Տարելից, տարեդարձ, (*)ամեակ

January 27, 2022
Credit: Getty Images

Նշելի թուականներ`

–Նոյեմբեր  9-ի առաջին տարելիցը

–Մեծ պարտութեան առաջին տարեդարձը

–Արցախի բռնագրաւման առաջին ամեակը

*   *   *

Մեր լրագրողներն ու գրողները կարծես ակնդէտ առիթի կը սպասէին, որպէսզի իրենց պատկանդարանէն հանէին այն խայտաբղէտ բառերը՝ ամեակ, տարելից, տարեդարձ՝ բնորոշե- լու համար  Արցախի բռնագրաւման յաջորդող տարուան աւարտը՝  9 նոյեմբեր 2021-ը:

Որոշ խայտաբղէտութիւն նշմարելի էր հայրենի մամուլին մէջ  եւս:

Մէկ առ մէկ քննենք ասոնք՝ տեսնելու,  թէ ո՛րը եւ ինչպէ՛ս կիրարկենք:

տարելից

          Այս բառը  յիշատակուած կը գտնենք Ջախջախեանի բառարաններուն մէջ (1837), ուր ան ունի բոլորովին չէզոք նշանակութիւն, այսինքն՝ կը բնորոշէ տարուան աւարտը՝ «լրումն, կատարումն ամի. թրք.՝ եըլըն սօն կիւնի»:       Այսինքն՝ համազօր է մօտաւորապէս մեր արդի  ամավերջ գոյականին:

Ուրեմն աւելի ուշ է, որ անոր նշանակութիւնը նեղացած է, կորսնցուցած է իր ընդհանրականութիւնը եւ յատկացուած է մի՛այն «մահ» նշող տարեվերջի, ինչպէս նաեւ անոր յատկացուած եկեղեցական յատուկ արարողութեան:

«Տէր Խաչատուրեան —  սուգի տարեդարձ»

«Կռանեան – մահուան տարեկան ամբողջացում»

«Սուգը» այնքան ալ յստակ բնորոշում չէ, ան անպայման մահ չ’ենթադրեր. աւելի  ճիշդ է Կրանեանի մեկնութիւնը, ուր շեշտուած է  մահ բառը:

«Այսօր Թորոսին ութերորդ տարելիցն է»,− այսինքն՝ մահուան յաջորդող ութերորդ տարուան աւարտը:

«Մարկոսին տարելիցը տեղի պիտի ունենայ»,– նախորդը յիշատակող հոգեհանգստեան  արարողութիւնն է այս, որուն կրնայ յաջորդել մատաղ մը կամ  հոգեճաշ մը[1]:

տարեդարձ

Յիշատակուած կը գտնենք Սօմալեանի հայերէն-անգլերէն բառարանին մէջ (1843), սակայն ոչ ներկայ նշանակութեամբ, այլ իբրեւ հոմանիշ anniversary-ի, թրքերէն՝ եըլտէօնիւմիւ (տարուան դարձը):

Արդ, մենք գիտենք, որ անգլերէն այս բառը եւ անոր ֆրանսերէն նմանաձայնը չէզոք կամ հանրական  նշանակութիւն ունին, ընդ որում՝  նաեւ յատկապէս փոքրիկներու  տարիքային այս կամ այն  հանգրուանի աւարտի նշումը՝ հանդերձ անխուսափելի  մոմազարդ կարկանդակով, երբեմն ալ… ճոխ  կերուխումով:

Արդի հայերէնի  մէջ,– տարելիցի օրինակով,–   նեղցած է անոր  ընդհանրականութիւնը,   եւ կը պահէ  մի՛այն վերջինը՝ տարիքային հանգրուանի նշումը՝ իր կարկանդակով,  նուէրներով ու բարեմաղթանքներով:

Ուրեմն ա՛յս եւս յանձնարարուած չէ նշելու  նոյեմբերի 9-ին պէս մռայլ թուական մը:

Ծանօթ.–  ա)  Առ ի գիտութիւն յիշենք  դարադարձ բառը (աւանդուած  է նաեւ դարեդարձ սխալ ձեւով՝ ի հետեւումն տարեդարձ-ին), որ ունի բառակազմական նոյն կառոյցը,  որ սակայն պահած է իր լրիւ  չէզոքութիւնը, եւ զայն կարելի է յատկացնել ամէն  բնոյթի նշանակելի հարիւրամեակի, ինչպէս ուրախալի, այնպէս ալ  տխրալի  կամ  չէզոք.  կարելի է հաւասարապէս ըսել՝ աղէտին դարադարձը եւ  յաղթանակին դարադարձը, կորուստին դարադարձը եւ ազատագրութեան  դարադարձը:  բ) Թերեւս այս առթիւ տեղին է յիշել դարադարձիկ ածականը եւս, որով, սակայն, կը բնորոշենք մի՛այն դրական, ուրախալի ու պանծալի հասկացութիւններ, նոյնիսկ եթէ մէկ կամ աւելի դարերու կեանք ունեցած չըլլայ տակաւին. օրինակ՝ «դարադարձիկ աշխատութիւն մըն է այս», այսինքն՝ աշխատութիւն, որ ամէն դար  հազիւ մէկ անգամ  գլուխ կը հանուի:

–ամեակ

Այս ձեւոյթը շատ իւրայատուկ է. ան կազմուած է  ամ “տարի”  արմատով եւ եակ ածանցով: Անկախ գործածութիւն չունի, այսինքն՝ կարելի չէ զայն անջատ գործածել խօսքի մէջ, ինչպէս կը գործածենք   հաց, ջուր, պանիր բառերը. բանիւ նովին ոչ մէկ բառարանի մէջ կը մտնէ ան:  Զայն  կցելով թիւի մը՝ կը ստանանք .

ա) այդ նոյն թիւով  տարիներ. օրինակ՝ «շինութիւնը  տասնամեակ մը տեւեց», – այսինքն՝ պարզապէս տասը տարի:

բ) այդ թիւին կարգը, դասը ունեցող տարին. օրինակ՝ «այսօր մեր հաստատութեան տասնամեակն է»,– այսինքն՝ տասներորդ տարին է, ուր տասնամեակ  կը նշանակէ տասներորդ տարի:

Քանի որ ամեակ-ը  ցոյց կու տայ արդէն զինք իր վրայ կրող  թիւին դասը  կամ կարգը, ուրեմն անհեթեթ է զայն   անջատ աւելցնել դասական թուականի մը վրայ. օրինակ՝ ըսել «տասներորդ ամեակ»,– ինչ որ դժբախտաբար շատ կը հանդիպի մասնաւորաբար սփիւռքի, նուազ յաճախականութեամբ ալ հայրենի մամուլին մէջ:

Եթէ ի մտի ունենանք, որ ամեակ-ը ոչ մէկ պարագայի կարելի է անջատ գրել («Ակօս» չի ճանչնար այս կանոնը − ԱԵ) ապա ինքնաբերաբար կը խուսափինք սխալ կիրարկելէ զայն:

Ամեակ-ով կազմուած բառով կարելի է բնորոշել անխտիր ամէն հասկացութիւն՝ ուրախ ու տխուր, հաճելի ու  անհաճոյ,  գնահաելի ու վանելի  անցք, դէպք, պատահար, եղելութիւն, իրադարձութիւն՝ Խանասորի արշաւանքը թէ Մեծ եղեռնը,  Թալաթի ահաբեկումը թէ Հիրոշիմայի ռմբահարումը եւ այլն:

Ուրեմն այս ձեւոյթով ալ  պատշաճ էր բնորոշել  չարաշուք  նոյեմբերի ինն:

Ծանօթ.– Անշուշտ պէտք չէ չարաշահել ասոր գործածութիւնը. եթէ շատ սիրած զաւակդ հինգ տարին լրացուց, յարմար չէ ըսել՝  «այսօր մեր տղուն հնգամեակն է»… ատոր համար կայ տարեդարձ-ը, կարելի է նաեւ ըսել՝ հինգ  տարեկան եղաւ:

*  *  *

Շատ շփոթեցուցած է ասոր  1-ի՝ մէկի հետ կիրարկութիւնը, եւ ենթադրելի է, թէ ա՛յս է որ ծնունդ տուած է վերը մատնանշուած փնտռտուքին եւ խայտաբղէտութեան:

Ուրեմն՝

1-ամեակ > միամեակ

2-ամեակ > երկամեակ

Ապա՝ եռամեակ, քառամեակ, հնգամեակ,  եօթնամեակ, ութամեակ… տասնամեակ:

Համապատասխան ածականները՝ միամեայ, քառամեայ… տասնամեայ եւ ալն:

Ծանօթ.– Վերը սերտուած երեքէն ոչ մէկը կը գտնենք  գրաբարի մէջ:

յոբելեան                             

Յոբելեան-ը բուն իմաստով «յիսնամեակ»  կը նշանակէր մի՛այն գրաբարի մէջ՝ ի հետեւումն եբրայերէնի, որմէ առնուած է այս բառը: Սակայն ժամանակին հետ այդ սահմանափակումը մոռացութեան մատնուած է, եւ յոբելեան  դարձած է   ժամանակային ցուցիչը որեւէ այլ համաժողովրդային, համազգային նշանակութիւն ունեցող յիշատակելի, մասնաւորաբար՝  ուրախալի արտասովոր անցքի, դէպքի հանդիսաւոր  ու ըստ ամենայնի շքեղ նշումը: Առ այս ալ շատ սակաւ գործածութիւն ունի, քանի որ նման առիթներ կամ թուականներ սակաւ կը հանդիպին ժողովուրդներու պատմութեան մէջ:

[1]  Արեւելահայերէնի մէջ բառս այս բեւեռացումը, իմաստաին այս նեղացումը չունի:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x