Կրնա՞նք եզրակացնել, թէ հայերէնը  կը դժուարանայ հետզհետէ

October 28, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի
  1.   ***Մի՛ ըսէք՝ 

Որոշում ընդունիլ կամ առնել:

Այլ ըսէք՝ 

Որոշում կայացնել   կամ  որոշում տալ

***Մի՛ գրէք՝

Փոխ կառավարիչ՝ անջատ, «Հասկ»-ի պէս:

Այլ գրեցէ՛ք՝

Փոխկառավարիչ՝ միացած, հայու պէս:

***Մի՛ արտասանէք ու գրէք՝

Ի՞նչպիսի , ո՞րքանով՝    «Մարմարա»-ի եւ Պարոյր Աղպաշեանի պէս:

Այլ արտասանեցէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝

Ինչպիսի՞, որքանո՞վ՝ հայու պէս:

2.Ուշադի՛ր կարդանք հետեւեալները.

–Թուրքերու 64 տոկոսը համոզուած են, որ Էրտողանը կարող չէ…

–Գլխաւոր հարցերը իր անդամակցած  ՆԱԹՕ-ի  հետն է:

–Մեծ մասը կը ղեկավարուէին փորձառու անձերու կողմէ:

–Ուսանողներուն մեծ մասը ընդգրկուեցան ազգային գործունէութեան մէջ:

–Պայքարը սուր է, կը սպասուի արդիւնքները:

–Աւելի աշխուժացան ու հրապարկային դարձան մեր գործունէութիւնը

–15 մայիսին կատարուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները:

–Նախատեսւում է  Հայաստան-Չինաստան կանոնաւոր չուերեթներ:

Եթէ իշխանութիւնը ժամանակին լրջօրէն զբաղուէին այս գործընթացներով…:

Ասոնք բոլորը կը յատկանշուին ենթակայ-բայ թուային անհամաձայնութեամբ. այսինքն՝ ոմանց ենթական եզակի է, բայը՝ յոգնակի, ուրիշներու բայը եզակի է, ենթական՝ յոգնակի: Մինչ հայերէնը,−եւ քիչ մը ամէն լեզու,− կը պահանջէ, որ ենթական եւ բայը ունենան նոյն թիւը, այսինքն՝ համաձայնին իրենց թիւով: Քերականական անհրաժեշտութենէ մը աւելի՝ սա բանական անհրաժեշտութիւն է, այլեւ բնական, այնքան բնական, որքան ծառաւին համար ջուրի պահանջն է, անօթիին համար՝ հացի պահանջը,− բայց ահա եկուր-տես, որ այդ տարրական պահանջն  է, որ հիմա սկսած է չքանալ արդի հայուն մէջ՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս, իրարու հետ մրցակցութեան ելած են ուղղակի՝ իրենց բոլոր խաւերով ու շերտերով եւ միշտ գերազանցելով զիրար: 

Հարց է, թէ ե՛րբ լեզուական այսքան պարզ կարգ մը չի յարգուիր, հապա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ աւելի խրթին երեւոյթներ մատնանշել եւ… սրբագրութիւն ակնկալել: Միւս կողմէ չմատնանշես զանոնք, հապա ինչպէ՞ս հաշտուիս աչքերուդ առջեւ ամէն օր քիչ մը աւելի աղաւաղուող, լլկուող, բռնաբարուող մայրենիիդ:

3.Ապօրինի, ապօրէն 

Հայերէնը  ունի բառեր, որոնց նշանակութիւնը  բոլորովին բեւեռացած չէ,  եւ միջին հայուն համար  անոնք կը տարուբերին ածականի ու մակբայի միջեւ. բերուած երկու օրինակները այդպիսին են: Եւ բնաւ զարմանալի չէ, որ մեր բառարանները իրենց կարգին միօրինակ վերաբերում ցոյց չեն տուած այս երկուքին համդէպ, այլ իրենց  կարգին կը տարուբերին ածականի ու մակբայի միջեւ:

Կարդանք, օրինակի համար, հետեւեալը.

«Ապօրինի գաղթող երիտասարդներու նաւ մը ծովամոյն եղած է»:  

Յստակ է, անշուշտ, որ գաղթելու գործողութիւնն է, որ կոչուած է ապօրինի, եւ ոչ թէ… երիտասարդնրը, այլ հարց թէ ապօրինի գաղթողը իր կարգին կը դառնայ… ապօրինի կամ ապօրէն

Անցնինք:

Եւ հարց տանք, արդեօք իրապէս կարելի՞ է հաւասարութեան նշան դնել  ապօրէն եւ ապօրինի բառերուն միջեւ: Իմ բոլորովին անձնական տպաւորութիւնս այն է, որ շատ աւելի մակբայական հնչեղութիւն ունի ապօրէն-ը, մինչ ապօրինի-ին մէջ շեշտուած է ածականական նշանակութիւնը,  մանաւանդ որ  ի ածանցը, որ աւելցած է ապօրինի (ապօրէն+ի) բառին ետեւը, շատ աւելի ածականակերտ է.  օրինակ՝ ամայի, աւելի, երկսայրի, կատաղի, ձրի, յարգի, ներքինի   եւ այլն,  որոնց դիմաց  մէկ հատ իսկ ի-ով վերջացող մակբայ չեմ գտներ:

Միւս կողմէ ունինք  օրէն-ով  վերջացող մակբայներու անհաշուելի քանակութիւն մը:

Հետեւաբար կ’ենթադրեմ, թէ աւելի բարեհունչ է հետեւեալը.

«Ապօրէն  գաղթող երիտասարդներու նաւ մը ծովամոյն եղած է»:  

Աւելի ճիշդը՝

«Ապօրէն գաղթող երիտասարդներու մէկ նաւը ծովամոյն եղած է»:

Որովհետեւ՝  յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւնը (երիտասարդներու նաւ) կը թելադրէ, որ յատկացեալը օժտուի ը ստացական յօդով. իմ տունս-քու տունդ-իր տունը… այս ը   յօդէն է, որ  չենք կրնար հրաժարիլ: Ուրեմն պարտաւոր ենք գրելու նաւը:  Իսկ ինչ կը վերաբերի  տուեալ նաւու անորոշ բնոյթին, որ գրողը ուզած է մը անորոշ յօդով ներկայացնել, ապա այդ անորոշութիւնը  կը նշենք մէկ թուականով, որ տեղին համեմատ նաեւ անոորոշ  դերանուն է. օրինակ՝ «Ճամբան կը քալէի, երբ մէկը մօտեցաւ եւ…». այս մէկը անորոշ դերրանուն է այլեւս:                                                               *   *   * 

Կրնա՞նք եզրակացնել, թէ հայերէնը  կը դժուարանայ հետզհետէ:

Հայերէնը կը մնայ նոյնը, զայն գրողներն են, որ պէտք եղած պատրաստութիւնը չունին, յատկապէս մեր լրագրողները, որոնց ոչ մէկը կը լրացնէ  տուեալ պաշտօնի պահանջները, որոնց առաջինն է լեզուի պարկեշտ տիրապետումը: Կրնա՞ք թուել մէկ արեւմտահայ լրագրող, որ հայագիտութիւն ըրած է,– անշուշտ ամէն կրպակ հայագիտութիւն չի կրնար ուսուցել,–  վկայուած ըլլալով  նաեւ համալսարանի լրագրական բաժանմունքէ:

Ասոնք իբրեւ նախատինք չեն ըսուիր, այլ  կը մատնեն մեր ցաւը, մեր մորմոքը, մեր յուսահատութիւնը. անհեռանկարային մտահորիզոնը: Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Ամենամտահոգիչը այն է, որ բարելաւումի ոչ մէկ յոյս կրնանք փայփայել:

  1. Արմէնպրես եւ… հայերէնը

«Ողջունում եմ հայ ժողովրդի ուժն ու տոկունութիւնը և իրենց ապագան կերտելու յանձնառութիւնը. Լին Թրեյսին շնորհաւորել է ՀՀ Անկախութեան տօնը» («Արմենպրես»): Ամերիկացի դեսպանը իր այս ողջոյնը անգլերէն շարադրեց անշուշտ եւ անգլերէնի մէջ ժողովուրդ (people) յոգնակի է, այդ պատճառով ալ յոգնակի կիրարկած է նաեւ իրենց դերանունը (their): Լուրը հաղորդող Արմենպրեսը պարտաւոր էր ըսելու իր՝ եզակի, քանի ժողովուրդ բառը հայերէնի մէջ եզակի է՝ «իր ապագան»: 

Սակայն այսքան բան կրնա՞նք ակնկալել «Արմէնպրես»-էն:

—Վիեննայի բանակցութիւնների մի քանի փուլերի արդիւնքներով կողմերին Է ներկայացուել համաձայնութիւնների վերջնական տեքստը (Արմենպրես):

Վերը անգլերէնն էր, այստեղ ալ ռուսերէնն է. հայը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նահանջէ Հայաստանէն եւ… հայերէնէն: Այլապէս պիտի գրէր՝ շնորհիւ, եւ օրինակ ալ դառնար իր արեւմտահայ եղբայրներուն, որոնք նուազ օտարամոլ չեն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x