Գլխագրում. խորագիրներու եւ յատուկ անուններու պարագան

June 7, 2023
  1. Գլխագրում

          Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու  կամ մօտենալու. ամէն մարդ ազատօրէն եւ խելքին փչածին պէս կը գլխագրէ. հարցնող-դնող չկայ: Է՜հ, աշխարհը իրար անցած՝ գլուխը առեր կ’երթայ,  հիմա ժամանա՞կն է գլխագրերով զբաղելու:

Այսինքն՝ արեւմտահայուն խելքին ու ճաշակին   ճիփ-ճիդ յարմարող  կացութիւն մը, ուր մտածելու եւ տրամաբանելու ոչ մէկ հարկադրանք կայ եւ կարելի է բնազդաբար գրել:

Ստորեւ պիտի սերտենք զայն երկու մակարդակներու վրայ.

ա. Խորագրերու,

բ.   Յատուկ անուններու:

*   *   *

Խորագիր

Արեւմտահայ իրականութեան մէջ կը գտնենք խորագրերը, մասնաւորաբար  թերթերու, գրելու հետեւեալ  ոճերը.

ա.Բոլոր բառերու բոլոր տառերու գլխագրում.

Օրինակ՝ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ  ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԼԱՐՈՒԻ

          Այս ոճը շատ խոր արմատներ ունի մեր լրագրական  եւ ընդհանուր առմամբ հայերէնի տպագրական   մարզէն ներս: Սակայն ան ինքզինք սպառած, դահացած  ըլլալ կը թուի, յատկապէս մամուլի մէջ, ուր նախընտրութիւնները հետզհետէ կ’երթան ստորեւ բերուած բ. տարբերակին:

բ.Միայն առաջին բառի առաջին տառի գլխագրում.

Օրինակ՝  Կացութիւնը հետզհետէ կը լարուի

Ահա այս ոճն է, որ սկսած է ընդհանրանալ՝ շնորհիւ իր ակնահաճոյ  զուարթ տեսքին:

Այս ոճը որդեգրած լրագիրը աւելի հաղորդական է, աւելի առոյգ ու հրապուրիչ: Ամերիկայի մէջ հետզհետէ կը բազմանան ա. տարբերակը լքելով այս մէկին անցնողները: Մեր մէջ 3-4-ը չեն անցնիր անոնք, եւ ըմբռնելի չէ, թէ ինչո՛ւ  կը տնտնան մնացեալները:

գ.Իւրաքանչիւր բառի սկզբնատառի գլխագրում.

Օրինակ՝ Կացութիւնը  Հետզհետէ  Կը Լարուի

          Ոճերուն ամենազազրելին է այս, որ բացարձակապէս ոչ մէկ հայեցի աւանդոյթ ունի մեր լրագրական  ու ընդհանրապէս տպագրական պատմութեան մէջ: Ան բոլորովին օտարամուտ է, յատկապէս  ամերիկեան ծագումով: Մինչ հիմա ամերիկացիք հետզհետէ կը հեռանան անկէ, մեր մէջ կը գտնենք ստրկաբար անոր կառչած թերթեր:

*      *

*

Այս վերջին յոռի սովորութիւնը կը գտնենք գրական երկերէ բերուած  խորագրերու ու մանաւանդ ոտանաւորէ  առնուած ամբողջական տողերու վերարտադրութեան մէջ եւս.  ինչպէս՝

–Կասկածը Կնոջ Մտքին Մէջ

–Ինչո՞ւ Անունդ Այստեղ Չկարենամ Գրել Ես

Ուր առաջին բառերու առաջին տառը գլխագրելէ բացի մնացեալները գլխագրելու բացարձակապէս ոչ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի՝ ոչ քերականական, ո՛չ գեղագիտական:

Յատուկ անուններ

Հարցը կը վերաբերի բաղադրեալ յատուկ անուններու, այսինքն՝ այնպիսիներուն, որոնք կը գրուին մէկէ աւելի բառերով:

Օրինակ՝

–Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)

–Հայկական բարեգործական ընհանուր միութիւն (ՀԲԸՄ)

–Հայ մարզական  ընդհանոր միութիւն (ՀՄԸՄ)

–Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւն (ՀԵԸ)

–Նոր սերունդ մշակութային միութիւն (ՆՍՄՄ)

Էապէս խորթ ու անընդունելի է ասոնց բոլոր բառերու սկզբնատառերը գլխագրելու մոլութիւնն ու … մոլորութիւնը, քանի որեւէ պատճառ չկայ այդպէս շարժելու:

Փոքրատառով կը գրուի յատուկ անունները բնորոշող բառը.

–Արարատ լեռ, Մուսա լեռ

–Սեւ ծով, Կարմիր ծով

–Օրմանեան պատրիարք, Թորոս վարդապետ, Կիրակոս աբեղայ

–Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան

–Հայ կաթողիկէ Թորգոմեան վարժարան

Գեղարուեստական երկեր ու արտադրութիւններ

–«Նահանջը առանց երգի» (Շահան Շահնուր)

–«Մամայիդ բարեւ ըրէ» (Գրիգոր Զոհրապ)

–«Կարապներու լիճը» (Չայկովսկի)

Աշխարհագրական անուններ

          Աշխարհագրական կողմերու  պարզ անունները չեն գլխագրուիր՝

արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ

«Իսայէլ կը գտնուի լիբանանի հարաւը»:

«Այսօր պաղ  հոսանք մը հասաւ հիւսիսէն»:

«Կարաւանը դէպի արեւելք ուղղուեցաւ»:

Անոնք կը գլխագրուին, երբ  տարածք, շրջան  ցոյց կու տան. օրինակ՝

«Արեւմուտքը ազգագրական տագնապ կ’ապրի»:

«Այդ տագնապը տակաւին չէ հասած Արեւելք»:

Չեն գլխագրուիր  կողմերու բաղադրեալ անունները եւս.

–հիւսիս-արեւելք, հարաւ-արեւելք

                   –հիւսիս-արեւմուտք, հարաւ-արեւմուտք

Նկատել բաղադրիչներու միջեւ միութեան գծիկի կիրարկութիւնը:

Այս գծիկները կ’անհետանան, երբ այդ անունները ածականի կը վերածուին՝                                          —հիւսիսարեւելեան,  հարաւարեւմտեան եւ այլն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x