Աճառեան. «Գրողը միշտ ճիշդ կը մտածէ, սակայն… միշտ չէ որ ճիշդ կը գրէ»

October 5, 2023

Մեր լեզուն հետզհետէ կը զոհաբերուի արեւմտահայ  գրողի անտարբերութեան եւ արեւելահայերէնի  աղաւաղումներու զոհասեղանին վրայ: Այսպէս մտածեցի կարդալով հետեւեալը, որ կը յանձնեմ  ընթերցողներուս ալ ուշադրութեան.

«Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց երկու ամերիկեան ընկերութիւններու դէմ՝ Թայուանին զէնք վաճառելու պատճառով»:

Բան մը հասկցա՞ք…

Եթէ այո, ապա պատճառը ո՛չ ձեր բարձր հասկացողութիւնն է, ո՛չ ալ հատուածը  շարադրողին շնորհքն է. պատճառը՝ հարցին հանդէպ այլապէս՝ տարբեր աղբիւրներէ  իրազեկուածութիւնն է եւ ոչ այս հատուածը ինքը, որ բառային լղրճուկ մըն  է՝ նոյնիսկ եթէ ճիշդ մտածուած է ան:

Մի՛ մոռնաք Աճառեանի անմահ խօսքը. «Գրողը միշտ ճիշդ կը մտածէ, սակայն… միշտ չէ որ ճիշդ կը գրէ»:

Եթէ հայերէնի քերականութեան տուեալներով մեկնաբանենք այս հատուածը, ապա ան կը  նշանակէ, որ «Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաս-տատած է անմերիկեան երկու ընկերութիւններու դէմ՝ որովհետեւ Չինաստանի կառավարութիւնը ինքը զէնք վաճառած է Թայուանին». այլ խօսքով՝ պատժամիջոց հաստա-տողն ու զէնք վաճառողը նոյն ենթական է, նոյն կողմն է, նոյն բարոյական անձն է:

−Ըլլալիք բա՞ն է,− պիտի հարց տաք:

−Ո՛չ, ըլլալիք բան չէ,− պիտի պատասխանեմ:

Բայց եւ այնպէս… ա՛յս է նախադասութեան միտք բանին:

Նոյն նախադասութեան ծիրէն ներս դիմաւոր բայը՝ հաստատած է, եւ դերբայը՝ վաճառելու, կը պատկանին նո՛յն գործողին, նո՛յն ենթակային, որ այստեղ «Չինական կառավարութիւն»-ն է:

Եւ որովհետեւ  խաշած հաւն ու մենք ալ անոր հետ գիտենք, որ պատիժ հաստատողը Չինաստանն է, իսկ զէնք վաճառողը ամերիկեան ընկերութիւնները,  ապա պարտէինք այս հատուածը շարադրել սա՛պէս.

««Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց  երկու ամերիկեան ընկերութիւններու դէմ, որոնք զէնք վաճառած են  Թայուանին»:

          Անորոշ դերբայի այս ապուշ կիրարկութիւնը ժառանգեցինք արեւելահայերէն, եւ ան հիմա  տուն-տեղ եղած է  մեր մամուլի գրեթէ ամբողջ տարածքին, ուր կ’իշխէ ի մարմնաւորս եւ ի հոգեւորս՝ ամէն օր քիչ մը աւելի աղաւաղելով մեր լեզուամտածողութիւնն ու    լեզուն ալ հետը:

Եւ որովհետեւ լեզուական ամէն աղաւաղում խորթ ու մերժելի է, ապա պիտի աւելցնեմ, որ չենք ըսեր՝ «երկու ամերիկեան ընկերութիւն…». այլ պարտինք ըսել  «ամերիկեան երկու ընկերութիւն»:

  1. Կը յանձնենմ «Արարատ»-ի քաջարի բարեկամներուս ուշադրութեան.

— «[Միքաթի] կոչ ուղղեց արժեւորել սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնները, որոնք կը հատեն երկրի կարողութիւնները» (Արարատ, 24/7/2023, էջ 1):

Ո՞է կամ ի՞նչն է ,− կը կարծէք,− որ կը հատէ «երկրի կարողութիւնները»,− այսինքն՝ կը գերազանցէ երկրին ունեցած կարողութիւնը, անոր սահմաններէն  անդին կ’երթայ…

Ըստ շարադրութեան, իմա՝ շարադասութեան,  հատողը «օգնութիւններն են», այո՜՜՜, ահա լրագրող մը, որ կը բողոքէ տրամադրուած օգնութեան տարողութեան դէմ, քանի անոնք շա՜՜՜տ  են, կը գերազանցեն երկրին, այն ալ սնանկացած Լիբանանին,  կարողութիւնները:

Կ’անդրադառնա՞ք հաղորդումի այն ամբողջ զաւեշտականութեան, որ  առկայ է:

Սուրիացի տեղահանուածներ օգնութիւն կը տրամադրեն թշուառութեան մէջ տապլտկող Լիբանանի կառավարութեան, եւ այս  զարմանալի կառավարութիւնը,− ըստ հայ լրագրողին,− կը նկատէ, որ այդ օգնութիւնը իր սահմաններէն անդին եւ  իր կարողութենէն վեր բան է…

Մինչդեռ…

*      *

*

Տեղի ունեցածը լեզուական թիւրիմացութիւն մըն է, տխուր թիւրիմացութիւն մը, որ այսպէս  ծիծաղելիօրէն շրջած է իրողութիւնները:

Այդ թիւրիմացութիւնը կը սրբագրուի, եթէ գրողը ճիշդ շարադասէր բառերը. որ ահաւասիկ՝

[Միքաթի] կոչ ուղղեց արժեւորել Լիբանանի կառավարութեան՝ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրած օգնութիւնները, որոնք կը հատեն երկրի կարողութիւնները»:

–Սպաննուած են չորս ոստիկաններ եւ երկու քաղաքացիներ:

Բոլոր սպաննուողները քաղաքացիներ են՝ Արցախի մէջ թէ այլուր:

Ենթադրելի է,  թէ ըսել կ’ուզէք քաղաքային (civil)՝ զանազանելու համար զինուորականէ եւ հոգեւորականէ:

–Կայ 25 զոհ, որոնցմէ երկուքը քաղաքացի:

Նոյն սխալը՝ այստեղ. զոհերուն երկուքը, ուրեմն, քաղաքային էին, մնացեալները՝ այլ կարգավիճակ ունէին

Ժաաժահի

«Արարատ» միշտ գրած է ԺաաԺաա, որուն  սեռականը կու տայ Ժաաժաայի:

Թէեւ  մաղթելի է գրել Ժաաժա-Ժաաժայի: Մանաւանդ չգրել…Ժահժահ(ի)՝  նման  անուն կրող հրէշ չկայ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս:

–Օրուան պատուական բանախօսն էր…

Ուրեմն կրնայ ոչ-պատուական կամ անպատիւ դասախօ՞ս ալ գտնուիլ:

Չի հատուցաներ դրամատուներուն:

«Անել»  ածանցէն պէտք է խուսափիլ որքան կարելի է: Մտային բեռ մըն է ան:

Ուրեմն՝ չի հատուցեր-չէր հատուցեր-չհատուցեց:

Նաեւ՝ ծանուցել, կառուցել, մատուցել,  յարուցել,  ուսուցել, սնուցել եւ այլն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x