Նոր տարի (իբրեւ տօնի անուն) , նոր տարի (իբրեւ ժամանակի միաւոր)

December 30, 2021

1.Նոր տարի-նոր տարի, Ծնունդ-ծնունդ

Այս տօնական օրերուն  յարմար է  յիշել կարգ մը բառերու ուղղագրութիւնը:

—Նոր տարի  (իբրեւ տօնի անուն)

—նոր տարի… (իբրեւ ժամանակի միաւոր. «Այսօր կը թեւակոխենք  նոր տարի մը»)       —Ամանոր (իբրեւ հոմանիշ Նոր տարի-ի)

—Ծնունդ  (իբրեւ տօնի անուն) ,  Սուրբ ծնունդ (տօնը),  սուրբծննդեան (ածական)         —ծնունդ… (բնախօսական եզր. «Յիսուսի ծնունդը տեղի ունեցաւ մսուրի մը մէջ»)

2.Ամսեկան

Կարելի է միշտ հարց տալ՝ առանց մտահոգուելու անոր պատշաճութեամբ, թէ 103-ամեայ «Արմէնպրես»-ի ծիրէն ներս  մէկ հատիկ հայերէն,− ըսել կ’ուզեմ՝ տարրական հայերէն,− գիտցող կա՞յ… իսկ բոլոր նշանները ցոյց կու տան, թէ ո՛չ, չկա՜յ այդպիսին:

Վկայ հետեւեալը.  «Ընտանիքում նոր ծնված երրորդ և յուրաքանչյուր յաջորդ երեխան ամսեկան 50 հազար դրամ կստանան մինչև 6 տարեկան դառնալը» (23-12-21),− որուն բովանդակութիւնը կը նսեմանայ… թոյլ տրուած  լեզուական  այն զազրելի սխալով, որ ամսեկան բառն է՝ ամսական-ի փոխարէն:

Անոնք, որ անցած մէկ-երկու օրերուն լորձնաշուրթն կը գովաբանէին անոր հիմնադրութեան ոսկեայ յոբելեանը, մտածա՞ծ են երբեք, որ չի բաւեր անմնացորդ շողոքորթել այս կայքը եւ զայն վարող կազմը,  թէ  բան մը պարտական էին նաեւ իրենց մայրենիին, ազգակիցներուն, պատմութեան եւ Մեսրոպին:

Ծանօթ.− Ըսենք ի պատիւ Հ1-ի, որ իր բանաւոր թէ գրաւոր թողարկումներուն մէջ նոյն օրը եւ  նոյն  լուրին առթիւ կիրարկեց ամսական ճիշդ ձեւը:

*     *

*

Նոյնհետայն եւ  նոյն թիւին մէջ Իրանի արտգործնախարարին մականունը  գրուեցաւ իան-ով՝ Աբդոլահիան, մինչ իրենց սեփական մականունը կը գրեն  յան-ով: Ես չեմ հասկնար,  թէ «Արմէնպրես»-ի անձնակազմը՝ սկսած իր  ռուսամէտ ու ռուսամոլ տնօրէնով, ինչպէ՞ս կը զանազանեն այս երկուքը՝ -իան եւ -յան,   եւ կ’որոշեն, որ այսպէս ալ պէտք է գրուի՝ իրանեանը իան-ով, հայկականը՝ յան-ով, քանի որ լսողական ոչ մէկ միջոցով ու  հնարով կարելի է զանազանել,  թէ բառ մը իան-ո՞վ կը վերջանայ, թէ՞ յան-ով (իմա՝ եան-ով): Մարդկային,− աւելի եւս «Արմենպրես»-ի,− բնախօսական կարողութեանց ծիրէն դուրս կ’իյնայ նման զանազանում մը, եթէ իրապէս ականջով կը կատարեն  օտար բառերու տառադարձութիւնը:

Այսքանը՝ բնախօսական մակարդակի վրայ:

Կայ անդին՝ պատմականը տուեալը:

Մեր մականուանական այդ վերջածանցը ունի պարսկական ծագում, այլ խօսքով՝ պարսկական փոխառութիւն է: Հետեւաբար  փոխատուն ու փոխառուն պարտէին գրուիլ նո՛յն ձեւով՝ Աբդոլահեան եւ… Թորոսեան կամ  համատեղ միասնական աղաւաղումով՝ Աբդոլահյան եւ Թորոսյան, սակայն ոչ՝ Աբդոլահիան եւ… Թորոսյան:

Ծանօթ.− Զանց կ’ընեմ տակաւին  մէկ լ-ի պարագան, քանի բնագրին մէջ երկու լլ է՝ Աբդոլլահեան. աբդոլլահ կը  նշանակէ «սպասաւոր  կամ արբանեակ Աստուածոյ»:

  1. Կրաւորական սեռ

Հայերէնի բայը  կրաւորական սեռ ունեցած է շատ վաղուց, նախագրական ժամանակներէն սկսած.  ան լայն կիրարկութիւն ունեցած է մեր մատենագիրներուն կողմէ: Զայն այնուհետեւ ունեցած է աշխարհաբարը եւս:

Այս երկուքը զգալիօրէն կը տարբերին իրարմէ, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:

Ուրեմն գրաբարը ներգործական բայերէն կրաւորական կը  կազմէր շնորհիւ դիմային մասնիկներու տարբերութեան. օրինակ՝

սիրեմ             սիրես             սիրէ                սիրեմք           սիրէք              սիրեն                         սիրիմ             սիրիս             սիրի                սիրիմք           սիրիք             սիրին

Այսինքն՝ կը սիրեմ… եւ այլն, կը սիրուիմ… եւ այլն:

Այս տարբերութիւնը ստացուեցաւ եմ/իմ, ես/իս, է/ի հնչիւնափոխութեամբ միայն:

Պարագան նոյնը չէ անցեալ անկատար ժամանակի մէջ, ուր ներգործականն ու կրաւորականը բոլորովին կը նոյնանան. այսպէս՝

սիրէի              սիրէիր            սիրէր              սիրէաք           սիրէիք            սիրէին

սիրէի              սիրէիր            սիրէր              սիրէաք           սիրէիք            սիրէին

Ուր առաջին շարքը ներգործական է՝ կը սիրէի… եւ այլն,  երկրորդը՝ կրաւորական՝ կը սիրուէի… եւ այլն: Այլ խօսքով՝ այստեղ երեւցող բայերու  սեռը զանազանելու համար՝ ընթերցողը կամ խօսողը պարտի հիմնուիլ նախադասութեան իմաստին վրայ:

Զգալի այլազանութիւն կը ներկայացնէ կատարեալը.

սիրեցի            սիրեցեր          սիրեաց           սիրեցաք        սիրեցէք          սիրեցին

սիրեցայ          սիրեցար         սիրեցաւ         սիրեցաք        սիրեցայք        սիրեցան

Ուրեմն այստեղ շփոթելի է միայն առաջին դէմքի յոգնակին՝ սիրեցաք, որ հաւասարապէս կը նշանակէ սիրեցինք եւ սիրուեցանք: Ասոնք կը զանազանուին իրենց շրջապատին շնորհիւ. օրինակ՝ մեք սիրեցաք զնա (զայն սիրեցինք մենք) եւ մեք սիրեցաք ի նմանէ (մենք սիրուեցանք անկէ):

Չեմ շարունակեր. շփոթելի ձեւերու պիտի հանդիպինք յարացոյցի այլ փուլերուն եւս:

Աւելցնեմ միայն, որ անորոշ դերբայը նմանապէս անզանազանելի է. սիրել հաւասարապէս կը նշանակէ սիրել եւ սիրուիլ, սիրեալ՝ սիրած եւ սիրուած: Երբ Անառակ որդին վերադարձաւ պապենական տունը, անոր առաջին խօսքը եղաւ՝ ուղղուած հօրը. «Ոչ եւս արժանի եմ կոչել որդի քո»,− այսինքն՝ «Այլեւս աժանի չեմ որդիդ կոչուելու» (կրաւորական):

Եւ դեռ ել լծորդութեան բայերու պարագային այս շփոթները ունին չափ մը ու  սահման մը. միւս լծորդութեանց՝ իլ, ալ, ուլ,  պարագային անոնք շատ աւելի յաճախական են, հեղցուցիչ ըլլալու աստիճան: Այս շփոթները շատ խոցելի կը դարձնէին  գրաբարը:

Ահա այս ահաւոր կացութեան լուծումը կու տար աշխարհաբարը՝ շնորհիւ  կրաւաորական սեռի «ու» ածանցին, որ կ’արտասանենք վ. օրին վ ալ գրած են զայն շատեր: Այսպէս՝ սիրել-սիրուիլ (սիրվիլ): Այս մէկ հատիկ ածանցը աննախընթաց պայծառութիւն մը ու բոլորովին նոր որակ տուաւ հայերէնի բայական համակարգին՝ ընդմշտ ջնջելով  ներգործական-կրաւորական տիպի բոլոր կարելի շփոթները անխտիր:

          Կը սիրեմ-կը սիրուիմ, կը սիրէի-կը սիրուէի, սիրեցի-սիրուեցայ, պիտի սիրեմ-պիտի սիրուիմ, սիրէ՛-սիրուէ՛,  սիրած-սիրուած, սիրեր-սիրուեր, սիրող-սիրուող եւ այլն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x