Յօդուածի մը լեզուական արկածախնդրութիւնները

July 22, 2021

Խնդրոյ առարկան կը կրէ  «Խաչեալ մանուկը» խորագիրը, նուիրուած է սրբապատկերի մը  եւ կը զարդարէ մեր մամուլի մէկ-երկուքին էջերը:

Ան կը կրէ հայ վարդապետի մը ստորագրութիւնը:

Ի տես որուն՝ առաջին հարցումդ պիտի ըլլայ՝ «Կարելի՞ է այսպիսի դաժան  ժամանկներուն մէջ այսքան  ծաւալուն  յօդուած  յատկացնել Խաչեալ մանուկը պատկերող իւղանկարի մը եւ բարեմտօրէն  ակնկալել ընթերցող ունենալ, որքան ալ որակաւոր ըլլայ յօդուածը եւ ըստ ամենայնի կառչի  ոգեղէն արժէքներու»:

Պարզ է, մեղքը յօուածներու բովանդակութեանն ու անոնց գրողական արժէքինը չէ այնքան, որքան այն ժամանակներուն, ուր հասած է ընթերցողներու համբերութեան մակարդակը: Տեղին է նմանակել Ազատ Վշտունին ու ըսել. «Հիմի հայը հինի հայը չէ հիմի[1]»:

Եւ նման կացութեան մէջ զիջողը պարտի ըլլալ…գրողը:

Ընթերցուելու ուրիշ ելք  ու հնար չկայ:

Իսկ երկրորդ հարցումնիդ պիտի  ըլլայ՝ «Ինչո՞ւ հայերէնը այսպէս կը նահանջէ ու մինչեւ ո՞ւր պիտի նահանջէ ան»:

*   *   *

Եւ արդ սկսցուք, ուստի արժան է սկսանել:

***«Վանքի խորանի սրբապատկերը՝ Յիսուս մանուկի գեղանկարչութիւնը»…

Գեղանկարչութիւն եզրը կը բնորոշէ նկարչական  արուեստի մէկ ճիւղը եւ ոչ թէ յատուկ  նկար մը, ինչպիսին է յիշեալ վանքի խորանին ամրացուած սրբապատկերը: Իսկ գեղանկարչութեան ծիրէն  ներս կայացած  ամէն իրագործում կը կազմէ գեղանկար մը. ուրեմն վանքի խորանին ամրացուածը գեղանկարչութիւն չէ, այլ գեղանկար մըն  է:

***«Մանուկին անմեղութիւնը չի կրնար չգրաւել, չճմլել եւ թանձրացած հոգիները կակուղցնել»:

—Իւրայատուկ կառոյց մըն է այս, ուր ժխտական բայերը՝ չգրաւել եւ չճմլել կը ստանան դրական իմաստ. այսինքն՝ «մանուկին անմեղութիւնը կը գրաւէ ու կը ճմլէ թանձրացած հոգիները»:

Առ այս, ժխտական պէտք էր կիրարկել նաեւ կակուղցնել բայը, քանի հեղինակը կ’ուզէ ըսել, որ  ան եւս կը կակուղցնէ… Ուրեմն՝  պարտէինք գրել՝ «չգգրաւել, չճմլել եւ թանձրացած հոգիները չկակուղցնել»:

Նկատենք, որ  այս պարագային սովորական չէ «թանձրացած» կոչել հոգիները. պարտէինք ըսել կարծրացած. ա՛յս է  հոգին  բնորոշող ընդունուած ածականը:

***«[Յիսուսի երակներէն] առատօրէն արիւններ հեղեղուեցան՝ կաթիլ-կաթիլ հասնելու բոլորիս»:

Արիւն գոյականը յոգնակի կիրարկելը սովորական չէ, պատկերելի ալ չէ. լեզուն չ’ընդունիր զայն. որքան մեծ ըլլայ հոսող արիւնի քանակութիւնը, կը շարունակենք եզակի գործածել զայն. «Թուրքը այնքան արիւն հոսեցուց»,– պիտի ըսէինք՝ շատ լաւ զգալով ու գիտնալով հանդերձ հոսող արեան  չափն ու քանակը:

Ուրիշ անմարսելի չափազանցութիւն մըն է հեղեղուեցան բայը՝ բնորոշելու համար Քրիստոսի վէրքերէն հոսած  արիւնը: Պատկերացուցէք աշխարհի զանազան ափերը ողողող հեղեղները՝ Նորմանտին, Ֆլորիտան, Վիէթնամը… Իսկ ուրիշ հակասութիւն մըն ալ կաթիլ-կաթիլ-ն է. ի՞նչ տրամաբանութեամբ «հեղեղուող»  արիւնէն միայն կաթիլներ պիտի հասնէին…

***Ըմբռնելի չէ, թէ ինչ՛ու ամէն քայլին յոգնակի ենթակային հետեւողականօրէն կը համապատասխանէ եզակի ստորոգիչ, այսինքն՝ դիմաւոր բայ,   կամ ճիշդ հակառակը՝ եզակի ենթակային կը համապատասխանէ յոգնակի ստորոգիչ:

—Սէրն ու անմեղութիւնը չի կրնար չգրաւել:

—Անոր անմեղութեան կ’աւելնայ զոհողութեան երակները:

—Պատգամին իմաստը միայն իր ձեռքերուն մէջ չեն:

—Սուրբ երրորդութեան նշանը այստեղ են:

—Կապոյտ աչքերուն մէջ կան թեթեւակի արցունք:

—Սրբապատկերին իմաստն ու խորհուդը դիւրաւ կը փոխանցուի:

Ուր պէտք է ունենայինք՝ չեն կրնար, կ’աւելնան, չէ, է, կայ, կը փոխանցուին:

***Անպակաս չեն նաեւ տրական հոլով ուղիղ խնդիրի պարագաները.

—Այդ սէրը ինչի՞ կը մղէ հաւատացեալին:

—Պիտի թողում ընթերցողին եւ կամ  անոնց, որոնք առիթը ունին տեսնելու:

Ուր պէտք է ունենայինք՝ հաւատացեալը, ընթերցողը, անոնք:

***Անպակաս չեն, միւս կողմէ, քերականական սխալ  կառոյցները.

—Նախքան Յիսուս գրկուի խաչին վրայ՝ [ան] գրկուեցաւ սուրբ արգանդին մէջ:

Որ պէտք է ըլլայ՝ «Նախքան Յիսուսի գրկուիլը խաչին վրայ՝ ան գրկուեցաւ սուրբ արգանդին մէջ»:

—Այդ սէրը ինչի՞ կը մղէ հաւատացեալին, որպէսզի ան կատարէ:

Այսինքն՝ «Այդ սէրը ի՞նչ ընելու կը մղէ  հաւատացեալը»:

—Շատ յաճախ նման հագուստով չենք գտներ Յիսուս մանուկը:

Որ պէտք է ըլլայ՝ «Միշտ չէ որ նման հագուստով կը գտնենք Յիսուս մանուկը»:

—Գեղանկարիչին յաջողութիւնը կը կայանայ այս բոլոր ներդաշնակութիւնները  ներկայացնել գեղանկարչական նրբութիւններով:

Պէտք է ըլլայ՝ «Գեղանկարիչին յաջողութիւնը կը կայանայ այս բոլոր ներդաշնակութիւնները   նրբութեամբ ներկայացնելու մէջ»:

***«Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն»

—Պէտք է ըլլայ «բոլոր փուլերուն»:

***Բառագիտական

—Հայերէնը չունի լուսեպսակ  եւ փշեպսակ բառերը:

Ունի՝ լուսապսակ եւ փշապսակ:

[1] «Հիմի չինը հինի չինը չէ հիմի» (Ազատ Վշտունի):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x