Երբ եկաւ  ազգային գրական լեզու մը ունենալու ժամանակը…

February 15, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

1.Վերաբերիլ

          Արեւմտահայերէնի այս մէկ բայաձեւին դիմաց արեւելահայերէնը ունի երկուքը՝ վերաբերել եւ վերաբերուել (վերաբերվել):

Ան  ունի երկու հիմնական նշանակութիւն՝

ա. պատկանիլ, առնչուիլ,  կապ ունենալ, ուղղուիլ, ժողովրդախօսակցական ոճով՝ խառնուիլ.

–Անոնց   ակնարկութիւնը քեզի կը վերաբերի:

–Այդ գրութիւնդ կը վերաբերի հովուերգական սեռին:

բ. վարուիլ, վերաբերում ցոյց տալ.

–Պէտք է զգուշ վերաբերիս (վերաբերուես)  մեծաւորիդ հանդէպ:

–Նայած թէ տիրուհին  ինչպէս կը վերաբերի (կը վերաբերուի) աղախինին  հետ:

Ինչպէս կը տեսնենք, իմաստային որոշ տարբերութենէ բացի՝ առաջին կիրարկութեամբ՝ ան կը գոհանայ տրական հոլով խնդիրով մը՝ քեզի, սեռին, երկրորդի պարագային ան կը պահանջէ յետադրութեամբ լրացում մը՝ մեծաւորիդ հանդէպ, աղախինին հետ:

  1. Ե…ես, երազ

          Մեսրոպ իր ե տառը ստեղծած է իբրեւ համարժէքը յունական ε-ին, որ կը կոչուի էպսիլոն եւ կ’արտասանուի, լա՛ւ հասկնանք՝ կ’ըսեմ կ’արտասանուի «է»: Սա նոյնն է ինչ որ եւրոպական լեզուներու մէջ կը գտնէք իբրեւ E é,  որ իր կարգին կ’արտասանուի «է»:

Այս արտասանութիւնը ընդհանուր էր  անոր բոլոր դիրքերուն մէջ. այսինքն՝ թէ՛ բառին սկիզբը՝ երազ> էրազ, թէ՛ բառին մէջ՝  մեր> մէր, թէ՛ բառին վերջը՝ թե> թէ[1] :

Բայց ահա ժամանակին հետ տեղի ունեցած են այլազան հնչիւնափոխութիւններ, որոնց տեսանելի հետեւանքներէն մէկն ալ եղած է բառասկիզբի ե-ին (այսինքն՝ «է»-ին) յէ արտասանութիւնը (այնպէս ինչպէս յէ-ն կ’արտասանենք հայելի, հայեցի, նայեցայ բառերուն մէջ), ֆրանսերէն եւ անգլերէն ye (ayez, yes):

Մինչ բառերուն մէջ զայն կը շարունակենք արտասանել «է», օրինակ՝  մեր-մէր, ձեր-ձէր, քեզ-քէզ: Իսկ բառավերջին  ե տառ չէ մնացած. իմաստուն լեզուաբաններ զայն փոխարինած են է-ով թե-թէ, եթե-եթէ…:

Ուրեմն ճիշդ ի՞նչ պատահած է, ինչպէ՞ս յառաջացած է ե («է»)-ի վերածումը  յե (ye) ար- տասանութեան:

*   *   *

Մեր լեզուի մէկ ոչ-բոլորովին ծանօթ  փուլին հայ ռամիկին բերնին մէջ  պատմական ե պարզ հնչիւնը սկսած է երկբարբառանալ եւ արտասանուիլ իե («իէ»). այլ խօսքով եւ օրինակի համար՝ մեր, ձեր, մեզ, ձեզ արտասանուած են միէր, ձիէր, միէզ, ձիէզ   եւ այլն, ինչ որ հնչիւնաբանական շատ յատկանշական հոլովոյթ է, քանի որ պատմական երկբարբառներու քանդումն ու միաբարբառացումը շատ աւելի ուշաագրաւ,  տեսանելի ու տրամաբանական երեւոյթ եղած է, իսկ միւս կողմէ եւ զուգահեռաբար տեղի ունեցած է միաբարբառի երկբարբառացում  եւս:  Այսուհանդերձ, հայերէնին յատուկ չէ միայն այս հոլովոյթը, քոյր լեզուներու եւս պատահած  է,  եւ մենք օրինակներ տեսանք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ քոյր բառի առթիւ, որ տուած է քուոյր (ո>ուո), լատիներէնի bonus> buenos-ին նմանակութեամբ:

Բառասկիզբի դիրքին վրայ ունեցած ենք՝ երբ> իերբ,  եկայ> իեկայ, երազ> իերազ եւ այլն:

Մենք գիտենք, որ  ի ձայնաւորը ուրիշ ձայնաւորի հանդիպելով կը վերածուի յ-ի, օրինակ՝ ի+ինէն> յինէն, ի+օրինակ> յօրինակ, ի+ոտս> յոտս, որոնք կը հնչուէին  yինէն, yօրինակ, yոտս,  որոնց օրինակով եւ հետեւողութեամբ   երբ, եկայ, երազ  եւս  արտասանուեցան yէրբ, yէկայ, yէրազ:

*   *   *

Եկաւ  ազգային գրական լեզու մը ունենալու ժամանակը, եւ մեր լուսաւորիչները իրենց աչքերը յառեցին պոլսահայերէնին վրայ, քանի պոլսահայերէնը ամէնէն աւելի ծանօթ ու կիրարկուած լեզուն էր, մանաւանդ ան լեզուն էր Պոլիս մայրաքաղաքին, որ միաժամանակ մայրաքաղաքն էր Օսմանեան կայսրութեան  բոլոր փոքրամասնութիւններուն:

Իսկ այդ լեզուն…ըսենք մօտաւորպէս 18-րդ դարուն:

Մեր բարբառներուն  զանազան ազդեցութիւններէն բացի ան  իր մէջ կը կրէր, ըստ Աճառեանի, 4.000  թրքերէն բառ: Կարելի է մտածել, թէ լեզու մը, որ այդքան օտար բառ ունի, այլեւս կը դադրի  ազգային լեզու ըլլալէ. այդպէս ալ էր կամ մօտաւորապէս: Քանի որ թուրքերը դիւրաւ կը հասկնային իրենց շուրջ խօսուած «հայերէնը»:

Ահա այս խառնարանն էր, որ աննախընթաց նուիրումով  ու նախանձախնդրութեամբ մաքրագործեցին այդ լուսաւորիչները՝ 19-րդ դարու կէսերուն հասցնելով զայն գրական բաւական  մաքուր լեզուի մը մակարդակին, որով կարելի էր այլեւս  աշխարհաբար թերթ հրատարակել, ինչպէս ալ  պատահեցաւ 1852-ին  Կարպետ Իւթիւճեանի «Մասիս»-ով:

Այս բոլորին պատմութիւնը աւելի մանրամասն կը գտնէք Աճառեանի,   Հրանդ  Ասատուրի եւ Հայ  գրականութեան այլազան ձեռնարկներու մէջ:

Վերադառնալով մեր քննարկումի առարկային, ըսենք հետեւեալը:

–Բառամէջի երբեմնի ե հնչիւնը, որ դարձած էր ,   գրաբարի հետեւողութեամբ՝  վերադարձաւ իր բնիկ արտասանութեան, որ էր  «է»:

–Նոյնը կարելի չեղաւ ընել  բառասկիզբի ե-ին համար, որ գրական արեւմտահայերէնի մէջ շարունակեց պահել իր բարբառային արտասանութիւնը, որով այսօր կ’արտասանենք yէթէ, yէրբ, yէրազ, yէրկինք, yէրկիր  եւ այլն, քանի որ այդ դիրքի վրայ իր սեփական արտասանութիւնը պարտադրեց  մեսրոպեան եօթներորդ՝ է տառը՝  էի, էակ, էջ, էշ, էրան եւ այլն, որ բոլոր դիրքերու վրայ անփոփոխ կը պահէ իր այս արտասանութիւնը:

3.–«Վերջին շրջանում առաւել յաճախակի են դարձել դաժանաբար սպանութիւնները» (Արմէնպրես):

–«Դրանք պարբերաբար բնույթ են կրում» (նոյն տեղը, նոյն օրը):

Արամ Անանեանի՝ «Արմենպրես»-ի նախորդ տնօրէնին մեկնումը որոշ յոյսեր ներշնչեց, թէ այս կայքին հայերէնը թերեւս բարելաւուի: Պատահեցաւ ճի՛շդ հակառակը. հիմա անհամեմամատօրէն աւելի խեղանդամ  կը կիրարկուի հայերէնը անոր էջերուն, այո՜,  եւ սփիւռքահայը պարտաւոր է պայքարիլ  այս ճակատի վրայ եւս, քանի ամէն խեղաթիւրում հաւանականութիւն ունի միւս օրը հիւրընկալուելու սփիւռքահայ մամուլի սիւնակներուն եւս:

Բերուած զոյգ օրինակները պերճախօս են. դաժանաբար մակբայը հանգիստ դրուած է սպանութիւն գոյականին վրայ, իսկ  պարբերաբար մակբայը՝ բնոյթ  գոյականին վրայ: Միմնչդեռ պէտք է ունենայինք՝ դաժան սպանութիւն եւ պարբերական բնոյթ:

Եւ այսպիսի ինչ ու ինչ այլանդակութիւններ՝ ամէնօրեայ կշռոյթով:

[1] ա)Մեր հնագոյն ձեագիրին մէջ, որ ընդօրինակուած է 887-ին եւ կը կոչուի «Լազարեան աւետարան», գրուած է թե, եթե, երգե, սիրե եւ այլն: Ուրեմն՝ Աբեղեանը պարզապէս վերականգնեց մեր աւանդական գրելաձեւը: բ) Իմ մայրս եւ մեծ մայրս, որոնք գրաճանաչ չէին եւ ունէին իրենց սեփական բարբառը, կատարելապէս կ’արտասանէին՝ էկայ, էրազ, էղաւ, էկու (եկո՛ւր).  յե արտասանութիւնը անծանօթ էր իրենց: Մենք՝ զաւակ եւ թոռ,    հետերնին նոյն արտասանութիւնը կը կիրարկէինք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x