Հնչիւնաբանական զրոյցներ

November 25, 2021
Մեր նախնիները չէին կրնար արտասանել «ֆ» հնչիւնը եւ փոխարէնը կ’ըսէին «փ»:

Հնչիւնաբանական զրոյցներ

1.Պատահած է, որ ինծի հարց տան, թէ ինչո՛ւ մեր նախնիները չէին կրնար արտասանել «ֆ» հնչիւնը եւ փոխարէնը կ’ըսէին «փ», օրինակ՝ ֆիլ-ի փոխարէն փիղ: Իսկ իմ պատասխանս կ’ըլլայ՝ «չեմ գիտեր», ու մինչեւ վերջ ալ, իմա՝ այսօր, չեմ գիտցած, թէ ինչո՛ւ:

Թող որ գիտցողի ալ չեմ հանդիպած:

Եւ զարմանալին այն է, որ ահա օր մըն ալ յաջողած ենք արտասանել այդ հնչիւնը եւ առ այդ մեր այբուբենն ալ օժտած ենք համապատասխան տառով, որ կը յիշեցնէ յունական  նոյնահունչ տառը՝φ:

Պէտք է ենթադրել, թէ մեր կամքէն ու գիտակցութենէն, այլ խօսքով՝ մեզմէ բոլորովին անկախ երեւոյթ  մըն էր տեղի ունեցածը:

Մենք ասոր նման ուրիշ պարագաներ եւս ունեցած ենք վաղ անցեալին, նախագրային հայերէնի մէջ, որոնց չենք անդրադառնար, որովհետեւ… շատ հին են:

Այսպէս, օրինակ, հազարամեակներ առաջ, երբ նոր բաժնուած էինք հնդեւրոպական մայր ընտանիքէն եւ… լեզուէն,  եկաւ պահ մը, ուր սկսանք դժուարութիւն ունենալ  արտասանելու նոյն այդ հնդեւրոպերէնի, որ է նաեւ մեր  երբեմնի հարազատ լեզուի «g»  հնչիւնը, եւ սկսանք փոխարէնը արտաբերել «ծ». օրինակ՝ յոյնին, որ է հնդեւրոպացիին,  արտասանած  aig(os)  բառը, մենք սկսանք արտասանել այծ,  անոր ger  արմատը մերոնց բերնին մէջ դարձաւ ծեր, մինչ յոյնը շարունակեց ազատօրէն արտասանել geron (γέρον),  յոյնին պէս շատ ուրիշ լեզուներ եւս:

Կայ տակաւին աւելի գայթակղեցուցիչը.  մայր լեզուի «v» հնչիւնը սկսաւ դառնալ  «գ». օրինակ՝ vin(um) եղաւ գինի, vest(is) դարձաւ (զ)գեստ[1],  vol դարձաւ գող  եւ այլն:

Շատ մը պարագաներու ձայնաւորէն ետք հայը չէ կրցած արտասանել հնդեւրոպական t հնչիւնը, եւ զայն դարձուցած է ւ . օրինակ՝ et  տուած է եւ, mater եւ pater տուած են մաւր եւ հաւր եւ այլն:

  1. Մենք բացառութիւն չենք, աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կը դիմագրաւեն հնչիւնաբանական նման հարցեր:

B-ն (յունարէնը՝ β, հայերէնը՝ բ) երկար դարեր մաս կազմած է յունարէնին, եւ էր անոր այբուբենին երկրորդ տառը՝ փիւնիկերէնի հետեւողութեամբ:

Օր մըն ալ աշխարհի այս ամենաօժտուած լեզուն սկսաւ դժուարութիւն ունենալ արասանելու այս տարրական հնչիւնը, որ հետզհետէ սկսաւ արտասանուիլ v, ուրեմն իր այբուբենը արտասանող յոյնը փոխանակ ըսելու՝ alpha,  bêta…սկսաւ ըսել եւ կ’ըսէ մինչեւ այսօր alpha, vita…անշուշտ նոյնը պահելով հանդերձ երբեմնի β տառը: Ուրեմն տառն է, որ անուն փոխեց:

Ճիշդ ե՞րբ տեղի ունեցաւ այս փոփոխութիւնը…

Ղպտերէնի այբուբենը նոյն ինքն յունականն է, որուն վրայ աւելցուած են քանի մը այլ տառեր՝ եգիպտական մեհենագրերէն առնուած: Այս այբուբենը երրորդ դարէն սկսեալ (Քա.) կը կիրարկուէր  եւ արդէն անոր երկրորդ տառը ստուգապէս կ’արտասանուէր vita՝ bêta-ի փոխարէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ օրերուն b > v հնչիւնափոխութիւնը արդէն տեղի ունեցած էր: Այլ խօսքով՝ ահա աւելի քան երկու հազար տարի  է յոյնը b  արտասանելու յատկութիւնը կորսնցուցած է, այն b-ն, որ նոր լեզու ելլող հայ ծծկեր մանուկները ազատօրէն կ’արտասանեն  baba ձեւով, մինչ յոյնը իր Barbara  անունը կ’արտասանէ Varvara:

Խօսքը…խօսք կը բերէ:

Մեր Մեսրոպը հինգերորդ դարու սկիզբը իր այբուբենին երկրորդ տառը կոչեց բ(են)՝ արտասանելով զայն b(en), եթէ այսպէս է, եւ է՛, ապա ինչպէ՞ս ան խուսափեցաւ զայն  v(en) կոչելէ, այլ  կոչեց  b(en) ճիշդ այնպէս, ինչպէս յոյները կ’արտասանէին իրենց երկրորդ տառը իրմէ…սանկ-նանկ  7-8  հարիւր տարի առաջ: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրնար ան ունենալ նման տեղեկութիւն մը իր հայրենի Հացիկ գիւղին մէջ, ուր  սորված էր իր յունարէնը: Ո՞վ սորվեցուցած էր իրեն այդքանը: Այս ալ…  ուրիշ առեղծուած մըն է:

Անցնինք ու վերադառնանք յոյներու հնչիւնաբանական արկածախնդրութիւններուն:

  1. Յոյները հետզհետէ կորսնցուցին g(amma)՝ մեր «գ» հնչիւնը, արտասանելու յատկութիւնն ալ եւ զայն վերածեցին ղ(ամմա)-ի. այպէսով երբեմնի Grégorios անունը դարձաւ Ղրէղորիոս, որ մեր Գրիգոր(իս)-ն է:

Կը փորձեմ չծանծաղիլ, սակայն չեմ կրնար չյիշատակել պարագան Η η տառին,  որ յունարէնի երկար «Ե՜՜՜»  հնչիւնն է. Մեսրոպ  երբեմհ   «է» տառադարձած է զայն: Կայ ասոր կարճը,  որ  Е ε է   եւ կը համապատասխանէ պարզապէս մեր Ե ե-ին:

Ահա այս երկար «Ե՜՜՜»-ն սկսաւ արտասանուիլ   «ի»:

Փակեմ հետեւեալ բաղդատական փոքրիկ տախտակով. եթէ  Էսքիլէսի ու Սոփոկլէսի օրերուն յոյն փոքրիկները իրենց այբուբենի առաջին երեք տառերը կ’արտասանէին  alpha, bêta, gamma… արդի յոյն փոքրիկը կ’արտասանէ ալֆա, վիթա, ղամմա…:

Թող զմնացեալսն:

*   *   *.

Մեր արաբ հայրենակիցները չեն կրնար արտասանել «   հնչիւնը, որ կը պակսի իրենց լեզուին եւ անշուշտ այբուբենին եւս: Ասոր իբրեւ թէ մօտիկ  ունին و  տառը, որ խորքին մէջ համազօր է անգլերէնի   «w»-ին:  Առաջինը կ’արտասանուի հերձատամներու վարի շուրթին շփուելով  (շրթնատամնային  ձայնեղ շփական), մինչ երկրորդը շուրթերը ոլորելով եւ լեզուն բոլորովին ազատ կացուցելով:

Օրինակ՝ մեր Վարդան-ը կ’արտասանեն Ուարդան   կամ Wartan:

Բայց ահա համլսարանի դասընկերներս բոլորն ալ ազատօրէն կ’արտասանէին ֆրանսերէնի «v»-ն. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ այս բանը: Ինչո՞ւ տեղ մը  կը ձախողին, անդին կը յաջողին:

Անձնական օրինակ մըն ալ:

Ձեզմէ աղէկ չըլլայ, խնամի մը ունէինք, որ չէր կրնար  մեր «ց» հնչիւնը արտաբերել. հոն ուր մենք կ’ըսենք գնաց, երգեց, ցաւեցաւ, ինք կ’ըսէր գնաս, երգես, սաւեսաւ:  Չէի համարձակեր դիտողութիւն ընել, որովհետեւ… աղջկանը ձեռքը պիտի խնրէինք քեռորդիիս համար եւ չէի ուզեր խրտչեցնել զինք:

Աւելի ուշ, երբ Յունաստան գտնուեցայ, նկատեցի, որ յոյները եւս չեն կրնար արտասանել «ց» հնչիւնը եւ իրենք եւս կ’արտաբերեն զայն «ս»: Յիշեցի մեր խնամին, ու երբ վերադարձիս  քիչ մը հարցուփորձեցի զինք, բանէն դուրս եկաւ, որ երկար ատեն ապրած է Յունաստանի մէջ եւ կինն ալ յունահայ է:

Արդ, նման կեցութիւն մը, դուք ըսեք կենակցութիւն մը յոյներուն հետ, կրնա՞ր ազդել հնչելու իր որակին վրայ:

Ահա ձեզի եւ ինծի… ուրիշ առեծուած մը:

*   *   *

Եթէ շատ չձանձրացուցի, ապա պիտի պատմեմ հետեւեալը եւս:

1964-ին Սեւրի մէջ կը մասնակցէի  մանկավարժական  միամսեայ դասընթացքի մը: Մօտաւորապէս 500 հետեւորդ էինք աշխարհի բոլոր ծագերէն եւ ի մասնաւորի Ճափոնէն եկած ստուար խումբ մը ուսուցիչներ: Բոլոր մասնակիցները կրնային ազատօրէն արտասանել ֆրանսերէնի Jj  հնչիւնը, որ ամէն  դիրքի վրայ եւ միշտ կը նոյնանայ մեր Ժ-ին հետ: Ֆրանսերէնի g տառը նմանապէս Ժ կ’արտասանուի՝  i եւ   e  ձայնաւորներէն առաջ եւ այս պարագային բոլորովին համարժէք է միւսին:

Ուրեմն ճափոնցիները չէին կրնար արտասանել այս հնչիւնը եւ փոխարէնը կ’արտաբերէին  G-Կ. oրինակ, հոն ուր մենք կ’ըսէինք՝ «j’ai déjà mangé» (ես արդէն կերած եմ),   իրենք կ’ըսէին «կ’է տեկա մանկէ»:

Հիմա, այս մարդիկ Ճափոնի մէջ ինչպէ՞ս կ’ուսուցեն ու կը խօսին… ֆրանսերէնը:

Թող այս  ըլլայ վերջին… առեղծուածը:

Եւ արդ կանգ առցուք աստ՝ ի մխիթարութիւն մտաց մերոց  գայթակղելոց:


[1] Զգեստ-ին «զ» հնչիւնը արմատական չէ,  վերջէն աւելցած է:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x