«Մարդ կայ երէցն է սիրում, մարդ կայ՝ երէցկինը»

October 28, 2021

Միշտ  յատուկ համակրանք  ունեցած եմ Հայաստանի վարորդնեդուն հանդէպ:

Պարզամիտ, սակայն եւ սրամիտ, պատրաստաբան, պերճախօս արարածներ են, որ շատ կը սիրեն խօսիլ, մանաւանդ երբ կը զգան, թէ սփիւռքահայ ես, իմա՝ արտասահմանցի: Իրենց համար սփիւռքահայը հետաքրքրական է… արտասահմանով, ահա բառ մը, որ յատուկ հրապոյր, իմա՝ կախարդանք ունի խորհրդային քաղաքացիին, այնպէս ալ՝ հայուն համար:

Շատ տարիներ առաջ էր, խորհրդային  կարգերու օրով:

Երեկոյ մը վարձակառքով տեղ կ’երթայի՝ ականջս տուած վարորդին, որ հազար տեսակ բաներ կը պատմէր աներեր խանդավառութեամբ: Չէի վարաներ մտածելու, թէ այս մարդը ամբողջ օրը քշած ու վազվռտած է, ինչպէ՞ս այս ուշ ժամուն տակաւին… սիրտ ունի այսպէս լիահագագ զրուցելու:

Մինչեւ որ զամբիւղի բոլոր նիւթերը պարպեց-սպառեց ու հերթը հասաւ օղիին:

−Նո ՛ւ, էդ օրուանից թարկեցի խմել…

Թարկել-ը թրքերէն հրաժարիլ-ն է:

−Այսինքն՝ բնաւ չե՞ս խմեր կոր հիմա,−  հարցուցի:

−Ընդամէնը մի շիշ օրեկան…

Հետաքրքրութիւնս աւելի սրեցաւ.  մէկ շիշ կը խմէ… «ընդամէնը», կարծես մէկ մատնոց ըլլար, այնքան արհամարհական կը ներկայացնէ  զայն:

Նախ սրբագրեցի օրեկան-ը. «Պէտք է օրական ըսես»,− սաստեցի:

−Եա՜,− եղաւ հակազդեցութիւնը՝ աչքերն ու բերանը լայն բացած եւ յօնքերը դէպի վեր ցցած,− այսինքն՝ մենք սխա՞լ գործ ենք ածում   էս բառը:

Եւ պահիկ մը սպասելով, որ մարսէ բառային այս նոր «գիտելիքը» եւ առանց աւելի ժամանակ տալու՝  հարցուցի.

−Ինչո՞ւ, առաջ որքա՛ն կը խմէիր որ…

−Մի երեք-չորս շիշ կը խմէի, է՛լի… նայա՛ծ:

−Այդքանէն ետք ինչպէ՞ս արթուն կը մնայիր, որ աշխատէիր, եւ  կնիկիդ ի՞նչ դրամ կու տայիր,  որ  ապրուստին  ծախսէր:

Շատ զարմացաւ այս նկատողութիւններուս  համար:

−Էս աւտոն սաղ ըլլի, է՛լի…:

*   *   *

Ուրիշ առիթով մըն ալ հեռաձայնեցի Ինտուրիստ, թէ վարձակառք մը կ’ուզեմ Սարդարապատ երթալու համար: Եւ տուի անունս ու հասցէս՝ «Անի» հիւրանոց:

−Իսկոյն,− եղաւ պատասխանը եւ աւելցուց, որ պէտք է վճարեմ 18 ռուբլի:

Եւ իրօք ալ «իսկոյն» հասաւ կառքը. վարորդը՝ հասուն, հանգչուկ, սակաւախօս, համակրելի, մաս-մաքուր  մարդ մը՝ նախորդին ճիշդ հակապատկերը:

Ան սուսիկ-փուսիկ, կարելի է ըսել՝ յուզուած քշեց մինչեւ Յուշահամալիրը:

Երբ տեղ հասանք, «կէս ժամէն կը վերադառնամ»,− ըսի իջնելով կառքէն:

−Մի՛ աճապարեր, ուզածիդ չափ մնա՛, ազա՛տ զգա,−  եղաւ պատասխանը:

Վերադարձին Արարատեան դաշտի անծայրածիր ամայութիւնը կը կլանէր մեզ:

Այնքան սակաւախօս էր, որ ե՛ս եղայ նախաձեռնողը:

−Ուրտեղացի՞ ես,− հարցուցի:

Թեւը հորիզոնական բռնեց ու ցուցամատով ճշդելով ուղղութունը՝ պատասխանեց.

−Հէնց էդտեղ:

«Հէնց էդտեղ»,− կարծես մատին ճիշդ ծայրին կամ առաւելագոյնը քանի մը մեթր հեռաւորութեան ակնարկէր, այնքան անմիջական, այնքան բնական կը մատնանշէր  ծննդավայրին տեղը,  մինչ մեր  շուրջ համատարած ամայութիւն էր, հորիզոնին վրայ Արարատը՝ իր զոյգ գագաթներով. այս երկուքին միջեւ պէտք է  տեղ մը գտնուէր Արաքսն ալ:

Եւ լռութի՜ւն, լութի՜ւն, լռութի՜ւն…

Իսկ տեսադաշտիս  մէջ ոչ  մէկ բնակավայր:

−Էդտեղ՝ ո՞ւր,− հարցուցի քիչ մը շլմորած:

−Իգդիրում, է՛լի…

Կարծես ձայնին մէջ մեղադրանքի երանգ մը կար, որ չէի ըմբռներ այդքան պարզ բան մը: Իսկ Իգդիրը…Արաքսէն անդին՝ անոր աջ ափին էր, սանկ-նանկ գոնէ 40-50 քմ մը, կ’ենթադրեմ: Եւ մտքով վերականգնեցի  Դրոյի ծննդավայրը՝ հիմնուելով Սիմոն Վրացեանի յուշերուն՝ «Մրրկածին Դրո»-ի համով-հոտով  պատումին վրայ՝ առանց երբեք մտքովս անցուցած ըլլալու, թէ  օր մը կրնայի այնքան մօտ ըլլալ անոր:

Յուզուած էր, ես ալ յուզուեցայ:

Ա՛լ չուզեցի հարցնել, թէ քանի՛ տարի առաջ հեռացած էր անկէ, թէեւ այնքան ալ դժուար չէր ենթադրել, թէ ան տեղի ունեցած պէտք է ըլլար գոնէ 30-40 տարի առաջ: Եւ այս ամբողջ ժամանակը գրեթէ ոչինչ փոխած էր մէջը այն  կապէն ու ջերմութենէն, որ ան հետը բերած  էր գաղթական ելած օրէն:

Հայաստան գաղթած արեւմտահայերը կը նմանցնեմ… Արշակ Բ.-ին:

Երբ Շապուհ մորթազերծ ըրաւ Վասակ Մամիկոնեանը եւ խոտով լեցուց անոր մարմինը, ստացուած խամաճիկը կախեց Արշակի բանտախուցի պատէն, անոր աչքերուն դիմաց, որպէսզի անոր հոգին յարատեւ կսկծի ի տես եւ ի յուշ իր սիրելի սպարապետին:

Ասոնք ալ Հայաստանի մէջ, իրենցմէ քանի մը քայլ անդին լքած հայրենի տունին կսկիծը կը կրեն յարատեւ հոն, ուր Արեւելք, Եւրոպա ու Ամերիկա գաղթած արեւմտահայու հոգին քիչ մը նուազ կ’ալեկոծի լքած հայրենիքին կսկիծով:

*   *   *

−Գո՞հ ես վիճակէդ,− հարցուցի՝ բան մը ըսած ըլլալու համար:

−Փառք Աստուծոյ, եոլա գնում ենք է՛լի,− եղաւ պատասխանը:

−Ոմանք դժգոհ են,− շարունակեցի,−  եթէ առիթ ունենան՝ այսօր կը հեռանան, աչքերնին տնկած են արտասահման:

−Ինչ արած,−  հազիւ շշնջեց,− մարդ կայ երէցն է սիրում, մարդ կայ՝ երէցկինը: Ես էստեղից կը հեռանամ միայն  մէկ՝ Իգդիր երթալու պայմանով, այլապէս… կը թաղուեմ էս հողի մէջ:

Եւ այլեւս ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք մինչեւ պանդոկ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x