Շնորհակալ եմ քեզի, շնորհակալութի՛ւն քեզի

July 14, 2021
"The Thankful Poor," 1894 Henry Ossawa Tanner

1.Շնորհակալ (եմ, ըլլամ)

Այս բառը ածական մըն է, որ իբր այդպիսին՝  շատ լայն գործածութիւն ունեցած է գրաբարի մէջ.  կը նշանակէ՝ շնորհ  ստացած, ընդունած, շնորհի արժանացած: «Նոր հայկազեան»-ի բառերով՝ «գոհացող, շնորհահատոյց, երախտագէտ», այս առումով ան կու տայ օրինակներ եւս՝ ծառայ շնորհակալ, կին շնորհակալ, միտք շնորհակալ…      Նկատելի է, որ աշխարհաբարը նման կիրարկութիւն չունի: Մեր արդի լեզուն որեւէ ատեն  շնորհակալ չի կոչեր անձ մը, որ շնորհ ստացած է, շնորհի մը արժանացած է:

Մեզի համար գոյութիւն ունի շնորհակալ ըլլալ բաղադրեալ բայը՝ «շնորհակալ եմ»  կամ «շնորհակալ կ’ըլլամ» ձեւերու տակ, որ իր կարգին  լայն գործածութիւն ունէր գրաբարի մէջ.

—Յոյժ շնորհակալ լինէր նմա  եւ երիցանցն:

Այնպիսեացն ես ոչինչ եմ շնորհակալ:

—Գովասանական բանիցդ շնորհակալ եմ:

—Ի վերայ մեծամեծաց Աստուծոյ շնորհակալ լինել:

Հարցը, որ այստեղ քննութեան կ’ուզենք առնել, այս բային խնդրին հոլովն է. այդ  խնդիրները   թաւագրուած են, եւ նկատելի է, որ  բոլորն ալ  տրական հոլով դրուած են: «Նոր հայկազեան»-ի բերած բոլոր օրինակներուն մէջ  թէ՛ շնորհակալ ածականը, թէ՛ շնորհակալ ըլլալ բաղադրաեալ բայը մի՛այն տրական հոլով խնդիր առած են: Ուրեմն  գրաբարը խնդրառական որեւէ շփոթ կամ երկւութիւն չէր պարզեր:

Բայց ահա կացութիւնը նոյնը չէ…աշխահաբարի մէջ, ուր  «շնորհակալ ըլլալ» բայը հաւասարապէս տրական եւ բացառական հոլով առնելու հակամէտ է.

—Շնորհակալ եմ քեզի  եւ քեզմէ:

—Շնորհակալ եղայ իրեն եւ իրմէ:

—Ան շնորհակալ պիտի ըլլայ մեզի եւ մեզմէ:

Թաւագրուած խնդիրները հաւասարապէս տրական են եւ բացառական:

Բացառութիւն չէ այս երկակի խնդրառութիւնը, սակայն ընդհանրացած ալ չէ:

Այս երեւոյթը աւելի կը հաստատուի հայրենի Լեզուի կոմիտէի հրապարակած 24-րդ յորդորակով, ուր արեւելահայերէնի պարագային եւս կը տիրէ  խնդրառական  նոյն երկւութիւնը.  առ այս տրուած է հետեւեալ օրինակը. «Շնորհակալ ենք  ձեզ[1]/ձեզնից,  որ հետեւում էք մեր խորհրդներին»:

2. Շնորհակալութիւն (յայտնել)

Սա իր կարգին կու գայ գրաբարէն, ուր ան  կը կիրարկուէր մի՛այն իբրեւ  գոյական:

Մինչդեռ աշխարհաբարը  կը թոյլատրէ, որ փոխանակ ըսելու «շնորհակալ եմ»՝ ըսենք մի՛այն՝ «շնորհակալութի՛ւն»,  մանաւանդ եթէ  որոշ մտերմութիւն մը կայ խօսակիցներուն միջեւ եւ կը տիրէ  ոչ-պաշտօնական, ժողովրդախօսակցական ոճ մը,  ուր  այլեւս  դիմաւոր բայ չկայ,  այլ ունինք  անդէմ  գոյական մը  միայն, որ  կը կազմէ բառ-նախադասութիւն մը:

Այս վերջինը՝ իբրեւ բառ-նախադասութիւն,  չէ կիրարկած գրաբարը:

Աշխարհաբարի յիշեալ  երկու կիրարկութիւնները՝ անդէմ  եւ դիմաւոր,  հետեւողականօրէն կը պահանջեն  մի՛այն տրական հոլով.

—Շնորհակալութի՛ւն քեզի…շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի:

—Շնորհակալութի՛ւն ձեզի…շնորհակալութիւն կը  յայտնենք ձեզի:

—Շնորհակալութի՛ւն իրենց…շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք   իրենց:

Սա ի՛ր կարգին հաստատուած է արեւելահայերէնհի մէջ, եւ  նոյն յորդորակը կու տայ հետեւեալ օրինակները. «ՇՆորհակալութիւն  ենք յայտնում ձեզ /շնորհակալութի՛ւն ձեզ»:

Ծանօթ.—Թելադրելի է, որ Լեզուի կոմիտէն «Արմենպրես»-ին սորվեցնէ այսքանը,  վասնզի անոր 18-6-21-ի թողարկումին մէջ կը կարդանք. «Նախագահը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն քաղաքացիներից…»,– փոխանակ՝ քաղաքացիներին:

Ուրեմն իրենց  պատմական հոլովոյթի  ողջ ընթացքին այս բառերն ու բայերը մեր երկու աշխարհաբարներուն մէջ  կրած են  կառուցային եւ  խնդրառական նոյն բարեշրջութիւնը: Ենթադրելի է, որ այս բարեշրջութիւնը  տեղի ունեցած ըլլայ  մեր երկու բարբառներու  ձեւաւորումէն առաջ, թէեւ բացառուած չեն հետագայ ներթափանցումները եւս :

Յատկանշական է, որ Ռուբէն Ղազարեանի «Միջին հայերէնի բառարան»-ին մէջ չենք գտներ սերտուած բառերէն ոչ մէկը. կը գտնենք միայն «շնորհընկալութիւն», որ, ճիշդ է,   որոշ չափով կը թելադրէ զանոնք, սակայն ո՞ւր  անհետացած են միւսները եւ ինչպէ՞ս աւելի ուշ վերայայտնուեցան անոնք աշխարհաբարի մէջ:

Ուրեմն՝

—Շնորհակալ եմ քեզի/քեզմէ:

—Շնորհակալութի՛ւն քեզի/շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի:

[1]  Արեւելահայերէնի մէջ  տրական  են՝ ինձ, քեզ, մեզ, ձեզ՝ ճիշդ գրաբարի պէս: Ասոնց կը համապատասխանեն արեւմտահայերէն ինծի, քեզի, մեզի, ձեզի:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x