Շնորհաւորանք՝ «ամբաստանել» եւ «մեղադրանք» բառերու ճիշդ գործածութեան

February 22, 2024

1.Շնորհաւորանք

Կը շնորհաւորեմ «Նոր Յառաջ»-ի տնօրէնութիւնը՝ ամբաստանել եւ մեղադրանք բառերու ճիշդ գործածութեան համար:

«[Նախարարը] կ’ամբաստանուի իր պաշտօնը չարաշահելու մեղադրանքով»:

  1. Հայերէնի զուարճութեան սեմը արդէն անցած ենք, եւ մենք մեզ է որ կը խաբենք՝ ենթադրելով, թէ հայերէնը կը… զուարճանայ: Այլապէս զգաստանալու ժամը վաղո՜՜՜ւց հնչած է, իսկ հայերէնը, դուք հասկցէք հայը՝ պարտի զգաստանալ, սակայն…

***«Պայթի՝՝ւնը տեղի է ունեցել գազի արտահոսքի և բնակչի կողմից կրակայրիչը վառելու հետևանքով»:  

Հայրենի մամուլը այս եւ նման նախադասութիւններով ծանուցեց օրերս տեղի ունեցած պայթում մը, որ քանի մը զոհ խլեց եւ քանդեց բազմաթիւ բնակարաններ:

Այստեղ ուշագրաւ է… պայթիւն-ը:

Որ փաստօրէն … «աղմուկ» կը նշանակէ, եւ աղմուկին վերագրուած աւերները: Որոնք, սակայն, աղմուկի հեետեւանք չէին, այլ… պայթումի:

Արեւելահայերէնը չի զանազաներ աղմուկն ու գործողութիւնը

          դղրդալ      դղրդում     դղրդիւն     դղրդուն

        թնդալ       թնդում      թնդիւն      թնդուն

        հնչել         հնչում       հնչիւն       հնչուն

Արեւմտահայերէնը ոչ միայն կը զանազանէ ասոնք իբրեւ գործողութեան եւ աղմուկի իւրայատուկ ցուցիչ գոյականներ,  այլեւ տեղին համեմատ կը կազմէ համապատասխան ածականը եւս, ինչպէս՝ դղրդուն, որ կը նշանակէ դղրդալու յատկութեամբ օժտուած, այլեւ՝ պայթուն, որ հակամէտ է պայթելու:

Այս չէ միայն:

Կայ աւելին:

Ծիծաղելի ու ծիծաղաշարժ կրակվառիչն է այդ:

Խելքս չի հասնիր, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս «կը վառեն կրակը»,−  եւ ինչպէ՞ս հասնի, երբ կրակը ինք  վառ կամ վառող գոյացութիւն մըն է եւ պէտք չունի վառելու կամ վառողի:

Բանականութիւնը կ’ընդունի, որ վառենք կամ վառին՝

–մոմը,                      –վրան-գլուխը

–փայտը,                   –անտառը

–խոտը,                     –տունը…

Շատ ունեցողները տակաւին կը վառեն դրա՛մն ալ… հապա՜՜՜:

Ու տակաւին առօք-փառօք «հոմանիշ» մըն ալ ունի այս չքնաղ բառը, որ կը կոչուի կրակայրիչ, այո՜՜՜, այդպէս չ’ը՛լլար, այսպէ՛ս կ’ըլլայ:

Եւ կ’անգիտանան հազարամեակներու վաղեմութիւն ունեցող այնքան գեղեցիկ, արտայայտիչ ու խօսուն հրահան բառը, այսինքն՝ հուր հանող-ը:

Եւ ճիշդ ա՛յդ է որ տեղի կ’ունենայ: Երբ յիշեալ առարկաներէն մէկուն այրիչ գործօն մը կը մօտեցնես ու կը բռնկեցնես զայն, այո, պարզապէս «կրակ կը հանես», կը ստեղծես, կրակով կ’օժտես, այսինքն՝ կը վառես զայն, կ’այրես:

Հրահանով իրենց  փայտը այրեր կամ վառեր են մեր հեռաւոր  քարայրաբնակ, սակայն իրենց լեզուին գուրգուրացող  նախահայրերը, հրահանով ալ թոնիրը վառեր են անոնց յետնորդները, հրահանով օճախն ու ծխախոտը  կը վառէ ներկայիս հայերէնի տարրական  նախանձախնդրութիւնը ունեցող հայը:

Սակայն ոչ կրակայրիչով… այս ապուշ անհեթեթութեամբ:

Մեղա՜յ, մեղա՜յ  Մեսրոպին:

  1. Ի նոյն կոյսն Արարատի  գտանին եւ  այլ գոհարք, որք ստորեւ.

***«Ընկերոջ հետ ալկոհոլ  էին օգտագործել, ապա դանակահարել էր նրան» («Արմէնպրես»):

Պէտք է ըլլայ «օգտագործել էր»՝ եզակի, ճի՛շդ ինչպէս  է «դանակահարել էր»-ը:

Այս համադասական բարդ նախադասութիւնը ունի քերականական մէ՛կ ենթակայ, որ լռելեայն կ’իմացուի, այսինքն՝ չէ յիշատակուած: Իսկ ընկեր(ոջ) բառը երկրորդ ենթակայ մը չէ, բայական լրացում է. որո՞ւ հետ օգտագործած էր՝  ընկերոջ հետ,− կը կոչուի «միասնութեան պարագայ»:

Այլ օրինակներ՝

Ես ընկերներուս հետ կամ ընկերներովս …  մասնակցեցայ խաղին:

Դուն  դրացիներուդ հետ   կամ դրացիներովդ  …  միացի՛ր մեզի:

Ան ընկերներուն հետ կամ ընկերներով  … ժամանակ կ’անցընէ

            ***«Համաձայնագիր, որ ներառնում է արտակարգ իրավիճակների կանխումը» («Առաջին լրատուական»):

            Ներառնել բայ չունի հայերէնը. արեւելահայերէ՛նն ալ չունի:

            Ակադեմիայի քառահատորը, Աղայեանի բացատրականը,  Սուքիասեանի՝ հոմանիշներու  եւ Բարսեղեանի ուղղագրական բառարանները՝ բոլո՛րը կու տան ներառել: Եւ յստակօրէն կը բացառեն ներառնել սխալ ձեւը, որուն կը հանդիպինք Ազգային ժողովի ջոջերու բառամթերքին մէջ, ուր  իշխանաւոր եւ ընդդիմադիր, առանց հրեայի ու հեթանոսի զանազանութեան, ուս-ուսի տուած, առիւծի նման եւ անամօթաբար  հայոց լեզուն կը կործանեն օրն ի բուն:

            Անոնք չեն գիտեր տակաւին  զանազանել՝

            —որ  շաղկապը որպէսզի շաղկապէն. այս երկրորդը կը կիրարկեն առաջինին փոխարէն. «Նրանք ցանկանում են, որպէսզի…»՝ փոխանակ  որ-ի:

Այսպէս կը խօսի ռո՛ւսը:

            Ու տակաւին որպէսզի ալ չեն ըսեր, այլ կ’ըսեն որպիսի, որ շաղկապ ալ չէ:

            —հետեւաբար-ը՝ արդիւնքում-էն, եւ կը կիրարկեն այս երկրորդը,− որ զազրելի ռուսաբանութիւն է,− աառաջինին փոխարէն:

            Գրեթէ համատարած  կ’ըսեն՝

            —ամսեկան՝ փոխանակ ամսական-ի,

            —յետայսու՝ փոխանակ այսուհետեւ-ի,

            —այլոք/այլօք՝ փոխանակ այլովք-ի:

 

[email protected]                                                                               Արմենակ Եղիայեան                                     

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x