Վարուժանի Դերենիկը  վախցած էր Ալիի մէջքի դաշոյնէն, եւ ոչ թէ համետէն

November 3, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Վարուժանի հետեքերով

1.Լսլսաքած

Հայաստանի մէջ Դանիէլ Վարուժանի գործերու ծաւալուն հրատարակութիւնները սկսան Ստալինի մահէն ետք միայն. իմ ճանչցած հրատարակութիւններս այդ կը թելադրեն: Եւ առ այդ լաւագոյն հրատարակութիւններէն  մէկը կը պարտինք Սողոմոն Տարօնցիի խմբագրութեան՝ 1955-ին, 448 էջով, ինչ որ աննախընթաց երեւոյթ էր: Այնուհետեւ ան հերթականօրէն աւելի լրացուած ու ճոխացած կանոնաւորապէս դրուեցաւ հայրենի ընթերցողներու սեղանին վրայ: Ասոնց մէջ յիշատակելի է եռահատոր հրատարակութիւնը՝ 1986-87-ին, ընդ որում երրորդը կ’ամփոփէ Վարուժանի նամականին:

Եւ ահա առաջին մէկ օրէն  «Պատգամաւորներս» քերթուածի երկրորդ տունի տողերէն,− իմա՝ բառերէն,− մէկը առարկայ դարձաւ զարմանալի այլանդակութեան մը, որ ահաւասիկ.

«Ըսէ՛, իմ կռո՛ւնկ,
Դէպի հորիզոն նետի պէս 
լսլսաքած վիզդ բոցեղէն…»:

Խնդրոյ առարկան լսլսաքած հրէշաբանութիւնն  է:

Այս խայտառակութիւնը այնուհետեւ անփոփոխ անցաւ մէկ հրատարակութենէ միւսը, կը շարունակէ անցնիլ ու դեռ մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել,− Աստուած գիտէ միայն:

Այդ հրատարակութիւնները չէին բաւեր, «բառս» բծախնդրօրէն ջոկուեցաւ  այնտեղէն ու մուտք գործեց  երկու մեծագոյն բառարաններուն՝  Ակադեմիայի քառահատորին եւ Աղայեանի բացատրականին մէջ, ուր  հանգիստ բազմած է ան՝ բայի վերածուած, եւ կը լուսաւորէ արեւմտահայերէն սորվիլ փափաքողին միտքը, թէ՝

«Լսլսաքել երկարել, պարզել, լարել»:

Ակադեմիան կ’աւելցնէ՝ հազուագիւտ, իսկ Աղայեան՝ գաւառական:

Շատ գործնական լուծում մըն է տրուածը. Եւ   որոհետեւ ուրիշ տեղ չեն հանդիպած «բառիս», մէկը զայն «հազուագիւտ» կը կոչէ, միւսն ալ՝ «գաւառական»: Ու վե՛րջ:

Շատ հետաքարքական է, թէ ո՞ր գաւառին կը պատկանի  ան:

Քանի ո՛չ  Սահակ վ. Ամատունիի (1912) եւ ո՛չ ալ Աճառեանի (1913) գաւառական բառարաններուն մէջ կը գտնենք զայն: Ան չի գտնուիր Մալխասեանի քառահատորին  մէջ եւս, որ շատ լայն տեղ տուած է գաւառական բառերու:

Այնուհետեւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը  քիչ մը աւելի կը նուիրականացնէ բառս ու կը գրէ՝ «Լսլսաքել – տե՛ս՝ ձգել, պրկել»:

Եւ տգիտութեան, թափթփածութեան ու անպատասխանատւութեան թանձր վարագոյրը  թեթեւ ձեռքերով  կ’իջնէ (արեւմտա)հայագիտութեան վրայ:

*   *   *

Պարզ է:

Ի սկզբանէ տեղ մը գործած է գրաշարական վրիպակ մը, չեմ գիտեր՝ ո՛ւր եւ որո՛ւ ձեռքով,  եւ սլաքել-սլաքած բայը դարձած է  լսլսաքած.  գաղթող թռչունները, յաղթահարելու համար օդի դիմադրութիւնը իրենց առջեւ, կը պրկեն, կը լարեն, դէպի յառաջ կ’երկարեն իրենց գլուխը, որով կը ձեւացնեն սլաք մը, որ աւելի  հեշտ կը պատռէ օդի պատը ու կ’անցնի առաջ:

Գեղջուկ Վարուժանը այնքան լաւ գիտէր այս բաները:

Յատկանշական է, որ երեք բառարաններն ալ ճիշդ գուշակած են նշանակութիւնը՝ հիմնուելով  բնագրի պատումին վրայ, սակայն ոչ մէկը յօժարած է  պզտիկ, աննշան պրպտումով մը երեւան հանել գործուած վրէպը ու անդրադառնալ իրողութեան:

Որպէսզի լսլսաքել «բայ» մը չկտակէին իրենց յետնորդներուն:

2.Փալան

Վարուժանի գողգոթան  լսլսաքել-ով պիտի չվերջանար. ան պիտի  բովէն անցնէր ուրիշ մարտահրավէրի մըն ալ, այս անգամ արեւմտահայ արժանաւորի մը՝ Պօղոս Սնապեանի:

Ուրեմն 1986-ին կաթողիկոսարանի տպարանէն եւ Գէորգ Մելիտինեցի մատենաշարով  լոյս կը տեսնէր Վարուժանի ամբողջական երկերը՝ 609 էջ, խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի: Շուրջ տասը տարի ետք Աբրահամ Ալիքեան  «Հասկ հայագիտական»-ի թիւերէն մէկուն մէջ երկար յօդուածով մը անդրադարձաւ այս հրատարակութեան թերութիւններուն:

Ես պիտի սեւեռեմ անոնցմէ մէկը միայն:

Ուրեմն «Դերենիկը» քերթուածին մէջ, ուր հայ պատանին, դրացի Ալիէն վիրաւորուած,  արիւնլուայ տուն կը վազէ ու կ’իյնայ մօրը թեւերուն մէջ, այս վերջինը հարց կու տայ զաւակին, թէ ինչո՞ւ  չէ փոխադարձած թուրքին եւ  իր կարգին չէ՛ պատռած անոր գլուխը:

Դեերենեկ հեկեկալով կը պատասխանէ.

−Բայց, մա՛յրիկ, Ալին թուրքի զաւակ է,

Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքին՝ փալա

Իսկ երբ թուրքին աչքին մէջ հեռ կայ, իսկ մէջքին փալա… ապա ինչպէ՞ս կարելի է չափուիլ անոր հետ, հակադարձել անոր, գլուխը պատռել…

Արդի հայը դժուար թէ բան մը հասկնայ կամ գուշակէ փալա-էն, յանցաւոր չէ, մանաւանդ որ պարտաւոր ալ չէ: Ուստի պիտի  բանայ հատորին վերջը դրուած բառարանը, ուր սեւով ճերմակի վրայ գրուած է՝

 «Փալան – համետ»

Սնապեան ձեռքին տակ ունեցած բնագիրը  «սրբագրած» է՝ փալա դարձուցած է փալան, ապա դարձած ու «բացատրած» է զայն:

Հիմա պատկերացո՛ւր, թէ դուն ինքդ ես ընթերցողը  եւ   վերահասու դարձար հատուածի բովանդակութեան ու կը պատրաստուիս  պահ մը վերլուծել կացութիւնը: Ահա  թուրք իշա պատանի  մը, որ մէջքին… համետ մը կը կրէ. հայը իր լաւագոյն օրերուն կրնա՞ր  ասկէ աւելի նողկալի ոսոխ մը  պատկերացնել  ու ապա, անոր հանդիպելէ ու  վիրաւորուելէ ետք անկէ,  անամօթաբար փախուստ տալ անոր առջեւէն  ու գալ լացակումած պատսպարուիլ մօրը գրկին մէջ:

Ճիշդ ի՞նչ պիտի մտածէիր այս  մասին ու եզրակացնէիր այս բոլորէն:

− Ա՞յս է, ուրեմն, հայ ու  հայութիւն ըսուածը:

Այսպէս ալ հարցուցին ու մտածեցին, կը կարծեմ,  այդ հրատարակութեան բոլոր ընթերցողները այն չարաշուք օրէն, ուր լոյս տեսաւ այդ  հատորը:

Իսկ Ալիին կրածը  համետ մը՝ փալան,  չէր…

Անոր կրածը փալա էր, որ կը նշանակէ… դաշոյն:

Դերենիկ  վախցած է Ալիի աչքերուն հեռ-էն, որ է ոխ, ատելութիւն, եւ մէջքի դաշոյնէն, եւ ոչ թէ համետէն: Իսկ թէ մայրը, որ շատ լաւ կը հասկնայ  կիրարկուած բառամթերքը եւ հակառակ ատոր՝ տղան կռուի կը մղէ,−  սա արդէն բանաստեղծութեան ամբողջ խորհուրդն է, ամբողջ պատգամն է, որ Վարուժան կ’ուզէ այս հայ մօր բերնով յղել իր արժանապատիւ ազգակիցներուն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x