Սիրելի՛ հայ մամուլ՝ յարգենք տառադարձութեան օրէնքները

October 18, 2023

1.Դա ՛րձեալ … Ապտոլլահեան

Արդի հայը երեք տարբեր ձեւերով կը տառադարձէ այս պարսկական մականունը.

–Ապտոլլահիան

–Ապտըլ Լահիան

–Ապտոլլահեան

*   *   *

Ասոնց առաջինը յատուկ է հայաստանեան,− եւ պոլսահայ,−  մամուլին, որուն աղբիւրը Երեւանի  օդակայանի մաքսատան մէջ հաստատուած տառադարձիչ մեքենան է, որ օտարին ian-ը  կամ   ը-یان կը կարդայ -իան, ուրեմն՝ Ապտոլլահիան: Նոյն «տրամաբանութեամբ»  եւ նոյն մականունը պարսիկի պարագային կը կարդայ Մեհրաբիան, հայու պարագային եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ՝ Մեհրաբյան:  Իսկ  այս մականունը հասարակաց է պարսիկին եւ հայուն. պէտք կա՞յ ըսելու, որ ան ծագումով պարսկական է եւ ինչ-որ իսլամական սրբարանի մը անունն է: Չի գտնուիր մէկ հատիկ արեւելահայ մամուլ, որ մտածէ, թէ սա նոյն անունն է, ունի նոյն արտասանութիւնը պարսկերէնի ու հայերէնի մէջ, հետեւաբար պարտէինք նոյն ձեւով գրել երկուքն ալ: Ոչ, չի մտածեր:  Որովհետեւ… արեւելահայուն աքիլլէսեան կրունկն է մտածելու ունակութիւնը: Միակ բանը, ուր համայնավարութիւնը լիարժէք յաջողեցաւ իր չարաշուք տիրապետութեան 70 տարիներուն,  խորհրդային քաղաքացին մտածելէ զրկելն էր՝ ստեղծելու համար homo sovieticus-ը, մարդկային այն զազրելի տեսակը, ուր  ուղեղները կը դադրին ինքնուրոյն գործելէ եւ կ’ենթարկուին  ինչ-որ Kremlin  կոչուած քստմնելի  դղեակի մը մէջ բազմած տասնեակ մը գերուղեղներու հրահանգներուն: Եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ժառանգական էր  այդ յատկութիւնը, որ կը գոյատեւէ  տակաւին ու պիտի տեւէ… չենք գիտեր որքան:

Երկրորդը եւ ամէնէն այլանդակը յատուկ է… «Արարատ»-ին:

Չես գիտեր ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը մտածեն այս թերթի պատասխանատուները՝ արտագրելու համար  Ապտըլ Լահիան բաղադրեալ մականունը՝ Ապտոլլահ-եանի փոխարէն: Քանի այս անունը պարսկերէնի մէջ կը գրու عبداللهیان حسین امیر եւ կը ստուգաբանուի հետւեալ կերպ՝ عبدالله որ կը նշանակէ «ծառայ Աստուծոյ», եւ  որուն կցուած է یان ածանցը, որ պատկանելութիւն ցոյց կու տայ: Հայերս օրին այս նոյն ածանցն է, որ փոխ առած ենք պարսիկներէն եւ նոյն նշանակութեամբ՝

–Մամիկոնեան՝ Մամիկոն նախարարին պատկանող, անոր տիրոյթին յատուկ

–Հայկազնեան՝ հայ ազգին պատկանող, հայկական տիրոյթին յատուկ

Մինչ Ապտըլ Լահիան ոչինչ կը նշանակէ, քանի պարսկերէնը ո՛չ *Ապտըլ ունի, ո՛չ ալ *Լահիան ունի:

«Արարատ» ձեւն ու միջոցը գտած է մէկ անունի մէջ երկրորդ սխալ մըն ալ սպրդեցնելու, այն է Հըսէյն-ը՝  Հըսէյն Ամիր Ապտըլ ԼահիանՄինչ արար աշխարհ զայն  կ’արձանագրէ Hossein եւ կ’արտասանէ  Հոսեյն: Այսպէս կ’արտասանէ պարսիկն ալ:

          Այլապէս ալ տառադարձական լուրջ տագնապէ կը տառապի մեր այս շատ սիրելի թերթը. այս օրերս շարունակ կը գրէ Ասքալան, որ ենթադրուած է ըլլալ  անունը հրէական շատ ծանօթ Աշքելոն քաղաքին, որ կը գտնուի  Գազա-ի կից: Ամբողջ աշխարհը  Ashkelon կը տառադարձէ զայն, իսկ հայերս՝ աւելի քան 1600 տարիէ կը տառադարձենք Ասկաղոն[1], արդի տառադարձութեամբ՝ Աշքելոն[2]: «Արարատ» մեկնակէտ ունի արաբերէն عسقلان  ձեւը, որ միակն է այդ քաղաքը այսպէս կոչող, իսկ հայերէնը որեւէ ատեն արաբական արտասանութեան վրայ չէ հիմնած իր տառադարձութիւնները, այլ ընդհանրապէս կը հիմնուի փոխատու լեզուի կամ եւրոպական լեզուներու արտասանութեան վրայ:  Այս տրամաբանութեամբ ալ օրին արդէն կատարած ենք մեր ընտրութիւնը, որ, ինչպէս ըսի, Աշքելոն է, որ բոլորովին հաւատարիմ է եբրայական հանրօրէն փոխառուած արտասանութեան:

Հոս չեն վերջանար «Արարատ»-ի խայտաբղէտ զառածումները:

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը պիտի ըսէր. «Ան տակաւին  շատ նապաստակներ պահած է գլխարկին մէջ»: Մեզի կը մնայ ընդառաջել՝ աղեղն ուսընդկախ, նետ ի ձեռին:

*   *   *

–Որպէս հակադարձութիւն երէկուան կատարուած ռմբակոծումին:

Որպէս հակադարյութիւն երէկ կատարուած ռմբակոծումին:

–Ցոյցերուն նպատակն է շարժելու Արեւմուտքի հանրային կարծիքը:

Ցոյցերուն նպատակն է շարժել Արեւմուտքի հանրային կարծիքը:

–Ռմբակոծեցին Ասքալան եւ այլ քաղաքներու շուրջ:

Ռմբակոծեցին Աշքելոնը եւ այլ քաղաքներու շրջակայքը:

–Պատանդներու թիւը «Համաս»-ի մօտ կը գնահատուի մօտ 120 հոգի:

«Համաս»-ի  պատանդներու(ն) թիւը կը գնահատուի մօտ 200 հոգի:

–Նախ իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց Իսրայէլի…

Նախ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Իսրայէլի…

–Կոչ ուղղել սրբատեղիներու պաշտպանութեան ի սպաս

Կոչ ուղղել սրբատեղիներու պաշտպանութեան ի նպաստ:

–Խնդրելով, որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու:

Խնդրելով, որ չմոռնան իրեն համար աղօթել:

–Կ’օգնեն տեղահանուած անձերու առաջնային կարիքները հոգալու հարցով:

Կ’օգնեն տեղահանուած անձերու կարիքները հոգալու:

–Կողմերը պայմանաւորուած են ներդնել բոլոր ջանքերը…

Կողմերը պայմանաւորուած են ներդրելու բոլոր ջանքերը…

–Մարտահրաւէր կը նետեն հասարակական կանոններուն…

(Մարտա)հրաւէրը չենք նետեր,− կ’ուղղե՛նք, կը կարդա՛նք: Կը նետենք ձեռնո՛ցը:

[1] Հետեւողութեամբ յունարէնի՝ Ασχαλων:

[2]  Հետեւողութեամբ եբրայերէնի՝ ašqelōn եւ եւրոպական լեզուներու՝ ashkelon:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x