Հայերէնը կ’այլասերի….հայ մամուլին մէջ

December 13, 2023

1.Ուշադրութի՛ւն ծուղակին

Փութին ու Ռայիսի պիտի քննարկեն  յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ տնտեսական ոլորտներուն մէջ («Ազդակ», 6/12/23, էջ 4):

–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառեալ ճարտարագիտական ոլորտին մէջ (անդ, էջ 1):

*   *   *

Ներառեալներառել բայի գրաբարաձեւ մէկ դերբայն է` յարակատարը:

Աշարհաբարի մէջ ունի չորս նշանակութիւն՝ ներառած, ներառելով, ներառուած, ներառուելով: Տեղին համեմատ կը նշամակէ նաեւ՝ ներառող եւ ներառուող:

Եթէ փորձենք  որոշել, թէ մէջբերուած օրինակներուն մէջ այս չորս նշանակու-թիւններէն ո՛ր մէկն է յարմարագոյնը, ապա պիտի նկատենք, որ ասոնցմէ գոնէ երեքը աւելի կամ  պակաս յարմար են:

Այսպէս՝

–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառած ճարտարագիտական ոլորտը:

–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառելով ճարտարագիտական ոլորտը:

–Մենք այլ նախագիծեր ունինք, ներառուած ճարտարագիտական ոլորտը:

Ի՞նչ կը նկատենք:

Կը նկատենք շատ կարեւոր երեւոյթ մը. ո՛ր թարգմանութիւնն ալ տանք ներառեալ-ին, ապա ոլորտը կը դրուի անփոփոխ. սա աշխարհաբարի ուղղական-հայցական հոլով ըսուածն է:

Գրաբարը չինարէն չէ, ան ալ հայերէն է, եւ ուրեմն ան ալ ներառեալ-ին հետ պարտի ըսել ու գրել ոլորտը  կամ ոլորտները:

Եւ ո՛չ՝ ոլորտին մէջ կամ ոլորտներուն մէջ:

Ասոնք երկուքը… ահա չինարէն են, եւ արեւմտահայը ընդհանրապէս ներառեալ-ը կը կիրարկէ չինացիի պէս՝ առանց հայագիտութեան դափնեպսակը մէկուն զիջելու:

Արեւելահայը օրին աւելի ճիշդ կը կիրարկէր ներառեալ-ը. անկախութիւնը, շատ մը բաներու կողքին, խախտեց ասոր ճիշդ կիրակութիւնն ալ, վկայ՝  հայրենի   ԶԼՄ-ները, որոնք զիրար կը գերազանցեն՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի խտրութեան:

Եզրակացութիւն

Ուրեմն ներառեալ-ին կից միշտ անփոփո ՛խ կիրարկել  անոր բնորոշած բառը,  որ իր  քերականական  խնդիրն է: Եւ այս՝ անկախ  նախադասութեան այլ հոլով ունեցող խնդիրներէն. օրինակ՝

–Մենք կը հպարտանանք Թորոսով ու Մարկոսով, նեարառեալ Կիրակոսը:

–Դիմեցինք Թորոսին ու Մարկոսին, ներառեալ Կիրակոսը:

–Հրաժարեցաւ Թորոսէն ու Մարկոսէն,  ներառեալ Կիրակոսը:

*   *   *

Կը շարունակեմ անոնց համար, որոնք կը ձգտին  քիչ մը աւելի առաջ երթալ:

Ինչպէս նկատեցիք, ներառեալ դերբայը աշխարհաբար թարգմանեցինք թէ՛ ներգործաբար՝  ներառած, թէ՛ կրաւորաբար՝ ներառուած:

Ասոնց առաջինը քերականօրէն կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, իսկ երկրորդը՝ ուղղական հոլով խնդիր:

Քանի որ գոյականին ուղղականն ու հայցականը  նոյնն են, ապա  հաւասարա-պէս կը գրենք ոլորտը, որ իրօք թէ՛ ուղղական է, թէ՛ հայցական: Ուրեմն գոյական խնդիրի պարագային երկբայելու  կարիք ու վախ  չունինք:

Սակայն խնդիրը կրնայ ըլլալ անձնական դերանուն մը, որուն ուղղականն ու հայցականը  տարբեր են՝ ես/զիս, դուն/քեզ, ինք/զինք, ան/զայն,  մենք/մեզ, դուք/ձեզ, իրենք/զիրենք, անոնք/զանոնք:

Ինչպէ՞ս որոշել, ինչպէ՞ս ընտրել, ո՞ր մէկը ընտրել:

ա) Ներգործական՝ ներառեալ/ներառած

Երբ, ուրեմն, ներառեալ-ը մտածուած է ներգործաբար, պարտաւոր ենք կիրարկելու հայցական հոլով դերանուն խնդիր. օրինակ՝

–Բոլորը հրաւիրեցին տօնահանդէսի, ներառեալ/ներառած զիս:

–Խուսափեցան իրենց բոլոր ծանօթներէն, ներառեալ/ներառելով քեզ:

Հաւանաբար այս վերջին օրինակին առթիւ զօրաւոր հակում  ունիք ըսելու՝  քեզմէ: Սակայն անհեթեթ է ըսել քեզմէ. Ճիշդ ինչպէս որ չեմ կրնար աշխարհաբար ըսել   «ներառելով քեզմէ», այնպէս ալ թոյլատրելի չէ ըսել «ներառեալ քեզմէ», քանի ներառեալ եւ ներառելով համարժէք են:

բ)Կրաւորական՝ ներառեալ/ներառուած

Իսկ երբ ներառեալ-ը  մտածուած է  կրաւորապէս,  պարտաւոր ենք կիրարկելու  ուղղական հոլով  դերանուն խնդիր. օրինակ՝

–Բոլորը հրաւիրուեցան տօնահանդէսի, ներառեալ/ ներառուած ես:

–Բոլոր դիմորդները  նկատի պիտի առնուին, ներառեալ/ներառուած դուն:

Ինչո՞ւ սխալ կը կիրարկուի ներառեալ-ը:

Այսինքն՝  այս դերբային խնդիրը:

Սխալ կը կիրարկուի, որովհետեւ ներառեալ-ը գրաբար կառոյց է, եւ աշխարհաբարեան մտածողութիւն ունեցողին համար,− իմա՝ արդի հայութեան բացարձակ մեծամասնութեան,− ան այլեւս թելադրական չէ, եւ արդի հայը  զայն կ’ընկալէ համադասական շաղկապի մը պէս եւ ներառեալ-ի խնդիրին կու տայ   ափեղ-ցփեղ ձեւաւորում մը, ինչպէս է պարագան թիւ 1-ի մէջ բերուած բնագրային օրինակներուն:  Ի՞նչ ընել:

Ամէն բանէ առաջ  ցուցաբերել սորվելու պարկեշտ ու անկեղծ  ճիգ մը:

Երկրորդ՝ ամէն առթիւ ներառեալ-ը մտովի թարգմանել աշխարհաբարի եւ ուշադրութիւն ընել, թէ ձեր գրածը հա՞շտ է աշարհաբարեան  ձեւին:

Երրորդ՝ հրաժարիլ գրաբարեան ձեւէն եւ կիրարկել աշխարհաբարեան  համարժէքը. այս կը հանդիսանայ սխալները կանխելու լաւագոյն միջոցը:

*   *   *

          Մասին

Արդի հայը հակում ունի ձերբազատելու մասին յետադրութենէն, որ վերաբերում ցոյց կու տայ եւ որուն կիրարկութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ, լեզուէն դուրս մղուելու բացայայտ հակումով մը:

–«Թորոսին մասին խօսեցաւ»,− կը նշանակէ Թորոսին վերաբերող բաներ մը ըսաւ:

Սա իբրեւ հոմանիշ ունեցած է առնչութեամբ կապական բառը, որ այնքան ալ ընդհանրացած չէ. «Թորոսին առնչութեամբ խօսեցաւ»,− թէեւ մերթ ընդ մերթ ձեռնհասօրէն կը կիրակուի ան.  օրինակ՝

–Անդրադարձ կատարուած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առնչուող թեմաներու («Արարատ», 12/10/2023):

–Ներկայացումը եւ անոր յաջորդած քննարկման նիստը շատ բան կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու փորձառութեան առնչութեամբ («Ակօս», 13/10/2023):

Մասին-ը թօթափելու  հակումը  արեւելահայերէնի մէջ թարգմանուած է վերաբերեալ կապական դերբայով. «Թորոսին վերաբերեալ խօսեցաւ»,−որ անմիջապէս որդեգրուեցաւ արեւմտահայութեան կողմէ, որ իր թերթերը կ’ողողէ այս բառով. բացէ՛ք, օրինակ,  «Ազդակ»-ի հերթական որեւէ թիւ ու անոր քաղաքական էջերուն վրայ, ի ժամու թէ տարաժամու,  այլեւ ի պէտս ու յանպէտս  պիտի համրէք զայն կուշտուկուռ, զի մնայուն ներկայութիւն է ան, անկոչ հիւրի մը պէս, որ ոչ մէկ հրաւէրի կը կարօտի:

— Կողմերը մօտ եղած են զինադադարի վերաբերեալ  համաձայնութիւն կայացնելուն:

Ասոր մօտաւորապէս զուգահեռ  նմանապէս արեւելահայերէնը հնարեց գծով  կապական բառը, որ իր կարգին վերաբերում, որոշ չափով ալ սահմանափակում  ցոյց կու տայ. օրինակ՝ «Տնօրէնին ուսումնական գծով տեղակալը…»,− որ կը նշանակէ «տնօրէնին՝ ուսումնական հարցերու վերաբերող կամ առնչուող պարտաւորութեանց  մէջ փոխարինողը»:

–Թուրքիա կը դատապարտէ Արցախի հարցով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը:

—Արաբիա  արտակարգ ժողով գումարեց… քննելու համար Կազայի պատերազմին հարցը:

Հարկ չկայ ըսելու, որ արեւմտահայը ասոր առջեւ ալ լայն բացաւ իր դռները՝ իր յառաջապահներով ու յետսապահներով՝ տեղին համեմատ գերազանցելով փոխատու աղբիւրը: Կը յիշեմ, մեր թերթերուն մէջ նոր-նոր սկսած էր երեւիլ ան,  երբ առիթով մը Հրաչ Տասնապետեան, որ իր ժամանակին եղած է արեւմտահայերէնը լաւագոյն կիրարկողներէն մէկը,  ըսաւ.

−  Եղբա՛յր, ուրկէ՞ բուսաւ այս  գծով-ը. ջիղերս կը սղոցէ…

Անկէ ի վեր շա՜տ ուրիշ ջիղեր սղոցեց ան՝ առանց  տեղի տալու:

Այո, ուրկէ բուսաւ ու կը բուսնին այսպիսիները…

Աստուած գիտէ. արեւելահայուն բառաստեղծական գաղտնիքները  միշտ ալ ծանօթ չեն: Տակաւին կասկածելի է, որ ստեղծուած ըլլան, շատ աւելի իրապաշտ պիտի ըլլար մտածել ինչ-որ փոխառութեան մասին՝ բառացի թարգմանութեան ճամբով, եւ առաջին հերթին ռուսերէնէ, եւ ոչ միայն. այսօր արեւելահայը քաղաքացին է գրեթէ ամբողջ Եւրոպայի եւ անոր բոլոր ոստաններուն: Եւ գնա՛ գուշակէ, թէ ուկէ՛  կու գան անոր փոխառութիւնները:

Եւ շարքը փակուած չէ:

Վասնզի այսօր առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ  մասով կապական բառին, որ ահաւասիկ.

ԼՂ-ում ռուս խաղաղապահների մասով մենք խօսելու ենք Բաքուի հետ. Զախարովա («Առաջին լրատուական»):

–Այդ մարմինն է, որ կարող է արտաքին քաղաքական հետքի մասով տեղեկություն տալ (անդ):

–Հյուսիս-հարավ ճանապարհի կառուցման մասով լուրջ առաջընթաց ունենք (Փաշինեան, «Հայկական ժամանակ»):

–Ատոմակայանի մասով ունենք 2 պրոցես (Հայկական ժամանակ):

–Ատոմակայանի մասով ունենք 2 պրոցես.

Տարընթերցում չէ տեղի ունեցածը, տառասխալ ու վրէպ ալ չէ. սա միսով ու ոսկորով մաս բառին գործիականն է. մաս-մասին-մասէն-մասով. ուրեմն ծանօթ  մասին՝ տրականի հետեւողութեամբ,  անոր քովն ի վեր եւ որուն առաջին անգամն է որ կը հանդիպիմ:

Գալով անոր ծագումին, ապա չարաշուք Զախարովայի քստմնելի անունին յիշատակումը՝ իբրեւ աղբիւր, ըստ ամենայնի թելադրական է. ուրեմն ենթադրաբար ռուսերէնէ թարգմանութիւն մըն է տեղի ունեցածը, եւ բացառուած չէ, որ հէնց ռուսերէնն ալ ըլլայ  այս բառաձեւը թելադրողը:

Ճիշդ ի՞նչ կ’ըլլայ ասոր ճակատագիրը՝ չեմ գիտեր, ժամանակները կ’որոշեն եւ… սփիւռքահայ լրագրողները, որոնք միշտ առաջին գիծի վրայ են փոխառութեան, դուք ըսէք՝ կոյր ընդօրինակութեան… գծով: Առ այժմ՝

–Ան  կարծես ջիղերս կը սղոցէ:

Եթէ ընթերցողի  ջիղերը բան մը կ’արժեն արեւմտահայ գրողի աչքին:

 

 

[email protected]                                                                          Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x