Մերժելին՝ մեր աւանդական անուններու այլանդակումն ու աղաւաղումը

December 29, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

1.Բառագիտութիւն

–Միջյարանուանական խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութիւն,  որուն կը մասնակցին տարբեր յարանուանութեան անդամներ:

–Ներյարանուանական խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցին նոյն յարանուանութեան անդամներ:

*      *     *

–Մի՛ ըսէք ու գրէք յետ այսու,   այլ ըսէ՛ք ու  գրեցէ՛ք այսուհետեւ:

–Մի՛ գրէք յետագայ, այլ գրեցէ՛ք հետագայ:

–Մի՛ գրէք յետագիծ, այլ գրեցէ՛ք հետագիծ:

  1. Երկիմաստ արմատներ

Այսօրուան երկիմաստ արմատն է գործ, որ ունի երկու հիմնական նշանակութիւն.

ա) Որեւէ աշխատանքի շօշափելի արդիւնքը. այսպիսիները կը յոգնականանան եր-ով. օրինակ՝   ձեռագործ-ձեռագործեր, ասեղնագործասեղնագործեր եւ այլն:

բ) Կը նշանակէ նաեւ գործող, գործ մը ընող, բարիք  մը արտադրող անձ. այսպիսիներուն յոգնակին կը կազմենք ներ-ով. օրինակ՝    այգեգործներ, բարեգործներ, դեղագործներ,   թիթեղագործներ, կաշեգործներ, հողագործներ, մեղսագործներ եւ այլն:

  1. Դա՛րձեալ տառադարձութեան մասին

Կարդա՛նք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

  –«Նախագահ Խաչատուրյանը հիւրընկալել է բժիշկ Հագոպ  Հովագուիմիանին…»:

Այս անունը բան մը կ’ըսէ՞ ձեր հայու աչքին,  ականջին ու մտքին:

Զայն լոյս ընծայողը հայրենի նախագահական պալատն է, այն պալատը, ուր կը ծառայէ 150 հոգի հաշուող անձնակազմ մը. այսքան մարդ ի՞նչ կ’ընէ, ճիշդ ինչի՞ կը ծառայէ,− պարզապէս չեմ հասկնար: Բայց անցնինք հարցին այս երեսակը՝ նկատելու համար, որ ահա այս ահաւոր բազմութեան մէջ չէ գտնուած մէկը, որ ըսէր, թէ  ամօթ է հրապարակել  նման այլանդակութիւն մը՝ Հագոպ Հովագուիմիան, այլեւ վիրաւորական ու ապազգային:

Ո՛չ անունն է հայկական, ո՛չ մականունը:

Այս ճիւաղային արձանագրութիւնը սփիւռքահայ  այցելուի փաստաթուղթին փակցուած է  Երեւանի մաքսատան մուտքին գործող եւ բանականութենէ զուրկ սարքի մը խողովակով եւ այնտեղ ծառայող՝  բանականութենէ նոյնքան զուրկ  պաշտօնեայի մը  ձեռքով:

Իսկ  անոր պատմութիւնը կը սկսի այլուր, ահա թէ ինչպէս:

Ինչ որ արեւմտահայ Յակոբ Յովակիմեան-ի մը  լատինատառ անցագիրին մէջ՝ տրուած Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ, օտար պաշտօնեան արձանագրած է Hagop Hovaguimian`հետեւելով ենթակային սխալ արտասանութեան:

Թերեւս ձեզմէ ոմանք հարց տան, թէ ո՞ւր է սխալը:

Ամէն ինչ սխալ է այստեղ. այդ անունին ճիշդ արտասանութիւնն ու լատինատառ տառադարձութիւնը պարտէր ըլլալ՝ Yacob  Yovakimean, սակայն ո՛չ մեր Յակոբը գիտէ այս բանը, ո՛չ ալ այդ օտար պաշտօնեան, որ անցագիր կամ այցագիր կու տայ  Յակոբին:

Եւ արձանագրուած է բոլորվին ուրիշ բան, որուն հետեւանքը պիտի ըլլար Հագոբ Հովագուիմիան-ը Երեւանի մաքսատան սարքին եւ հայ մաքսաւորին մեղսակցութեամբ[1]:

Պատճա՞ռը… որովհետեւ այդ  սարքին հրահանգուած է,  որ լատինական՝

g = գ          p=պ,           u=ու          i=ի

Կատարենք այս վերածումները այդ արեւմտահայուն  լատինատառ անունին մէջ, ապա մենք ալ պիտի ստանանք  Հագոպ  Հովագուիմիան:

Հետեւաբար այս այլանդակութեան յառաջացումը տեղի ունեցած է բոլորովին բնական   բերումով  ու ճամբաներով`  հիմնական պատճառ ունենալով  արեւմտահայերուս աղաւաղ արտասանութիւնը:

Ուրեմն ի՞նչն է մեր  տրտունջին առարկան:

*      *     *

Տեղի ունեցածը առաջին պարագան չէ. կարելի է ըսել տասնեակներով, թէկուզ հարիւրեակներով Երեւանի մաքսատան  մէջ կրկնուած են այս ու նմանները եւ տառացիօրէն նոյն բեմագրութեամբ, ուր սկզբնապատճառը արեւմտահայերէնի աղաւաղուած հնչիւնաբանութիւնն է, որ տեղիք կու տայ լատինատառ սխալ արձանագրութիւններու, այս վերջինները իրենց կարգին պատճառ կը դառնան արեւմտահայ  այցելուներու  անուններու սխալ տառադարձութեան:

Այս բոլորը   ըմբռնելի է:

Սակայն կայ բան մը, որ ազգովին՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ, պէտք է մերժենք. մեր աւանդական անուններու այլանդակումն ու աղաւաղումն է այդ:

Իսկ այս երեւոյթը կը դարմանուի մի՛միայն Երեւանի մաքսատան համապատասխան ծառայողներու  տարրական  բարեխղճութեան եւ ողջմտութեան շնորհիւ, քանի որ արեւմտահայը չի կրնար իր արտասանութիւնը փոխել եւ վերադայձ կատարել  մեսրոպեանին  կամ արեւելեանին, որպէսզի միակերպ արտասանէինք:

Այստեղ անոնց ձեռքը պէտք է դրուի մեր անուններու մէկ ցանկը, որ շատ ստուար չէ. հաւանաբար 300-ի շուրջ են անոնք՝ արական եւ իգական միատեղ հաշուած: Ասոնց ուղղագրութեան ընտելացումը,− չեմ ըսեր բացարձակ իւրացումը,−  այնքան ալ դժուար չէ, մանաւանդ երբ ցանկը կը պահենք մեր աչքի առաջ:

Ասկէ բացի, նոյն ցանկին վրայ արձանագրել մեր երկու բարբառները իրարու հակադրող եռաշարք  բաղաձանները՝ թիւով ընդամէնը 15,  հետզհետէ անդրադառնալու համար, որ, օրինակ,   լատինական  b-ն  «բ» է արեւելահայուն համար, եւ «պ» է արեւմտահայուն համար:

Այս ուղղութեամբ շատ շնորհալի աշխատանք մը տարած է  «Գրահաւաք»-ի    աւագ աշխատակցուհին՝ Սեդա Ստամբոլցեանը, եւ զայն դրած է «Գրահաւաք»-ի առաջին էջին  վրայ. ստորեւ  կու տամ անոր  լատիներէնէ  հայերէն տառադարձութեան  ցուցակը.

բ  — գ — դ  — ձ — ջ       >       p — k — t  — ts   — ch/tch

                          պ — կ — տ — ծ — ճ      >        b — g — d — dz — j/dj         

          Կը մնայ, որ հայ պաշտօնեան սերտէ այսքանը եւ ի մտի ունենայ ասոնք սփիւռքահայ հայրենադարձին անունը հայերէն արձանագրելու առթիւ:

           Կարելի է  վերականգնել բնիկ հայկական եան ածանցն իսկ:

Ակնկալուածը տարրական բարի կամեցողութիւն  մըն է:

Սակայն արեւելահայ պաշտօնեան չունի այդ ազնւութիւնը. ան կ’ուզէ ամէն բան դիւրին ու անաշխատ ունենալ՝ հայրենիքն ալ, լեզուն ալ, տունն ալ, թոշակն ու ապրուստն ալ, հաճոյքն ու վայելքն ալ՝ ամէն ինչ:

[1] Եւ ոչ միայն. Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային  ակադեմիան իր «Կաճառ» գիտական պարբերականին մէջ համաեւրոպական առումով ծանօթ երաժշտագէտ ու խմբավար ՝ չեխահայ Հայկ Իւթիւճեանի մականունը արձանագրած է,− կրնայի՞ք պատկերացնել երբեւիցէ,−  Ուտիջիան: «Ուտիճ» կը նշանակէ աղբանոցներու «սարսուր» միջատը. անգլ.՝ cock-roach, ֆրանսերէն՝ cafard !!!

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x