…Այնտեղ, ուր վճռորոշ տարրը «հետ» յետադրութիւնն է

June 1, 2022
  1. Ծանօթանալ մէկուն եւ ծանօթանալ մէկուն հետ

Ասոնք երկու ոչ այնքան նոյն բաներն են, որքան ալ ոմանք, յատկապէս արեւելահայերէնէ կատարուած մեքենական փոխադրութեանց մէջ շփոթեն զանոնք:

«Ծանօթանալ մէկուն» կամ «բանի մը» սահմանափակ կամ միակողմանի գործողութիւն մըն է. օրինակ՝ «Ծանօթացայ Թորոսին»,− կը նշանակէ Թորոսին մասն ինչ-որ տեղեկութիւններ քաղեցի, թերեւս տեսայ ալ զինք, լսեցի ձայնը, վերահասու եղայ անոր զբաղումներուն, սիրածին ու չսիրածին եւ…եւ…եւ…, իսկ այս բոլորին փոխարէն Թորոսը ոչ իսկ երեսս նայեցաւ, կամ հայեացքը իմ կողմս դարձուց  կամ  գոյութեանս անդրադարձաւ:

Այլեւ ծանօթանալ… ըսենք՝ գիրքի մը. կ’ունենաս զայն ձեռքերուդ մէջ, կը կարդաս խորագիրը, կը բանաս զայն ու կը տեղեկանաս նիւթերու ցանկին, թերեւս քանի մը տող, պարբերութիւն կամ էջ ալ կը կարդաս՝ գաղափար մը ունենալու համար բովանդակութեան  մասին եւ այլն՝ գիրքին քեզի հանդէպ ցուցաբերած ամբողջական անտարբերութեան պայմաննրուն մէջ:

Ասոնք  կը թարգմանուին ծանօթանալ բայով եւ անոր մէկ տրական հոլով խնդիրով՝ ծանօթացայ Թորոսին,  ծանօթացայ գիրքին:  Կարելի է տակաւին ծանօթանալ շրջապատին, տեղեկութիւններ քաղել անոր մասին՝ առանց որ ան՝ մարդկային շրջանակը,   նուազագոյն հետաքրքրութիւնը ցուցաբերած ըլլայ քու անձիդ հանդէպ:

Ուրիշ բան է «ծանօթանալ մէկուն հետ» բառակապակցութիւնը. այս պարագային լռելեայն կ’իմացուի, որ դիմացինիդ հանդէպ հաւաքած տեղեկութիւններուդ փոխարէն կամ չափ ան ալ քո՛ւ մասիդ տեղեկութիւն քաղեց, տեղեկացաւ, իրազեկուեցաւ քեզմով:

Այլ խօսքով՝ ինչ-որ փոխադարձութիւն մը յառաջացաւ:

Նման փոխադարձութիւն կրնայ ցուցաբերել, անշուշտ,  միայն բանական էակը, ուրեմն կարելի է ծանօթանալ մի՛այն անձի կամ հաւաքականութեան մը հետ, ոչ-բանական արարածներու, առաւել եւս իրերու հետ ծանօթանալ կարելի չէ:

  1. Հանդիպիլ մէկուն եւ հանդիպիլ մէկուն հետ

          Հանդիպիլ մէկուն կը նշանակէ պատահականօրէն տեսնել այսինչը, դէմ-դիմաց գալ անոր հետ ճամբուն վրայ կամ  հանդիսութեան մը առթիւ: Այս պարագային շեշտելին պատահականութեան գաղափարն է: Բացառուած չէ նոյնիսկ, որ կանգ առնէք, բարեւէք, իրարու ձեռք սեղմէք եւ  քանի մը յաւուր պատշաճի խօսք ալ փոխանակէք,− այս բոլորը պատահականութեան բնոյթը չեն  փոխեր, եւ, ինչպէս ըսինք, կը թարգմանուին «հանդիպիլ մէկուն»  բառակապակցութեամբ

«Այսօր Թորոսին հանդիպեցայ, աչքերուս չէի հաւատար, որքա՜ն փոխուեր է»:

Ուրիշ է «մէկուն հետ հանդիպիլ»-ը:

Սա կ’ենթադրէ ինչ-որ ժամադրութիւն մը, պայմանաւորուածութիւն մը, ուր ամէն պատահականութիւն բացառուած է. օրինակ՝ «Այսօր հանդիպեցայ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին հետ, եւ կարգադրեցինք մեր տղուն ուսման հարցը»: Սա կ’ենթադրէ, որ նախօրօք առնուած է ժամադրութիւն մը, խորհրդակցելու ինչ-որ երկու կողմերուն ծանօթ հարցի մը շուրջ. այս պարագային՝ «մեր տղուն ուսման հարցը»:

Եթէ նման հանդիպումի նախաձեռնութիւնը քեզմէ եկած է, շատ աւելի դուն շահագրգռուած ես այդ հանդիպումով, ապա պատշաճ է ըսել.

՝           «Հանդիպեցայ [եզակի]   տնօրէնին հետ»:

Իսկ եթէ,  ըսենք, քննարկուած կամ ծեծուած հարցը հասարակաց է, եւ հանդիպումին  հանդէպ շահագրգռութիւնը  երկուստեք էր, ապա յարմար է ըսել՝

«Հանդիպեցանք [յոգնակի] տնօրէնին հետ»:

Եթէ հանդիպելու  համաձայնութիւնը նախապէս  կայացած չըլլար, եւ դուն  պատահաբար հանդիպէիr տնօրէնին գրասենեակը քու սոսկական նախաձեռնութեամբդ՝ լուծելու ինչ-որ հարց մը, ապա հետ յետադրութիւնը կիրարկելի պիտի չըլլար. պարտէիր ըսել. «Այսօր հանդիպեցայ  Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին եւ…»:

Ունինք  «հանդիպում ունենալ» յարադրական կառոյցը, որ, հաւանաբար, շատ աւելի հարազատ կը թարգմանէ «մէկուն հետ հանդիպիլ»-ի հասկացութիւնը:

«Այսօր հանդիպում (մը) ունեցայ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին հետ»:

Այս վերջինը աներկբայօրէն կը նշանակէ որոշուած, համաձայնեցուած, հաւասարէ-հաւասար կայացած հանդիպում մը: Իսկ փողոցի մէջ պատահականօրէն տեղի ունեցածը ընդմիշտ թարգմանելի չէ «հանդիպում ունենալ» յարադրութեամբ:

«Պայտըն եւ Փութին հանդիպում մը ունեցան»:

Այս պարագային ոչ մէկուն մտքէն կրնայ անցնիլ, թէ Պայտըն  ինչ-որ աննպատակ թափառելու առթիւ  բոլորովին պատահաբար  տեսած է… Փութինը,  եւ անոնք  քանի մը՝  լեռէն-ձորէն  բառեր փոխանակած են իրարու  հետ. օրինակ՝

−Բարե՛ւ,  Փութին ջան, ո՞ւր  հասան  Ուքրանիոյ դէմ դաստիարակիչ գրոհներդ:

−Բնաւ մի՛ հարցներ, այդ Զելենսքի կոչուած ջհուտ ստահակը քիթէս-բերնէս կը բերէ:

  1. Ընկերանալ մէկուն եւ ընկերարանալ մէկուն հետ

«Ընկերանալ մէկուն» կը նշանակէ անոր կից կամ անմիջական մերձակայքը եւ  միասնաբար ընել նոյն բանը. օրինակ՝ նոյն ճամբան երթալ, նոյն սեղանին շուրջ ճաշել, նոյն գործը ընել, նոյն մարտը մարտնչիլ, մէկ խօսքով՝ միասնաբար նոյն բանը ընել, նոյն գործունէութեան նուիրուիլ՝ առհասարակ նոյն նպատակաուղղուածութեամբ:

«Իսկ ընկերանալ մէկուն հետ» կը նշանակէ ընկերութիւն հաստատել յարաբերաբար օտար, թէկուզ ծանօթ անձի մը հետ, որ նախապէս ոչ մէկ մտերմութիւն,  մինչեւ իսկ տարրական ծանօթութիւն  ունեցած է հետդ:

«Այդ օրէն  Թորոսն ու Մարկոսը ընկերացան իրարու հետ»:

Նման յարաբերութիւնը կը բնորոշենք սիրալիր, սերտ, անքակտելի ածականներով:

  1. Աշխատակցիլ մէկուն (կամ՝բանի մը) եւ աշխատակցիլ մէկուն հետ

          Պատկերացիւցէք թերթ մը, որուն տարիներով  ղրկած ես յօդուածներդ, որոնք միշտ ալ գնահատուած են եւ անշուշտ հրատարակուած,   առանց, միւս կողմէ,  մէկ բառ կամ տող ստնալու  այդ թերթի տնօրէնութենէն:

− Ըլլալի՞ք բան է,− պիտի հարցնէք թերահաւատօրէն:

−Այո՜, բարեկամներ, միայն ըլլալիք չէ, եղած եւ եղող բաներ են  ասոնք:

Սա բանի մը կամ մէկու մը աշխատակցելու  տեսակն է:

Հիմա պատկերացուցէք, որ այսինչին հետ միասնաբար կը յղանաք, կը ծրագրէք ինչ որ նախաձեռնութիւն մը եւ զայն գլուխ կը հանէք միասնական ճիգերով. օրինակ՝  gu himnek հրատարակչական հաստատութիւն մը. այս ալ մէկուն հետ  կամ  իրար հետ  աշխատակցելու տեսակն է:

  1. Տակաւին ունինք՝ խօսիլ մէկուն եւ խօսիլ մէկուն հետ եւ շատ նմանները:

Եզրակացութիւն

Ուրեմն այս բառակապակցութիւններուն  կամ ասոյթներուն իմաստային վճռորոշ տարրը հետ յետադրութիւնն է:

–Առանց հետ-ի՝ տուեալ գործողութիւնները, մեկուսի,  միակողմանի բնոյթ ունին:

Հետ-ով օժտուած տարբերակները  գործակցութեան, միասնութեան, փոխադար-ձութեան  նկարագիր ունին:

Այս միասնութեան իմաստն ալ կը թելադրէ, որ հետ յետադրութիւնը կիրարկուի մի՛այն բանական  էակներու առթիւ, քանի անբան արարածները, առաւել եւս իրերը չեն կրնար միասնութիւն  ստեղծել:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x