Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:
Մէկուն գործիքը վախն է։ Միւսինը՝ հաճոյքը։ Մէկուն մէջ վտանգաւոր գաղափարը պէտք է ճնշել։ Միւսին մէջ կարելի է այնպիսի մարդ ստեղծել, որ այլեւս այդ գաղափարով չհետաքրքրուի։ Հնազանդէ՛, այլապէս պիտի պատժուիս։
Ալկորիթմը, իր ամենապարզ իմաստով, կանոններու կամ քայլերու շարք մըն է, որ որոշ պայմաններու տակ որոշ արդիւնքի կը յանգի։ Այս իմաստով՝ մարդկային ընկերութիւնը միշտ ալ ունեցած է իր ալկորիթմային տրամաբանութիւնը։
Հայաստանը, որ այսօր միաժամանակ երկու կողմ կը քաշեն, յայտնուած է սխալ խաղի մէջ։ Հայաստանը ոչ թէ պէտք է ձգտի աւելի լաւ խաղալու այդ երկու ինքնակործան խաղերէն մէկը, այլ պէտք է ստեղծէ իր խաղը, ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ խաղը, եթէ կ'ուզէք
Անիկա լեզուական օրինաչափութիւնները կը «սորվի» հսկայական քանակութեամբ ուսուցման նիւթերէ՝ գիրքեր, կայքեր, յօդուածներ, փաստաթուղթեր, թարգմանութիւններ եւ, համապատասխան համակարգերու պարագային, ձայնային նիւթեր։
Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning - PBLL) մեթոտաբանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել սփիւռքահայ ուսանողներու լեզուի իւրացման գործընթացին։
Քիւրքճեանի գրութիւնը կոչ մըն էր Սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը ոչ թէ նահանջելով դէպի մեկուսացում եւ անցելապաշտութիւն, այլ բացուելով «այլ»-ին, նոր պայմաններուն եւ համամարդկային արժէքներուն։
Կարդալ չգիտցող պատանին փորձանք է այնքանով, որ ան տարրական առումով անգրագէտ է։ Եթէ այդպէս կարելի էր եոլա երթալ 100 տարի առաջ, ապա հիմա անկարելի է. այս արհեստագիտական դարուն, երբ ԱԻ-ն մարդէն կը խլէ անոր մարդկային դիմագծին վերջին մնացորդները:
Սանճեան վերահաստատեց առաջին հարցազրոյցին մէջ արտայայտած իր համոզումը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին արմատական բարեփոխումներու կարիք ունի։
Հարցազրոյցին առիթը 9–11 Ապրիլ 2027-ին նախատեսուած գիտաժողովն է, որ պիտի կրէ «Churches, States and Politics» խորագիրը։ Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ...
Մենք կլիմայական ծայրայեղութիւններուն մասին տակաւին կը մտածենք իբրեւ «արտակարգ» դէպքեր՝ արտակարգ տաք, արտակարգ երաշտ, արտակարգ հեղեղ, արտակարգ հրդեհ։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ արտակարգը հետզհետէ սովորական դառնայ։
Խորխէ Լուիս Պորխեսը շատ փոքր եւ իմաստալից պատմուածք մը ունի «գիտութեան ճշգրտութեան մասին»: Ան կը ներկայացնէ կայսրութիւն մը, ուր մարդիկ այնքան տարուած են իտէալական քարտէս մը ստեղծելու մոլուցքով, որ ի վերջոյ քարտէսներու չափը անբնականօրէն կը մեծնայ:
Մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ արհեստագիտական իւրաքանչիւր մեծ յեղափոխութիւն փոխած է նաեւ կրթութիւնը։ Գիրին գիւտը, տպագրութիւնը, ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը, համակարգիչը եւ համացանցը՝ ամէն մէկը նոր ձեւով վերաձեւակերպած է գիտելիքը, դպրոցը եւ ուսուցիչին դերը։
Վաղ յուշերէս մին կապուած է մանկապարտէզի մէջ մեր երգած երգերէն մէկուն։ Այո, երգ. այն ալ՝ զուարճալի։ Նախասիրած ուսուցիչներէս օրիորդ Արաքսին ամէն առաւօտ մեզ կը դիմաւորէր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, իր պատրաստած գունաւոր դերձանէ գունդերով։
ԱԻ-ն ալկորիթմներու փունջ մըն է՝ տեղաւորուած համակարգչային մեծ միջավայրի մը մէջ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ յղացած։ Անիկա յղացուած է մարդոց կողմէ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ շինած. անիկա կառուցուած է գիտնականներու կողմէ։
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ անօթի է։ Մարդը կը սպանէ եւ յետոյ հազար էջնոց աշխատութիւն կը գրէ, թէ ինչու այդ մէկը պատմական անհրաժեշտութիւն էր:
Ազատ ընտրութիւնները ինքն ըստ ինքեան կայուն պետութիւն մը չեն ստեղծեր։ Քուէատուփը կրնայ ընտրել ղեկավարներ, բայց չի կրնար ինքնաբերաբար դատարաններ, համալսարաններ, վարչական մշակոյթ կամ հանրային վստահութիւն ստեղծել։
Այստեղ մարդիկ տուներ կը կառուցեն՝ կարծես վաղը պիտի հեռանան։ Գործեր կը սկսին՝ առանց վստահ ըլլալու, թէ ամիսներ ետք տակաւին պիտի գոյատեւեն։ Երիտասարդները համալսարան կ’աւարտեն, բայց ապագան արդէն կը պատկերացնեն ուրիշ երկրի մը մէջ։ Նոյնիսկ յոյսը դարձած է ժամանակաւոր զգացում մը։
Հասարակութիւն մը, որ չէր անցած արդիւնաբերական յեղափոխութեան ամբողջական փորձառութենէն, շուկայական յարաբերութիւններու սահմանափակ փորձ ունէր եւ կը կրէր ծանր գաղափարական ժառանգութիւն, կարճ ժամանակի մէջ ներգրաւուեցաւ համաշխարհային սպառողական մշակոյթին մէջ։
Կան ֆիլմեր, որոնք իրենց ստեղծման ժամանակէն ու վայրերէն շատ աւելի հեռու կը հասնին։ Անոնք կը դադրին միայն պատմութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուին հայելիի մը, ուր տարբեր ժողովուրդներ կը տեսնեն իրենց սեփական փորձառութիւնը։ Այս տպաւորութիւնը կրկին անգամ ունեցանք, երբ տարիներ ետք վերստին դիտեցինք Fiddler on the Roof ֆիլմը։
Տեղեկագիրը ամբողջ գլուխ մը նուիրուած է նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի (MENA) երկիրներուն։ Առաջին հայեացքով արդիւնքները զարմանալի են։ Այս շրջանը աշխարհի այն վայրերէն մէկն է, ուր ընկերային ցանցերու օգտագործումը բարձրագոյնն է։
Մշակութային արդիւնաբերութիւնը հասարակութեան կառավարման եւ դրամատիրական կարգի վերարտադրութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով զանգուածներուն կը պարտադրեն կեղծ արժէքներ:
Մարդը կրնայ ամբողջովին անտրամաբանական որոշում տալ, բայց այդ որոշումը տակաւին խորապէս մարդկային կը մնայ։ Սէրը տրամաբանական չէ։ Սուգը արդիւնաւէտ չէ։ Կարօտը օգտակար չէ։ Արուեստը միշտ գործնական նպատակ չունի։ Բայց այս բոլորն են, որ մարդը մարդ կը դարձնեն։
Ատորնոն եւ Հորքհայմըրը կը պնդեն, թէ զուարճանքը երկակի գործառոյթ ունի։ Մէկ կողմէ, ան կը շեղէ մարդիկը իրենց տնտեսական եւ ընկերային դաժան իրականութիւններէն, իսկ միւս կողմէ կը վերահաստատէ այն գաղափարախօսական կառոյցները, որոնք այդ պայմանները կը պահպանեն։















