Հրաժարիմք ի կրկնաբանութենէ

October 14, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

«Ազդակ»-ի բարեկամներուս ուշադրութեան

***Հակասական պատկերներ  համաձայնող կողմերուն մօտ (5-10-22, էջ 1):

Պէտք է ըլլայ միջեւ, քանի ինչ-որ փոխադարձութիւն մը կայ. մէկը կը հակասէ միւսին:

Միւս կողմէ՝ մoտ-էն ընդհանրապէս խուսափիլ. արդի հայերէնը աղարտող ամենազզուելի գործօններէն մէկն է, որ դժբախտաբար  մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ արդի արեւմտահայուն  քով (ոչ՝ մօտ):

Նաեւ՝ « Երկու երկիրներուն  մէջ երկխօսութիւններ   սկսելու քաղաքական կամքի գոյութիւնն է (20-9-2022, էջ 8):

Երկխօսութիւնը (բաներու) մէջ   չ’ըլլար, այլ (բաներու)  միջեւ:

Երկխօսութիւններ յոգնակին անմարսելի է. պէտք է եզակի գործածել զայն:

Ասոր համար քիչ մը խելք եւ քիչ մըն ալ ճաշակ պէտք է գործադրէ գրողը: Փառք Աստուծոյ, երկուքն ալ լիաբուռն  տրուած է  մեր լրագրողներուն, ա՛լ ինչու խնայել, ո՞ր օրուան ի պահ  կը դրուի ան: Գործածեցէ՛ք, եղբա՛յր, գործածեցէ՛ք, բարեխնամ Աստուած  կը շարունակէ փոխարէնը ղրկել, անտես չի ձգեր:

***Հայ դատի մարմինը անոր ուշադրութեան հրաւիրեց տեսանիւթը (անդ):         

Պէտք է ըլլայ՝ «ուշադրութեան յանձնեց  տեսանիւթը»:

***Հանդէս եկած էր Ազրպեյճանին ամերիկեան օժանդակութենէ զրկող…(3-10-22, էջ 1):

Պէտք է ըլլայ՝ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով, ուղիղ խնդիր:

Ազրպեյճանին ուղղակիօրէն պիտի զրկէ ամերիկեան օժանդակութենէ (անդ, էջ 7):

Նոյն սխալն է, որ կը կրկնուի. պէտք է ըլլայ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով:

Ողղակիօրէն  շատ ծանր ու ճնշիչ ոճ  մըն է՝ կրկնակի մակբայ:

Ուղղակի բաւարար է:

***Նորայրը հետ չեկաւ …(1-10-2022, էջ 3):

Յետ չեկաւ, այսինքն՝ ի ետ չեկաւ՝ յետ չեկաւ:

***Կողմերը պէտք է յանձնառու մնան Կապոյտ գիծին դէմ որեւէ խախտում կասեցնելու (անդ, էջ 2):

Պէտք է ըլլայ՝ «Կապոյտ  գիծին հանդէպ»:

***Սապի Ապու Մունա իր խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց  ընտրելու…(4-10-2022,  էջ 2):

Պէտք է ըսել, որ մեր գեղագէտները յատուկ տկարութիւն մը ունին  «կրկնաբանութիւն» ըսուածին հանդէպ՝ չըսելու համար, որ յատուկ ձգողականութիւն մը կը ցուցաբերեն եւ  ընդառաջ կ’երթան անոր, այլեւ կը փնտռեն զայն:

Ահա թէ ինչու կրկնաբանութիւնները կը վխտան հերթական թիւերու մէջ:

Մինչ պէտք է ըլլար հակառակը:

Եւ կրնար դիւրաւ ըլլալ:

«Սապի Ապի Մունա խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն թելադրեց ընտրել…»:

Կարելի է ըսել նաեւ՝ «հրաւիրեց զանոնք ընտրելու…» եւ ուրիշ շատ բաներ, կարեւորը փափաքիլն է:

Նաեւ՝ «համապատասխան գործիքակազմերու գործարկումով  ճնշում գործադրելու Ազրպեյճանի վրայ (30-9-2022, էջ 1):

Եթէ քիչ մը յարգուի մեր լեզուն եւ ընթերցողը, ապա կարելի էր գրել՝ «համապատասխան գործիքակազմերու կիրարկումով ճնշում բանեցնելու Ազրպեյճանի վրայ»:

***Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարձր կրակի վրայ պիտի զետեղուի (անդ, էջ 4):

Այս «բարձր կրակի վրայ զետեղումը» ասացուածքը, որ բոլորովին օտար է, հազիւ թէ բան մը ըսէ արդի հայուն:

Մանաւանդ որ սխալ ընտրուած է   «բարձր» ածականը:

Թերեւս  «թէժ կրակի վրայ»-ն  (feu artent, scorching fire) բան մը թելադրէր, թէեւ ատոր ալ կը կասկածիմ:

Լաւ կ’ըլլայ, որ այսպիսիներուն հայերէն համարժէքը,− թէկուզ մօտաւոր համարժէքը,− տրուի, քանի ազգային դարձուածքները սովորաբար լիովին թարգմանելի չեն:

Յիշենք պատմական փորձանք դարձած հետեւեալները՝

Դիակը գարեջուրին մէջ դնելը…

–Պատերուն վրայ մողէզներու երեւումը…

Attachons à la confiture-ը:

 ***Կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել Հայաստանի վրայ (17-9-2022, էջ 8):

Պարտադրել բայը մաքուր տրական հոլով կը պահանջէ՝ առանց վրայ յետադրութեան. ուրեմն՝ «պայմանները պարտադրել Հայաստանի»:

–Քու պայմաններդ մի՛ պարտադրեր ինծի:

–Մեր պայմանները չպարտադրենք  ուրիշներուն:

–Դահիճը իր պայմանները պարտադրեց զոհին:

Ինծի, ուրիշներուն, զոհին՝ երեքն ալ տրական հոլով դրուած են:

***Սահմանագծումը կը գտնուի վերջին փուլին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք Լիբանան պիտի կարենայ… (6-10-2022, էջ  7):

Հայոց լեզուն աղաւաղելու առաքելութեան հաւատարիմ՝ մեր արդի լրագրողները խոր կառչածութիւն կը ցուցաբերեն  այս զազրելի ռուսաբանութեան եւ անոր երկուորեակին՝ իբրեւ հետեւանք-ին,− որոնք ամէնօրեայ ներկայութիւն են այլեւս,−  ընդմիշտ մոռցած ըլլալով հայերէն միւռոնաբոյր  շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով, բերումով յետադրութիւնները

Հայը իր սեփական կամքով կ’ընէ այս բոլորը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x