Մի՛ գրէք՝ յետագայ, որ հայերէն չէ, այլ գրեցէ՛ք հետագայ

February 3, 2022
The Armenian alphabet according to Dutch engraver Jan Luyken, 1690

1.Ուղղագրական

Մի՛ գրէք՝    20 ամեակ կամ   քսան ամեակ,  այլ գրեցէ՛ք  20-ամեակ կամ քսանամեակ:

Մի՛ գրէք՝   44 oրեայ կամ 44օրեայ, այլ գրեցէ՛ք 44-օրեայ:

Մի՛ գրէք՝   յետ այսու, որ hայերէն չէ, այլ գրեցէ՛ք այսուհետեւ, այնուհետեւ:

Մի՛ գրէք՝   յետագայ,  որ հայերէն չէ,  այլ գրեցէ՛ք հետագայ:

Մի՛ գրէք՝   այլոք, այլօք, որոնք հայերէն չեն, այլ գրեցէ՛ք  այլ-այլով,  այլք-այլովք:

*   *   *

Արեւելահայ լեզուա-ուղղագրական բարքեր:

—«Ես ու այլոք զբաղուած էինք պատերազմում» («Առաջին լրատուական», 22-11-21):

—«Ես և այլոք մեր երեխային դպրոց ենք ուղարկում լաւ մասնագէտ դառնալու համար»:          —«Պահլաւագիտութիւնը ուշադրութեան է արժանացել մի շարք  հայագէտների  կողմից, ինչպիսիք էին Ղ.  Ալիշանը, Հր. Աճառեանը, Հ. Թիրեաքեանը, Ռ. Աբրահամեանը և այլոք» (Ռուբէն Նիկողոսեան,  իրանագիտութեան մագիստրոս, «Պահլաւական ուսումնասիրութիւններ», էջ X ):

Ծանօթ.−  1. Գայթակղեցուցիչը եւ ողբերգականը ա՛յն է, որ այս երեք գործածութեանց մէջ ալ  այլոք նկատուած է ուղղական հոլով՝  այլք-ի փոխարէն: 2.  Սխալ է երկրորդ կառոյցի շարադրութիւնը եւս. այսպէս կը գրեն արեւմտահայ  հոսհոսները,   մինչդեռ  արեւելահայ ինտելիգենտէն կ’ակնկալուէր, որ ըսէր՝ «որովհետեւ… մեր երեխային դպրոց ենք ուղարկում՝  լաւ մասնագէտ դարձնելու համար»,− այսպէսով մասնագէտ դարձողը երեխա՛ն է, իսկ այնպէս,  ինչպէս  տուած է  «Առաջին լրատուական»-ը, մասնագէտ դարձողը մե՛նք ենք՝ ես ու… այլոք  կոչեցեալը:  3.  Թո՛ղ զաղաւաղեալ  կէտադրութիւն սորին, ուր բացակայի   բութ  ի վերայ «ուղարկեմ» բային:

2.Առեւանգել

Մեր նախորդ առաքումին մէջ կը գտնուէր հետեւեալ  հարցումը.

***Ո՞րն է  աւելի ճիշդը.

ա)Ազերիները առեւանգած են սիւնեցի մը ՝ իր հինգ հարիւր ոչխարներով:

բ) Ազերիները առեւանգած են սիւնեցի մը եւ անոր հինգ հարիւր ոչխարները:

Եւ ճիշդ նկատած էինք առաջինը: Ինչո՞ւ:

*   *   *

Սկսինք լուսաբանելով առեւանգել բային նշանակութիւնը:

Այս բառը վաղ գրաբարի օրերէն  նշանակած է  փախցնել աղջիկ մը կամ կին մը՝ հակառակ իրենց  կամ հակառակ իրենց  հարազատներու կամքին:  Աւելի ուշ աշխարհաբարը ընդլայնած է այս նշանակութիւնը՝ եղածին վրայ աւելցնելով  տղամարդը իր կամքէն անկախ փախցնելու նշանակութիւնը եւս. այս վերջինը տեղի կ’ունենայ ընդհանրապէս  ահաբեկչական ծիրէ ներս, իսկ երբեմն ալ ենթակայի հարազատներէն փրկագին կորզելու նպատակով:

Ուրեմն առեւանգել-ը այս ծիրէն դուրս չէ ելած, այլ խօսքով՝ որեւէ այլ առարկայի՝ անասուն, իր եւ այլն յափշտակումը կամ գողութիւնը առեւանգել բայով չի թարգմանուիր:

Այս տուեալներով՝ բերուած հարցարանին երկրորդ կէտը թերի  կամ սխալ է, քանի եթէ կարելի է առեւանգել հովիւը, ապա կարելի չէ առեւանգել  անոր ոչխարները. Չմոռնանք՝ հովիւը եւ ոչխարները համադասուած են «եւ» շաղկապով, ուրեմն առեւանգելու գործողութիւնը հաւասարապէս կը տարածուի թէ՛ հովիւին, թէ՛ անոր ոչխարներուն վրայ:

Ուրիշ է պարագան առաջինին:

Քերականօրէն՝ այստեղ առեւանգելու գործողութիւնը կ’ընդգրկէ մի՛այն  հովիւը, որ միակ ուղիղ խնդիրն է այս նախադասութեան: Այդ գործողութիւնը քերականօրէն չ’ընդգրկեր  ոչխարները,– որքան ալ խորքին մէջ անոնք նոյն արարքին զոհերը ըլլան,– որ ուղիղ խնդիր չէ, այլ կը կոչուի միասնութեան անուղղակի խնդիր:

Աւելի ըմբռնելի դարձնելու համար կացութիւնը, բերենք սապիսի օրինակ մը. «Ազերիները առեւանգեցին հովիւը՝ իր գլխարկով ու մահակով»: Գլխարկն ու մահակը ցոյց կու տան այն իրերը, որ հովիւը ունէր իր տրամադրութեան տակ, այնպէս  է պարագան ոչխարներուն եւս: Ճիշդ ինչպէս որ առեւանգելու գործոթութիւնը չենք տարածեր գլխարկին ու մահակին վրայ, այնպէս ալ ան տարածելի չէ ոչխարներուն վրայ:

Ոչխարները, գլխարկն ու մահակը՝ երեքն ալ միասնութեան անուղղակի խնդիրներ են,  եւ այս հանգամանքի բերումով ալ՝ լեզուն  կը թոյլատրէ առեւանգել բայի կիրարկումը:

Թող ընթերցողներս ներող ըլլան, եթէ քիչ մը  վերացական  հարցով մը կը ծանրաբեռնեմ իրենց ուղեղները. շատ ալ կարեւոր չէ, վասնզի բ. պատասխանը տուողները այնքան ալ մեծ թերացում մը չեն արձանագրած:

  1. Մեր բարերարները

Ողջ մնայ մեր մամուլը,  որուն քաղաքական էջերու քաջարի հայագէտները   լայն առիթ կու տան  ընթերցողներուս,  որ  աւելի բան մը սորվինք… պայմանաւ որ յանձն առնենք սրբագրել   իրենց  թող տուած  սխալները՝ էապէս կրթիչ հրահանգներ նկատելով զանոնք:

***Ուշադիր կարդանք հետեւեալ խորագիրը.

«Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է այն մարդուն անունը, որուն  Մոսկուան կ’ուզէ Ուքրանիոյ մէջ իշխանութեան բերել»:

—Այս բարդ ստորադասական նախադասութեան գլխաւորին մէջ մարդուն բառը կը կատարէ  յարաբերեալի դերը, ուրեմն ան պէտք է դրուի յարաբերական  դերանունի ճի՛շդ առջեւը՝ «անունը այն մարդուն, որուն…»:

—Միւս կողմէ՝  որուն յարաբերական դերանունը ենթադրուած է,– հայագէտին  մտքին մէջ,– կատարել ուղիղ խնդիրի պաշտօնը,  իսկ այս պաշտօնը կը պահանաջէ հայցական հոլով, մինչդեռ որուն սեռական-տրական է: Ուրեմն պէտք եղողը (զ)որ հայցական դերանունն է:

Այս բոլորէն ետք այդ խորագիրը պէտք է ունենար հետեւեալ ձեւաւորումը. «Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է  անունը  այն մարդուն, որ  Մոսկուան կ’ուզէ Ուքրանիոյ մէջ իշխանութեան բերել»:

***«Մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուին բաւական լաւ զարգանալ»:

Շարունակել բայը ուրիշ անորոշ դերբայի մը,– որ է  “զարգանալ”,– ներկայութեամբ կարելի չէ կրաւորական կիրարկել. ան պէտք է ներգործական կիրարկուի  սա՛պէս.

«Մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն բաւական լաւ զարգանալ»:

Այս թերի կառոյցին ակնարկած ենք գոնէ  20  անգամ, քսանին ալ թիրախ ունենալով  նոյն հայագէտները, արդիւնքը ա՛յս է: Ո՞ւր փնտռենք լուծումը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x