Հայերէնի հանդէպ անլրջութիւնը կը շարունակուի

January 3, 2024

1.Դաւադրութիւնը կը շարունակուի

Քաղաքական չէ ան, այլ… լեզուական:

Հայրենի «Առաջին լրատուական»-ի գլխաւոր լուրը հետեւեալն է այսօր.

–Ատրպեյջանը փորձում է կոնվերտացնել Սանկտ-Պետէրբուրգը Արեւմուտքում (31/12/23):

Խնդրոյ առարկան կոնվերտացնել այնքան հասարակ, ծանօթ, հայերէնի մէջ հազարամեակներու վաղեմութիւն ունեցող փոխարինել բայն է, որ ահա, անամօթ ստրկամտութեամբ մը հայրենի հանրածանօթ հաստատութիւն մը կը տարածէ, ստորաբար «կը ժողովրդականացնէ»:

Ազգային դաւաճանութիւնը իրենց քաղաքական գռեհիկ գզուըտոցէն աւելի ու առաջ պէտք է փնտռել իրենց վերաբերումին մէջ՝ լեզուի ճանդէպ: Քաղաքական այդ վէճերը օր մը կը հարթուին, իսկ լեզուի խաթարումը դժուար թէ ետդարձ ընէ, եւ անոր պատճառած աղէտը դժուար թէ  վերականգնի:

  1. Անիմաստ բառեր

− Բառին անիմաստը կ’ըլլա՞յ,− հարց պիտի տայ բարեմիտ ընթերցողը:

Խնդրեմ, հրամեր էք.

–Հրանդ Տինք հարթակի անդամները մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարեցին

լուրջ բազմութեան  մը մասնակցութեամբ («Հայրենիք»):

Կա՞յ մէկը, որ կարենայ բացատրել, թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել է «լուրջ բազմութիւն» եւ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ լուրջ բազմութիւնը:  Այլ խօսքով՝ բազմութիւն մը իր ո՞ր յատկութեան համար կրնայ լուրջ կամ հակառակը՝ անլուրջ կոչուիլ:

−Եկո՛ւր այս ոսպը մաքրէ,− կ’ըսէր գեղջուկ մեծ մայրս, երբ անիմաստ, անհեթեթ` խելքին չպառկող կացութեան մը կամ երեւոյթի մը յանդիման գտնուէր:  Իսկ հիմա անոր թոռն է,  որ ժառանագաբար կ’ըսէ նոյն բանը՝ ակնդէտ  սպասելով, որ գտնուի  «լուրջ բազմութիւն» բառակապակցութիւնը բացատրող մը:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

Այլ առակ լուարուք.

–Նախագահը կոչ ուղղեց կառչած մնալու ազգային միասնականութեան՝ սահմանադրական դատարկութեան վերջ տալու եւ եւ երկրին դիմաց ծառացող վտանգները դիմակայելու պատրաստուելու իմաստով («Ազդակ»):

Ինչպէս կը տեսնէք, սրտառուչ կոչ մըն է՝ ըստ ամենայնի ըմբռնելի եւ գնահատելի, միայն թէ… իմաստով բառը այստեղ ի՞նչ դերակատարութիւն  ունի. ինչի՞ կը ծառայէ ան, պայմա՞ն էր զայն այսպէս  ապուշ պոչի մը պէս աւելցնել նախադասութեան վերջը,  իսկ եթէ անպայման բառ մը պէտք էր աւելցնել՝ ամբողջացնելու համար զայն, արդեօք ճիշդ բա՞ռն է ընտրուածը, թէ՞ աւելի յարմար էր  փոխարէնը գրել պարզապւէս  համար՝ փոխանակ իմաստով-ի, որ ոչ մէկ… իմաստ ունի այստեղ:

Նոյն լրագրողը քանի մը տող անդին՝ նոյն երկաթեայ «տրամաբանութեամբ».

–Լիբանան հսկայ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ սուրիացի տեղահանուած-ներու թղթածրարին առումով:

Ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս առումով-էն:

Գայայեան երկու նիշ կու տայ առում-ին՝ «գրաւում» եւ «նշանակութիւն»:

Գրաւում-ին խօսքը չ’ըլլար  անշուշտ, բայց կրնա՞նք նշանակութիւն թարգմանել այս կիրարկութիւնը. ի՞նչ կրնար  ըսել է «թղթածրարին նշանակութեամբ»:

Պարզապէս ոչինչ. այստեղ պէտք եղողը բերումով, պատճառով, հետեւանքով  յետադրութիւններէն մէկն  է, որոնց երեքն ալ անհաճոյ, բացասական, վանելի կացութիւն մը կը բնորոշեն. Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրավէրը ունի  պատճառ մը, որ է յիշեալ թղթածրարը, ուրեմն՝ «թղթածրարին բերումով…»:

Սակայն գրողը այդպէս չի մտածեր. ան կատարած է առում բառին հարբեցուցիչ գիւտը, եւ հակամէտ է քիչ մը ամէն տեղ խցկելու զայն:

Եւ արդարեւ՝ հինգ տող անդին.

–Դեկտեմբերի 15-ը վճռական պիտի ըլլայ՝ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:

Տակաւին չէ յագեցած, չէ կշտացած. եւս հինգ տող անդին.

–Բանակի հրանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու  առումով պահուած թելեր չկան:

Հապա՞… առում-ները չէին բաւեր, վրան կ’աւելնայ «պահուած թելերը», որ Նապիհ Պըրրիի «գլխարկին տակ պահուած նապաստակ»-ին պէս   բան մը ըլլալու է, իսկական Գորդեան հանգոյց մը, որ կը կարօտի Աղեքսանդր Մեծի սուրին հոն, ուր բութ դանակ մըն ալ չունինք մեր ձեռքը, որպէսզի այսպէս գրողները «վարձատրենք»  նախ, ապա գորդեան հանգոյցը կտրենք անով:

  1. «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանն Աստուծոյ մօտ էր, եւ Բանն Աստուած էր»:

Այս նախադասութիւնը, որ ենթադրուած է ըլլալ Յովհաննու աւետարանի առաջին  գլուխի  առաջին համարը,   վերջերս քանի մը առիթով  իբրեւ մուտք դրուեցաւ յօդուածի մը, որ նուիրուած էր հայերէնի կացութեան Հայաստանի մէջ:

Աստուածաշունչի արեւմտահայ աշխարհաբարի առաջին թարգմանութեան մէջ, որ տեղի ունեցած է 1853-ին՝ ամերիկացի միսիոնար Էլիաս Ռիկզի հովանաւորութեամբ եւ օրուան լաւագոյն հայագէտներուն ձեռքով, յստակօրէն գրուած էր «Բանն Աստուծոյ քով էր». ուրեմն՝ քով եւ ոչ թէ մօտ:

Այդպէս ալ շարունակեց ան եւ կը մնայ նոյնը Աստուածաշնչական ընկերութեան բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ. վերջինը առցանց՝  2023-ի հրատարակութեան մէջ նմանապէս  «քով» է:

Ուկէ՞ եւ ինչպէ՞ս յառաջացաւ այս մօտ-ը ու փոխարինեց քով-ը:

Մեկնակէտը գրաբարն է, որ կ’ըսէ՝ «Բանն էր առ Աստուած»:

Ֆրանսական թարգմանութեանց մէջ կը գտնենք՝ auprès de Dieu:

Անգլիականին մէջ՝ whit  God:

Իտալականին մէջ՝ appo Dio:

Որոնց ոչ մէկը կարելի է մօտ  թարգմանել:

*   *   *

Ցաւալի է, այս մօտ յետադրութիւնը խլուրդի մը պէս կը կրծէ արդի հայերէնը` յայնկոյս եւ յայսկոյս Արարատի,  գլուխ կը ցցէ քիչ մը ամէն անկիւնէ  եւ նահանջելու ոչ մէկ տրամադրութիւն կը ցուցաբերէ. զայն կիրարկողները՝ նմանապէս:

[email protected]                                                                                                                         Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x