Ել եւ ալ

April 12, 2023

1.Ելլել-ելլալ, թուիլ-թուալ…

        Բոլորիդ ծանօթ իրողութիւն է, որ հայերէնը ունի բայեր, որոնք առարկայ են լծորդական երկւութեան կամ շփոթի, այսինքն՝ կը ներկայանան զոյգ լծորդներով՝ ել-ալ, ինչպէս բերուած զոյգերն են:

Այս երկւութիւնը  պարզող բայերուն  մէկ մասը արեւմտահայերէնի մէջ յառաջացած ըլլալ կը թուի պատմականօրէն. օրինակ՝ ելլել-ելլալ, իջնել-իջնալ, մտնել-մտնալ, վրնջել-վրնջալ, մռնչելմռնչալ եւ այլն:

Միւս մասը յառաջացած է արեւելահայերէնի հետ շփումներու սերտացումով. օրինակ՝ թուիլ-թուալ, երեւիլ-երեւալ… ասոնցմէ առաջինը յատուկ է արեւմտահայերէնին, երկրորդը՝ արեւելահայերէնին, բայց ահա մեր մէջ բաւական մեծ յաճախականութեամբ կը հանդիպինք թուալ եւ երեւալ ձեւերուն եւ այս նոյնիսկ վարժ գրողներու  գրիչներուն տակ,  ա՛լ չեմ խօսիր հասարակ մահկանացուներուս  գրիչէն սպրդած երկւութիւններու մասին:

Արեւելահայերէնը զերծ ըլլալ կը թուի  յիշեալ երկւութիւններէն… որքան որ գիտեմ, սակայն այստեղ ալ կը տիրէ  ուրիշ խառնակութիւն մը, որմէ զերծ է արդի արեւմտահայերէնը, այն է՝  էական կամ օժանդակ բային ներկայացուցած  համազգային շփոթը՝ եմ-ա,  Հայաստանի  եւ Լոս Անճելըսի տարածքներուն. օրինակ՝ ուզում է-ուզում ա, գրել է-գրել ա, այս է-էս ա…:

Այս բոլորը կը թուին իրենց ջուրը խմել նոյն աղբիւրէն, որ ստորեւ…:

***

Ենթադրելի է, որ  շատ հեռաւոր անցեալին  հայերէնը ունեցած է առնուազն երկու էական բայեր՝ ել եւ ալ, որոնց առաջինը տուած է եմ-ես-եյ (է)…, երկրորդը՝ ամ-աս-այ (ա)… :

Եւ ասոնց կցումով զանազան արմատներու՝ յառաջացած են մեր առաջին  բայերը:

Պատկերացուցէք նախահայը, որ կ’ըսէր «ի երգ եմ», որ պիտի յանգէր երգեմ-ին, եւ «ի խաղ ամ», որ պիտի յանգէր խաղամ-ին եւ այսպէս շարունակ:

Բնութեան  ու յատկապէս լեզուի մէջ բոլոր տարբերութիւնները հակում ունին հետզհետէ նուազելու, ընդհուպ վերնալու՝ առանց սակայն բոլորովին անհետանալու: Այս բարեշրջումը տեղի կ’ունենայ շնորհիւ  յամառ ու երկար պայքարներու, որոնք կրնան տեւել դարեր, նոյնիսկ հազարամեակներ, մինչեւ որ կողմերէն մէկը պարտուի:

Այսպէս է կամ պէտք է եղած ըլլայ մանաւանդ բայի պարագային, որովհետեւ բայը իմացական այնպիսի բարդ կառոյց մըն է, որուն գոյառումը պէտք է շատ յոգնեցուցած ըլլայ մեր հեռաւոր նախնիները, ընդհուպ՝ համայն մարդկութիւնը:

Հայերէնի պարագային բացայայտօրէն նախապատիւը եղած է եմ-ես-է տարբերակը, որ խլած է առիւծի բաժինը, եւ փաստօրէն հինգերորդ լուսաւոր դարուն ան էր իշխողը՝ իր ետին ունենալով  եմ-ով աւարտող բայերու հսկայ քանակը, սակայն ոչինչ կ’արգիլէ մտածել, որ գրական հայերէնի ծիրէն դուրս, ռամիկի բերնին մէջ իր գոյութիւնը պահպանած է ամ-աս-ա տարբերակը, որ ոչ մէկ ատեն շիջած է :

Արեւմտահայերէնի ձեւաւորումին մէջ մեր լուսաւորիչները՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր,  շատ մօտ կանգնած էին գրաբարին,  մինչ արեւելահայերէնը շատ աւելի մօտ էր խօսակցական հայերէնին, այն  հայերէնին, որ իր կապերը չէր կրցած խզել ամ-աս-ա տարբերակէն: Ան որեւէ ատեն ալ չյաջողեցաւ. այսօրուան սիրում ա երգում ա ուզում ա ձեւերը, որոնք ողողած են հրապարակը, շուկան, Ազգային ժողովը՝ ամբո ՛ղջ Հայաստանը,  եւ որոնց դէմ ոչինչ կը յաջողի ընել Լեզուի կոմիտէն,  այս վարկածին լաւագոյն   հաստատումն են:

Մենք վերը ըսինք «առնուազն երկու էական բայեր»…, սակայն իրապէս երկո՞ւք էին անոնք: Հապա ուրկէ՞ եւ ինչպէս յառաջացան  ուլ լծորդութեան բայերը՝ թողուլ,  հեղուլ, զարթնուլ, որոնց թիւը կ’անցնի քանի մը տասնեակը, այլեւ գոմ-գոս-գոյ բայը, որ կ’ենթադրէ գոլ սկզբնաձեւ մը…որ միակ ներկայացուցիչն է իր լծորդութեան, հաւատալիք բա՞ն է, որ ան միակը ըլլար: Ու դեռ բացառուած չէ մտածել այլ լծորդութեանց մասին, որոնք ընդմիշտ շիջած են՝ առանց որեւէ ժառանգորդի:

Հայաստան ընդարձակ երկիր էր, մանաւնդ կտրատուած մակերեւոյթով, ուր լեզուական ու մանաւանդ բարբառային տարբերակներ  կրնային ազատ հաստատուիլ ու աճիլ, մինչեւ որ ջլապինդ բազուկ մը միաւորէր զանոնք ու մղէր միութեան պայքար մը, որուն գագաթնակէտը հինգերորդ դարն է՝ մեր Ոսկեդարը:

Թող որ  նոյն  այդ դարուն բայական երկձեւութիւնները, մինչեւ իսկ եռաձեւութիւնները  բացառուած չէին, օրինակ՝ արգելել-արգելուլ, զբօսանիլ-զբօսնուլ, զենել-զենուլ, թաքչիլ-թաքնուլ, թռանիլ-թռչիլ-թռնուլ, թքնել-թքել-թքնուլ,   լիզել-լիզուլ, կիզել-կիզուլ, հեղձանել-հեղձել-հեղձնուլ, յաւելել-յաւելուլ, պակչիլ-պակնուլ, ջեռանիլ-ջեռնուլ, ցասչիլ-ցասնուլ, փախչիլ-փախնուլ, սպանել-սպանանել … կը գոհանանք այքանով:

2.Խոշտանգել-խոշտանգուիլ-խոշտանգում

Մեր լեզուն ունի հետեւեալ, այսպէս ասած, անբաւարարութիւնը. ներգործական եւ կրաւորական բայերը կու տան նո՛յն բայանունը. օրինակ՝ սպանել-սպանուիլ-սպանութիւն, խոշտանգել-խոշտանգուիլ-խոշտանգում  եւ այսպէս շարունակ:

Այս նոյնութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ սապիսի  բառակապակցութիւնները՝ «Թորոսի սպանութիւնը», «Մարկոսի խոշտանգումը» երկիմաստ ըլլան: Ասոնցմէ առաջինին մէջ Թորոսը հաւասարապէս կրնայ սպանող ենթական կամ սպանուող ենթական ըլլալ, այլ խօսքով՝  սպանողը  կամ սպանուողը, նոյն ձեւով ալ Մարկոսը ըլլայ խոշտանգողը կամ խոշտանգուողը:

Այս նոյնութիւնը կամ հանգիտութիւնը ի մտի ունենալով,  նախընտրելի է չկիրարկել  ասոնք կամ խօսքին տալ այնպիսի կառոյց մը, որ  յստակօրէն զանազանուին գործող ենթական (սպանող, խոշտանգող) եւ կրող ենթական (սպանուող, խոշտանգուող):

Օրինակ՝ ոչ մէկ յստակ միտք կ’արտայայտեն հետեւեալները.

–Թորոսի սպանութիւնը տեղի ունեցաւ  այդ նոյն օրը…

–Մարկոսին խոշտանգումը դատապարտեցին բոլորը…

Ճիշդ ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցած են Թորոսը եւ Մարկոսը՝ մինչեւ հոս յայտնի չէ:      Առաջինը սպանո՞ղ էր, թէ՞ սպանուող, իսկ երկրորդը խոշտանգո՞ղ էր, թէ՞ խոշտանգուող:

Չկայ, լեզուական ոչ մէկ հնար  կայ յստակ գիտնալու այս երկուքը, մինչեւ որ խօսողը յաւելեալ բացատրութեամբ մը յստակացնէ կացաութիւնը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x