Յարացոյց

Յարացոյց

«Յարացոյց»ը ծնունդով Հալէպէն, այժմ Պէյրութ բնակող, երիտասարդ գրող Քրիստ Խրոյեանի սիւնակն է Տարբերակ21-ին մէջ: Խրոյեան օրագրային բնոյթի իր ակնարկներու մէջ ընթերցողին կը ներկայանայ գրողական դիտակէտի դիրքէն, ուրկէ կը հետեւի իր շրջապատին, կը փորձէ հասկնալ մարդը՝ իրադարձութիւններու հոսքին եւ իրավիճակներու պայմանականութեանց մէջ, յաճախ երթեւեկելով անցեալի եւ ներկայի, խաղաղ մանկութեան օրրան ու ապա աղէտի գօտի՝ Հալէպի յիշողութիւններուն ու ներկայիս պէյրութեան բարդ ու հակասական առօրեային միջեւ:

March 13, 2024

Դէմքին վրայ կնճիռներ Ծալքերուն մէջ յիշատակ Ու ամէն գիծ` պատմութիւն, Բիւրաւոր արեւածագ

March 3, 2024

"Today's concert is an endeavor to confront our fears and uncertainties through music. Let us fill ourselves with hope for the future and stand resilient."

March 2, 2024

Լիբանանեան բեմերէ տարիներու բացակայութենէ ետք, Ալեֆ Ապի Սաատ (Aleph Abi Saad) ելոյթ պիտի ունենար Քազինոյի մայր թատերասրահին մէջ:

February 25, 2024

Դպրոցը ունէր երկու բակ. մէկը գետնայարկի շրջափակն էր, որուն հարաւային կողմը դուռով մը կը բաժնուէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիէն:

February 20, 2024

Լսողն ու ընթերցողը պիտի ըսեն «Ինչքան սէր կայ պահուած այս խօսքին ետին». մարդ զիջի իր բաժին միսը ու բաւարարուի ոսկորով եւ իր խօսակիցին տայ իր բաժին միսը` արժէքաւորը։ Ի՜նչ վեհանձնութիւն։

February 12, 2024

Սիրոյ համար պէտք չեն տօներ Տօն է սէրն ամէնօրեայ Խօսքեր պէտք չեն սիրելու համար Աչքերը լեզու են հազարամեայ։ Վարդեր, զարդեր, գեղօններ Զուր են նուէրներն ընծայ

January 30, 2024

Թէ ծնէիր բնութենէն` առանց հօր ու մօր Ապրէիր կեանքն ազատ, տկլոր Գոյն, կրօնք, հայրենիք չունենայիր Ըսէ ինծի, յայնժամ ո՛վ պիտի ըլլայիր։

January 25, 2024

Հիմա արդէն ես եմ հրամանատարը, եւ օրերէ որ կը խաղամ այս խաղը: Քանի մը անգամ խաղալէ եւ յաղթանակ արձանագրելէ ետք, անդրադարձայ, որ ա՛լ անցեալի մտայնութեամբ չէ որ կը խաղամ:

January 20, 2024

Խաղերը շատ էին, բայց օգտագործուած բառերը աւելի, եւ այդ բառերու միտքը յղացողները միշտ ալ կը մնային անյայտ զինուորներ, որոնք բազմալեզու հայհոյանքներ արձակելու ատակ մարդիկ էին, եւ այնքա՜ն ստեղծարար ոգիով ու պատկերաւոր ձեւով...

January 16, 2024

Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ'ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս...

November 28, 2023

Ո՞վ է, ի՛նչ է այս մարդ կոչեցեալը, որ աշխարհի ամէնէն զազարգացած արարածը կը նկատուի։ Որքանո՞վ տարբեր եմ ես հիմա իմ նախահայրերէս եւ ընդհանրապէս որո՞նք էին անոնք, ինչպիսի՞ ինքնութեան, բնաւորութեան եւ կարողութեան տէր մարդիկ էին։

November 18, 2023

Այդ խճողումներուն, երթեւեկութեան ժամանակ՝ կարմիր լոյսին դէմ կեցած, կամ կանաչ լոյսին քովէն անցնելով, առաւօտեան սուրճին կամ սիկարէթին հետ, հարազատ մը հասցուցած ժամանակ, գործի ճամբուն վրայ՝ առաջին յաճախորդին չհանդիպած, աշխարհին երբեմն ալ «բարի լոյս» իսկ չըսած, լիբանանցիք ռատիոյի ալիքի մը վրայ են:

September 26, 2023

Կը տողանցեն լուսանկարներ տեղահանումներու, ամայացած քաղաքի մը փողոցներու, թափառական ծերունիներու եւ մանուկներու: Մուխ ու ծուխ կը բարձրանայ քաղաքին մէկ կողմէն, ռմբակոծումի պայթիւնները կ'արձագանգեն շրջանէ շրջան:

September 12, 2023

Նախքան եութիուպն ու սփոթիֆայը, նախքան կոճակի մը սեղմումով, կամ մատի մը հպումով ուզածիդ հասնելու դարը, կար անիւ մը որ կը դառնար երկու կողմ` ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ եւ անոնց հակառակ ուղղութեամբ:

August 29, 2023

Այստեղ բոլորն ալ գիտեն քաղաքականութիւնը, բոլորն ալ կը հասկնան. երբեմն կը կապկեն ուրիշին խօսքը, երբեմն բանականութեամբ վերլուծելով կը ներկայացնեն իրենց միտքը, երբեմն «վերէն լսուած» բաներ կը փոխանցեն, երբեմն ալ... պարզապէս կը փչեն...

August 14, 2023

Խունկ ու մոմ կաթնապուրը հնարողի յիշատակին, ձեռքերը դալար զայն պատրաստողին, մեզի ալ հազար անուշ...

June 7, 2023

Իւրաքանչիւր պտուղ կամ բանջարեղէն իրեն համար իր մարդը ունէր։ Լոլիկը Հասանէն, գետնախնձորը՝ Ահմատէն, Սոխը՝ Մհամատէն, եւ այսպէս...

May 16, 2023

Բոլոր փոխադրամիջոցները կը տանին մարդիկ ու կը բերեն զիրենք, սակայն օդանաւը, որ կը նուաճէ երկինքը, ճամբորդութիւնն աւելի խորհրդաւոր ու հեքիաթային կը դարձնէ:

March 8, 2023

Պատերազմի սեւ շուկաները շատ էին։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունէր իր իւրայատուկ տագնապը, իր առանձնայատկութիւնները եւ, հետեւաբար, իրեն յատուկ «սեւ շուկան»:

February 14, 2023

...այս մարդիկ հոն կը գտնուէին յանձնառու ոգիով եւ կը կրէին մարդասիրական, անփոխադարձ աշխատանք մը տանելու գիտակից պատասխանատուութիւնը։

February 8, 2023

Կը մտածեմ, թէ մարդկային մարմինը, ուղեղն ու ջիղերը պատրաստուա՞ծ են յաջորդաբար նման ողբերգութիւններ կուլ տալու, չե՞ն սպառիր անոնք:

January 31, 2023

Քաղաքը, ուրկէ կու գամ, ունի օդակայան մը։ Այո՛, չունի շքեղութիւնը եւրոպական այլ օդակայաններու, չունի տարածութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներու օդակայաններուն, բայց մերն է, մեր ունեցածը։

January 18, 2023

Խորհուրդը Նոր տարուան ես կրնամ զգալ միայն ընտանեկան սեղանին շուրջ, նոյնիսկ եթէ վրան ծայրէ ծայր չէ լեցուած ուտեստեղէնով ու շուրջը մարդոցմով...