Գործօն-ը գոյական է եւ չի կրնար որակել ուրիշ գոյական մը

October 6, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

«Հասկ»-ի հետքերով (թիւ7-8, 2021)

1.Միջ… փոխ… նոր…

Ուրեմն սկսինք այս երեք նախածանցներով:

Ի հնուց անտի «Հասկ»-ը ասոնք կը գրէ գծիկով՝ միջեկեղեցական, փոխյարաբերութիւն,  իսկ  էջ 410-ի  մէջ… փոխ կառավարիչ՝ բոլորովին անջատ:

Քանիցս կէսբերան, այլեւ խոնարհաբար նկատել տրուած է, թէ հայերէնի շուրջ 150 ածանցներէն  բացարձակապէս ՈՉ ՄԷԿԸ  եւ առանց որեւէ բացառութեան  գծիկով կը  միանայ բառերուն. գծիկով չեն միանար յատկապէս միջփոխ նախածանցները:  Կարելի է   բանալ որեւէ դասագիրք, բայց նաեւ որեւէ բառարան՝ հաստտատելու համար մեր բանաձեւումի ճշմարտացիութիւնը: Սակայն մեր սուրբ հայրերը կը մերժեն թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը եւ կը շարունակեն ամուր կառչիլ իրենց «գիտցած»-ին:

Գալով Նոր-Պլատոնականութիւն եզրին (էջ 364)՝ ապա քառիցս սխալ յղացուած է ան.

–Նախ աւելորդ է գծիկը:

–Որեւէ  դպրոցի,  կրօնքի, շարժումի, վարդապետութեան  եւ նման  անուններ՝ քրիստոնէութիւն, պուտտատայականութիւն, համայնավարութիւն, գոյութենապաշտութիւն…  վիպապաշտութիւն   եւ այլն  չեն գլխագրուիր. ուրեմն սխալ է Նոր ….

Անշուշտ քիչ մը դժուար պիտի ըմբռնուի  այս բանը հոն, ուր ձրի գլխագրելու ունակութիւն մը կայ , եւ կը գլխագրուին աբեղայ ու սարկաւագ բառերն ալ…

–Բացարձակապէս սխալ է մանաւանդ բարդութեան մը երկրորդ բաղադրիչի գլխագրումը՝ ի՛նչ հասկացութիւն ալ ներկայացնէ  ան. օրինակ՝ չենք գրեր ԱրեւմտաՀայաստան, այլ կը գրենք Արեւմտահայաստան:

–Հազարաւոր տարիներէ ի վեր մեր մէջ նուիրկանացած է պղատոն(ականութիւն) տառադարձութիւնը՝ ղ-ով:

Ուրեմն՝ նորպղատոնականութիւն է բառիս հայաթոյր ու հայեցի ուղղագրութիւնը:

*    *   *

Միւս կողմէ՝ կարծես դիտումնաւոր ըլլար,  «Հասկ» կը գրէ՝ 50 ամեակ,  75 ամեակ, 100  ամեակ՝ անջատ, առանց գծիկի: «Հասկ»-ի խմբագիրները լուսնի մէ՞ջ կ’ապրին՝ չգիտնալու համար, թէ կը գրենք 50-ամեակ՝ գծիկով, 50-օրեայ՝ գծիկով, 50-ժամեայ՝ գծիկով:

  1. Զոր…

Իմ ընթերցողներս լաւ կը ճանչնան  դիրքորոշումս  զոր եւ զորս յարաբերական դերանուններուն հանդէպ. նախ ասոնք աշխարհաբար չեն, աշխարհաբարը ունի պարզ ու մեկին որ, ինչպէս է պարագան շատ  մը օտար լեզուներու ալ՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, թրքերէն, արաբերէն եւ այլն, որոնց բոլորը կը գոհանան նոյն մէկ դերանունով՝ հայցական հոլով ուղիղ խնդիրը արտայայտելու համար: Միւս կողմէ՝  սխալ կը կիրարկուի ան, սխալ կը կիրակուի ճիշդ անոր համար, որ աշխարհաբար մտածողութեան խորթ է եւ այդ պատճառով ալ կարելի չ’ըլլար իշխել անոր  վրայ:  Ստորեւ  խօսուն օրինակ մը.

Պատկերացուցէք՝ կրաւորական բային ենթական հայցական հոլով ըլլա՜յ… ա՞յս ալ պիտի գար մեր անտէր  գլխուն,  լեզուական ասկէ աւելի մեծ գայթակղութիւն կարելի՞ է երեւակայել պաշտօնաթերթէ մը,  որ պարտէր գրաբար սորվեցնել ուրիշներուն:

3.Մօտ

Այս զզուելի  արեւելաբանութիւնը    անէծքի մը պէս փակաւ մեր  օձիքին եւ թող չի տար զայն. ամէն տեղ է, ամէն բերնի մէջ՝ ի դերեւ հանելով զայն վանելու  մեր բոլոր ճիգերը, նոյնիսկ հոն, ուրկէ քիչ մը տարբեր որակ կ’ակնկալուէր,  իսկ փոխարէնը հոն կը գտնենք զայն աւելի շեշտուած եւ ուռճացած.  ահա  օրինակ մը՝

–Սխալը ժողովուրդի՞ն մօտ է, թէ՝ քարոզիչին: Վստահաբար հովիւին մօտ է:

Կրնա՞յ հայերէնը ասկէ աւելի ապիկար ու ապաշնորհ  գրուիլ ու հնչուիլ:

Կարելի չէ՞ր   հայու պէս մտածել ու հայու պէս ալ գրել՝

–Ժողովո՞ւրդը կը սխալի, թէ՞ քարոզիչը: Վստահաբար հովիւը կը սխալի:

4.Բառամթերք

Ամբողջ հատորի երկայնքին կը գտնենք բառեր ու բառակապակցութիւններ, ոճեր,  որոնք ոչինչ կ’ըսեն  եւ մանաւանդ  շատ հեռու են հայեցի հնչելէ:

հաւասար համակեցութեան սկզբունքը

Ճիշդ ի՞նչ պէտքէ հասկնալ «հաւասար համակեցութիւն» ըսելով:

Հաւասար ածականը համակեցութիւն հասկացութիւնը բնորոշելու ոչ մէկ յատկութիւն ունի: Սակայն ուրիշ բան պիտի ըլլար ըսել. «Հաւասարներու համակեցութիւն», որ կը նշանակէ, թէ համակեցութիւնը իրացնող անդամները իրարահաւասար են, նոյն իրաւունքները կը վայելեն եւ կը կրեն  նոյն պարտաւորութիւնները:

–համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ (էջ 384)

Անհամ կրկնաբանութենէ  անդին կ’անցնի այս բառակապակցութիւնը, վասնզի աշխարհը ինք չէ, որ համաշխարհայնացած է, այլ համաշխարհայնացած է մարդկութիւնը:

գործօն մասնակցութիւն (էջ 402)

Մասնակցութիւնը գործօն չ’ըլլար, այլ կ’ըլլայ գործուն, որ կը նշանակէ գործող:

Գործօն-ը գոյական է եւ չի կրնար որակել ուրիշ գոյական մը:

դրական հետեւանք (էջ 385)

Ո՞ւր տեսնուեր է, որ հետեւանքը դրական ըլլայ. հետեւանք-ը  կը բնորոշէ բացասականութիւն, աղէտ, չարիք, մահ ու աւեր, սով ու սրածութիւն եւ նմանները:

յաճախակի կերպով խօսք առնելով…(էջ 378)

Կերպով-ը աւելորդ է, անմիտ աւելորդաբանութիւն հոն, ուր յաճախակի-ն լայնօրէն ինքնաբաւ է եւ ամէն բան շատ յստակ կ’ըսէ:

— դոկտ. Քէհեաեան (էջ 373)

Եան ածանցէն առաջ   ա  ձայնաւոր չի կրնար գալ, իսկ է կիրարկելու ոչ մէկ պարագայ ու հարկադրանք կը ներկայանայ. ուրեմն՝ Քեհեայեան: Հեղինակը ինք ինչպէս կը գրէ իր անունը՝ կարեւոր չէ, որքան ալ «դոկտոր» ըլլայ. հրատարակիչը պիտի հայացնէ՛ զայն:

–Էջ 378-ի  վրայ կը գտնենք Ռայի, իսկ երեք էջ անդին՝  Րաաի:

Եղա՞ւ այս, կ’ըլլա՞յ, ըլլալիք բա՞ն է :

Եթէ մենք ներենք նման անհետեւողականութիւն մը, Մեսրոպ ինչպէ՞ս  ներէ ասանկ թափթփածութիւնը: Մա՛նաւանդ երկրորդը՝ որ… Ր-ով կը սկսի.  ուտուելիք ապո՞ւր է այս :

–Առաջին հերթին, վաւերացուեցաւ… ապա,  ժողովը կատարեց…

Ստորակէտի այս աւելորդ ու անպէտ կիրարկութիւնները ո՞ւր արձանագրուած են եւ ո՞ր «հայագէտ»-ը  սորվեցուցած է այս այլանդակութիւնները:

–«Հասկ»-ը չի զանազաներ հանգրուան ու փուլ եզրերը, աւելի ճիշդը՝ անծանօթ է փուլ եզրին, որուն փոխարէն միանուագ կը կիրարկէ հանգրուան-ը. օրինակ՝

-դէպի ներկայ հանգրուանը

-դէպի առաջիկայ հանգրուանը

-ճակատագրական հանգրուան…

Եւ վերջապէս  ամէն քայլի կը գտնենք ահաւոր մսխում մը, գոգցես չարաշահում մը ներս, գծով, փոխանցել բառերու ծանծաղ, ճապաղ, ձանձրացուցիչ, այլեւ բթացուցիչ կիրարկութեան:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x