Ի վեր եւ իվեր

May 31, 2023
  1. Պայքար»-ն ու հայերէնը

           Օրին ալ այս պաշտօնաթերթը չէ փայլած իր բծախնդրութեամբ, սակայն ատենէ մը  իվեր կարծես բոլորովին մոռցած ըլլալ կը թուի, թէ լեզուի մը կիրարկումը որոշ սկզբունքայնութիւն կը պահանջէ գրողէն, առաւել եւս խմբագրութենէն, եւ ամէն բանէ առաջ… որոշ հաւատարմութիւն մը սեփական գիտելիքներու հանդէպ:      

          Որով թոյլատրելի չէ իրարու կից նոյն բաները տարբեր գրչութեամբ դրոշմել:

–Արդարեւ, 325-րդ թիւի առաջին էջի  առաջին սիւնակին վրայ կը գտնենք՝

16ին,  25ին,   1947ին,

Իսկ տասը տող անդին կը գտնենք՝

17-ին, 4-րդ, ՌԱԿ-ի

–Քիչ  անդին, եօթը տողանի լուրի մը մէջ  տակ-տակի կը գտնենք՝

25-ամեակ  եւ 25ամեակ

–Էջ 1-ի մէջ կը գտնենք արեւելահայու մը գրիչէն ելած՝

86,6 հազար եւ   29,8 հազար

Իսկ 3-րդ էջի վրայ, Համբիկ Մարտիրոսեանի  գրիչէն ելած եւ ոչինչ ըսող, ըստ ամենայնի ճապաղ յօդուածի մը մէջ իրարու կից կը գտնենք՝

86.600   եւ   1.5

  1. Ի վեր եւ իվեր

          Հեռաւոր անցեալէն մեզի ժառանգ մնացած բառակապակցութիւն մըն է այս՝ ի վեր-ը, որ աշխարհաբարի մէջ  ունեցած է վերարժեւորում մը եւ վերիմաստաւորում մը, որուն,   դժբախտաբար, այնքան ալ գիտակից չէ արդի հայը ընդհանրապէս:

Փաստօրէն այսօր դժուար է գտնել հայեր, որոնք կարենան զանազանել այս երկուքը՝ ի վեր եւ իվեր, եւ նոյնիսկ եթէ զանազանեն ըստ  իմաստի, ապա դժուար թէ զանազանեն ըստ ուղղագրութեան:

Սկսելու համար ըսեմ, որ արեւելահայը կը ճանչնայ միայն ի վեր ուղղագրութիւնը:

Իսկ արեւմտահայը… բան մըն ալ չի ճանչնար, կը գրէ  խելքին փչածին պէս.  զայն չեն զանազաներ հայոց լեզուի դասագիրքերն ու ուսուցիչները եւս. այնքա՜ն գիտնալիք բան ունին անոնք,  որ այսպիսի մանրուքներու  կարգ չի գար…:

Ուրեմն աշխարհաբարի մէջ  ունինք՝

ի վեր, որ կը պահէ իր գրաբարեան նշանակութիւնը եւ կը նշանակէ «դէպի վեր». օրինակ՝ Մասիսն ի վեր. հոսանքն ի վեր:

«Ա՜խ, ես մանկուց երազեցի սուրալ ազատ Մասիսն ի վե՜ր» (Յովհաննէս Շիրազ):

«Հիմն ի վեր կործանել»,−  հիմէն մինչեւ գագաթը կործանել:

Պէտք չէ շփոթել  վեր եւ ի վեր բառերը:

Վեր-ը կ’ակնարկէ իր խնդիրը զանցող, անկէ աւելի անդին գացող միջոցին. օրինակ՝ լեռնէն վեր, կը նշանակէ լեռնէն աւելի անդին, հասակէն վեր՝ հասակէն անդին, հասակի տարողութենէն աւելի  բարձր՝ «Հասակէն վեր խօսիլ»:

իվեր, որ կը նշանակէ սկսեալ (depuis, since). այս նշանակութիւնը, իր այս ուղղագրութեամբ, յառաջացած կամ զարգացած է աշխարհաբարի մէջ: Ասով կը բնորոշենք ժամանակային հասկացութեանց ՝  գործողութեան, անցքի, պատահարի, երեւոյթի մեկմակէտը. օրինակ՝

–Տարիներէ իվեր կը սպասէինք այս դարձիդ:

–Հիւանդը վիրահատումէն իվեր  աւելի հանգիստ է:

–Պատերազմի սկսելէն իվեր շաքարի երես չենք տեսած:

Բացառուած չէ տեղայնական հասկացութեան՝ ինչ որ աշխարհագրական վայրի մեկնակէտի նշումը. օրինակ՝

–Դամասկոսէն ի վեր ոչ մէկ անցարգելի hանդիպեցանք:

Այս կիրարկութեամբ ան հոմանիշ է ասդին  բառին. Դամասկոսէն ասդին

Այս նոյն նշանակութեան հիմամբ կազմուած են  «վաղուց  իվեր» եւ «հնուց իվեր» կայուն բառակապակցութիւնները:

Վերոնշեալներուն հականիշը՝ ի վար, միանշանակ է . օրինակ՝

          –Երեսն ի վար իյնալ:

          –Հոսանքն ի վար  թիավարել:

          –Անդունդն ի վար գլորիլ:

          –Արջը ձորն ի վար անհետացաւ:

          Ծանօթ.−Հնացած է ի վայր ձեւը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x