոսպիտալ:

Պահ մը կ’անհանգստանաս, կ’ենթադրես, թէ սխալեցաւ, եւ այդ սխալին պատճառով հիմա նուաստութեան սարսուռ մը զգաց. ասդին-անդին կը նայիս՝ չտեսնելու տալու  համար   անոր  այդ ճնշիչ զգացումը, բայց ահա…  քիչ ետք, բերանը   չփչփացնելով  կ’արտասանէ երկրորդ, երրորդ գոսպիտալ-ը …

  1. «Պատրիարքը Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն ըսաւ…»:

Այստեղ գտնուող երկու իր-երը աւելորդ են, մասնաւորաբար երկրորդը:

Մտածենք քիչ մը. կարելի՞ է երեւակայել այնպիսի ապուշ ընթերցող մը, որ կարծէ թէ՝

ա) հովուապետին  կատարած այցելութիւնը կրնայ իրեն չպատկանիլ, այլ ուրիշի:

բ)  այդ հովուապետը կրնայ ուրիշի մը խօսքը ուղղել լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ իր սեփական խօսքը:

Այս հարցադրումներն իսկ անհեթեթ են, սակայն ի՛նչ ընենք, որ այսպէս շարադրող կայ:  Իսկ ինչո՞ւ այսպէս կը շարադրէ, որովհետեւ… իր թարգմանած լուրը գրուած է անգլերէն կամ ֆրանսերէն, իսկ այս երկու լեզուները հարկադրաբար կը դնեն այդ երկու իր-երը, այլապէս կարելի չէ գրել այդ լեզուներով:

Եւ ինք՝ հայ թարգմանիչը, ոչխարային բնազդով բառացի կը վերարտադրէ զանոնք:

3.Դերբայական դարձուած

Արեւմտահայ գրեթէ  բոլոր սերունդները դպրոցէն  դուրս կու գան առանց  սերտած կամ հասկցած ըլլալու   «դերբայական դարձուած» ըսուածը, ինչ որ հետեւանք է ոչ այնքան դասագիրքերու թերի պատրաստութեան,  որքան  տուեալ նիւթի թերի  իմացութեան ու դասաւանդութեան: Եւ ինչ որ դպրոցը չ’ըներ, կեանքը եւ լեզուի առօրեայ կիրարկութիւնը իրենց կարգին կը դժուարանան ընելու:

Ճիշդ ի՞նչ է դերբայական դարձուածը:

Ան դերբայի մը  կամ անդէմ բայի մը շուրջ յառաջացած բառակապակցութիւն մըն է  պարզապէս, ուր խնդրոյ առարկայ են մասնաւորաբար  ած-ով վերջացած դերեբայները՝ հարբած, խմած, յոգնած եւ այլն, որոնք «յարակատար» կը կոչուին,  ինչպէս նաեւ  անորոշ դերբայի հոլովներէն մէկը, մասնաւորաբար գործիականը՝ հարբելով, խմելով, յոգնելով  եւ այլն:

Օրինակ՝

Թարմ միսի համէն հարբած  յովազ մը:

Այստեղ դերբայական դարձուածն է «թարմ միսի համէն հարբած» բառակապակցութիւնը, որ իբրեւ որոշիչ դրուած է  յովազ գոյականին վրայ, ճիշդ ածականի մը պէս եւ կը պատասխանէ ածականին յատուկ հարցումին.

*** ինչպիսի՞ յովազ,− թարմ միսի համէն հարբած

Թարմ միսի համէն հարբելով  սուրալ:

Դերբայական դարձուածն է «թարմ միսի համէն հարբելով» բառակապակցութիւնը, որ իբրեւ ձեւի պարագայ դրուած է սուրալ բային վրայ, ճիշդ մակբայի մը պէս եւ կը պատասխանէ մակբային յատուկ հարցումին.

***ինչպէ՞ս սուրալ,− թարմ միսի համէն հարբելով

*   *   *

Դերբայական դարձուածը դիմաւոր բայով օժտուած նախադասութեան մէջ կրնայ գրա-ւել երեք տարբեր դիրքեր՝ իբրեւ լրացում անոր գոյականական կամ բայական մէկ անդամին:

Թարմ միսի համէն հարբած՝ յովազը սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

–Յովազը, թարմ միսի համէն հարբած, սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

–Յովազը սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն՝ թարմ միսի համէն հարբած:

Նկատողութեան արժանին այստեղ դերբայական դարձուածի կէտադրութիւնն է, որ   բոլորովին կայուն ու պարտադիր է: Թոյլատրելի չէ, որ առաջին եւ վերջին օրինակներուն բութերը փոխարինուին ստորակէտով, ինչ որ շատ սովորական է արեւմտահայ գրողին գրիչին տակ: Մինչ միջանկեալ դիրքի մէջ ան  պարտադրաբար ստորակէտով տրոհուած է  առջեւէն ու ետեւէն:

Գալով դարձուածի անդամներու շարադասութեան՝ յարակատարի պարագային  ընդունելի է հետեւեալ շրջումը բոլոր դիրքերու վրայ՝ «Հարբած թարմ միսի համէն»:

Մինչ գործիական հոլովը կը ցուցաբերէ հետեւեալ բաշխումը.

ա) Նախադաս դիրքի վրայ

Թարմ միսի համէն հարբելով՝  յովազը սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

Հարբելով թարմ միսի համէն՝   յովազը սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

բ) Միջադաս դիրքի վրայ

–Յովազը, թարմ միսի համէն հարբելով, սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

–Յովազը, հարբելով թարմ միսի համէն, սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն:

-Յովազը սկսաւ սուրալ եղնիկին ետեւէն՝ հարբելով թարմ միսի համէն:

Ուրեմն այս վերջինը ունի միայն  մէ՛կ  շարադասութիւն, որ կայուն ու պարտադիր է, այն է՝  որ գործիական դերբայը անմիջապէս  յաջորդէ լրացեալ նախադասութեան՝ բութով մը տրոհուելով անկէ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x