Առաջ ուրիշ էր. հիմա «թափելը նախընտրելի է նորոգելէն»

April 27, 2022

Կարկտան, կարկատել, կարկտել, կարկտնել

          Նոր սերունդէն  քանի՞ն գաղափար մը ունի, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այս բառերը, դուք ըսէք՝ հասկացութիւնները, որոնք այնքան այժմէական եղած են հայ կեանքի մէջ մինչեւ անցած դարու կէսերը եւ որոնց ականատես ու վկան են իմ սերնդակիցներս:

Հիմա ուրիշ ժամանակներ են, ուրիշ բարքեր, ուր տիրապետողը ուրիշ մտայնութիւն է, որ կը թելադրէ` Ending is better than mending[1]: Եւ մարդիկ կը թափեն, այնքան շա՜տ կը թափեն, որ սիրտդ կը ցաւի տեղի ունեցող համատարած մսխումին համար, որուն տարողութեան, սակայն, միայն դո՛ւն  կ’անդրադառնաս:

Այս այն ժամանակներն էին, ուր  կարկտուելու ենթակայ էր գրեթէ ամէն բան՝ հագուստը, շապիկը, տաբատը, ներքնազգեստը, սպիտակեղէնը, գլխարկն ու ձեռնոցն իսկ, եւ անշուշտ  ու մասնաւորաբար կօշիկը.  ուր ոչ ոք կը յօժարէր թափել հինը ու յաւակնիլ նորին, վասնզի այդ ցանկալի նորը կա՛մ չկար… կա՛մ չէր ճարուեր…:

Մեզմէ շատեր  իրենց  հագուստեղէնը կը հոգային Նահատակաց հրապարակին կից  Կեդրոնական շուկայի մէկ յատուկ բաժանմունքէն, ուր ամերիկեան գործածուած հագուստեղէն կը ծախուէր, եւ այստեղ կը տիրէր շատ աւելի մեծ եռուզեռ մը,− Պարոյր Աղպաշեան պիտի ըսէր «եռուզեռներ»,− քան նորը վաճառողներուն քով: Ուր ամէն գնում կատարող ունէր նոյն հարցումը. «Այս ամերիկացիները խե՞նթ են»,− վասնզի միայն խենթերը կրնային նման նոփ-նոր  հագուստը թափել: Մեզի համար դժուար էր գիտնալ, որ Huxley-ի կարգախօսը հէնց Ամերիկայի մէջ է որ ծնունդ առած էր եւ  վաղուց կը կիրարկուէր:

***

Այս յիշատակներու խորապատկերին վրայ էր, որ  ընթերցումներս  զիս տարին մեր պատմութեան հետքերով,  ու հասայ կարկատել բայի  ակունքներուն՝ զարմացած վերահասու դառնալով անոր կիրարկութեան ծիրի ապշեցուցիչ ընդարձակութեան:

Եւ, աշուշտ, հետեւողութեամբ  մեծ առաջնորդիս, որ «Նոր հայկազեան»-ն է:

Գրաբարը, ուրեմն,  կիրարկած է այս հասկացութեան  յարող  հետեւեալ եզրերը՝ կարկատանք, կարկատումն, կարկատուն, կարկատել:

Այս չորսէն աշխարհաբարին հետ հասարակաց է մի՛այն կարկ(ա)տել-ը:

Կարկատանք օրին նշանակած է նոյնինքն կարկտուած հագուստեղէնը, «կարկտած հագուստ», ինչպէս կը կոչէ զայն «Նոր հայկազեանը»:

Կարկատումն բայանունն է «կարկատել»-ին: Մեծաթիւ բայեր կրնան ունենալ այս ում-ով կառոյցը՝ յանգիլ-յանգում, վաճառել-վաճառում, սպասել-սպասում եւ  այլն, բայց ահա,  չես գիտեր ինչո՛ւ, աշխարհաբարը «կարկատում» չունի:

Կարկատուն. ինչպէս   ուն ածանցը կը թելադրէ, բառս  բուն իմաստով կը նշանակէ «կարկտուած», սակայն շատ աւելի կիրարկուած է փոխաբերական իմաստով, իբրեւ՝ կեղծ, շինծու, արուեստական. օրինակ՝ «կարկատուն կուռք», որ է հեթանոսական շինծու  կուռք՝ պաշտամունքի առարկայ եւ մերժելի քրիստոնեայէն:

«Կարկատուն տերեւով թզենւոյն»,– կ’ակնարկէ թզենիի այն տերեւին, որով Ադամ եւ Եւա ծածկեցին իրենց ամօթոյքը: «Կարկատուն առասպել», որ է շինծու, անվաւեր  պատմութիւն: Աշխարհաբարը թէեւ չունի բառային այս ձեւը, սակայն նոյն իմաստները կ’արտայայտէ կարկտան բառով, որ ածական եւ գոյական է միաժամանակ:

Կարկատել. Նոյն մեր կարկտել սահմանափակ առումով  բայն է,  գրաբարի մէջ  իմաստային անհամեմատելի պէսպիսութեամբ ու ճոխութեամբ, որոնմէ հետեւեալները.

Կարել, զօդել, կցկցել, որոնք ըմբռնելի նշանակութիւններ են:

Սակայն  կ’աւելցնէ՝  «միաւորել զխրամատեալս», այսինքն՝ «միաւորել, կցել իրարմէ բաժնուած առարկաներ»,− ինչ որ  իր կարգին ըմբռնելի է,−  բայց  ահա կը մասնաւորէ՝ «զջուրն», այսինքն՝  ջուրի երկու բաժանեալ մասերու իրարու հանդիպիլն ու միանալով մէկ ամբողջութիւն կազմելը նմանապէս կարկատել կը կոչէ: Աստուածաշունչը այս բայով թարգմանած է  Կարմիր ծովուն մէջ Մովսէսի ձեռքով յառաջացած  բացատի,− ուրկէ հրեաները անցան քալելով,−  ջրային երկու պատերու  վերամիացումը, ուր խեղդամահ եղան փարաւոնն ու անոր զինուորները: Արդարեւ, Եհովա կը թելադրէ Մովսէսի. «Ձգեա՛ զձեռն քո ՚ի վերայ  ծովուդ, և կարկատեսցի՛ անդրէն ջուրդ» (Ելից, 14/26), այսինքն՝ «երկարէ՛ ձեռքդ ծովուն վրայ, եւ ջուրը վերստին պիտի կարկտուի», այլ խօսքով՝ վերամիանայ, վերագտնէ նախկին վիճակը:

Կարկատել կոչուած է այստեղ հնացեալ շինութեանց վերանորոգումը, օրինակ՝ տաճար մը. «Կարկատեաց դարձեալ զտաճարն տեառն»,  եւ տակաւին փայտերու իրար կցկցումով  ամբողջ նաւու  մը կառուցումը:

Կարկատել  կը նշանակէ նաեւ բառերու  զօդումով  երգ յօրինել, ոտանաւոր հագներգել, այլ  նաեւ սուտեր հիւսել. «Կարկատեցին զբանս սուտ», եւ կամ «Բաղայս ստութեան կարկատեալ ի վերայ՝ կալան զամենեսեան», այսինքն՝ «սուտեր յօրինելով կալանաւորեցին բոլորը»: Ու դեռ  նենգութիւն. «Նենգութիւն եւ դաւաճանութիւն ի վերայ նոցա կարկատեալ լինէր»:

Կարկատել կը նշանակէ տակաւին վերականգնել. «Կարծէին կարել կարկատել զանկումն կաթողիկոսին»,− կ’ակնարկէ կաթողիկոսը իր գահին վրայ վերահաստատելուն:

Կարկատել  նշանակած է տակաւին  «պապանձեցնել», լեզուն կապելու տրամաբանութեամբ. «Ի բերանոց կարկատումն հերձուածողաց»:

***

Այս բոլորէն աշխարհաբարը ժառանգած է միայն «կարկատել»-ը,  որ է  «կարելով նորոգել պատռած լաթը, կաշին եւ նմանները»:

Կարկատել սկզբնաձեւը ձայնաւորի կորուստով տուած է կարկտել ժողովրդական ձեւը, որ շատ  աւելի լայն  կիրրակութիւն ունեցած է եւ ունի մինչեւ մեր օրերը:

Կարկտան. ուրեմն աշխարհաբարի մէջ յառաջացած բառ է:

Կը բնորոշէ լաթի,  կաշիի  կամ  կարկտուող առարկայի որեւէ կտոր, որով լեցնել, փոխարինել հարկ կ’ըլլայ  այդ  առարկային վրայ յառաջացած  բացը:

Ասկէ յառաջացած է կարկտնել բայը, որ կը նշանակէ կարկատանի կցումով նորոգել:

Ժամանակին հետ, սակայն, զանազանութիւնը նսեմացած է այս երկուքին միջեւ, եւ կարկատել ու կարկտնել դարձած են  բոլորովին  նոյնանիշ:

Ծանօթ.—Ասոնց հոմանիշ է խրուանդել բայը.  նաեւ՝ խրուանդիչ, որ է հնակարկատ:

[1] «Թափելը նախընտրելի է նորոգելէն». Aldous Huxley-ի «Brave new world» վէպի կարգախօսն է այս:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x