Սիւնակներ

Կարդացէք յօդուածաշարքեր՝ բովանդակային յստակ ուղղութիւններով: Մեր սիւնակագիրները պատրաստ են արձագանգելու հրապարակումներուն մասին ձեր հարցումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն:

Քիչ կը պատահի, որ ինքնակոչ “մասնագիտութիւն” մը, գիրի ու գրականութեան կալուածին մէջ, այնքան մեծ համաձայնութեամբ ու բարութեամբ դիմաւորուի ընթերցողներու կողմէ, որքան տոքթ. Խաժակ Այնթապլեանի “Ազգային Բժիշկը”՝ Ֆեյսպուքի արեւմտահայ տիրոյթին մէջ, սկսեալ 2019 թուականէն: Հեղինակը, արդէն մեր հանդէսին էջերէն, կը շարունակէ զննել ու քննել հայ հանրային կեանքը, ի ցոյց տալով ախտեր ու վէրքեր, երգիծանքով, որուն մէջ յաճախ ցաւը անկարելի կ՛ըլլայ պարտկել:

Արայիկ Մկրտումեանի (Հայաստան) սիւնակին նիւթերը կը շօշափեն հայկական ինքնութեան առնչուող շարք մը հարցեր, պատմական եւ այժմէական հայեցակէտեր: Անոնք միտում ունին բացատրելու, թէ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՛ս ձեւաւորուած է, ի՛նչ փոփոխութիւններ կրած է եւ ի՛նչ պատճառներով, թէ ինչպէ՞ս հայերը կ՛ընկալեն իրենք զիրենք եւ ուրիշները եւ թէ այդ ընկալումները ի՛նչ ազդեցութիւն ունին անձնական թէ հանրային կալուածներուն մէջ:

«Լուսատու»ն նոր սիւնակ մըն, որ յատկացուած է գիտական լուրերու եւ նորարարութիւներու: Այս սիւնակով, մասնաւորաբար մեր երիտասարդներուն հետ, կը սկսինք ուղեւորութիւն մը դէպի ընդհանրապէս արհեստագիտութեան (նաեւ զինուորական), արուեստական իմաստութեան (AI), համացանցի, բժշկագիտութեան եւ հանրային առողջապահութեան անընդհատ զարգացող տարբեր ոլորտները: Այս սիւնակին կրնան իրենց մասնակցութիւնը բոլոր փափաքողները՝ նորարարութիւններու մասին գրելով [email protected] հասցէին:

Սփիւռքահայ մամլոյ տարբեր միջոցներուն մէջ պարբերարաբար հրապարակուող ու նաեւ անձնական հաղորդակցութեան միջոցներով տարածուող՝ լեզուաբանական խնդիրներու նուիրուած տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի “Հայերէնը կը զուարճանայ” վերնագրեալ գրութիւններու շարքը մեր հանդէսին մէջ կը ստանայ մնայուն սիւնակի ձեւ: Հեղինակը կը վարէ Մայրենիի դասեր, թելադրելու համար անաղարտ պահպանութիւնը հայոց բանաւոր ու գրաւոր խօսքին, ճշգրիտ կիրառումը քերականութեան օրէնքներուն եւ պատշաճ ուշադրութիւն մը՝ ձեւաբանութեան ու շարահիւսութեան կանոններուն, կարեւոր բաժին մը նուիրելով բառագիտութեան, եւ այս բոլորը՝ ի պէտս զառածելոց, ինչպէս ինք կը սիրէ ըսել:

Ճերմակ Ագռաւը՝ գրող, ակնարկագիր Սաղաթէլ Պասիլ «Պտոյտ մը Հալէպի Փողոցներուն Մէջ» շարքով մտովի վերադարձած է նախապատերազմեան Հալէպ, ու կարծես ընթերցողին ձեռքէն բռնած՝ զայն կը պտտցնէ յիշողութեան մէջ իր ծննդվայրին, հաւանաբար զայն վերապրելու համար փողոց առ փողոց, գոյն առ գոյն եւ մարդ առ մարդ:

«Յարացոյց»ը ծնունդով Հալէպէն, այժմ Պէյրութ բնակող, երիտասարդ գրող Քրիստ Խրոյեանի սիւնակն է Տարբերակ21-ին մէջ: Խրոյեան օրագրային բնոյթի իր ակնարկներու մէջ ընթերցողին կը ներկայանայ գրողական դիտակէտի դիրքէն, ուրկէ կը հետեւի իր շրջապատին, կը փորձէ հասկնալ մարդը՝ իրադարձութիւններու հոսքին եւ իրավիճակներու պայմանականութեանց մէջ, յաճախ երթեւեկելով անցեալի եւ ներկայի, խաղաղ մանկութեան օրրան ու ապա աղէտի գօտի՝ Հալէպի յիշողութիւններուն ու ներկայիս պէյրութեան բարդ ու հակասական առօրեային միջեւ:

Հայրենի երիտասարդ գիտնական Հրանդ Խաչատրեան կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտական, կրթական եւ գործարար ոլորտներու նորութիւնները՝ շաբաթական կտրուածքով: Հրապարակումներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, որ հեղինակը կը լուսաբանէ կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք յաճախ պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանանար զանգուածային լրատուական միջոցներուն կողմէ:

«Պատմութեան արխիւներուն մէջ» սիւնակով կը ներկայացուին իրադարձութիւններ, դէպքեր եւ դէմքեր, որոնք հայ մարդուն մասամբ ծանօթ են: Սիւնակագիրը՝ Արա Զարգարեան մասնաւորաբար կը պրպտէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մամուլին, արխիւային փաստաթուղթերուն եւ տարբեր գիրքերու մէջ գտնուող քիչ ծանօթ տեղեկութիւնները եւ այս սիւնակով զանոնք կը փոխանցէ մեր ընթերցողներուն՝ հիմնականօրէն պատմութեան, մշակոյթի եւ արուեստի մասին:

«Սինեմա եւ Թատրոն» սիւնակով, տարբերակ21 կը ներկայացնէ լուրեր, մեկնաբանութիւններ ու քննական-քննադատական ակնարկներ սիմեմայի եւ թատրոնի մասին: Լիբանանահայ թատրոնը ունիյ իր յատուկ տեղը այս սիւնակներու շարքին: Թատերական որեւէ նախաձեռնութեան առնչութեամբ, կարելի է կապուիլ [email protected] հասցէին:

Տարբերակ21-ի սիւնակագիր Լուսաշող` «Սօսիներուն շշուկները» խորագրեալ ակնարկներու այս շարքով կը ներկայացնէ իր ծննդավայրը՝ «Այնճար-Հայրենիքը»։ Հեղինակը մեզ կը տանի իր մանկութեան յուշերու ճամբաներով, կը պատմէ Հայ սփիւռքի իւրայատուկ այս համայնքին մարդոց կեանքին մասին, կը նկարագրէ Մուսա Լեռէն վերապրած աւանդութիւններ եւ կը փոխանցէ մուսալեռցիներուն մասին ազգագրական տուեալներ՝ «ոգեղէն հայրենիք»ի բնակողի անձնական փորձառութիւններով։

Այս սիւնակին մէջ կը հրապարակենք մեր հանդէսին կողմէ Յունուար-Մարտ 2022-ին կազմակերպուած «Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» խոհագրական մրցոյթին ներկայացուած 13 յօդուածները: Մրցոյթին յաղթողները որոշուեցան դատակազմի անդամներուն՝ պատմաբաններ տոքթ. Վահէ Թաշճեանին, տոքթ. Էլքը Հարթմանին եւ տոքթ. Նանոր Գպրանեանին կողմէ: