Ի դէմս, ի դիմաց, յանձին ու յանձինս

March 29, 2023
  1. Հարցում, եւ փորձեցէք լա՛ւ մտածել.

Կրնա՞ք պատկերացնել  կացութիւն մը, ուր գտնուիք շրջանակի մը թէ՛ կեդրոնը, թէ՛  շուրջը:

Պիտի ըսէք ինչպէ՞ս կարելի է գտնուիլ երկու տարբեր դիքերու վրայ. մենք յառաջդիմակա՞ն ենք, որ ձախը  դաւանինք հրապարակաւ, եւ աջը որդեգրենք… ի ծածուկս:

Ես ալ բոլորիդ պէս կը մտածեմ, սակայն ասոնք հասարակ մահկանացուի դատողութիւն են, ուրեմն՝ թերի, զի պարագան նոյնը չէ արտօնեալներու, օրինակ՝ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին, ուր տարբեր չափանիշեր կը տիրեն  եւ իմացական տարբեր որակ:

Կարդանք՝

–Զրոյցը կեդրոնացած էր իրանեան սպառնալիքին շուրջ (21/3/23, էջ 8):

Հիմա տեսա՞ք, թէ ինչպէս կարելի հանգիստ կեդրոնանալ…  բանի մը շուրջը:

Դե՛հ, մի՛ շտապէք,  դեռ շատ անակնկալներ  ունի կեանքը:

  1. Ի դէմս…

Հայերէնի ընդհանրապէս սխալ կիրարկուող բառերէն մէկն է այս՝  իր դէմ արմատով, որ իբրեւ հակառակ կողմ  կամ   հակառակութիւն կ’ընկալուի, եւ այդ «տրամաբանութեամբ» ալ  կը կիրարկուի: Ոմանք ուղղակի… ընդառաջ կ’երթան անոր, սիրահարած են:

Այսպիսիներէն թուենք՝

— Այս գիւղին մէջ ի դէմս  ծանր փլուզումներու մարդկային կորուստ չեղաւ(«Ակօս»):

Որ թարգմանի՝  «Հակառակ փլուզումներու՝ մարդկային կորուստ  տեղի չէ ունեցած»:

Այս շփոթը նոր չէ «Ակօս»-ի սիւնակներուն մէջ. հրամեր էք՝

–«Մանաւանդ իզմիրցին ի դէմս պաշտօնական պատմութեան թելադրած թշնամանքի բաւական համերաշխ է իր անցեալի պատմութիւնով»  («Ակօս», 26-4-19, էջ 4):

–«Ի դէմ այս բոլոր զարգացումներուն, հասարակութեան մտահոգութիւնները կը մնան անփոփոխ» (Ակօս):

Այսինքն՝ հակառակ  թելադրած թշնամանքին…  հակառակ զարգացումներուն…

«Ակօս»-ը  միակը չէ:

*   *   *

Պարոյր Աղպաշեան տարիներէ ի վեր  կառչած է եւ թող չի տար անոր օձիքը, թող որ ան ալ իր օձիքը թող չի տար.  նման զնման իւր գտանէ, եւ երկոքեան ընթանան  հաշտ ու համերաշխ.

–«Ի՞նչ ըրին եւ ինչո՞վ արդարացուցին իրենց աշխատանքները, ի դէմս արեւմտահայերէնի շարունակուող նահանջին («Պայքար», թիւ 110):

–«Ատիկա պղպջակ մըն է, ի դէմս Մեսրոպեան ուղղագրութեան ամբողջական կիրարկում-որդեգրումի բացակայութեան» (անդ):

–«Ի դէմս այս «ցունամի»-ին ո՞ւր են իշխանութիիւնները» («Պայքար», թիւ 154):

–«Եկուոր իշխանութիւնը երբեմն կը զգար իր անզօրութիւնը՝ ի դէմս  փտածութեան այն  ոլորտներուն…» («Նոր օր», 2-1-20, էջ 4):

–«Այդ հերոսները միայն փխրուն փչոցներ էին ի դէմս  իսկական ազգային, յեղափոխական ու համամարդկային  հերոսներուն» («Պայքար», 26-4-20):

–«Արտասահման ապրող լիբանանցիներ ի դէմս համաճարակային ահագնութեան այլ ընտրանք  չունեցան» («Պայքար», թիւ 167):

–«Անցնող երեք ամիսներուն ի  դէմս Քորոնայութեան պատճառած աննկարագրելի ճնշումներուն աշակերտութիւնը ի՞նչ պիտի ընէր» («Պայքար» 178):

Այս կիրարկութեանց մէջ ըմբռնելի չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէ… ի դէմս:

*   *   *

Իսկ  ճիշդ  ի՞նչ կը նշանակէ  ան:

Իր կառոյցով գրաբար է.  դէմք գոյականի ներգոյական հոլովն է եւ բառացի կը նշանակէ «դէմքին մէջ», եւ որովհետեւ դէմք-ը կը խորհրդանշէ անձ-ը (յիշենք Գ. Զոհրապի «Ծանօթ դէմքեր»-ը), ուրեմն  ի դէմս կը նշաանակէ «անձին մէջ» եւ բացարձակապէս  կապ չունի դէմ կամ հակառակ հասկացութեանց հետ. օրինակ՝

Ի դէմս Խորենացիի մենք կը ճանչնանք մեր պատմահայրը:

Ի դէմս Վարդանի կը գտնենք հայոց մեծագոյն նահատակը:

Այսինքն՝ Խորենացիի մէջ…Վարդանի մէջ…

Թելադրելի է, որ ի դէմս-ով  բնորոշենք դէմք ունեցող անձ, եւ անասուններու ու իրերու  համար ալ չգործածենք զայն. օրինակ՝ չըսենք.

Ի դէմս այս շունին դուք պիտի տեսնէք  իմ լաւագոյն ընկերս:

Ի դէմս այս ատրճանակին կը գտնէք իմ  մեծագոյն պաշտպանս:

Սակայն շատ նուիրական  հասկացութեանց առթիւ կարծես թոյլատրելի է. օրինակ՝

Ի դէմս  Սարդարապատի կ’ողջունենք  փայլուն յաղթանակ մը:

Բերենք օրինակ մըն ալ Լուսաւորիչի «Յաճախապատում»-էն՝ ի լուսաւորումն մտաց.

«Տէրը  Իր սիրոյ վկայութիւնն ունի ի դէմս ընտրեալներու ու կատարեալներու»:

Հոսհոսներուս կը մնայ  արժանի ըլլալ այդ փնտռուած կատարելութեան:

*  *  *

Ի դէմս բոլորովին նոյնանիշ է յանձին-ին, որ իր կարգին ներգոյական հոլով է եւ միւսին պէս  կը նշանակէ «անձին մէջ»:

Բերած օրինակներուս մէջ կարելի է ազատօրէն փոխարինել ի դէմս-ը՝ յանձին-ով:

Սա՛ տարբերութեամբ՝ ունինք անձն-յանձին՝ եզակի,  եւ անձինք-յանձինս՝ յոգնակի:

Մինչ   ի դէմս-ը կարելի է  հաւասարապէս  գործածել եզակի ու յոգնակի գոյականներու հետ,  անդին պէտք  է զանազանել  յանձին ու յանձինս.   օրինակ՝

Ի դէմս Թորոսի…                      Ի դէմս Թորոսի եւ Մարկոսի…

Յանձին Թորոսի…                     Յանձինս Թորոսի եւ Մարկոսի…

Իբրեւ խօսքի մաս՝ երեքն ալ նախադրութիւն են:

  1. Ի դիմաց

          Սա իր կարգին գրաբար կառոյց է, եւ նոյն  դէմք բառին բացառական հոլովն է. փոխաբերաբար կը նշանակէ «անձին փոխարէն»:

Այս բառին կը հանդիպինք զանազան կարգի արձանագրութեանց աւարտին, օրինակ, սապիսի  կիրարկութեամբ մը՝ «Ի դիմաց ատենապետի… Թորոս Մարկոսեան»,− ինչ որ կը  նշանակէ, թէ Թորոս Մարկոսեանը լիազօրուած է շարադրելու եւ ստորագրելու տուեալ գրութիւնը ատենապետին  փոխարէն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x